Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ֆեթիշ» թուական. «ԱՊՐԻԼ 24»: Եկաւ եւ անցաւ, ինչպէս` ամէն տարի:
Մեր եւ մեր «բարեկամ»-ներուն հոգեպարար ճառերը: Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ի՛նչ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է իրաւունքի վերականգնման ճամբուն վրայ:
Այդ իրաւունքի վերականգնումը աշխատանքային օրակա՞րգ է:
Նոյնիսկ եթէ միայն մազի հաստութեամբ թելով մը կապուած ենք ազգին, պահ մը կը մտածե՞նք մեզի պարտադրուած մեծ ոճիրին եւ անոր հետեւանքներուն մասին, երբեմն ալ կ’ընդվզի՞նք տեւող եւ տիրող անտարբերութեան դէմ:
Ընդվզիլ, այո՛: Բայց ինչպէ՞ս արմատական ձեւով կը հակազդենք «հետեւանքներ»-ուն:
Կ’երջանկանանք, երբ «քաղաքական» դէմք մը յանկարծ յիշեցում կ’ընէ «Ցեղասպանութեան» մասին: Օտարը երբեք հայոց խլուած իրաւունքներու մասին չի խօսիր` մնալով ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյամխիթարական ալիքներուն վրայ: Այդ «յիշեցման» եւ «ճանաչման» համար կը պայքարինք` բարձրագոյն մակարդակներէն մինչեւ թաղապետութիւններ:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կը կայացուին խորհրդաժողովներ, կը տեղադրուին խաչքարեր, կը գումարենք ցոյց-տողանցքները, հրատարակութիւնները, ասդին-անդին եղած «ճանաչումներ»-ը, պետութիւններէն ետք քաղաքապետութիւնները, եւ անոնց առթած գոհունակութեան գինովութեամբ, կարծէք` մարդիկ հետզհետէ կը հաշտուին «կատարուած իրողութեան» հետ:
Կարծէք` յիշեցումները կը սահմանափակուին «ցուցադրական»-ի մէջ, Հայաստան կ’ըսեն` «շոու», որ մեր գիտցած show-ն է:
Այս բոլորը խորքային քաղաքական զբաղո՞ւմ են, թէ՞ «համայնքային երեւելիութեան» որոնում, դեռ հայրենահանուած համայնքներու պարագային հասկնալի, «հայրենալքածներու համայնքներ»-ու պարագային ի՞նչ ազգային քաղաքական հեռանկար կարելի է ենթադրել:
Հայաստան առեւտրական, տնտեսական աճման եւ բարօրութեան հեռանկարներով միտուած եղած է, եւ է, «բարի դրացիական» յարաբերութիւններու մշակման` ակնկալելով, որ վերջ կը տրուի շրջափակման:
Սփիւռք(ներ)-ը ինքնահաստատման համար Ցեղասպանութեան «ճանաչում»-ներ կը հետապնդէ, ներազգային եւ միջազգային հրապարակի վրայ: Ազգային իրաւ յանձնառութիւններէ` ինքնութեան պահպանում եւ հայրենատիրութիւն, խուսափումի եղանակ մը, կրկնութեան վարժութիւն, տեղքայլ, ինքնախաբէութեան համար կը խօսուի «հզօր սփիւռք»-ի մասին:
Հզօրութիւն` ի՞նչ ընելու, ո՞ր ծրագրի իրականացման եւ ո՞ւր հասնելու համար:
Աղմուկի խորքի պաստառը պաշտօնապէս չյայտարարուող «յաւերժական սփիւռք»-ն է: Յանձնառութեամբ չենք խօսիր «հայրենահանում-ցեղասպանութեան» տրուելիք ազգային-քաղաքական պատասխանի մասին, որ կախում չունի արտաքին ուժերէն, այլ` մեզմէ, ըլլանք անհատներ թէ կազմակերպութիւններ:
Այդ պատասխանը հայրենատիրութիւնն է, զոր պէտք չէ շփոթել բարեսիրութիւն-օգնութեան կամ հայրենասիրական-զբօսաշրջութեան հետ:
Այնքա՜ն հեռացած ենք հայրենատիրական վերաբերումէ:
Խորհրդաժողովի մը ընթացքին, կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը, սփիւռք(ներ)-ի երիտասարդներու Հայաստան վերադարձը եւ հոն նախաձեռնութիւններ ունենալու կարելիութիւնը դիւրացնելու համար առաջարկեց, որ անոնք զերծ կացուցուին զինուորական ծառայութենէ:
Առաջարկը մեզ պէտք է մղէ մտածելու, նոյնիսկ` լաւագոյններու պարագային, ազգային-քաղաքական խորքի եւ որակի մասին, առանց որոնց` հայրենիքը կը վերածուի «սիւփերմարքեթ»-ի կամ «սիլիքոն վելլի»-ի:
Ինչ որ լսեցի այդ խորհրդաժողովին, սփիւռքներու հոգեկան նահանջի արտայայտութիւնն է: Միակը չէ:
Այդ նահանջի արտայայտութիւնն է հայկական վարժարաններու փակումը: Հաստատումին պէտք է ընկերացնել «հզօր սփիւռք»-ի անկարողութիւնը իր դպրոցներուն տէր կանգնելու: Յաճախ կը կրկնեմ, որ նորահաս սերունդի չնչին տոկոսը միայն կը գտնուի հայկական վարժարանի մէջ: Այս վիճակագրութիւնը պէտք է ընել յուզիչ «հզօր սփիւռք»-ի մասին երբ կը խօսինք:
Քաղաքական դէմքեր, նախարարներ եւ նախագահներ, երբ ներկայ կ’ըլլան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու, կը պատահի՞, որ անոնցմէ պահանջուի «Հայկական հարց»-ին միջազգայնացումը, այնպէս, ինչպէս որ ան կար ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարուն սկիզբը:
Հայաստանի պետութիւնը եւս, իր կարգին, մշակուած քաղաքականութիւն ունի՞ «Հայկական հարց»-ի միջազգայնացման համար:
Այդ միջազգայնացումն է, որ պիտի բանայ դուռը բանակցութիւններու` պատմական սխալներու սրբագրութեան համար:
Պատմական սխալներ, որոնցմէ տուժողը միայն հայութիւնը չէ եղած: Իսկ կը պատահի՞, որ նախաձեռնութիւններ ըլլան տուժողներու միացեալ ճակատ կազմելու:
«Ոգեկոչում»-ներու եւ «ճանաչում»-ներու ծէսերը դեռ յիշողներուն մխիթարական պարգեւ են, բայց ոչ` իրաւունքի վերականգնում:
Այդ ծէսերը կը ծառայեն ներքին սպառման եւ հզօրութեան խաբկանք կը ստեղծեն:
Եթէ ուժերու լարումով չմիջազգայնացուի «Հայկական հարց»-ը, նոյն ծէսերը պիտի շարունակուին գումարուող ամեակներու ընթացքին:
Ինչպէ՞ս:
Խորհրդաժողով մը ինչո՞ւ օրակարգ պիտի չդարձնէ «Հայկական հարց»-ի եւ բախտակից «տուժածներ»-ու հարցը:
Ապրիլ 24-ին, հանդիսաւոր ոգեկոչման մը ընթացքին, բանախօսներու քառեակի մը ունկնդիրն էի:
Ես ինծի հարց տուի, թէ օտար եւ հայ խօսողները ի՞նչ ըսին, որ ըսուած չըլլար: Աստ եւ անդ: Կարծէք «հոլակրամ»-ներով հանդէսներ էին:
Ի վերջոյ «Հայկական հարց»-ը շարական կամ «նէյնիմ» չէ: Ան քաղաքական ներկայութեամբ եւ արձանագրուած յաջողութեամբ կամ ձախողութեամբ ինքզինք պէտք է հաստատէ, հաստատէր:
Ծէսերը ո՛չ յաջողութիւն են եւ ո՛չ ձախողութիւն:
24 ապրիլ 2017, Նուազի-լը-Կրան