ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Այս օրերուն ո՛չ միայն այս վայրին մէջ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին – հայրենիքէն մինչեւ արտերկրի բոլոր գաղութները – հայութիւնը միասնական շարքերով կ՛ոգեկոչէ ապրիլեան Եղեռնի 102-րդ տարելիցը: Ու չկայ հայ մը, յանձնառու կամ հայութենէն հեռացած, որուն արիւնը փոթորիկներ չստեղծէ իր երակներուն մէջ սա մէկ հատիկ թուականին դիմաց:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կա՞յ արդեօք թուական մը, որ այնքան արցունք ու սուգ խլած ըլլայ մեզմէ, որքան ապրիլ 24-ը:
Այո՛, երեւակայութեան սահմաններէն անդին ահռելի էր Թուրքիոյ կողմէ տրուած հարուածը հայութեան: Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան մեծագոյն դէպքն է անիկա, որ մեզմէ խլած է մարդկային այնքան զոհ ու հողեղէն այնքան հարստութիւն:
Ապրիլեան Եղեռնը պարզապէս հանգրուած մըն էր – թէեւ մեր պատմութեան ամէնէն ահաւորը եւ ամէնէն մահացուն – Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած այն քաղաքականութեան, որ դարերէ ի վեր կը գործադրէր ան հայ ժողովուրդը ի սպառ ջնջելու եւ Հայաստանը թրքացնելու:
Բայց 102 տարի ետք, այսօր, չկան գաղթականները Եփրատ գետի ափին: Ժամանակի թաւալումին հետ, հայրենի հողէն հեռու, հայրենիքի իրագործումներուն զուգընթաց եւ անոնցմէ անկախ, տարասփիւռ ժողովուրդը ձեռնարկեց շինարարական աշխատանքի եւ ապրեցաւ վերազարթօնք մը:
Ու 102 տարի ետք` մենք կա՛նք այսօր:
Հայկական հարցը ողջ է ներկայիս:
Մեր ժողովուրդը ոտքի է հիմա իր անկորնչելի իրաւունքները ձեռք բերելու ճամբուն վրայ:
Անցնող 102 տարուան ընթացքին հայութեան կողմէ կատարուած է եւ կը կատարուի հսկայական աշխատանք` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու եւ Հայ դատի արդարացիութիւնը ներկայացնելու:
Մինչեւ 1965, այսինքն ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակ, մենք մնացած էինք սուգի տրամադրութեան մէջ: 1965-ին մեր ժողովուրդը ինքզինք վերագտնելով` մտաւ քաղաքականացման ընթացքին մէջ: Սգահանդէսները փոխարինուեցան պահանջատիրութեան արարքներով:
1965-1975 տասնամեակը կը յատկանշուէր բողոքի ցոյցերով եւ յուշագրերու ներկայացումով:
1975-ին, վաթսունամեակին, կը պատռուէր լռութեան պատը միջազգային-քաղաքական կեանքին մէջ հայկական հարցին առնչութեամբ, որովհետեւ մեր երիտասարդութիւնը կը վերականգնէր ընտրանքը յեղափոխական պայքարին եւ մեր ժողովուրդը կ՛ընթանայ յեղափոխականացման եւ արմատականացման ուղիէն:
Ապրիլեան եղեռնի եօթանասունամեակին եւ յաջորդող տասնամեակին, 1985-ին, հայ ժողովուրդը սկսաւ քաղել պտուղները յեղափոխական արարքներուն: Պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ հետզհետէ կը սկսէին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս ժամանակահատուածին կը պայթէր Արցախի ազատամարտը, ինչպէս նաեւ կը վերանկախանար Հայաստանը:
1995-2005 տասնամեակին Հայ դատի ճանաչման հարցը կը սկսի ճեղքեր յառաջացնել Թուրքիոյ կողմէ մեզի դէմ քաշուած պատին: Աւելի՛ն. կը յայտնաբերուին այլախոհ մտաւորականներ, որոնք կը խօսին ջարդերուն մասին: Աւելի՛ն. բռնագրաւեալ հողերու մէջ ջուրի երես կը սկսին գալ իսլամացուած եւ թրքացուած հայերը:
2005-2015 տասնամեակին Հայ դատի գրասենեակներ կը հաստատուին հոս-հոն, իսկ 2015-ին, Ապրիլեան եղեռնի դարադարձին, Հայ դատի քարոզչութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Հռոմի պապին Ցեղասպանութեան ճանաչումով, այլ մանաւանդ կը բիւրեղանայ Հայ դատի պահանջատիրութեան մտածողութիւնը, որովհետեւ հայկական անկախ պետականութիւնը իր կեցուածքը ամբողջացուց յունուար 2015-ի հռչակագրով:
Այս բոլորը նպաստաւոր երեւոյթներ են անշուշտ, որոնք մեր մէջ ո՛չ միայն կը յառաջացնեն անխառն գոհունակութիւն, այլեւ յուսատու հանգրուանի մը դիմաց կը դնեն ամբողջ հայութիւնը: Այս բոլորը կ՛ուռեցնեն մեր սիրտերը, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ մենք պէտք ունինք ազգային հպարտութեան:
Սակայն չի բաւեր գոհանալ ձեռք բերուած արդիւնքներով:
Դեռ ճամբայ ունինք կտրելիք շատ:
Թշնամի ճակատին վրայ, անցնող բոլոր տասնամեակներուն, օր չեղաւ, որ թրքական պետութիւնը, թրքական մամուլը եւ ընկերային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները չանդրադառնան գլխացաւանք պատճառող Հայկական հարցին: Թուրքիա սեմինարներ, դասախօսութիւններ եւ համագումարներ կազմակերպեց ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ` Հայկական հարցը սեւցնելու, խեղաթիւրելու եւ այլ ուղղութիւններու առաջնորդելու նպատակով: Թրքական պետութիւնը իր նախագահով, վարչապետով եւ արտաքին գործոց նախարարով ուղղեց սպառնալիքներ եւ ռմբահարեց հայկական հաստատութիւններ ու շրջաններ Սուրիոյ մէջ:
Հիմա, 102-րդ տարելիցն է Ապրիլեան եղեռնի:
Ու կը հաստատենք, որ դիւրին չէ Հայ դատի հետապնդումը: Հայ ժողովուրդի պատմութեան ո՞ր հանգրուանը դիւրին եղած է արդեօք: Յետոյ ազատագրական պայքար մղող ո՞ր ժողովուրդը դիւրութեամբ մղած է իր պայքարը:
Ահա այս վիճակն է, որ հողին վրայ կը պահէ կամ հողին տակ կ՛անցընէ որեւէ դատ:
Թուրքիա ձեռնածալ չէ նստած երբեք: Ցեղասպանութիւնը ուրանալու յարատեւ գործունէութեան իր սկզբունքներուն մէջ, Թուրքիա ոգի ի բռին կ՛աշխատի ապահովել իր կովկասեան ազդեցութեան գօտին, կ՛ամրապնդէ իր կապը Կեդրոնական Ասիոյ հետ եւ այդ բոլորին մէջ իր քաղաքականութեան կ՛ուզէ ենթարկել Հայաստանը:
Միջազգային քաղաքական աշխարհին համար այսօր Հայ դատ մը գոյութիւն չունի պաշտօնապէս: Պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ անպաշտօն կերպով կրնան համակարծիք ըլլալ մեզի, թէ հայ ժողովուրդը եւս իրաւունք ունի տիրանալու իր դարաւոր հողերուն եւ արդարութիւն պէտք է ընել հայերուն, սակայն անոնք կ՛աւելցնեն` հաստատելով, որ հաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի, որ պէտք է պահպանել` իրենց շահերը ապահովելու համար: Եւ որովհետեւ հայութենէն որեւէ շահ չեն կրնար ունենալ, ուրեմն պաշտօնապէս զօրավիգ չեն կանգնիր Հայ դատին:
Հայկական հարց գոյութիւն ունի սկզբունքներու եւ իրաւունքներու գետնի վրայ` մարդկային իրաւանց սահմանումովն իսկ, որ կատարուած է 1948-ի ՄԱԿ-ի Ուխտին մէջ: Սակայն իրաւունքներու սկզբունքային հարցը ուրիշ բան է, իսկ անոնց իրականացումը` ուրիշ: Մէկը գաղափար է եւ ապա ընդունելի, այնքան ատեն որ իբրեւ գաղափար կը ներկայանայ. միւսը իրականացնելիք քաղաքական աքթ է, որ կրնայ շատ զոհողութիւններ պահանջել, կրնայ վնասաբեր ըլլալ այս կամ այն երկրի շահերուն, ուստի տրամադիր չեն ըլլար այդ զոհողութիւնները ընելու, այդ վնասներուն ենթարկուելու, յանուն սկզբունքի, իրաւունքի եւ յանուն մարդկային արդարութեան:
Եթէ արտաքին գետնի վրայ լռութիւն կը պահուի Հայ դատի նկատմամբ, ատիկա ոչինչով պէտք է տկարացնէ հայ ժողովուրդը, որ զօրացնէ ազգային-քաղաքական դատին իրաւական հիմերը: Պայմաններուն աննպաստ ըլլալը չի կրնար պատճառ ըլլալ, որ ազգը իր իրաւունքները չհետապնդէ:
Հայ դատի բարւոք լուծումը դուրսէն պիտի չգայ: Հայ դատը, ամէն բանէ առաջ, Հայո՛ց դատն է, մեր հարցն է: Իսկ անոր լուծումը դուրսը պիտի չփնտռենք: Հայ դատի լուծումը կը գտնուի մե՛ր մէջ:
Որքան որ կարեւոր է արտաքին ճակատը, բազմապատիկ նշանակութիւն ունի ներքին ճակատը, ներքին ճակատին ամրապնդումը:
Անմահն Քրիստափոր մեծ աշխատանք կատարեց Եւրոպայի մէջ հայանպաստ շարժում յառաջացնելով: Հակառակ ասոր, ան շատ լաւ գիտէր եւ յաճախ կ՛ըսէր իր շրջապատին, որ արտաքին քարոզչութիւնը չէ ճամբան հայ ժողովուրդի փրկութեան, ասիկա լոկ անհրաժեշտ աշխատանք է, բայց բուն գործը` ինք ազատագրուող ազգը պէտք է կատարէր եւ ատոր համար բուն քարոզչութիւնը ժողովուրդին մէջ պէտք է կատարուի, որպէսզի ընդվզումի եւ խիզախութեան ճամբան բռնէ:
Այո՛, հայո՛ւն պէտք է ճանչցնել հայը:
Հայո՛ւն սեփականութիւնը պէտք է դարձնել Հայ դատը` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:
Հայ դատը հողային պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ: Եթէ միայն Սեւրի դաշնագիրը առնենք իբրեւ հիմք, այն ատեն պէտք է ըսել, թէ մեզի խոստացուած շուրջ 161.000 քառ. քիլոմեթրին 112.000 քառ. քիլոմեթրը, այսինքն եօթը-տասներորդը բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ:
Պէտք է լա՛ւ ճանչնալ թուրքը:
Թրքական պետութիւնը ուժի տեսութեան վրայ կը բանաձեւէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը: Այդ ուժին կարելի է դէմ դնել մեր ներուժով, ազգային-ներքին ճակատը զօրացնելով: 1960-ական թուականներուն Վիեթնամի յեղափոխութեան յաջողութեան գլխաւոր գրաւականներէն մէկը կայացաւ այն իրողութեան մէջ, որ վիեթնամցի յեղափոխականները յաջողեցան քաղաքական երկարամեայ շարժունութեան մէջ պահել Վիեթնամի տանջուող ժողովուրդին մեծ մասը: Օտար հսկայ զօրքերուն դիմաց Վիեթնամը մեծ յաղթանակ տարաւ ներքին ուժով միայն:
Մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որ զօրաւոր է թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուորական իմաստով:
Մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որուն բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան ութսուն միլիոն:
