Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պոլիս
Թուրք Արուեստագէտի Ցուցահանդէսը` Նուիրուած 1915-Էն Մինչեւ Այսօր Տեղի Ունեցած Բռնագաղթերուն
Վերջերս տեղի ունեցաւ թուրք արուեստագէտ Արզու Բաշարանի «Թերեւս այնտեղ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը, որուն միջոցով ան ուզած է ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել երեւոյթի մը, որ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակներէն եւ ներկայիս ալ տարածուած է Սուրիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ:
Բաշարան իր ներկայացուցած պաստառներուն ընդմէջէն փորձած է արծարծել բռնագաղթի թեման: Թրքական medyascope.tv կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ այդ ցուցահանդէսին իմաստը այն է, որ պէտք է հաշտուիլ կատարուած իրողութիւններուն հետ, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան, Ռուանտայի, Պոսնիայի կոտորածներուն եւ վերջին տարիներուն Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ:
Բաշարան նշեց, որ այդ զգացումը իր մօտ յառաջացած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Ան ըսաւ, որ ցուցահանդէսը չէ սահմանափակուած միայն 1915 թուականով, այլ կը պատմէ նաեւ այսօր Սուրիոյ եւ Տիգրանակերտի ժողովուրդին մասին, որոնք իրենց տուներէն զրկուելով դատապարտուած են գաղթի:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 15 մայիս:
Փարիզ
Անժելա Սահակեանի «Ճշմարտութեան Պարտադրանքով» Ֆրանսերէնի Թարգմանուած Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առթիւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին, 10 ապրիլին «Տէմիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անժելա Սահակեանի «Ճշմարտութեան պարտադրանքով» ֆրանսերէնի թարգմանուած գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Հերա Թոսունեան, որ ներկայացուց հեղինակը: Ան յայտնեց, որ Անժելա Սահակեան հրատարակած է գիրքեր, պատրաստած է վաւերագրական ժապաւէններ, ունի նաեւ գրական-բանաստեղծական գործեր:
«Ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքը կազմուած է երկու բաժիններէ. առաջին մասին մէջ ամփոփուած են 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հայ թէ օտար գրողներու, բանաստեղծներու, քաղաքական գործիչներու վկայութիւնները, փաստագրութիւնները, աշխարհին ուղղուած բաց նամակներ, հեռագիրներ, մամուլէն փրցուած յօդուածներ եւ այլն: «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» թեմայով երկրորդ մասը նուիրուած է արցախեան հարցին, մղուող ազատագրական պայքարին, նահատակուած ազատամարտիկներուն, Շուշիի յաղթանակին…: Հեղինակը զուգահեռներ կը գծէ մէկ դարու ընթացքին տեղի ունեցած ողբերգական այս երկու իրադարձութիւններուն միջեւ եւ կ՛անդրադառնայ անոնց աղէտալի հետեւանքներուն` մատնանշելով, թէ անցեալի վէրքերը տակաւին չսպիացած` պատմութիւնը կը կրկնուի, վկայ` Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի արիւնալի դէպքերը:
Անժելա Սահակեան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ հայու հաւաքական ուժը առաւել եւս հզօրացնելու հրամայականին վրայ` շեշտելով, որ զանազան երկիրներու եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ո՛չ մէկ լուծում պիտի բերէ Հայ դատին, հետեւաբար մեր շահերէն մեկնելով պէտք է փոփոխութեան ենթարկենք մեր առաջնահերթութիւններն ու պայքարի եղանակը:
Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին հայկական ձայնասփիւռի «Երգարան հայոց» պատմա-երաժշտական յայտագիրը վարող` Էդուարդ Բարսեղեան, «Հայ դաս» վարժարանի տնօրէն Արթօ Քիլիմլի եւ թարգմանիչ Էլիզապէթ Մուրատեան-Վենթուրինի, որոնք գնահատեցին Անժելա Սահակեանի հայապահպանման եւ Հայ դատի ի նպաստ տարած աշխատանքը: Իսկ ասմունքող Արտաշէս Ոսկանեան շեշտեց կարեւորութիւնը գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ Արփեն Մովսիսեանի «Հայից հայ» հաղորդաշարի «Խօսիր աշխարհ, խօսիր յիշողութիւն» ժապաւէնը, որուն մէջ ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր տեսարաններ, մեր նորօրեայ ազատամարտիկները, Անիի կիսաքանդ եկեղեցիները, ազատագրուած Արցախը: Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած էին նաեւ պատմական կարեւորութիւն ունեցող հեռագիրներէն, վկայագրութիւններէն, հայ թէ օտար պատասխանատուներու կողմէ գրուած բաց նամակներէն հատուածներ: Անժելա Սահակեանի գիրքին մասին գնահատական ելոյթներով հանդէս եկան գրական, քաղաքական, մշակութային մարզերու գործիչներ, ղեկավար դէմքեր:
Արժանթին
Խաչքարի Զետեղում Քորտոպայի Մէջ
18 ապրիլին Քորտոպայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ արժանթինահայ Քրիսթիան Մերտինեանի կողմէ նուիրուած խաչքարի բացումը, ներկայութեամբ փոխկառավարիչ Մարթին Լարիորայի, քաղաքապետ Ռամոն Մէսթրի, Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեանի, Արժանթինի եւ Չիլիի առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գիսակ եպս. Մուրատեանի, կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս` Քարլոս Նանէզի եւ Քորտոպայի հայկական համայնքի նախագահ Էտուարտօ Թութուշեանի:
Նշենք, որ Քորտոպան Արժանթինի մէջ գտնուող երկրորդ մեծ քաղաքն է, որ կը հաշուէ չորս միլիոն բնակիչ, որոնց հինգ հազարը հայեր են եւ անոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին քաղաքին մէջ: Քորտոպայի մէջ կը գտնուի նաեւ Արամ Երկանեանի աճիւնները եւ յուշարձանը:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղի Հանգանակային Տարեկան Ձեռնարկը
1 ապրիլին Միլպրէյի «Կրին Հիլզ Քաունթրի Քլապ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի հանգանակային տարեկան ձեռնարկը:
Օրուան հանդիսավար Գոհար Մոմճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ներկայացուց օրուան բանախօսներուն կենսագրական գիծերն ու ազգային գործունէութիւնը:
Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Մոմճեան իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին տարած ու տակաւին տարուելիք աշխատանքներուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ մասնաճիւղը կ՛աշխատի տեղական հայկական կազմակերպութիւններու հետ, յառաջ տանելու ու բարձրացնելու հայկական ժառանգութիւնը, կրթական եւ մշակութային ծրագիրները` հայկական համայնքներուն մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներու ընթացքին հիմնարկութիւնը հոգացած է կրթաթոշակները Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի աշակերտներու, նաեւ, Արցախի Ուխտասար գիւղին մէջ հիմնած է առողջապահական կեդրոն մը եւ նախաձեռնած է դրամահաւաքի մարմինի մը` օգնելու համար սուրիահայութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, որոնք ներկայացուցին Հայաստանի մէջ իրականացուած կարգ մը շինարարական եւ այլ աշխատանքները:
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ տեղւոյն ՀԵԴ-ի ատենապետ եւ ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գրիգոր Տէր Աբրահամեան, որ ՀԵԴ-ի «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին հետ երկու անգամ գտնուած է հայրենիք եւ յատկապէս` Արցախի Ասկերան գիւղը: Այս առթիւ ան տեղեկութիւններ փոխանցեց այդ այցելութեան մասին եւ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ հայրենիքի մէջ կամաւոր գործը մեզի հոգեկան գոհացում կու տայ, նաեւ մեր երկրի ժողովուրդը կը մղէ ամէն ձեւով յաղթահարելու որեւէ դժուարութիւն:
Ապա, օրուան մեծարեալ` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի յանձնուեցաւ գնահատական յուշատախտակ մը` Հայ մշակութային հիմնարկութեան կողմէ, առ ի գնահատանք իր երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութեան համար: Դոկտ. Տէր Կիւրեղեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին (ՀԱՀ) հաստատման կարեւորութիւնը` Հայաստանի ապագային համար: Ան գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ կը ծառայէ այդ պաշտօնին եւ այդպիսով իր նպաստը կը բերէ Հայաստանի բարելաւման:
Օրուան բանախօսն էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան, որ հաստատեց ՀՅԴ-ի ունեցած գերկարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի եւ հայոց պետականութեան պատմութեան մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ ժամանակն է արժեւորելու եւ գնահատելու Հայաստանի տպաւորիչ յառաջընթացը, որուն մէջ մեծ դեր ու ներդրում ունեցած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Պաղտասարեան ըսաւ, որ հայկական իրականութեան մէջ մէկ բան ունինք մնայուն, որ մեր հայրենիքն է, մեր ազատ ու անկախ Հայաստանը եւ յորդորեց ներկաները հետեւելու մեր մեծերու երազանքին եւ համախմբուելու մեր անկախ հայրենիքին շուրջ:
Երեկոյին ընթացքին գոյացաւ շուրջ 60 հազար ամերիկեան տոլար, որ պիտի գործածուի Հայաստանի ու տեղական կարգ մը կարիքներուն:
Արթուր Փինաճեանի Գործերուն Ցուցահանդէսը
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 1 ապրիլին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր տաճարի «Ճան Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գեղանկարիչ Արթուր Փինաճեանի գործերուն ցուցահանդէսին բացումը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի Կրթական հիմնադրամին:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Սոնիա Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար եւ գնահատեց յանձնախումբին տարած աշխատանքը, որուն շնորհիւ Փինաճեանի գործերը ներկայացուեցան հայ հասարակութեան: Պզտիկեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպ քհյն. Լաքիսեանի, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել ցուցահանդէսը:
