Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Թրամփ Տեղի Տուաւ Թրքական Ճնշումներուն` Չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ամէն տարի հայերն ու թուրքերը իրենց շունչը բռնած կը սպասեն, որ տեսնեն` արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ապրիլ քսանչորսեայ տարեկան ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը` հայերուն զանգուածային ջարդերը նկարագրելու համար:

Սակայն անոնք կարծես թէ կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգներ ո՛չ միայն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ այդպէս ըրած է բազմիցս, ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ. Ներկայացուցիչներու տունը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` 1975 եւ 1984 թուականներուն: Նոյն բանը ըրած է նախագահ Ռեկըն` 1981-ի ապրիլ 22-ին, իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագիրով: Իսկ ամէնէն կարեւորը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Միջազգային դատարան) ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ, 1951-ին:

Հետեւաբար, այս բոլոր ճանաչումներէն ետք, ինչպէս որ ես բազմիցս նշած եմ իմ խմբագրականներուս մէջ, հայերը այլեւս ճանաչման լրացուցիչ կարիքը չունին Միացեալ Նահանգներու նախագահի կամ Քոնկրեսի կողմէ:

Այս տարի շատեր հետաքրքրուած էին, թէ արդեօք Թրամփ ընդհանրապէս հանդէս կու գա՞յ ուղերձով ապրիլ 24-ի կապակցութեամբ եւ արդեօք կ՛օգտագործէ՞ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը: 84 քոնկրեսականներ միացեալ նամակով Թրամփին դիմեցին, եւ Քալիֆորնիայէն Մայք Սարեանի նման անհատներ Թրամփի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կապուեցան` յորդորելով նախագահը ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց եւ այնպէս Սպիտակ տունը ապրիլ 24-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` հրաժարելով տեղի ունեցածը  անուանել «ցեղասպանութիւն»:

Լաւը այն է, որ, հաշուի առնելով Թրամփի` հայկական հարցերուն ծանօթ չըլլալու եւ որեւէ քարոզչական խոստում չտալու հանգամանքը, Թրամփի վարչակազմը ամբողջութեամբ չանտեսեց Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը եւ այս յատուկ օրը նշեց յայտարարութեամբ, ինչպէս ըրած են նախորդ քանի մը նախագահները: Թրամփի յայտարարութեան մէջ նշուած են Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը` հայերու զանգուածային ջարդերը ներկայացնելով որպէս «20-րդ դարու զանգուածային վատագոյն վայրագութիւններէն մէկը: Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն` 1915 թուականէն սկսեալ, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու կամ մահուան երթերու»:

Մինչ հայերը հիասթափած են, որ Թրամփ խուսափեցաւ օգտագործելէ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը, թուրքերը ցնծալու ոչ մէկ պատճառ ունին: Ընդհակառակն, անոնք պէտք է ամչնան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրենց նախնիները կը մեղադրէ «20-րդ դարու զանգուածային վատագոյն վայրագութիւններէն մէկը» գործած ըլլալու յանցանքով եւ կը յիշատակէ մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդը, զոր թրքական կառավարութիւնը կը ժխտէ մինչեւ օրս…

Այնուամենայնիւ, վատը այն է, որ Թրամփ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն: Թրամփի օգնականները պարզապէս ընդօրինակած էին այն գրութիւնները, որոնցմով հանդէս եկած էր Օպաման` ութ տարի շարունակ, եւ անկէ առաջ նախագահներ Պուշ եւ Քլինթըն` ատոնց շարքին յիշատակելով «Մեծ եղեռն» եզրը, զոր հայերէն բացի ոչ ոք կը հասկնայ, եւ, ըստ միջազգային օրէնքին, իրաւական նշանակութիւն չունի` ինչպէս genocide եզրը կամ հայերէնով նոյն` «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մեծ եղեռն»-ի կիրարկումը սոսկ խորամանկ հնարք է խուսափելու «ցեղասպանութիւն» բառէն:

