Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ

$
0
0

Ֆրանսա

Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ ապրիլ 21-25-ին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ:

Ապրիլ 21-ին Փարիզի մերձակայ Մետոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած` Մետոնի քաղաքապետ, ծերակոյտի փոխնախագահ Էրուէ Մարսելը, Շաւիլի քաղաքապետ, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Ժան-ժաք Կիյէն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ ֆրանսահայեր:

Ապրիլ 22-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յարգանքի տուրք մատուցուած է Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ: Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ Դիմադրութեան անդամներու միութեան կազմակերպութեամբ եւ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է բազմամարդ քայլերթ Փարիզի Շան զ՛Էլիզէ կեդրոնական պողոտայով, որուն յաջորդած է ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Այնուհետեւ, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նուագախումբին կատարումով, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի օրհներգերուն ներքոյ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանին կողմէ Յաղթանակի կամարի յաւերժական կրակը վառելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ապրիլ 23-ին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ մատուցուած է բարեխօսութեան կարգ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Օ-տը-Սեն բաժանմունքի խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր:

Ապրիլ 24-ին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ընդունելութիւն` քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէ: Ելոյթներով հանդէս եկած են` Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի  մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Փարիզի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, քաղաքական եւ մշակութային բազմաթիւ գործիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր:

Դեսպան Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտման եւ քրէականացման հարցին, որ կարեւոր է նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային պայքարի տեսանկիւնէն: Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի` անցեալ տարուան ապրիլին Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման իրականացման, որ եկաւ ապացուցելու, որ Արցախը երբեւիցէ չի կրնար որեւէ կարգավիճակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ ըլլալ, եւ որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը անշրջելի է:

Ապրիլ 24-ին Փարիզի Երեւանեան պուրակին մէջ,  Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպութեամբ,  կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած բազմահազարանոց հաւաք, որուն մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ: Հաւաքին ներկայ եղած են` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի 8-րդ շրջանի քաղաքապետ Ժանն տը Օտսեր, Ֆրանսայի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքներէ ժամանած քաղաքապետներ, ֆրանսահայ կառոյցներու ղեկավարներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով Կոմիտասի արձանին այցելած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնը:

Հաւաքի պաշտօնական մասի աւարտէն ետք հազարաւոր մասնակիցներ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ Արցախի ժողովուրդին աջակցութեան կոչերով քայլերթ իրականացուցած են Շան զ՛Էլիզէի պողոտային վրայ:

Ապրիլ 21-ին Մարսէյի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան հրապարակ: Բացման հանդիսութեան մասնակցած է Մարսէյի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտենը: Ապրիլ 24-ին Լիոնի մէջ կայացած արարողութեան մասնակցած են Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Քոլոմպը եւ յայտնի հեռուստալրագրող Ֆրաս Օլիվիէ Ժիզպերը:

Ֆրանսահայ կառոյցներու կազմակերպութեամբ,  յիշատակի բազմամարդ ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ` Վալանս, Ալֆորվիլ, Կարտան, Սենթ-Էթիէն, Մոնթելիմար, Թուլոն, Սթրազպուրկ, Շարանթոն լը Պոն, Անիեր եւ այլ քաղաքներ` Ֆրանսայի պետական եւ տեղական մարմիններու եւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Հանրահաւաք Նիւ Եորքի Թայմզ Հրապարակին Վրայ

Կիրակի, ապրիլ 23-ին, Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով: Ներկայ հայորդիներուն թիւը կը գերազանցէր հազարը:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:

Օրուան հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնած էին Ռէյչըլ Կօշկարեան (Լաֆայէթ համալսարան` պատմութեան դասախօս) եւ Արմէն ՄըքՕմպըր (Նիւ Ճըրզիի շրջանէն փաստաբան):

Բացման աղօթքը կատարեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանը:

Հաւաքին խօսք առին ծերակուտականներ` Ֆրանք Փալոն (դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի), Չաք Շումըր (դեմոկրատական, Նիւ Եորք), Քարըլայն Մալոնի (դեմոկրատական, Նիւ Եորք):

Փալոն յայտնեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան զանգուածային ջարդերէն հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն ու հալածանքի ենթարկուած միւս փոքրամասնութիւններուն օգնելու համար Ուաշինկթըն պատմական մակարդակի օգնութիւն տրամադրած է, Քոնկրեսի հովանաւորութեամբ գործող մերձաւորարեւելեան կոմիտէն այն տարիներուն գումարներ հանգանակած է:

Փալոն անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ յարգանքի տուրք կը մատուցէ ոչ միայն զոհերու յիշատակին, այլեւ` վերապրողներու հաստատակամութեանն ու հայկական արմատներ ունեցող բազմաթիւ ամերիկացիներու, որոնք ցայսօր կը զօրացնեն երկիրը: Ան եզրակացուց, որ անցեալի իրադարձութիւններուն արձանագրութիւնները պատմութիւնը պարզապէս յիշելու եւ անցեալը պահելու համար չէ միայն, այլեւ` ապագան գրելու համար, որպէսզի նոյնը չկրկնուի:

Չաք Շումըր յայտնեց, թէ կասկածէ վեր է, որ 1915-ի պատահածը քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է: Ան նաեւ անդրադարձաւ քանի մը օր առաջ շարժապատկերի սրահներուն մէջ ցուցադրուող «Տը Փրոմիս» («Խոստումը») ժապաւէնին եւ թելադրեց անպայման դիտել եւ եզրակացնել, թէ պատահածը որքա՛ն ահաւոր եւ անմարդկային էր:

Քարըլայն Մալոնի ընդգծեց, որ բոլոր պարագաներուն ալ արդարութիւնը պէտք է երեւան գայ: «Հայ ժողովուրդի իրաւունքն է արդարութեան հաստատումը, որ նոյնպէս բոլոր ժողովուրդներուն պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ Մալոնի` նշելով, որ եթէ ճանաչում չկատարուի, դաժան պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ:

Հայ դատի յանձնախումբի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Սթիւ Մեսրոպեան բեմ բարձրանալով` յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան նիւթը այնքա՛ն սուրբ է, որ կարելի չէ նոյնիսկ քաղաքական խաղաքարտի վերածել, աւելցնելով, թէ անոնք, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը, այդ մէկը կ՛ընեն ոչ թէ զոհերուն լաւութիւն ընելու սիրոյն, այլ` իրենց սեփական վարկանիշը եւ բարոյական կերպարը վերականգնելու համար:

Ան տեղեկացուց, որ 1981-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն արդէն իսկ ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը յատուկ նախագահական հռչակագիրով մը: Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ ճանչցուած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ` 1975 եւ 1984 թուականներուն, արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ 1951-ին` Միջազգային դատարան ուղարկուած պաշտօնական հաշուետուութեամբ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու 45 նահանգներու կողմէ:

Նախկին նախագահ Օպամա խուսափեցաւ իր նախընտրական խոստումները կատարելէ` նշելով, թէ շարունակաբար արտայայտած է 1915-ի ընթացքին կատարուածին վերաբերեալ իր սեփական տեսակէտը, եւ թէ այդ պատմութեան վերաբերեալ իր տեսակէտը չէ փոխուած, սակայն ան երբե՛ք չփորձեց ամերիկեան հանրութեան ներկայացնել, թէ յատկապէս ի՞նչ տեսակէտ ունէր անցեալին, որ եւ նոյնն է այսօր, եւ թէ` ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին:

Մինչդեռ 2008-ին, այդ ժամանակ տակաւին նախագահի թեկնածու Օպաման, փորձելով ստանալ հայկական համայնքին նիւթականն ու ձայները, ոչ մէկ տարակուսանք ունէր այս իրադարձութիւնները իրենց ճշգրիտ անունով կոչելու: Այդ ժամանակ ան ինքնավստահ յայտարարեց, թէ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը ենթադրութիւն, սեփական կարծիք կամ տեսակէտ չէ՛», եւ խոստացաւ, որ նախագահ դառնալով` պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը…

Մեսրոպեան կոչ ուղղեց, որ նախագահ Թրամփ միեւնոյն ձեւով չշարունակէ` «ծածկել»-ով արդարութիւնը:

Խօսք առնողներու կարգին էր նաեւ փաստաբան Մարք Կիրակոս, որ ըսաւ, թէ կարելի չէ շարունակ խոստում դրժել եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դարձդարձիկ արտայայտութիւններ ունենալ: «Բարոյական իրաւունք չունինք նման բան կատարելու այս չափազանց զգայուն եւ ցաւալի նիւթին մասին: Կարելի չէ պահուըտելով դասեր տալ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մասին, աշխարհի մէջ ոեւէ մէկուն», եզրակացուց Կիրակոս:

«Վարդանի ասպետներ»-ու անունով խօսք առին Սթիւըն Գրաճեան եւ Սոնա Մանուէլեան, որոնք յատուկ յիշատակի մետալներ յանձնեցին Ողիմպիական մարզիկներ` Միհրան Յարութիւնեանին եւ Ալպեր Ղազարեանին:

Բազմաթիւ միութիւններ, հիմնարկներ եւ կազմակերպութիւններ կը հովանաւորէին այս հաւաքը, որուն գեղարուեստական յայտագրին ներկայ էին նաեւ «Յովնանեան» վարժարանի աշակերտներն ու ՀՄԸՄ-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի սկաուտները:

Ֆիլատելֆիոյ Գաղութը Պատշաճօրէն Նշեց 102-ամեակը

Ապրիլ 23-ին աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ ներկայ եղան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ձեռնարկին:

Օրուան հանդիսավարն էր Անդրանիկ Գիզիրեանը, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն` անպայմանօրէն դիտել եւ ըմբոշխնել վերջերս ցուցադրուող «Խոստումը» ժապաւէնը:

Շրջանի հովիւներու աղօթքէն ետք խօսք առաւ օրուան բանախօսը` Արամ Համբարեան (Հայ դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակ), որ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին: Ան յայտնեց, որ Հայ դատի գրասենեակը այս գծով հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի Միացեալ Նահանգները տնտեսապէս աւելի օժանդակութիւն յատկացնեն:

«Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը միշտ կ՛աշխատի քոնկրեսականներու եւ նախագահին հետ, որպէսզի հայանպաստ որոշումներ տրուին: Այս մէկը մեր պարտականութիւնն է: Միշտ ալ որեւէ որոշում կայացնելու ատեն կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել Հայաստանին եւ հայութեան: Միջին Արեւելքի մէջ այժմ կատարուածը նման է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ շատ մը ամերիկացիներ ատիկա կը նկատեն: Պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան այլեւս պիտի չկարենայ ազդել ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ…»,  եզրակացուց Համբարեան:

Կարդացուեցաւ շրջանի քաղաքապետ Թամ Ուոլֆի նամակը, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէր:

Ալըն եւ Սիւզըն Արփաճեանները ներկայացուցին նկարազարդ գիրք մը` նուիրուած իրենց հարազատներէն Մարի Զաքարեանին: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան տեղւոյն Հայ քոյրերու վարժարանի աշակերտները:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նշում` Մասաչուսեցի Նահանգային Պալատին Մէջ

Ապրիլ 21-ին Մասաչուսեցի նահանգային պալատին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա Պելմոնթի հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ պատուելի Ժոզեֆ Կարապետեան կատարեց բացման աղօթքը: Խօսք առաւ օրուան հանդիսավար Տէյվիտ Մուրատեանը, որ շեշտեց, թէ այնքան ատեն որ անտեսուած է դարուս առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը, պիտի շարունակուի պայքարն ու պահանջատիրութիւնը:

Մասաչուսեցի նահանգային պալատի նախագահ Ռապըրթ Տըլիօ յայտնեց, որ նահանգը երախտապարտ է հայորդիներու կատարած աշխատանքին համար: «Խոստումը» ժապաւէնի մասին անդրադառնալով եւ օրինակներ մէջբերելով` ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդին կրցաւ դիմադրել եւ շարունակ գործելով` արձանագրեց շռնդալից յաջողութիւններ:

«Մարդկայնութիւնը առաջնահերթութիւն մըն է, որ ամէն գնով պէտք է մոռացութեան մատնէ անմարդկային արարքները: Մեր այսօրուան հաւաքը նոյնինքն այս նպատակին համար է», ըսաւ Տըլիօ:

Օրուան պատգամը տուաւ ընդհանուր դատախազ Մաուրա Հիլի: Ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով` ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` ան յայտնեց. «Իբրեւ ընդհանուր դատախազ` շատ աւելի կը զգամ, թէ ի՛նչ ըսել է ուրանալ եւ ամէն գնով ծածկել ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութիւնը…»:

Ծերակուտական Պրաունսպըրկըր իր կարգին խօսք առնելով` դրուատեց շրջանին մէջ գաղութին կատարած աշխատանքն ու ներդրումը:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի կազմակերպող խորհուրդը, յանձինս Էնթընի Պարսամեանի, Ճիմ Գալուստեանի, Արա Նազարեանի եւ Լալիկ Մսըրեանի, յատուկ յայտարարութիւն մը յանձնեց Պոսթընի քաղաքապետ Ռէյ Ֆլինի: Այս առթիւ խորհուրդին անունով խօսք առաւ Պարսամեան, որ շրջանի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց:

Ներկայացուցիչ Ճոն Միսելի, որ ներկայացուց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, յայտնեց, թէ` «Մեծ մայրս միշտ ալ կ՛անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան: Փոքր տարիքէս շատ բանի տեղեակ էի»:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան կիթառահար Ճոն Պապոյեան եւ երգչուհի Մարի Գալստեան:

Աւարտին, Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Անդրանիկ Պալճեան կատարեց փակման աղօթքը, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>