Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը կը ստանայ մէկ միլիոն տոլար` ընդարձակելու մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ
«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը վերջերս հրապարակեց անունները մրցանակի 2017 թուականի թեկնածուներուն, որոնք ընտրուած են բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար` փրկելով մարդկային կեանքեր եւ իրականացնելով մարդասիրական գործունէութիւն:
– Ֆարթուն Ատան եւ Իլվատ Էլման` «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնի հիմնադիրներ, Սոմալի – Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ յանուն խաղաղութեան պայքարող գործիչներ` մայր եւ դուստր, որոնք կը զբաղին մանուկ զինուորներու վերականգնողական աշխատանքներով` «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոնի միջոցով:
– Ճամիլա Աֆղանի` «Նուռ» կրթական եւ կարելիութիւններու ընդարձակման կազմակերպութեան ղեկավար – Կը զբաղի Աֆղանիստանի մէջ կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ` կրթական ծրագիրներու միջոցով, նոյնպէս` իսլամ առաջնորդներ իր ծրագիրներուն մէջ ներառելով:
– Մոհամետ Տարուիշ, Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ – Ատամնաբուժութեան բաժանմունքի ուսանող, որ վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ բժշկական ծառայութիւններ կը տրամադրէ եւ կը խնամէ հիւանդներ` կատարելով վիրահատութիւններ եւ արձանագրելով մանրամասն տեղեկատուութիւն անոնց առողջական վիճակին մասին, որոնցմէ շատերը շարունակուող բռնութենէն տուժած երեխաներ են: Այսպիսով, ան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ պաշարման մէջ գտնուող քաղաքին վրայ:
– Տենիս Մուկուէկէ` վիրաբուժ եւ «Փանզի» հիւանդանոցի հիմնադիր, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն – Մանկաբարձ-կիներու բժիշկ, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ պատերազմական երկրին մէջ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50 հազար կիներու` միաժամանակ պայքարելով պատասխանատուութեան ենթարկելու բռնութիւն իրականացնողները:
-Թոմ Քաթինա` Նուպայի լեռներուն վրայ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբուժ – Վիրաբուժ եւ կաթոլիկ միսիոնար, որ տարիներ շարունակ պատերազմի դաշտ դարձած Սուտանի Նուպա լեռներուն վրայ միակ վիրաբուժն է` իրականացնելով տարեկան 1000 վիրահատութիւն եւ սպասարկելով օրական աւելի քան 400 հիւանդի:
28 մայիսին թեկնածուները Երեւանի մէջ մեծարման կ՛արժանանան «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան ժամանակ, երբ յայտնի կը դառայ 2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը: Դափնեկիրը կը ստանայ 100 հազար տոլար պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, նոյնպէս` 1 միլիոն տոլար դրամական յատկացում, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:
Ընտրող յանձնաժողովի կազմին մէջ, որուն համանախագահն է օսքարակիր դերասան եւ մարդասէր գործիչ Ճորճ Քլունի, ներառուած են Նոպելեան դափնեկիրներ` Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատի, Լէմա Կպովեն, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսըն, մարդկային իրաւունքներու գործիչ Հինա Ճիլանի, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի պատուոյ նախագահ Կարեթ Էւանս եւ Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիօ: Յանձնաժողովը հինգ թեկնածուները ընտրած է ներկայացուած 558 թեկնածութիւններու մէջէն, որոնցմէ 254-ը չկրկնուող էին եւ ներկայացուած էին 66 երկրէ 13 լեզուով:
Խօսելով «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անունով` յանձնաժողովի անդամ, Նիւ Եորքի «Քառնեկի» ընկերակցութեան նախագահ եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան ըսաւ. «Մենք գոհունակութիւն կը յայտնենք թեկնածութիւններու առաջադրման այնպիսի լայն արձագանգին համար, որ կը խօսի մեր ընդհանուր մարդկայնութեան ճանաչման մասին: Աշխարհագրութիւնը եւ հանգամանքները կը տարբերին իւրաքանչիւր թեկնածուի համար, բայց ընդհանրութիւններն են, որոնք կը միաւորեն զանոնք: Անհատները կը վտանգեն իրենց բարօրութիւնն ու անվտանգութիւնը` փրկելու կարիքի մէջ գտնուող մարդիկը: «Աւրորա»-ի առաքելութիւնն է աջակցիլ այս նուիրեալներուն: Մենք կը հաւատանք, որ փրկուածները իրենք ապագային պիտի շարունակեն երախտագիտութեան եւ նուիրատուութեան շղթան»:
Պուրունտիի «Մեզոն շալոմ» խնամքի տան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցի հիմնադիր Մարկարիթ Պարանկիցէ 2016 թուականի 24 ապրիլին դարձաւ «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիր: Ականատես ըլլալով իր 72 հութու դրացիներու սպանութեան` Պարանկիցէ, որ թութսի է, իր կեանքի քսան տարիները նուիրած է երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն բռնութեան եւ հալածանքներու պատճառով որբացած երեխաներուն եւ գաղթականներուն ապահով օթեւան տալու գործին: Ան փրկած եւ կրթած է շուրջ 30 հազար երեխայ, իսկ անոր հիմնած հիւանդանոցին մէջ ցարդ բուժուած են շուրջ 80 հազար հիւանդներ:
«Երեխաները` Պրազիլէն մինչեւ Եթովպիա եւ Ռուանտայի պուրունտացի ներգաղթեալները այսօր երջանիկ են, որովհետեւ այժմ անոնք ունին սէր, անհրաժեշտ կրթութիւն եւ աջակցութիւն` շնորհիւ 2016 թուականի «Աւրորա» մրցանակի մեծահոգի աջակցութեան: 2017 թուականի թեկնածուներու ազդեցիկ գործն իսկապէս ակնածանքի արժանի է: Այս անհատները գործով կ՛արտայայտեն իրենց երախտագիտութիւնը` յուսադրելով մեր բազմաթիւ քոյրերը եւ եղբայրները ամբողջ աշխարհի մէջ: Անոնց կատարած գործը կը բացայայտէ մարդոց սիրելու ունակութիւնը», ըսաւ Մարկարիթ Պարանկիցէ:
«Աւրորա» մրցանակը ստեղծուած է 2015 թուականին, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ եւ կը շնորհուի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով` որպէս երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: «Աւրորա» մրցանակը ամէն տարի մեծարման կ՛արժանացնէ դափնեկիրը մինչեւ 2023 թուական` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման ութ տարիներու (1915-1923):
Լրացուցիչ տեղեկութիւններ
Ֆարթուն Ատան եւ Իլվատ Էլման
Ֆարթուն Ատան Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշոյի մէջ գտնուող «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնի (ԵՓՀՐԳ) գործադիր տնօրէնն է: 1996 թուականին Սոմալիի մէջ պատերազմող զինուորականները սպաննեցին Ֆարթունի ամուսինը` անոր խաղաղարար գործունէութեան համար: Այդ օրէն Ֆարթուն Ատան կը պայքարի Սոմալիի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, խաղաղութեան հաստատման, զարգացման եւ մանուկ զինուորներու լիարժէք վերականգնման համար` յաճախ վտանգաւոր եւ անբարենպաստ պայմաններու մէջ: 2010 թուականին Ատան նախաձեռնեց «Քոյր Սոմալի» ծրագիրը` աջակցելու սեռային բռնութիւններու ենթարկուածներուն, որոնք յաջողած են ողջ մնալ բռնաբարութենէն ետք եւ/կամ խուսափած` պարտադիր ամուսնութենէն: Ան ստեղծեց սեռական բռնութիւններու հեռաձայնային առաջին թէժ գիծը Սոմալիի մէջ, իսկ 2011 թուականին Մոկատիշոյի մէջ հիմնեց բռնաբարութիւններու ճգնաժամի կեդրոն: Ցարդ կեդրոնը օգնած է աւելի քան 400 սոմալիցի կիներու եւ աղջիկներու` տրամադրելով խորհրդատուութիւն եւ բժշկական աջակցութիւն, առեւտուր նախաձեռնելու կարելիութիւններ եւ դրամական միջոցներ` կազմակերպելով գործարարական հմտութիւններու դասընթացքներ եւ տեղափոխելով զանոնք աւելի ապահով վայրեր: Ֆարթուն Ատանի քսանեօթամեայ դուստրը` Իլվատ Էլմանը ԵՓՀՐԳ-ի հարցերով մօր գործընկերն է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ֆ. Ատան պարգեւատրուած է «Խիզախ կին» միջազգային մրցանակով: Ան «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնի գործունէութեան համար պարգեւատրուած է նոյնպէս Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ: 2015-ին Հարվըրտի համալսարանը Ֆ. Ատանին եւ անոր դստեր շնորհեց «Կլէյցմանի միջազգային գործիչ» մրցանակը:
Ճամիլա Աֆղանի
Ճամիլա Աֆղանին «Նուռ» կրթական եւ կարելիութիւններու ընդարձակման կազմակերպութեան հիմնադիրն է: Ան կ՛աշխատի ընտանիքներու հետ` նպաստելով հեռաւոր գիւղերու մէջ աղջիկներու դպրոցին մէջ կրթութիւն ստանալու հեռանկարին, աշխատանքներ կը տանի հազարաւոր իմամներու հետ` հաւաստելով կիներու կրթութիւն ստանալու, անոնց իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը` ըստ իսլամական եւ միջազգային օրէնքներու: Ճ. Աֆղանի ուսումը աւարտելէ ետք աշխատած է կրթութեան ասպարէզին մէջ` ծառայելով Փեշաուարի գաղթակայանին մէջ ապրող աֆղանցի երիտասարդներուն: Անոր` կիներու, երեխաներու եւ երիտասարդներու համար կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակով նախաձեռնած տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրները կը գործեն Աֆղանիստանի 18 շրջաններու մէջ: Կրօնական փոխըմբռնման «Թանենպաում» կեդրոնը Ճամիլա Աֆղանիին շնորհած է «Կրօնական խաղաղարար» մրցանակը: Աֆղանին նոյնպէս արժանացած է ազգային եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու:
Մոհամետ Տարուիշ
Ան քսանվեցամեայ ատամնաբուժ է Սուրիոյ պաշարման մէջ գտնուող Մատայա քաղաքին մէջ: Մինչ բազմաթիւ բժիշկներ լքեցին Սուրիան` խուսափելով բռնութիւններէ եւ հիւանդանոցներու եւ բժիշկներու վրայ պարբերական յարձակումներէ, Տարուիշ նախընտրեց վերադառնալ Մատայա, ուր գտնուող երեք բժիշկներէն մէկն է եւ կը ծառայէ 40 հազար բնակչութեան: Սուրիոյ կառավարական ուժերը բազմիցս սպառնացած են անոր` իր ունեցած մարդասիրական գործունէութեան պատճառով: Իր հիւանդներուն, մեծամասնութեամբ` երեխաներ, վիճակը հանգամանօրէն արձանագրելու միջոցով Տարուիշ յաջողած է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Մատայայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ:
Տենիս Մուկվեկէ
Բժիշկ Տենիս Մուկվեկէ հիմնած է «Փանզի» հիւանդանոցը, 1999 թուականին, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ ընթացող անվերջ պատերազմի ժամանակ: 1999 թուականէն ի վեր Մուկվեկէ իր անձնակազմին հետ օգնած է սեռական բռնութիւններէ տուժած աւելի քան 50 հազար մարդու: Բժշկական օգնութենէ բացի` հիւանդանոցը հիւանդներուն կը տրամադրէ իրաւական, ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւն: Բժիշկ Մուկվեկէ խիզախօրէն կը պայքարի կիները պաշտպանելու եւ սեռական բռնութիւններու պատասխանատուները, այդ շարքին` Քոնկոյի կառավարութեան եւ երկրին արեւելքը գրաւած զինեալները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Ան արժանացած է բազմաթիւ պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, որոնց շարքին` 2014 թուականին «Սախարովի» անուան մրցանակին: 2016 թուականին «Ֆորչիւն» ամսաթերթը զայն ներառած է աշխարհի 50 ամէնէն ազդեցիկ առաջնորդներու ցանկին մէջ: Բժիշկ Մուկվեկէ հինգ անգամ առաջադրուած է Նոպելեան մրցանակի եւ Հարվըրտի համալսարանի կողմէ արժանացած է պատուոյ դոկտորի կոչման:
Թոմ Քաթինա
2007 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Ամսթերտամ քաղաքէն Սուտան հաստատուած կաթոլիկ միսիոնար Թոմ Քաթինա միակ բժիշկն է Սուտանի քաղաքացիական պատերազմէն տուժած Նուպա լեռներուն վրայ, որուն բնակչութիւնը կէս միլիոնէն աւելի է: Բժիշկ Թոմ Քաթինա օրական մինչեւ 400 հիւանդ կ՛ընդունի եւ շաբաթը եօթը օր, օրական քսանչորս ժամ հասանելի է հեռաձայնով: Հիւանդները բժիշկ Քաթինայի մօտ բուժուելու համար եօթնօրեայ ճամբորդութիւն կ՛ընեն: Անոնք սովորաբար հիւանդանոց կու գան ռմբակոծումի պատճառով յառաջացած վէրքերով եւ զանազան հիւանդութիւններով: Տեղւոյն սահմանափակ պայմաններուն պատճառով Քաթինա յաճախ ստիպուած կ՛ըլլայ հիւանդները հին մեթոտներով բուժել: Յաճախ հաստատութեան մէջ ջուր չ՛ըլլար, կամ` ելեկտրական հոսանք: Ըստ Քաթինայի, ինք տարեկան հազար վիրահատութիւն կը կատարէ: Բժիշկ Քաթինա եղած է 2016 թուականի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածու եւ կը նկատուի համաշխարհային բժշկութեան ասպարէզին մէջ նշանաւոր մարդասէր գործիչ:
2017-ին առաջադրուած
կազմակերպութիւններ
Թեկնածուներէն իւրաքանչիւրին կարելիութիւն տրուած է առաջադրել մինչեւ երեք կազմակերպութիւն` ստանալու 1 միլիոն տոլարի դրամական նուէր:
Ֆարթուն Ատան եւ Իլվատ Էլման
– «Էլվան» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կեդրոն, Սոմալի
– «Վիվէ Ժենէ» բուժումի եւ վերականգնողական կեդրոն, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա
– «Փանզի» հիմնադրամ, Միացեալ Նահանգներ եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն
– Ճամիլա Աֆղանի
– Հոգեկերտման եւ հաւասարութեան կիներու իսլամական նախաձեռնութիւն, Միացեալ Նահանգներ
– Միջկրօնական փոխըմբռնման «Թանենպաում» կեդրոն, Միացեալ Նահանգներ
– Մարդկային իրաւունքներու եւ աջակցութեան Կարամա ցանց, Աֆղանիստան
Մոհամետ Տարուիշ
«Բժիշկներ առանց սահմաններու» , Զուիցերիա
Տենիս Մուկվեկէ
«Ենենկա Փրոկրես», Շուէտ
– 28 սեպտեմբեր 2009-ի զոհերու, անոնց հարազատներու եւ ընկերներու միութիւն (ԱՎԻՓԱ), Կուինիա
Թոմ Քաթինա
– Ափրիկեան առաքելութեան առողջապահական հիմնադրամ, Միացեալ Նահանգներ
– Կաթոլիկ առողջապահական առաքելութեան խորհուրդ «Աքսիոն», Միացեալ Նահանգներ
– «Աքսիոն Քանչանապըրի», Գերմանիա
«Աւրորա» մրցանակի մասին
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով` որպէս երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին ամէն տարի 2015-2023 թուականներուն (ի յիշատակ ութ տարի տեւած Հայոց ցեղասպանութեան` 1915-1923) պիտի նուիրուի 100 հազար տոլար պարգեւ եւ բացառիկ կարելիութիւն` շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` 1 միլիոն տոլարի դրամական նուէրը առաջադրելով զինք ոգեշնչած եւ գործի մղած կազմակերպութիւններուն: Մրցանակի դափնեկիրները ճանաչման կ՛արժանանան այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ իրենց գործողութիւններով ունեցած են մարդկային կեանքի պահպանման եւ մարդասիրութիւն առաջ մղելու վրայ:
«Աւրորա» մարդասիրական
նախաձեռնութեան մասին
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը գործով արտայայտուած երախտագիտութիւն է: Անիկա կ՛իրագործուի նախաձեռնութեան զանազան ծրագիրներու օգնութեամբ` «Աւրորա» մրցանակ, «Աւրորա տիալոկս» քննարկումներու շարք, «Աւրորա» մարդասիրութեան ցուցիչ, «Երախտագիտութեան նախագիծեր» եւ «100 կեանքեր» (100 Lives) ծրագիր: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներն են` Վարդան Գրիգորեան, Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, որոնց արդէն երկրորդ տարին միացած են քանի մը տասնեակ նուիրատուներ եւ գործընկերներ: Նախաձեռնութիւնը իր շուրջը կը հրաւիրէ անոնք, որոնք կ՛ողջունեն նուիրուածութիւնը մեր համընդհանուր մարդկայնութեան:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է երեք կազմակերպութիւններու կողմէ` Աւրորա մարդկային նախաձեռնութեան հիմնադրամ (Նիւ Եորք), «100 կեանքեր» հիմնադրամ (Ժընեւ, Զուիցերիա) եւ «Այտիա» հիմնադրամ (Երեւան, Հայաստան):