Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Մըն Զաման-2» Խորագիրով Ցուցահանդէսին. Չորս Հայորդիներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան Եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան Մասնակցեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցահանդէսին

$
0
0

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017-ին լիբանանեան եւ առհասարակ արուեստասէր հանրութիւնը հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու արուեստագէտ Մոհամետ Ալլուշի հիմնած արուեստի «Մուլթաքա ալուան» միութեան «Մըն զաման-2» խորագրեալ  լիբանանեան աւանդի գեղանկարչական ցուցահանդէսին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: Գլխաւորաբար արուեստագէտ, գեղանկարիչ Փասքալ Մասուտի կազմակերպութեամբ իրագործուած լիբանանեան գիւղական աւանդին նուիրուած գեղանկարչական այս միօրեայ ցուցահանդէսին իբրեւ պատուոյ հիւր հրաւիրուած արուեստագէտներ դոկտ. Իսամ Խէյրալլայի եւ քանդակագործ Ժորժ Ֆիլիփ Մըրի կողքին կը մասնակցէին նաեւ 42 արուեստագէտներ Լիբանանէն եւ արաբական աշխարհէն, իւրաքանչիւրը` արուեստի մէկ գործով: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր գեղանկարչական, քանդակագործութեան թէ նկարչական հմտութիւններով ստեղծագործութիւններ:

Հպարտառիթ երեւոյթ է, որ միջազգային այս մակարդակի վրայ կազմակերպուած եւ յատկապէս լիբանանեան գիւղական ճարտարապետական աւանդին նուիրուած այս ցուցահանդէսին իրենց ներդրումը բերած էին հայազգի չորս արուեստագէտներ` Անտրէ Գալֆայեան, Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան, Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան եւ Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մասնակցած էր լիբանանեան բնութեան եւ ճարտարապետական աւանդը խորհրդանշող ստեղծագործութեամբ մը` արժանանալով կազմակերպիչ մարմինի գնահատական յուշագիրին:

Լիբանանահայ արուեստագէտ Անտրէ Գալֆայեան ծնած է Ժիպէյլ: Հիմնականին մէջ ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կատարելագործած այս հայորդին 17 տարեկանէն արդէն ծանօթ է լիբանանեան ճարտարապետական, յատկապէս գիւղական արեւելեան աւանդի` լուսամուտներու, դռներու եւ պատշգամներու ստեղծագործութեանց իր ինքնուրոյն ոճով: Խորապէս ներշնչուած իրապաշտ, տպաւորապաշտ եւ գերիրապաշտ արուեստէն` Գալֆայեան ստեղծագործած ու մասնակցած է մէկէ աւելի հաւաքական թէ անհատական ցուցահանդէսներու, ինչպէս` նոյեմբեր 2016-ին ֆորումին, 2005-ին, Հայկազեան համալսարանի 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին իր ցուցահանդէսը համանուն համալսարանի «Ա. Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ եւ բազմաթիւ այլ ցուցահանդէսներու: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցուցահանդէսին Գալֆայեան մասնակցած է լիբանանեան հին դրամներու իր ստեղծագործական գեղանկարով:

Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան հետեւած է Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեանի անուան արուեստի կեդրոնի դասընթացքներուն եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործելով  ինքզինք` մասնակցած է այս կեդրոնի կազմակերպած մէկէ աւելի ցուցահանդէսներուն: Ան կը ստեղծագործէ առաւելաբար իւղաներկով եւ պղինձի վրայ:

Արտեմիս Պոյաճեան-Թորոսեան արուեստի մասին դասաւանդած է Ռիատի աւստրալիական վարժարանին մէջ: Ներկայիս ան դարձեալ արուեստի նիւթեր կը դասաւանդէ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Ան անդամ է «Մուլթաքա ալուան» արուեստի միութեան եւ մասնակցած` անոր կազմակերպած ցուցահանդէսներուն: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս ցուցահանդէսին ան մասնակցած է լիբանանեան գիւղական տեսարան մը խորհրդանշող իւրայատուկ գեղանկարով:

Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան շրջանաւարտ է  Զմմառեան Սեն Փոլ ճեմարանէն եւ նմանապէս հետեւած է Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեանի անուան արուեստի կեդրոնի դասընթացքին: Ան նաեւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործած է ինքզինք եւ մասնակցած` «Մուլթաքա ալուան»-ի, նոյեմբեր 2016-ի ֆորումին, «Ազդակ»-ի 80-ամեակին առիթով Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի եւ այլ ցուցահանդէսներու: Ծովիկ Մանուկեան-Գազազեան իր ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններով  յօժարակամ ներդրում ունեցած է բարեսիրական կազմակերպութիւններու կազմակերպած ցուցահանդէսներուն: Անոր իւրայատուկ մէկ գործը ներառուած է ԼՕԽ-ի օրացոյցի արուեստի պատկերներուն մէջ: Նմանապէս անոր նորաստեղծ գեղանկարները յառաջիկայ յունիսին պիտի ցուցադրուին Համազգայինի Աւստրալիոյ մասնաճիւղին կազմակերպելիք ցուցահանդէսին:

Մարալ Էքմեքճեան-Ղազարեան եւս ինքնաշխատութեամբ հմտացած է գեղանկարչական արուեստին մէջ: Ան իր ստեղծագործական ինքնուրոյն ոճը կատարելագործած է` հետեւելով  «Այբ թու զետ» արուեստի դպրոցի դասընթացքին: Երիտասարդ այս արուեստագիտուհին եւս գեղարուեստական իր տպաւորիչ գլուխ գործոցներով մասնակցած է մէկէ աւելի հաւաքական ցուցահանդէսներու, ինչպէս` «Մուլթաքա ալուան»-ի թէ արուեստի  այլ հիմնարկներու կազմակերպած ցուցահանդէսներուն, Թրիփոլիի եւ Պաալպեքի մէջ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս վերջին ցուցահանդէսին ան մասնակցած է լիբանանեան գիւղական կեանքէն առնուած կուժի մը գեղանկարով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>