Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6` Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

$
0
0

102-րդ ապրիլ 24-ի լիբանանեան ոգեկոչումները որոշ ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեցին, որոնց ուղղութեամբ քարոզչաքաղաքական հետագայ ռազմավարական մշակումները նկատառելի կէտեր կը գտնեն անպայման:

Նախ անշուշտ կեդրոնական ձեռնարկին ապահովուած բարձրագոյն մակարդակի պետական այրերու ներկայացուցիչներու խօսքերը, զօրակցութիւններն ու հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ փոխանցուած մեր Դատին նկատմամբ լիբանանեան համապետական մակարդակի զօրակցական յայտարարութիւնները կարեւոր առաւել արձանագրեցին այս շրջածիրին մէջ:

Իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն համայն Լիբանանը. համապետական բնոյթը կարեւոր է այս պարագային` Ցեղասպանութեան հարցին լիբանանցի քրիստոնեայ համայնքներու վերջերս ցոյց տուած զգայնութեան եւ իսլամ լիբանանցիներու այս պարագային դրսեւորած զգուշ վերապահութեան տարբերութիւնները աղիւսելու առումով:

Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական հանրապետութիւնն է, որ ճանչցած է եւ դատապարտած Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ խորհրդարանը այս կամ այն համայնքին ներկայացուցած օրէնսդիր մարմինը չէ, այլ ամբողջ Լիբանանինը:

Ինչպէս աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ, այստեղ եւս Ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կամ զգուշաւորութիւնը ունի քաղաքական շարժառիթ. երբեմն նաեւ ընտրական: Այս բոլորը կը զգացուին անշուշտ, իւրաքանչիւր պահու թելադրած կանոններու ազդեցութեան տակ` զօրակցական (կամ զգուշաւորական) պահուածքներու ելեւէջներուն եղանակները ճշդելով:

Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները այսօր ջարդի, տեղահանութեան, կամ ընդհանրապէս ցեղային զտման մնայուն սպառնալիքին տակ են: Խորքին մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հնչեցուցած ահազանգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ճիշդ այս խոր ճգնաժամին կը վերաբերէր: Այն համեմատութիւնը, որ կատարեց պապը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն գործադրուող ցեղային զտումներուն միջեւ այդ վտանգին ընդգծումն էր` անուղղակիօրէն հասցէական մեղադրանք կատարելով առաջինի պարագային ուղղակի ցեղասպանութիւն գործադրածին եւ երկրորդի պարագային ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդին կողմէ միջնորդաւորուած եղանակով իրականացուող  ցեղային զտումներուն բուն պատուիրատուներուն:

Այստեղ ուրեմն կը ստեղծուի Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան համաքրիստոնէական ընդհանուր ընկալում մը: Այդ ընկալումն է, որ կը դրսեւորուի նաեւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկներու մասնակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ, այլ ուղղակի նաեւ նախաձեռնողականութեամբ:

Բնականաբար թրքական դերակատարութեան այս ընկալումը միայն Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ զօրակցական ալիքներու մակընթացութիւններով չի բացատրուիր: Ահա այստեղ է, որ վտանգի անմիջականութիւնը զգալով հաւաքական յիշողութիւններու վերազարթնում տեղի կ՛ունենայ. հայկական գործօնը ա՛յս ուղղութեամբ ընելիք ունի եւ ըրա՛ւ, երբ քաղաքական բեմերէ յիշեցուց սովամահութեամբ ծրագրուած ցեղասպանութիւնը:

Իսկ այս ուղղութիւնը ստեղծուած պահը օգտագործելու առիթին մասին կը յուշէ. մայիս 6-ը այս առաջադրանքի խորհրդանիշ թուականն է: Նաեւ այն առումով, որ հակաթրքական տրամադրութիւններու բարձրացումը միակողմանիօրէն քրիստոնէական շրջանակներուն մէջ չի ձգեր. մայիս 6-ի նահատակները լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն կը պատկանին:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>