Շատեր կը մտածեն, որ մեծ ձուկը պզտիկ ձուկը կ՛ուտէ: Ասիկա ճիշդ է բնութեան մէջ, անասուններու պարագային, բայց ի զօրու չէ մարդոց պարագային: Մի՛տքն է, մարդկային ուղե՛ղն է, որ կը յաղթէ զէնքին ու թիւին:
Մենք երկմտանքներ չունինք եւ պէտք չէ որ ունենանք: Եւ որքան սաստկանան Թուրքիոյ կողմէ հակահայ աշխատանքները, նոյնքան եւ աւելի պէտք է խորանան մեր հաւատքն ու աշխատանքը Հայ դատի առնչութեամբ: Ասիկա կը պահանջէ մարդկային պատմութեան տրամաբանութիւնը:
Ո՛չ քաղաքական ամուր կռուանները, ո՛չ զինուորական-ռազմական ուժը, ոչ ալ բնակչութեան մեծաթիւ ըլլալը կրնան վախցնել ժողովուրդ մը եւ յուսահատութեան տանիլ զայն, այնքան ատեն որ յաղթանակները կը տարուին նախ հոգիներուն մէջ, ապա միայն կեանքի կու գան: Գարեգին Նժդեհ կը հաստատէ, որ վաղը պիտի յաղթէ ան, որ մինչ այդ վաղը իր հոգիին մէջ կը տանի յաղթանակը:
Բոլո՛ր ժամանակներուն Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը երբեք չէ եղած հաւասարէ հաւասար: Հիմա ալ անհաւասար ուժով կը ճակատինք Թուրքիոյ դէմ: Ապրիլեան եղեռնի հարիւրամեակը, ինչպէս նաեւ անցեալ տարուան Արցախի քառօրեայ պատերազմը յուսատու հանգրուանի մը ազդանշանը տուին ներքին ճակատի վրայ, յատկապէս միասնականութեան մարզին մէջ: Մեր պատմութեան ընթացքին արձանագրուած ողբերգութիւններուն մէջ բախտորոշ դեր ունեցած են մեր ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումն ու անմիաբանութիւնը, որոնք իրապէս եղած են աղէտալի: Մենք յաղթած ենք այնտեղ, ուր միասնակամ եղած ենք, եւ պարտուած ենք այնտեղ, ուր պառակտուած ենք: Միասնակամութիւնը թէ՛ գիտակցութեան եւ թէ վարժութեան հարց է: Ա՛ն է, որ միացեալ կարելիութիւններով պիտի դիմաւորէ նոր ապագան:
Ահա այդ ճամբուն վրայ անհրաժեշտ է յստակօրէն զանազանել մեր ռազմավարութեան հիմնական նպատակները` երկրորդական նշանակութիւն ունեցող հարցերէն եւ մանրամասնութիւններէն:
Նոր պատմութիւնը կը սպասէ մեզի:
Նոր պատմութիւնը կը սպասէ ձեզի, երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ:
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին, Ճափոնը ըսաւ. «Մենք պարտուեցանք, որովհետեւ մեր դիմացինները աւելի մեծ միջոցներ ունէին, քան մենք: Այլեւս իրաւունք չունինք տկար ըլլալու: Պէտք է զօրանանք»:
1945-ին շատ քիչ ժամանակ ետք Ճափոնը կը հանդիսանար աշխարհի երրորդ ճարտարարուեստականացած երկիրը:
Նոր պատմութիւնը կը սպասէ մեզի:
Նոր պատմութիւնը կը սպասէ ձեզի՛, երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ:
Մեր կարգին, մենք կ՛ըսենք.
«Մեր արդար իրաւունքները ոտնակոխուած են, որովհետեւ մեր դիմացինները աւելի մեծ միջոցներ ունէին, քան մենք: Այլեւս իրաւունք չունինք տկար ըլլալու: Պէտք է զօրանանք»:
Պիտի զօրանանք անկեղծ զինուորի հաստատ ու խրոխտ քայլերով եւ ընթանանք այն ուղիէն, որ գծուած է Քրիստափորի «յարատեւ կռիւ»-ով:
Յարատեւ կռիւ, մինչեւ որ Հայաստանը միանայ Արարատի երկու փէշերուն վրայ, ուր համախմբուի հայութիւնը ամբողջ, ազատ եւ անկախ:
* Արտասանուած խօսք` 21 ապրիլին Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբին մէջ կայացած Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ձեռնարկին: