Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ցուցահանդէսը Կ՛ընդգրկէ Ինքնութեան Հարստութեան Խնդիրն Ու Ժողովուրդներու Մշակութային Բարեկամութիւնը»

$
0
0

Հարցազրոյց Լիբանանահայ
Գեղանկարիչ Գրիգոր Կարապետի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ,  հինգշաբթի, 4 մայիս  2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ պիտի կատարուի լիբանանահայ գեղանկարիչ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացումը:

Գրիգոր Կարապետ անհատական եւ հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է եւրոպական շատ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ:

Ստորեւ  կը ներկայացնենք «Ազդակ»-ի հարցազրոյցը Գրիգոր Կարապետին հետ դեսպանատան մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսին գծով: Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ ուրբաթ, 5 մայիս եւ շաբաթ, 6 մայիս առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:00:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ցուցահանդէսին նիւթին մասին:

ԳՐԻԳՈՐ ԿԱՐԱՊԵՏ.- Այսօր ռուսը հիացմունքով կը կարդայ Պոտլերի գործերը, ֆրանսացին կը կարդայ Թոլսթոյ, աշխարհը հիացմունքով կը դիտէ Սպանիոյ մէջ արաբ իսլամական մշակութային կոթողները` միաձուլուած քրիստոնէական եւրոպական մշակութային կոթողներուն հետ, հայը հիացմունքով կը կարդայ իտալացի Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւնը», իտալացին` Դանիէլ Վարուժանը, ես` իբրեւ հայ, հիացմունքով կը դիտեմ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի նկարչական գործերը, իսկ Ժըպրանը ինք հիացած եւ ազդուած է անգլիացի Ուիլիըմ Պլէյքի գործերէն. այս բոլոր օրինակները ցոյց կու տան, որ աշխարհի ժողովուրդներու յարաբերութեան բարձրագոյն գագաթը իրենց մշակութային առեւտուրն է, իսկ ի՛նչ է ազգի մը մշակոյթը, եթէ ոչ իր ինքնութիւնը: Այս ցուցահանդէսը իր արուեստով քով-քովի կը բերէ Լիբանանը, Հայաստանը եւ Իտալիան: Մէկ կողմէ ցուցահանդէսը կ՛ընդգծէ ինքնութեան հարստութեան խնդիրը, իսկ միւս կողմէ` ժողովուրդներու մշակութային բարեկամութիւնը: Տեսէք, մենք` իբրեւ հայ, կը կրենք մեր ազգին եւ ապրած երկրին մշակոյթը: Այս երեւոյթը մեծապէս կը խանդավառէ զիս: Պատկերացուցէք աշխարհի տարածքին ամէն տեղ հայ կայ. մենք ֆիզիքապէս ամէն տեղ ենք, եւ ամէն մէկս իր ապրած երկրին մշակոյթը կը կրէ, ասկէ աւելի մեծ հարստութիւն չի կրնար ըլլալ: Այս իրականութեան ծանօթ ենք, բայց եթէ կարելի ըլլայ այս իրականութիւնը օգտագործել մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական տեսանկիւնէ, իրապէս աշխարհի մեծ, շատ մեծ ուժ կը դառնանք:

Գիտէք, հազարաւոր տարիներ առաջ նաւերը միայն զինուորներ եւ գերիներ չեն փոխադրած, միայն վաճառականութիւն եւ առեւտուր չեն ըրած, այլեւ երկրէ-երկիր, ովկիանոսէ-ովկիանոս մշակոյթ ալ փոխադրած են: Ինչքա՜ն երկիրներ փոխադարձաբար հարստացած են մշակոյթի եւ արուեստի առեւտուրով: Եթէ պահ մը կեդրոնանաք միայն Միջերկրական ծովուն վրայ եւ մտաբերենք, թէ ի՜նչ դեր ունեցած է այս հրաշք ծովը դարերու ընթացքին ժողովուրդներու մշակոյթներու փոխանակման եւ բարեկամական յարաբերութիւններու մշակման գործին մէջ: Հետեւաբար, այս ցուցահանդէսին երեք ինքնութիւնները` հայկական լիբանանեան եւ իտալական, քով-քովի բերելը, երեք երկիրներ համատեղել կը նշանակէ, հազարաւոր տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած մշակութային առեւտուրը մէկ ամբողջութեան մէջ տեսնել:

Ըսեմ նաեւ, որ ոճս կը պատկանի գերիրապաշտական ուղղութեան` խորհրդապաշտ եւ գերիրապաշտ է, հետեւաբար քիչ մը աւելի խորը կը թափանցեմ եւ կը փորձեմ գործերուս մէջ խօսիլ այն բաներուն մասին, որոնց մասին լուսանկարչական մեքենան չի կրնար խօսիլ: Իրապաշտ գործ մը դժուար թէ կարենայ խօսիլ այն բաներու մասին, որոնց ես կ՛անդրադառնամ իմ գործերովս. կը փորձեմ թափանցել մարդու հոգիին ծալքերուն մէջ եւ տեսնել ու ապրիլ հոգեվիճակներ, զորս սովորական աչքերով մարդ չի կրնար տեսնել:

«Ա».- Ինչպէ՞ս կը ծնին ձեր պատկերները. նախապէս կ՛ունենա՞ք մտայղացում, թէ՞ ուղղակի պաստառին վրայ կ՛աշխատիք:

Գ. Կ.- Պատկերներս նորածինի կը նմանցնեմ. չեմ գիտեր` ի՛նչ պիտի ծնի, ինչպէ՛ս պիտի ծնի: Ես ունիմ աշխատելու եւ ստեղծագործելու բուռն մարմաջ: Կը պատահի, որ տեսիլք մը ունենամ եւ սկսիմ, բայց այդ ալ ժամանակի ընթացքին կրնայ փոխուիլ, կրնայ պատկերս երեւակայածէս բոլորովին այլ աւարտ ունենալ: Օրերու, շաբաթներու աշխատանքի ընթացքին արուեստը ինք կ՛որոշէ, գոյնն ու գիծը իրե՛նք կ՛որոշեն ամէն բան: Չի բացատրուիր բառերով. այն ինչ որ իմ հոգիէս եւ մտքէս, իմ ներքին զգացական եւ ոգեղէն աշխարհէս, ձեռքէս, վրձինէս, բան մը կ՛անցնի գործիս, ինծի համար կը դառնայ խորհուրդ: Թէ՛ սկսելու ժամանակ, թէ՛ ընթացքին որեւէ գործի վերաբերեալ յստակութիւն չեմ ունենար մտքիս մէջ: Կը պատահի, որ աւարտած գործս տարիներ ետք կրկին մշակեմ, փոփոխութեան ենթարկեմ: Ամէն մէկ գործ կեանք մըն է: Ինչպէս որ կեանքը կատարեալ չէ, թերութիւններ ունի, անաւարտ երեւոյթներ ունի, նոյնպէս ալ պատկերները անաւարտ բաներ կ՛ունենան: Երբ կեանքը կը փոխուի, բնականաբար արուեստի գործն ալ կը ձեւափոխուի, որովհետեւ կեանքի մասին կը խօսի:

«Ա.».- Այսօր մարդկութիւնը կ՛ապրի դժուար օրեր` պատերազմներ, տնտեսական ճգնաժամ, ձեր կարծիքով, այս թոհուբոհին մէջ ո՞ւր  է գեղանկարիչը եւ ի՞նչ է անոր դերը:

Գ. Կ.- Ներկայ դարուն աշխարհի մէջ խանգարուած վիճակ մը կը տիրէ: Արուեստագէտն ու նկարիչը անպայման առաջին ազդուողները կ՛ըլլան, եւ բնական է, որ արուեստագէտին գործերուն մէջ ցոլայ այդ վիճակը, եթէ ան անկեղծ, իր ժամանակը ապրող, իր ժամանակին գիտակից արուեստագէտ է: Միւս կողմէն ալ ամէն արուեստագէտ իր աշխարհը կ՛ունենայ: Շատեր արտաքին տգեղ ու վատ իրադարձութիւններուն կը հակադրուին իրենց պայծառ ու խաղաղ պատկերներով, գեղեցիկ ու հանդարտ տեսարաններով:

Այս պահուն յիշեցի Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի առաջին ուսուցիչիս` Յարութիւն Թորոսեանին խօսքը` ինծի. «Փրկութիւնը քու մէջդ է»: Մարդ ինքն է, որ պիտի ունենայ գիտակցութիւնը, ուժը, պատրաստակամութիւնը  եւ համեստութիւնը իր ճամբան քալելու` անկեղծ ըլլալով իր անձին հետ, արուեստին եւ միջավայրին հետ: Իսկ արուեստագէտի փրկութիւնը հասունութեան հասնիլն է, հասարակութեան մէջ տեղ ու դեր ունենալն է. արուեստագէտ ըլլալը կեանքը գեղեցկացնելու առաքելութիւն է, կեանքի իրադարձութիւններու մասին ճիշդ ձեւով խօսելու առաքելութիւն է:

*
*   *

Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ «Ազդակ» այցելութեան առիթով թերթի գեղանկարներու հաւաքածոյին նուիրեց նաեւ իր կարեւոր գործերէն «Ժամանակի ասպետները» «Թայմզ Նայթց») խորագրեալ գեղանկարը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>