Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ցանցային Արհեստավարժ Համակարգ` Մեր Հեռահար Եւ Անմիջական Նպատակներուն Համար

$
0
0

(Շահան Գանտահարեանի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով, Քուէյթ, 24 ապրիլ 2017)

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն երկու տարուան հեռաւորութեամբ, քաղաքական իրադրութիւններու վերլուծման փորձը նախ լոյսին կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին մէջ հայկական գործօնին առնչուած զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները, որոնց ուղղակի թէ անուղղակի ներգործութեամբ կ՛իրականանան մեր համազգային պահանջատիրութեան առնչուած զարգացումները:

Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ մենք ազգովին առաջին անգամ ըլլալով հարիւրամեակի առիթով ունինք համազգային հռչակագիր, որուն շուրջ կայացած է ամբողջ ազգը ներկայացնող պետական, կրօնական եւ հասարակական միաւորներու համաձայնութիւնը: Հարիւրամեակի հռչակագիրը փաստօրէն ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղիները մատնացոյց ընող փաստաթուղթ է, այլ նաեւ ուղենշային հայեցակարգ` համայն հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու հետապնդման աշխատանքներուն համար:

Հետեւաբար հարիւրամեակէն ետք այլեւս մեր աշխատանքները համահայկականացնելու, համազգային ներկայացուածութեամբ, նոր կառուցակարգերով աշխատելու եւ բացի ճանաչման եւ հատուցման հեռահար նպատակներէն, այժմէական-քաղաքական խնդիրները Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական ձեւաչափով հետապնդելու անմիջական խնդիր ունինք մեր առջեւ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը իրաւական դաշտ տեղափոխելու առաջադրանքի գործնականացումը, եթէ մէկ կողմէ Դաշնակցութեան պատրաստած հատուցման  հայեցակարգի հրապարակումն է, միւս կողմէ, միջազգային իրաւագէտներէ բաղկացած համապատասխան թղթածրարի պատրաստութիւնն է պետական յանձնաժողովի գլխաւորութեամբ: Ու տակաւին, պետական, կրօնական հասարակական ոլորտներու պատասխանատուներու եւ ղեկավար մարմիններու համաձայնութեամբ ընդունուած հռչակագիրին մէջ տեղ գտած Սեւրի պայմանագիրին ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական նշանակութիւն ունենալու փաստի ընդգծումն է: Երկու կաթողիկոսներու միացեալ պահանջատիրական գիրն է` ուղղուած Թուրքիոյ, Անթիլիասի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովն է` նախապատրաստելու համար ազգապատկան կալուածներու վերադարձի իրաւական գետինը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատն է` Թուրքիոյ դէմ եւ Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կայացած ամերիկեան Քոնկրեսի որոշումն է` Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու իրենց  պատկանած հոգեւոր կեդրոնները:

Իրաւաքաղաքական այս մթնոլորտին մէջ պէտք է ընկալել նաեւ, թէեւ տակաւին նահանգային մակարդակի վրայ, այսուհանդերձ օրեր առաջ կայացած որոշումը. ապրիլ 17-ին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը վաւերացուցած է ամիս մը առաջ ներկայացուած թիւ 29 բանաձեւը, որ ո՛չ միայն ապրիլ ամիսը կը հռչակէ իբրեւ Հայոց  ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս եւ կը պահանջէ ամերիկեան կառավարութենէն, որ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ  Թուրքիոյ, որ վերադարձնէ հայկական եկեղեցիներէն իր բռնագրաւած կալուածներն ու գոյքը:

Մենք` իբրեւ հայութիւն, արդէն ճանաչման զուտ քաղաքական գործընթացներէն անցած ենք հատուցման իրաւական դաշտ, եւ մեր աշխատանքներու ռազմավարութիւնը այդ առումով մշակած ու գործնականացման առաջին հանգրուան թեւակոխած է: Այլեւս ոչ ոք կրնայ հեգնական կամ քննադատական ակնարկներով հարցում ուղղել մեզի` թէ մենք մեր պահանջները չեն բանաձեւած, եւ թէ չենք գիտեր թէ ի՛նչ կ՛ուզենք մեր հակառակորդէն: Մեր պահանջները նախագծուած են իբրեւ ուղղութիւն` անհատական, համայնքային եւ համազգային տարողութիւններով, եւ ուղենշային թէ գործնական առումներով թեւակոխած են առաջին փուլ:

Իրաւական բաժնին կը ներառուի նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման փորձերը: Այլ խօսքով արդէն իսկ ճանչցած պետութիւններու մօտ օրէնքի ուժով արգիլելը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ հերքողները: Այստեղ հերթական անգամ պէտք է նկատել, որ զուտ իրաւական ընթացակարգ գոյութիւն չունի յատկապէս նման պարագաներու: Այն, ինչ որ այլ ժողովուրդներու պարագային կիրարկելի է, կրնայ չկիրարկուիլ մեզի համար` տրուած ըլլալով, որ շարժառիթները` նման իրաւական որոշումներու, կը մեկնին զուտ քաղաքական բնոյթէ: Այս պատճառով ալ մենք ականատես եղանք Զուիցերիոյ մէջ  Փերինչեքի դէմ յարուցուած դատին խառն, որոշ տեղեր անհասցէ մեղադրանքներ կատարող եւ ի վերջոյ Ցեղասպանութիւնը հերքած թուրք գործիչը քրէականացման պատասխանատուութեան չենթարկող դատարանի որոշումին: Կամ,  տարիներով դիտեցինք Ֆրանսայի խորհրդարանէն Ծերակոյտ, կամ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկող օրէնքի նախագիծը, որ չարժանացաւ Սահմանադրական դատարանի վաւերացման` հարցին իրաւական արծարծումը պահելով տեղապտոյտի մէջ: Իրաւական ընթացակարգերով հարցերու հետապնդումը երկար ու դժուար ուղիներու առջեւ կանգնած է: Եւ ինչպէս որ ճանաչման գործընթացի յաղթարշաւի զարգացումը նոր հանգրուաններ կ՛իրականացնէ ամէն անգամ, որ տուեալ պետութեան եւ Անգարայի յարաբերութիւնները հակասութեան մէջ յայտնուին, այնպէս նաեւ կ՛ենթադրուի, որ իրաւական հարթութեան վրայ որոշ նուաճումներ արձանագրուին, երբ այս կամ այն պետութիւնը Անգարային խիստ ուղերձ ուզէ փոխանցել:

Եւ արդէն իսկ թուրք թէ ազրպէյճանցի քաղաքական գործիչներ թէ խռովարարներ հայութեան արժանապատուութիւնը խոցած ըլլալու համար սկսած են կանգնիլ հոլանտական թէ շուէտական դատարաններուն առջեւ:

Նման քրէականացումներ, եթէ մէկ կողմէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու կողմէ կ՛առաջադրուին, միւս կողմէ տուեալ քաղաքական պահուն կը քաջալերուին եւրոպական այս կամ այն պետութեան կողմէ` նախանշելով եւրոպական ու հայկական առաջադրանքներու համատեղելիութեամբ ստեղծուող քաղաքական պարարտ ենթահող մը:

Այսօր ամբողջ Եւրոպան կը կրէ ծանր ազդեցութիւնը քեմալականէն էրտողանական Թուրքիոյ վերածուող Անգարայի քաղաքականութեան, ծայրայեղ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու, գաղթականական հսկայական տագնապ Եւրոպայի տարածքին ստեղծելու, մարդկային աղէտ յառաջացնելու եւ ֆինանսական ծանր պայմաններով արդէն իսկ տնտեսական ճգնաժամի մէջ եղող եւրոպական պետութիւններէն հսկայական գումարներ պահանջելու եւ ամէնէն ահաւորը` Եւրոպայի ապահովութիւնը սասանելու ճիգերուն: Այս պատճառով կը կասեցուի դէպի Եւրոմիութիւն Անգարայի վազքի իրաւակարգը, եւրոպական տարբեր քաղաքական միջավայրերու մէջ կ՛արծարծուին Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները առկախելու գաղափարները, փոխադարձաբար դեսպաններ տուն կը կանչուին, ամենախիստ բանաձեւերով կը գնահատուի Թուրքիոյ մէջ տիրող բռնատիրական իրավիճակը եւ Անգարան կը մեղադրուի իբրեւ ժողովրդավարութիւնը սպաննող պետութիւն:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ այս լարուած իրավիճակի զարգացման պարագային է միայն, որ Եւրոպայի մէջ մենք կրնանք ականատես ըլլալ ժխտողականութեան քրէականացման օրինակներու, հայութեան դէմ կատարուած արտայայտութիւններու պարագային որոշ դատավճիռներու, Եւրոմիութեան անդամ դառնալու համար սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու նախապայմաններու բարձրաձայնումներուն:

Իրաւաքաղաքական գործընթացներու նախնական նախադրեալներ կրնան ուրուագծուիլ աշխարհագրականօրէն այլ միջավայրերու մէջ եւս: Հարիւրամեակի նախօրէին, ընթացքին եւ զայն անմիջականօրէն յաջորդող ժամանակահատուածին միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ կը շարունակեն արձանագրուիլ նոր աշխարհակարգի կայացման համար բախումներով յատկանշուող եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով լեցուն զինուորաքաղաքական թէժ իրավիճակներ: Այս բոլորին սերտօրէն առնչուած է Անգարան, որ մերթ Ռուսիոյ հետ թշնամանալով, ապա մերձենալով, մերթ Իրանի ուղղութեամբ հռետորական լարուածութիւնը բարձրացնելով, սուրիական պատերազմին անմիջապէս սկիզբը Դամասկոսի հետ սերտօրէն մերձենալով, ապա շատ կտրուկ թշնամանալով, կը փորձէ իր ազդեցութեան գօտիները պահպանել տարածաշրջանին մէջ: Այս բոլորին համար անիկա նաեւ կը յայտնուի զինեալ խմբաւորումներուն տեղ տրամադրելու, անոնց ֆինանսական մակարդակով աջակցելու իր սահմաններէն անարգել այլ երկիրներ անցք տրամադրելու եւ պետութիւններ անկայունացնելու դիրքերու վրայ:

Չմոռնանք, որ Թուրքիոյ համար առաջին մղձաւանջային խնդիրը քիւրտերն են. տարածաշրջանի տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող քիւրտերու միաւորումը, այլ խօսքով ինքնավար քիւրտիստաններու միացումը, Թուրքիոյ մասնատման առաջին երեւոյթները կրնան հանդիսանալ, հետեւաբար քիւրտերուն աջակցութիւն տրամադրող պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները կը դառնան լարուած եւ դէպի թշնամական: Նոր սահմանագծումներու համար օգտագործուող կրօնական ծայրայեղականութիւնը կ՛իրականացնէ ցեղային զտումներ, կատարելով ազգաբնակչային համահարթեցումներ, ամայացումներ, քաղաքակրթութիւններու քանդումներ եւ հոգեւոր կեդրոններու ռմբահարումներ: Այս բոլորը կը ներկայացուին յաճախ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուող միջնորդաւորուած ցեղային զտումներով: Անուղղակիօրէն ընդգծելով զուգահեռներ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն իրականացնողին եւ 21-րդ դարուն միջնորդաւորուած ցեղային զտում կատարողին հանդէպ  նոյն հասցէական մեղադրանքները: Իսկ ցեղային զտումներ կատարելու պատուիրատուներն ու գործադրողները միջազգային նախադէպերով կանգնած են միջազգային դատարաններու առջեւ եւ բանտարկութեան դատավճիռներով պատասխան տուած իրենց արարքներուն համար:

Խնդիրը մեր պարագային այս ուղղութեամբ մասնագիտական թղթածրարներու պատրաստութիւնն է, քաղաքական ճիշդ պահուն, զանոնք միջազգային ատեաններ ներկայացնելու համար:

Աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան նաեւ տեղւոյն համայնքներու վրայ: Դասական աւանդական համայնքներ եթէ տեղ մը կը նօսրանան, ուրիշ տեղեր սակաւաթիւ համայնքներ զսպանակող նոր մարդուժ կը ստանան, եւ իրենց ինքնուրոյն տեղը կը գրաւեն համահայկական քարտէսին վրայ: Դասական աւանդական մեր ամենակարեւոր բնօրրաններէն հանդիսացող սուրիահայ համայնքը, հակառակ իր  կրած ծանր հետեւանքներուն, կը շարունակէ իր գոյութեան կռիւը, իր առաքելութեան պահպանումը: Թէ մենք որքա՛ն յաջողեցանք պատերազմին իբրեւ հետեւանք ծայր առած արտահոսքը ուղղորդել դէպի Հայաստան, քննարկելի է իր հերթին: Յստակ է սակայն այն հրամայականը, որ պատերազմի պատճառով ստեղծուած կացութիւնը դիմագրաւելու, ստեղծուած բացերը լրացնելու խնդիրը կը շարունակեն դիմագրաւել մնացեալ գաղութները: Յատկապէս անոնք, որոնք պատերազմէն առաջ հիմնականին մէջ սուրիահայերէ բաղկացած, կայացած եւ մարդուժ արտադրելու առաքելութեան լծուած համայնքներ են: Եւ այստեղ իբրեւ հայատրոփ, սուրիահայութեան աւանդները իրեն հետ բերած, համայնքի կառավարման նոյն աւանդոյթները պահող, առաջին հորիզոնականին վրայ կանգնած է քուէյթահայ համայնքը, որ հայ-արաբ բարեկամութեան ամէնէն նշանակալի օրինակներէն մէկն է: Հիմնականին մէջ իբրեւ երբեմնի սուրիահայ ու այժմ նորացուած եւ կայացած քուէյթահայ համայնք, յատկապէս աւանդութիւններուն գուրգուրանքին, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ մարդուժի արտադրողականութեան առումով սուրիական պատերազմի պատճառով ստեղծուած բացերը լրացնելու առաջնային առաքելութիւն ունի այս կարեւոր համայնքը սփիւռքահայ աւանդական համայնքներու ցանցին մէջ: Քուէյթահայութիւնը այն համայնքն է, որ որեւէ ատեն չէ զլացած իր տնտեսուժը, փորձն ու աւանդը ներդրելու համահայկական ծրագիրներուն, արցախաշինութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման միտող աշխատանքներուն, Հայ դատի նուիրահաւաքներուն եւ սուրիահայ իր հայրենակիցներու օժանդակութիւններուն: Այս գաղթօճախը իր կրթական, միութենական հաստատութիւններով, Հայաստանի դեսպանութեամբ, նոր օծելի եկեղեցիով եւ ազգային կառոյցներով իր կայացած տեղն ու նշանակութիւնը ունի զարգացող սփիւռքի ցանցային համակարգին մէջ:

Այս նոր գործառոյթներու ստանձնման զուգահեռ, ողջունելի է նկատել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Քուէյթ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տարողունակ կշռոյթները, միջպետական 10 համաձայնագիրներն ու 4 փոխըմբռնման յուշագիրները, պետական փոխադարձ այցելութիւնները, եւ Արաբական ծոցի երկիրները Պարսից ծոցի ճամբով դէպի Սեւ ծով,  Եւրոպա եւ դէպի ԵՏՄ տանող հայաստանեան կամուրջի նոր ու աշխարհաքաղաքական հանգամանքը: Ահա այստեղ է, որ քուէյթահայ գործարարութիւնն ու Երեւանի համապատասխան գերատեսչութիւնները իրենց աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները պիտի համադրեն եւ տնտեսական նոր  հոսք ապահովեն մեր հանրապետութեան: Նոր ձեւաւորուող տնտեսաքաղաքական գործընթացներուն մէջ քուէյթահայ գործօնը թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ տնտեսաքաղաքական հարթութիւններու վրայ կարեւոր նշանակելի դերակատարութիւն վերցնելու նախադրեալները կ՛ունենայ անպայման:

Քուէյթը լաւագոյն օրինակն է քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան: Տարածաշրջանին մէջ, տարբեր տեղեր եկեղեցիներ ու քաղաքակրթութեան կոթողներ կը քանդուին, այստեղ նոր եկեղեցի կը կառուցուի, հայ-արաբ եւ հայ-քույէթցի ժողովուրդներու բարեկամութեան հեռանկարային իմաստը շեշտելով:

Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հրամայականը սակայն ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ստացաւ ուղիղ տարի մը առաջ, երբ Պաքուն սանձազերծեց ռազմական արկածախնդրութեան` լայնածաւալ քառօրեայ պատերազմ հայկական կողմին դէմ. մինչ այդ հրադադարի անվերջանալի խախտումներ, արձակազէններ գործի լծել, անզէն բնակչութեան ուղղութեամբ կրակոցներ, թափանցման փորձ- գործողութիւններ եւ նման ռազմատենչ արարքներ կը շարունակէին յատկանշել Պաքուի ռազմատենչ վարքագիծը:

Ապրիլեան արկածախնդրութիւնը եթէ չկասեցուէր հայկական զինեալ ուժերու կողմէն,  արցախահայութիւնը ենթարկուած էր նոր ջարդի, նոր ցեղային զտումի սպառնալիքին առջեւ պիտի կանգնէր:

Ապրիլ 2016-ը մէկ արարն էր ընդհանուր պատերազմին: Այդ պատերազմը կը յատկանշուի թափանցման խափանարարական փորձերով, արձակազէններ գործի լծելով, հայ անզէն բնակչութեան դէմ ոտնձգութիւններով, Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ կացինահարելով,  արցախեան հակամարտութեան մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելով, ու տակաւին, Արցախ այցելած քաղաքական, հասարակական գործիչներու թէ լրագրողներու սեւ ցուցակ կազմելով, երրորդ պետութիւններու դիմելով, արտայանձնումներու գործարքներ կազմակերպելով, 1994-ի զինադադարի պայմանագիրը անդադար խախտելով,  զօրավարժութիւն  իրականացնող ուղղաթիռ  հարուածելով, խախտելով միջազգային ամէն համաձայնութիւն` ռազմագերիներու փոխանակման թէ դիակներու յանձնման ուղղութեամբ, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ամէնէն անմարդկային  վերաբերումները ցոյց տալով,  ռազմական յանցագործութեան ամէնէն դաժան դրսեւորումներով Թալիշի  ծեր բնակչութիւնը մարմնական անդամահատումներու ենթարկելով, ու տակաւին,  նահատակուած հայկական բանակի անդամը գլխատելով:

Հետեւաբար այս ռազմական յանցագործութիւնները եւս միջազգային ատեաններուն յղելու, պատերազմական ոճիր գործող պետութիւնը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու անմիջական հրամայականներ ունինք ազգովին: Այստեղ եւս կան իրաւական այժմէական հնչեղութիւն ունեցող հարցեր, որոնց ուղղութեամբ համահայկական ցանցային կառոյցը անյապաղ պիտի համադրէ իր աշխատանքները` ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, ե՛ւ իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ:

Ապրիլ ամիսը համայն հայութեան համար պահանջատիրութեան խորհրդանիշ ամիս ըլլալով հանդերձ, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր է: Ապրիլը ասկէ ետք նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ նիւթուող որեւէ ցեղասպանութիւն կանխարգիլող ու խորհրդանիշ ամիս է: Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր մենք ազգովին ունինք Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման այժմէական խնդիր:

Հատուցումներու իրաւական թղթածրարին եւ իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն զուգահեռ ունինք Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները իրաւական ատեաններուն ներկայացնելու առաջնային խնդիր: Յետ այսու նաեւ Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակին առընթեր, ցեղասպանութիւն կանխարգիլած եւ հայրենիք պաշտպանած հերոս նահատակներու ոգեկոչման ապրիլեան ամիս:

Ունինք հեռահար եւ անմիջական նպատակներ, որոնց իրացման համար աւելի քան անհրաժեշտ է համաշխարհային հայկական ցանցային կառոյցի լիարժէք եւ արդիւնաւէտ աշխատիլը: Այդ կ՛ընդգծէ այսօրուան հրամայականը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>