Ապա առաւ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան անգլերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ քաջալերեց ներկաները` սատարելու այս միութեան:
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, որ դրուատեց ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքը: Սրբազան Դանիէլեան հրաւիրեց «Փինաճեանի արուեստի տան» նախագահ Թոմաս Շուլցը, որուն ջանքերուն շնորհիւ փրկուած են Փինաճեանի գործերը եւ անոր փոխանցեց իր շնորհակալութիւնը:
Հարկ է նշել, որ Փինաճեան, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գծած ու նկարած է, բայց իր գործերէն ոչ մէկը կրցած է ցուցադրել, գնահատանքի արժանացնել կամ վաճառել: Իր բոլոր գործերը անխնամ կերպով նետուած էին իր տան նկուղը: Միայն իր մահէն ետք է, որ անոնք լոյս աշխարհ եկան արժանանալով բարձր գնահատանքի:
Լիզպոն
Հայոց Լեզուին Նուիրուած Համագումար
Նախաձեռնութեամբ Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան 5 ապրիլին Լիզպոնի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց լեզուի օր» խորագիրով համագումար:
Նախքան համագումարը, բաժանմունքի նախասրահին մէջ կայացաւ Հայաստանի նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էր մեր մշակոյթը եւ պատմամշակութային կարեւոր յուշարձանները:
Գրականութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն, փրոֆ. Ժուաու Տիոնիզիօ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը:
Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեան ներկայացուց միութեան աշխատանքները եւ խօսեցաւ ապագայի ծրագիրներուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ կը նախատեսուի յառաջիկային երկու համագումարներ իրականացնել` «Հայերը` որպէս գիտութեան եւ նորարարութեան ազգ» եւ «Հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւն եւ եկեղեցաշինութիւն» խորագիրներով:
Համագումարը վարեց Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան հիմնադիր անդամ Լիա Խաչիկեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայոց լեզուն եւ մշակոյթը` անդրադառնալով հայերէնի աշխարհագրական տարածման, լեզուի պատմութեան եւ զարգացման փուլերուն, գիրերու ստեղծման, այբուբենի կազմութեան եւ հետագայ փոփոխութիւններուն, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հիմնական հնչիւնաբանական եւ բառապաշարի տարբերութիւններուն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ առկայ բարբառներուն` ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով լեզուի քերականական կառուցուածքին մասին:
Համագումարին ընթացքին փորթուգալցի մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան նաեւ ծանօթանալու հայ ժամանակակից քնարերգութեան հետ:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ միութեան հովանիին տակ գործող «Կոնսոնանսիա» լարային նուագախումբի մենակատարներէն կազմուած քառեակը:
Թեհրան
Այցելութիւններ Թեմի Առաջնորդին
* 5 ապրիլին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ վեր. Սերգէյ Շահվերդեան, վեր. Միշէլ Աղամալեան եւ վեր. Սելիմ Սապանճին: Ընդունելութեան ընթացքին ներկայ էին հիւրաբար Թեհրան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ` Մեղրիկ եպս. Բարիքեան եւ Արտաւազդ աբղ. Շարոյեան, նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան:
Վեր. Գարակէօզեան Թեհրան ժամանած էր նախագահելու համար Վազրիկ Սաֆարեանի վերապատուելի ձեռնադրութեան արարողութիւնը:
Սրբազան հայրը, ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը: Այնուհետեւ բարեկամական զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններն ու Իրանի ղեկավարութեան լայնախոհ ու բարեկամական վերաբերմունքը:
* 10 ապրիլին ազգային առաջնորդարան այցելեց Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան: Ան վերադառնալով Հայաստանէն, եկած էր տօնական առիթով բարեմաղթութիւններ յայտնելու:
Առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին` խնդրելով, որ ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցէ Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին 2 ապրիլին կատարուած ընտրութիւններու կապակցութեամբ:
* 13 ապրիլին առաջնորդ սրբազանը ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամներուն:
Այցելութեան ներկայ էին Գէորգ Վարդան, Հրաչ Ղարախանեան, Դաւիթ Մարգարեան, Սերժիկ Մեհրաբեան, Արփի Սարգիսեան, Րաֆֆիկ Բաբումեան, Ժանէթ Թարվերդեան, Լիտա Վարդանեան եւ Նայիրի Յարութիւնեան:
Վարչութեան նախագահ Գէորգ Վարդան ներկայացուց նորընտիր անդամները, ապա ամփոփ զեկոյց մը տուաւ իրենց գործունէութեան մասին:
Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքները, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան իրենց ապագայ աշխատանքներուն մէջ յոյս յայտնելով, որ անոնք նոյն ոգիով շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: