Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Ֆայհա» Երգչախումբին Կազմակերպած Փառատօնը

$
0
0

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի 2 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ Լիբանանի Միջազգային խմբական երգի երկրորդ փառատօնի նախագահ Պարգեւ Թասլաքեանի եւ «Ֆայհա» երգչախումբի տնօրէն Ռուլա Ապու Պաքըրի:

Նախարար Ղաթթաս Խուրի ողջունեց «Ֆայհա» երգչախումբին կազմակերպած փառատօնը, որ Լիբանանի մէջ պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան եւ եւրոպական երգչախումբեր: Ան հաստատեց, որ հանդիպումները պիտի օգնեն բացայայտելու Լիբանանի երգչախմբային արուեստի դերը, առիթ պիտի հանդիսանան նոր ձիրքերու յայտնաբերման, կատարողական արուեստի բարելաւման եւ, վերջապէս, երգչախմբային միջազգային վերջին զարգացումներուն իրազեկման, որ նպաստելու է Լիբանանի երգչախումբերու մակարդակի բարձրացման` ընդհանուր առմամբ: Նախարարը նշեց, որ մշակոյթի նախարարութիւնը պիտի հովանաւորէ եւ նեցուկ կանգնի այս փառատօնին եւ բոլոր լիբանանեան երգչախումբերուն, որոնք կը տարածեն լիբանանեան երգարուեստը:

Իր կարգին, Պարգեւ Թասլաքեան ըսաւ, որ փառատօնը անցեալին եղած է երազ մը, որ իրականացած է 2015-ին: Այս փառատօները երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարութեան փառատօնը հովանաւորելու առիթով: Իր խօսքին մէջ Պարգեւ Թասլաքեան յայտնեց, որ փառատօնը կը նպատակադրէ աշխարհին վրայ Լիբանանը տեղադրել երգչախմբային միասնական քարտէսի մը վրայ, նոյն ատեն` եւրոպացի արուեստագէտներուն ու երաժիշտներուն ուղղակի ներկայացնել արաբական երգն ու երաժշտութիւնը եւ, վերջապէս, լիբանանեան երգչախմբային արուեստի մակարդակը բարձրացնել:

Ան նշեց, որ փառատօնը առիթ մըն է Լիբանանի եւ օտարերկրեայ երգչախումբերու միջեւ կապ հաստատելու, իսկ զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն առիթ է եւրոպացիին ցոյց տալու հիւրընկալ Լիբանանն ու հիւրասէր եւ ընկերասէր լիբանանցին:

Խօսքի աւարտին ան յայտնեց նաեւ, որ փառատօնին պիտի մասնակցին եօթը երկիրներ ներկայացնող անուանի ու պետական հռչակ վայելող երգչախումբեր:

Փառատօնի ծրագիրը ներկայացուց Ռուլա Ապու Պաքըրը: Ան ըսաւ, որ փառատօնը պիտի կայանայ 15-21 մայիս: Առաջին չորս օրերու ընթացքին ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի տարբեր քաղաքներու եւ վայրերու մէջ` հիւսիսէն հարաւ` Սուր, Սայտա, Պաալպեք, Քեսրուան: Ան նշեց, որ ձեռնարկները կը կազմակերպուին համագործակցութեամբ շրջաններու քաղաքապետարաններուն կամ տեղական մշակութային կազմակերպութիւններուն հետ, եւ տեղի պիտի ունենան եկեղեցիներու, սրահներու, համալսարաններու, դպրոցներու եւ զանազան վայրերու մէջ: Իսկ վերջին երեք օրերուն փառատօնը պիտի կայանայ Թրիփոլիի մէջ: Ուրբաթ,  19 մայիսին, միջազգային երաժշտական կազմակերպութիւններ եւ երգչախմբային  հաստատութիւններ ներկայացնող 30 անձերէ բաղկացած ժողով մը պիտի գումարուի «Սինկ մը ին» Եւրոպայի գաղթականներուն համար ծրագրին շուրջ, որուն հիմնական մասնակիցն է «Ֆայհա» երգչախումբը` Լիբանանի մէջ գաղթականներուն հետ իր ունեցած փորձով: Նոյն գիշեր, յայտնեց ան, ելոյթ պիտի ունենան գաղթականներու երգչախումբերը, որոնց հետ «Ֆայհա» երգչախումբը կամաւոր աշխատանք կը տանի: Նոյն ելոյթին պիտի ընկերակցին նաեւ եւրոպական երգչախումբեր: Շաբաթ, 20 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ փառատօնին հիմնական ելոյթը, ուր հանդէս պիտի գան 18 խումբեր «Ռաշիտ Քարամէ» սրահին մէջ, իսկ աւարտին բոլոր խումբերը  միասնաբար պիտի երգեն Զաքի Նասիֆին «Եա պանի ումի» երգը: Կիրակի, 21 մայիսին բոլոր երգչախումբերը պիտի ցրուին Թրիփոլիի եկեղեցիներուն, սրահներուն, համալսարաններուն, դպրոցներուն մէջ նոյն ատեն` ժամը 8:00-ին ելոյթ ունենալու:

Ան նշեց նաեւ, որ նոյն օրերուն Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջերկրական ծովի երկիրներու երգչախմբային համագումարը, որ ամէն տարի Միջերկրականի երկիրներէն մէկուն մէջ կը գումարուի: Համագումարի աշխատանքները պիտի ընթանան երկու օր. ներկայ պիտի ըլլան եւ մասնակցին տեղացի եւ օտար երաժիշտներ, մասնագէտներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր:

Պարգեւ Թասլաքեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ այս փառատօնին պիտի մասնակցին Հայաստանէն Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի երգչախումբը եւ Լիբանանի «Կարկաչ» մանկապատանեկան խումբը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>