Նախապէս ես ունէի այն դիրքորոշումը, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չի կրնար ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ապա ան պէտք չէ վիրաւորէ հայ զոհերու յիշատակը եւ ամերիկահայերու բանականութիւնը (intellect)` զայն յիշատակելով որպէս «ողբերգութիւն» եւ «վայրագութիւններ»: Երբ Թրամփի մամուլի խօսնակ Շան Սփայսըրի հարցուցին Սպիտակ տան ապրիլ քսանչորսեայ ուղերձին մէջ ցեղասպանութիւն եզրի բացակայութեան մասին, ան շնականօրէն պատասխանեց, որ` «այդ համահունչ է այն լեզուին, որ կրկին ու կրկին կիրարկուած է [նախկին նախագահներու կողմէ]»: Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ, որ միշտ կը հպարտանայ իր անկախ միտքերը բարձրաձայնելով եւ խստօրէն կը քննադատէ նախորդ նախագահներու թերութիւնները, յանկարծ ինքզինք հպարտ կը զգայ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոնց անընդունելի գրաքննութեան հետեւելուն համար…: Թրամփ զայրացուցած է բազմաթիւ մարդիկ` ամբողջ աշխարհի տարածքին, երբ այս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ մէջ կայացած հանրաքուէէն ետք հեռաձայնած եւ շնորհաւորած է Էրտողանը` կեղծուած ընտրութեան առիթով, ինչ որ ընդլայնած է Էրտողանի բռնատիրական լիազօրութիւնները…: Թրամփ կը նախատեսէ այս տարուան մայիսին ընդունիլ Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ…

Ես լիովին համաձայն եմ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի արձագանգներուն` Թրամփի յայտարարութեան վերաբերեալ: Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարած է. «Նախագահ Թրամփ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ յիշատակելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն ընտրած է Անգարայի` «բերանը փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարողանալով ապրիլ 24-ին պատշաճ կերպով յարգել զոհերու յիշատակը` Թրամփ փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխումին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեճեփ Էրտողանի ձեռքը` մեծամիտ ու ինքնիշխան բռնապետին, որ հրապարակաւ կ՛ոլորէ Ամերիկայի նախագահներու ձեռքերը` ստիպելով լռել միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին»: Ամերիկայի Հայկական համագումարը յայտարարած է. «Նախագահին ուղերձը չկրցաւ կանգնիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին, ինչ որ կը հակասէ ամերիկեան արժէքներուն եւ կը  ներկայացնէ միեւնոյն անձնատուութիւնը թրքական բռնապետութեան առջեւ, որ շատ աւելի մարդկային կեանքեր կ՛արժէ»:

Ամերիկայի հայ գաղութի վաղեմի աջակից, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով Թրամփի ուղերձին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրի բացակայութիւնը. «Այսօր մենք անգամ մը եւս  հիասթափութիւն ապրեցանք նախագահէ մըն ալ, որ հրաժարեցաւ 1915-1923 թուականներուն մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալ իբրեւ  ցեղասպանութիւն, այնպէս, ինչպէս որ  եղած է: Նախագահ Թրամփ միացաւ երկար ցանկին հանրապետական եւ դեմոկրատական այն նախագահներու, որոնք չէին ուզեր առճակատման երթալ Թուրքիոյ հետ, եւ հրաժարելով այդ արարքէն, ան Միացեալ Նահանգները կրկին մասնակից դարձուց ժխտողական արշաւի: Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով կրնանք խօսիլ ՏԱՀԵՇ-ի ցեղասպանական արշաւի մասին, ընդդէմ կրօնական փոքրամասնութիւններու` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եթէ չենք ուզեր դատապարտել անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթէ նախագահը չի բարձրաձայներ այդ մասին, ապա նման բան պէտք է ընէ Քոնկրեսը, եւ ես կը միանամ իմ գործընկերներուս` հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներուն` կոչ ընելով Քոնկրեսին` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը»:

Քոնկրեսական Շիֆի նկատմամբ ունեցած ամբողջ յարգանքովս հանդերձ, ամերիկահայ գաղութը կարիք չունի Ներկայացուցիչներու տան մէկ այլ բանաձեւի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին` 1975 եւ 1984 թուականներուն արդէն իսկ ընդունուած երկու բանաձեւերու կողքին: Հայ ժողովուրդին միակ պահանջը արդարութիւնն է` իր վիթխարի կորուստներուն հատուցումը, անհատական եւ համայնքային բռնագրաւուած ունեցուածքի վերադարձը եւ բռնի խլուած հայկական տարածքներու ազատագրումը: Ահա թէ ի՛նչ պէտք է պահանջէ Ներկայացուցիչներու տան յաջորդ բանաձեւը, եւ ոչ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Վերջապէս, ես շատ ուրախ եմ, որ «Ուիքիլիքս»-ը ապրիլ 24-ին իր թուիթըրեան էջի 4,6 միլիոն հետեւորդներուն ուշադրութեան ներկայացուցած էր իմ նախորդ յօդուածներէս մէկը` անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Հիլըրի Քլինթընի կողմէ իր քարոզչութեան գլխաւոր օգնականներուն` Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալու առաջարկը մերժելու վերաբերող:

 

 

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>