ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Երեքշաբթի, 2 մայիսին, Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային իշխանութեանց ու առաջնորդարանի պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով «Ազդակ»-ի երէկուան թիւով յատուկ թղթակցութեամբ անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները հաղորդուած էին:
Սակայն այս հանդիպումին ամէնէն կարեւոր բաժինը, որուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ, աշակերտութեան հետ կայացած զրոյցն էր, որուն ընթացքին արծարծուած նիւթերը եւ աշակերտութեան հարցերու մօտեցման ցուցաբերած լրջութիւնը նոր խորհրդածութիւններու առիթ կը բանան անտարակո՛յս:
Մեր հաւաքական կեանքին մէջ կրթական համակարգը մի՛շտ ալ գաղութային հիմնական օրակարգ եղած է ու կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին: Ասիկա բնական երեւոյթ պէտք է նկատել` տրուած ըլլալով, որ մի՛շտ ալ նորահաս սերունդներու կազմաւորման հիմնախնդիրը` իր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներով, դժուարութիւններով եւ տեսլականներով, մտածումներու նոր հորիզոններ կը բանայ մեր հաւաքական կեանքին դիմաց: Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցած զրոյցին աշակերտութեան մասնակցութենէն եւ անոնց կողմէ արծարծուած նիւթերէն մեկնելով կ՛արժէ՛ կատարել հետեւեալ մատնանշումներն ու արժեւորումները:
Ա.- Զրոյցին հետեւող ու հաւաքական կեանքին մէջ ժողովական ու կազմակերպական փորձ ունեցող ոեւէ անհատ անվարա՛ն պիտի վկայէր, որ հանդիպումը որակական իմաստով չէր զիջեր մեր ժողովական օրինաչափ քննարկումներէն: Եւ ասիկա անշուշտ այդ պահու ստեղծուած կացութիւն չէր, այլ արդիւնք` Ազգային վարժարաններու ճամբով այս սերունդի ստացած դաստիարակութեան ու կազմաւորումին: Աշակերտութեան ինքնավստահութիւնը եւ անոնց կողմէ ի գործ դրուած հիմնաւորեալ տուեալներով ու հարուստ տրամաբանութեամբ հարցադրումներու ու քննարկումներու հոլովոյթը այս իրողութիւնը կը շեշտադրէին:
Այո՛, Ազգային վարժարանները ահաւասիկ ուսումնական ծրագիրներու կողքին մեր հաւաքական կեանքին համար պատրաստած են գնահատելի մարդուժ, որ գիտակից է իր ազգային պատկանելիութեանց ու պարտաւորութեան եւ իբրեւ այդպիսին կը փորձէ հունաւորել իր վաղուան երթն ու աշխատանքը: Եւ անկեղծօրէն ու արդարօրէն հարց տուի, թէ որքա՜ն աշակերտներ այսօ՛ր եւ վա՛ղը շրջանաւարտ պիտի դառնան օտար կրթական հաստատութիւններէն եւ պիտի չկարենան մեր հաւաքական երթին մասնակից ու դերակատար դառնալ ակնկալուած նոյն համեմատութեամբ ու յանձնառութեամբ:
Բ.- Աշակերտութիւնը անշուշտ իր արծարծած մտահոգութեանց ճամբով յստակ դարձուց, որ իր համալսարանական ուսումնառութիւնը շարունակելու հոլովոյթին մէջ` նիւթական դժուարութիւնները արգելակող ու դժուարացնող օղակներ են եւ որոնց շրջանցումը իրենք արդարօրէն կ՛ակնկալեն գաղութին հաստատութիւններէն ու կազմակերպութիւններէն, որպէսզի յաջողին մասնագիտական կատարելագործուած ուսում ստանալ եւ այդ ճամբով նաեւ ապագային օգտակար դառնալ մեր հանրային կեանքին ու հասարակութեան:
Գ.- Գաղութին մէջ կրթական եւ այլ նոր ծրագիրներու մշակման ու իրականացման գծով, նորահաս սերունդը այս հանդիպումին անգամ մը եւս յստակ դարձուց, որ անտարբեր չէ, տեսակէտ ու կեցուածք ունի, ինչպէս նաեւ գաղութի ապագայ ընթացքը իր համալսարանական մուտքի այս հանգրուանէն իսկ արդէն, իրեն համար հիմնական մտածումի առանցք է:
Դ.- Ընդհանրապէս աշակերտութեան կողմէ սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւնները դիմակալելու եւ իրենց հայեացքները դէպի հայրենիք ուղղորդելու ու իբրեւ այդպիսին մեր հաւաքական կեանքը կենսաւորելու արտայայտութիւնները գօտեպնդող էին եւ լաւատեսութիւն ներշնչող: Այլ խօսքով` Ազգային վարժարաններէն շրջանաւարտ սերունդները ահաւասիկ իրենց ապրած կրթական ու ազգային միջավայրով յաղթահարած էին տեղայնացման ամէն տեսակի փորձութիւն ու պատրաստ էին մասնակից դառնալու համահայկական մեր ընդհանուր առաջադրանքներու եւ իղձերու գործնականացման աշխատանքներուն:
Ե.- Գնահատելի էր աշակերտութեան այժմէն իսկ դրսեւորած պատրաստակամութիւնը, համալսարանական ուսումնական փուլին նաեւ մասնակից դառնալու ազգային կեանքին եւ սատարելու Ազգային առաջնորդարանի կառոյցին ու կրթական ցանցին` շրջանաւարտից միութեան ճամբով բերելով իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ եւ հետաքրքրական էր տեսնել, թէ աշակերտութիւնը ինչպէ՛ս ոտքի վրայ նաեւ համախմբուած` սրբազան հօր եւ պատասխանատուներուն հետ կը շարունակէր քննարկումը, ինչ որ անգամ մը եւս կը մղէ մեզի հաստատելու, որ մեր կեանքին նոր յոյս ու շունչ բերող երեւոյթ է, որուն վրայ պէտք է հաւաքաբար գուրգուրալ եւ մղել, որ այս կառուցողական մթնոլորտը զարգանայ ու ծաւալի: Մինչ այդ, բոլորս կը գտնուինք նորահաս սերունդին նկատմամբ մեր գուրգուրանքը բազմապատկելու հաւաքական պատասխանատուութեան դիմաց: