Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

102-ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիոյ Մէջ

$
0
0

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ 23-24 ապրիլին տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Ապրիլ 23-ին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանախօսութիւն եւ քննարկում:

Ապրիլ 24-ին Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ արք. Նալպանտեանի կողմէն մատուցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Սուրբ պատարագ, որուն ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Նորա Արիսեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեան, Դամասկոսի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներ ու պատուիրակներ, հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ: Պատարագէն ետք` Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ մատուցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսութեան կարգ:

Նոյն օրը ձեռնարկ տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ: Դիմելով ներկաներուն` դեսպան Փոլատեան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի անց` մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը վառ է հայ ազգի յիշողութեան մէջ: Դեսպանը ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր ռազմաքաղաքական իրադրութեան պայմաններուն մէջ հայ համայնքի հաւաքականութեան եւ համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը:

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերեաց եկեղեցւոյ մէջ, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեանի ղեկավարութեամբ, մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ եւ աղօթք: Այնուհետեւ, Հայ կաթողիկէ «Արմինիըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց» խորագիրով յուշահանդէսը` Դամասկոսի ազգային միութիւններու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կիպրոսի Հայ Առաքելական թեմի նախկին առաջնորդ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան:

Հալէպահայութիւնը Նոր Յանձնառութեամբ Վերանորոգեց Իր Ուխտը

Կազմակերպութեամբ հալէպահայ մշակութային միութիւններուն, հովանաւորութեամբ հայ երեք հոգեւոր պետերուն, նախագահութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական կեդրոնական հանդիսութիւնը:

Հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն հնչեցուցած ազգայնաշունչ երգերով:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան եւ սուրիական հայրենիքի նահատակներուն:

Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց Ժաք Հատտատ, որ դիտել տուաւ, թէ 1915-ին կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ամբողջ աշխարհը հանդիսատեսի վիճակի մէջ էր, յատկապէս այն երկիրները, որոնք «ջատագով»-ն էին ժողովրդավարութեան եւ ազգերու ազատութեան, ի տարբերութիւն սուրիացի ժողովուրդին, որ գրկաբաց ընդունեց մազապուրծ գաղթականները, տուն, արժանավայել կեանք եւ ապրելու բոլոր կարելիութիւնները յատկացուց անոնց, որպէսզի վերապրին: Հայը շնորհիւ իր կամքին եւ հաւատքին կրցաւ կրկին անգամ ոտքի կանգնիլ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական ասպնջական հայրենիքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան: Ան շեշտեց, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ կատարուածը նուազ անմարդկային չէր, ուստի պիտի մնանք պահանջատէրը մեր արդար դատին եւ հաւատարիմ քաղաքացիները սուրիական հայրենիքին ու բանակին` մինչեւ որ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն:

Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց Մարալ Տիքպիքեան, որ նշեց, թէ Ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան իրաւաժառանգորդը եթէ ճանչնար իր նախնիներուն գործած ոճիրը, հատուցած ու վերականգնած ըլլար հայ ժողովուրդին պատմական բոլոր իրաւունքները, այսօր 20-րդ դարուն իրագործուած առաջին ցեղասպանութեան նշումներու բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը այլ բնոյթ ստացած կ՛ըլլային: Ան շեշտեց, որ, հակառակ Թուրքիոյ վարած ուրացումի եւ ժխտումի քաղաքականութեան, Հայաստանի շրջափակումին, ռազմատենչ գործողութիւններուն եւ պահուածքի քաջալերումին, մենք` հայերս ճանաչումէն հատուցում պիտի ընթանանք աներեր, որովհետեւ այլեւս խեղճ բեկորներ չենք, Տէր Զօրի այրող աւազները շատո՜նց թօթափած ենք մեր ներբաններէն:

Ապա Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի մեկնաբանեց հայկական երգեր: Գեղարուեստական յաջորդ յայտագիրով Պէթի Քիլէրճեան ասմունքեց Սիամանթոյի եւ Ռոզա Պետրոսեանի քերթուածներէն համադրում մը:

Ապա Անժէլ Շէօհմէլեան (քանոն) եւ Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր) ներկայացուցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Անուրջներ»-ը: Գեղարուեստական վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Փարամազ Չորպաճեան` ասմունքելով Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք®» բանաստեղծական կտորը:

Օրուան բանախօսն էր Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան, որ նախ յիշեցուց 100-ամեակի հիմնախօսքը` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»` նշելով, որ ան էական է, որովհետեւ առանց յիշողութեան մարդ արարածը պոկուած կ՛ըլլայ իր արմատներէն եւ դադրած բնական էակ ըլլալէ:

Ան յիշեցուց, որ տարիներ շարունակ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններրը իրենց հիմնական դերը ունեցան սերունդէ-սերունդ ջահափոխանցումը կատարելու անխախտ յանձնառութեամբ: Ան շեշտեց այն միտքը, որ յիշելու եւ յիշեցնելու ջահերթի իր ճամբուն, հայութիւնը կրցաւ իրեն զօրակից դարձնել տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու պատկանող նոր բարեկամներ, ոչ թէ գութի եւ կարեկցութեան խնդրանքով, այլեւ իրենց ազատ կամքով ճշմարտութեան ու արդարութեան լոյս սփռելու եւ լուսաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան  անտեսումի խաւարը:

Բանախօսը պարզաբանեց Ռաֆայէլ Լեմքինի յղացած GENOCIDE որակումին պատմական հիմքը, որ, ըստ բանախօսին, միայն 1890-ի, 1909-ի եւ 1915-ի  կոտորածները չէ, որ կը մարմնաւորէ, այլ նաեւ 1918-1920 Պաքուի թէ Շուշիի մէջ, 1988 փետրուարին Սումկայիթի մէջ, 1989-ին Կիրովապատի, 1990-ին Պաքուի բնակչութեան դէմ կազմակերպուած ջարդերն ու ոճիրները, որոնք նոյն թուրքին, նոյն ջարդարարին հայաջինջ մտքին ու քաղաքականութեան ծնունդն էին: Ան ըսաւ, որ, թէեւ յուսադրիչ նշոյլներ կը գտնուին կարգ մը արդարատես եւ իրապաշտ թուրք մտաւորականներուն մօտ, թրքական պաշտօնական կեցուածքներուն մէջ սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն կը նշմարուի, հետեւաբար սփիւռքէն հայրենիք, ողջ հայութեան համար,  ճանաչումի եւ հատուցումի հետապնդման աշխատանքը կը մնայ առաջնային:

Աւարտին Ռէյիսեան հաստատեց, որ ապրիլ 24-ը պէտք չէ դիտել պատմութեան դժբախտ պատահարով, մեզի պարտադրուած սփիւռքացման իրավիճակի  բացասական անկիւնէն, այլ պէտք է ընդունիլ զայն որպէս առաւելութիւն ու զօրանալ  իրարմով` հայրենիքով:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահան արք. Սարգիսեան: Ան ընդգծեց ցեղասպանութեան վերյիշեցման բոլոր այն ճիգերն ու աշխատանքները, զորս մեր ժողովուրդը տարաւ 102 տարիներու ընթացքին, եւ որոնք իրականութեան մէջ ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրութեան կ՛առաջնորդեն հայ հաւաքականութիւնը: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մեր պահանջատիրութիւնը, որ իրաւական նշանակութիւն ունի, պէտք է ըլլայ ցոյցերով, բողոքի արտայայտութիւններով, յատկապէս քաղաքակիրթ բողոքի արտայայտութիւններով, որովհետեւ անոնք վայել են քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն: Ան յիշեցուց, որ անցնող օրերուն եկեղեցիներուն մէջ բարեխօսական աղօթքներով դիմեցինք նահատակներուն, որոնց մասին կը խօսինք, եւ այս անգամ խնդրեցինք անզօր կարծուած այդ նահատակներէն, որ զօրացնեն մեր ժողովուրդը, խնդրեն Ամենակալէն, որ պաշտպանէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ իմաստութիւն տայ մեզի, որպէսզի կարենանք արդարութեան համար իրաւական հարթակի վրայ ներկայացնել մեր դատը:

Աւարտին, սրբազան հայրը գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ պատրաստուած Սուրիոյ տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններու «Սուրիոյ քարերը կը վկայեն» հատորը, եւ մաղթեց, որ անսասան մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն ու պետականութիւնը, անսասան մնայ Արցախը, անսասան մնայ հայկական սփիւռքը ամէնուրեք եւ ճակատաբաց ուխտենք նոր սկզբնաւորութեամբ, վերանորոգ ուխտով, կամքով եւ հաւատքով քալել միասնաբար, քալել գիտակցաբար, ծրագրաւորուած եւ առաջադրանքով` մինչեւ մեր ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացումը, փառք տալով Ամենակալին եւ յարգելու մեր սրբադասուած նահատակները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

Միջյարանուանական Յուշահանդէսով Հալէպահայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցը

Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի միջյարանուանական ոգեկոչման յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ: Նախքան հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեմատոյց կատարուեցաւ:

Ապրիլեան յուշահանդէսին ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հայաստանի մէջ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Արփի Սանոսեան-Զէյթճեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է դար մը եւ 730 օր, սակայն պահանջատիրական մեր երթը ցարդ կը շարունակուի` անսպասելի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուելով:

Ան խօսեցաւ այն օտար դիւանագէտներուն եւ քաղաքական գործիչներուն մասին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են որբահաւաքի եւ հայութեան վերապրումի ճամբուն վրայ:

Այնուհետեւ հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մէկուկէս միլիոն անշիրիմ նահատակներուն յիշատակը:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Խաչատուրեան, որ մեներգեց «Ապրիլեան Նահատակներ» եւ «Հայրենիքիս հետ» երգերը, մշակում` Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի, սրինգի ընկերակցութեամբ Զանի Փամպուքեանի, ջութակի ընկերակցութեամբ Լիլա Սահակեանի:

Ապա Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան նուագեց իր յօրինած ու մշակած «Արեւածագ», «Ձօն հալէպահայ նահատակներու» եւ «Վերապրող ազգը» երաժշտական կտորները, սրինգի ընկերակցութեամբ Զանի Փամպուքեանի, ջութակի ընկերակցութեամբ Լիլա Սահակեանի:

Մարմանդ Աշոտեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը:

Օրուան հանդիսավարը մէջբերումներ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններէ, ինչպէս նաեւ 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրէն:

Լուսին Ապաճեան-Չիլաբօշեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պատմական հակիրճ ակնարկ մը` պաստառի վրայ ցուցադրուած պատկերներով:

Ոգեկոչման ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին համայնքապետները:

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ըսաւ. «20-րդ դարուն, ստեղծագործ եւ շինարար ժողովուրդի մը դէմ ահարկու ցեղասպանութիւն մը գործադրուեցաւ եւ այն ինչ որ պատահեցաւ սերունդէ-սերունդ պատմեցինք: Տէր Զօրի կիզիչ անապատներու արհաւիրքէն ծնած մանուկներ իրենց ձայնը այնքան բարձրացուցին, որ յառաջիկայ սերունդներուն մէջ թեւածեց նոր հոգի եւ նոր հոգեմտաւոր խորհրդածութիւն: Հոգեմտաւոր խորհրդածութիւնը, յատկապէս սուրիական աշխարհագրութեան տարածքին բնակող եւ կայք հաստատող հայ ժողովուրդի սրտին ու հոգիին մէջ, համապատասխան դրսեւորում եւ արտայայտութիւն գտաւ: Ոմանք լրջութեամբ պայքար մղեցին, ուրիշներ կորսնցուցին իրենց պատկանելիութիւնը եւ հայկական ուրոյն անհատականութիւնը: Այդպիսիները միութենական մեր հաստատութիւններուն առաքելութիւնը աւելորդապաշտութիւն սեպեցին: Ուրեմն հարց պէտք է տանք մենք մեզի` արդեօք ի՞նչ պատգամ ունին մեր նախնիները: Մէկուկէս միլիոն եւ աւելի նահատակներ անշիրիմ մնացին: Անոնց արեան կանչը պատգամ ունի փոխանցելիք եւ այդ պատգամը արդարութեան եւ իրաւունքներու վերադարձի լիիրաւ պատգամն է»:

Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Քրիստոսի յարութիւնը վերյիշեցնելով ըսաւ, թէ հայութիւնն ալ որպէս յարուցեալ ժողովուրդ 102 տարի վերջ ունի փառաւոր մարմին, յարուցեալ էութիւն, ազատ, անկախ Հայաստան, հայրենիք, յաղթական Արցախ, բարգաւաճ հայեր ի սփիւռս աշխարհի եւ փառաւոր անցեալ: «Այս վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին հայերը ինչեր ստեղծագործեցին, բայց տակաւին մենք աշխարհին ցոյց կու տանք մեր վէրքերը, մեր ձեռքերը ոտքերը, մեր կողը: Ցոյց կու տանք մեր մէկուկէս միլիոն անշիրիմ նահատակներուն յուշակոթողները: Մենք, Հալէպ քաղաքին մէջ կ՛ապրինք նոր յարութիւն, նոր վերականգնում, վերաշինութիւն, բայց մեր վէրքերը կը կոտտան, կ՛արիւնին: 102 տարի վերջ նոյն թշնամիին կողմէ կ՛ապրինք երկրորդ նահատակութիւն: Այսուհանդերձ, մենք պիտի պահանջենք` մինչեւ որ ստանանք մեր արդար հատուցումը»:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր պատգամին մէջ լուսարձակի տակ առաւ հետեւեալ գաղափարները.

1.- Ոգեկոչել կը նշանակէ հաղորդակցութեան մէջ մտնել անոնց հետ, որոնք մեր գոյութեան սկզբնապատճառը դարձան:

2.- Ոգեկոչել չի նշանակեր պարզ իմաստով պարտականութիւն մը կատարել, ապա մոռնալ զայն տարուան 364 օրերուն ընթացքին:

3.- Ոգեկոչել կը նշանակէ մեր նահատակներուն ձայնը լսել եւ անոնց կտակին համաձայն մեր կեանքին ուղղութիւնը ճշդել, երթը ձեւակերպել, բայց նաեւ կը նշանակէ մեր ինքնութեան վերահաստատումով աստիճանաբար մեր գիտակցութիւնը բարձրացնել:

Սրբազան հայրը աւելցնելով ըսաւ, որ մեր պատմութեան մէջ կարեւոր հինգ դէպքեր գոյութիւն ունին: Առաջինը այն հաստատումն է, թէ ն.ք. 600-ական թուականներուն Կովկասի եւ Անատոլուի Արեւելեան տարածքին վրայ  կ՛ապրէին մարդիկ, որոնք հայ կը կոչուէին: 2500-2600 տարի վերջ հայ հաւաքականութիւնը  աշխարհացրիւ, ամէնուրեք միասնակամութեամբ, հայ ինքնութեամբ, հայու գիտակցութեամբ կը շարունակէ իր պատմական երթը եւ առաքելութիւնը մարդկութեան մէջ:

Երկրորդ կարեւոր թուականը մեր ժողովուրդի հաւատքի լուսաւորութիւնն է, հայ եկեղեցւոյ, քրիստոնէական հաւատքի ծաղկումը մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Երրորդը 451-ով Սրբոց Վարդանանց այն արիական նահատակութեան ճանապարհն է, զոր կը շարունակենք մեր պայքարունակ կամքով: Չորրորդ ծանրագոյն պահը 1915-ով սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրն է: Այդ դժխեմ օրերուն մեր ժողովուրդը չյուսահատեցաւ: Սուրիական հայրենիքին մէջ, ամբողջ մարդկութեան պատմութեան մէջ, հայոց պատմութեան մէջ երկու կարեւոր կեդրոններ` Հալէպը եւ Տէր Զօրը մեր յարութեան խորհրդանիշները դարձան: Տէր Զօրով պայմանաւորուած է Անթիլիասը, Ծիծեռնակաբերդը, Էջմիածինը ու աշխարհացրիւ հայութիւնը:

Եզրափակելով սրբազան հայրը ըսաւ. «Եթէ յարգենք մենք մեզ, մարդիկ պիտի յարգեն մեզ: Եթէ պահանջենք, մարդիկ պիտի պատասխանեն մեզի: Եթէ պաշտպանենք մենք զմեզ, մարդիկ պիտի պաշտպանեն մեզ: Ուստի, Տիրոջ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդին կամքով յառաջ պիտի ընթանանք, յարուցեա՛լ ժողովուրդ»:

Ապրիլեան յուշահանդէսը եզրափակուեցաւ սուրիահայ երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>