Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը թէեւ ունի տեսական եւ գործնական կանոնաւոր ծրագիր, բայց դպրոցի պատասխանատու, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան միշտ առիթ կը ստեղծէ, որ աշակերտները մասնակցին զանազան մրցումներու, փառատօներու, հանրային ձեռնարկներու, ի հարկին դերեր ստանձնեն թատերախումբի տարեկան ներկայացումներուն մէջ: Բեմադրիչին կարծիքով, զանազան քննարկումները, հանդիպումները անուանի արուեստագէտներուն հետ, այցելութիւնները մշակութային օճախներ, կ՛ընդլայնեն աշակերտներուն մտահորիզոնը` նպաստելով անոնց գեղագիտական ճաշակի զարգացման: Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին «Արեգ»-ի աշակերտները իրենց պատասխանատու Ռոպերթ Առաքելեանի, օգնականներ` Լենա Մարգարեանի, Սօսի Ապաճեանի եւ Գարիկ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ուր ծանօթացան կայանի տաղաւարներուն, ձայնադարանին եւ խմբագրական բաժիններու աշխատանքներուն` ստանալով իրենց շատ մը հարցումներուն պատասխանները: Աշակերտները այցելեցին նաեւ «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր Անժելա Տաղլեան բացատրութիւն տուաւ ցուցասրահի գործունէութեան մասին, ծանօթացուց ցուցադրուող գեղանկարները, ապա պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն: Յառաջիկային աշակերտները պիտի այցելեն նաեւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայան: Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի համոզմամբ, նմանատիպ ձեռնարկները կարեւորագոյն դասեր են, որոնք նպաստելով աշակերտներու մշակութային կերտուածքին, անջնջելի հետք կը ձգեն անոնց հոգիներուն մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