ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահներուն կողմէ ապրիլ 24-ի Եղեռնի յիշատակման առիթով կատարուած տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւնները քաղաքական աւանդութեան վերածուած են: Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ 1990-ի ապրիլին նախագահ Ճորճ Հ. Պուշի յայտարարութեամբ: Տարեկան հերթականութեամբ աւանդութիւնը շարունակեցին նախագահներ Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ու. Պուշ եւ Պարաք Օպամա: Այս տարի, ապրիլ 24-ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս հրապարակեց Եղեռնի յիշատակման իր յայտարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Եղեռնի յիշատակումը ողջունելի նախաձեռնութիւն է: Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ամերիկահայութիւնը մասնաւորաբար երախտագիտութեամբ կ՛ընկալեն Սպիտակ տան այս կեցուածքը: Սակայն նկատելի է նաեւ այս յայտարարութիւններու բովանդակութեան առնչութեամբ ամերիկահայութեան խոր հիասթափութիւնն ու ընդվզումը:
Մեկնելով քաղաքական նկատառումներէ եւ կքելով Թուրքիոյ անատամ սպառնալիքներուն դիմաց, աշխարհի հզօրագոյն երկրի նախագահը կը նկարագրէ հայութեան հաւաքական սպանդի արարքը` առանց դիմելու «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի գործածութեան: Նման երկչոտութեամբ Ամերիկայի նախագահը պարզապէս կը մրոտէ ամերիկեան արժէքները, ինչպէս նաեւ կ՛ոտնակոխէ կամքը Միացեալ Նահանգներու բաղկացուցիչ նահանգներու գրեթէ երկու երրորդին, որոնք ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:
Նախագահական յայտարարութեան գծով հարցին էութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ, որովհետեւ Ամերիկայի թէ՛ գործադիր, եւ թէ օրէնսդիր իշխանութիւնները բազմաթիւ առիթներով ընդունած եւ ճանչցած են հայկական ջարդերը` իբրեւ Ցեղասպանութիւն:
Բուն հարցը կը կայանայ նախագահին օրինական եւ իրաւական թերացման մէջ: Ամերիկայի նախագահը քաղաքական դիրքորոշումով եւ նպատակադրեալ մեկնակէտով կը մերժէ «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի գործածութիւնը ոճրային արարքի մը մասին, որ ամրագրուած է երկրի հիմնական օրէնքով:
Ամերիկեան սահմանադրութեամբ գործադիր ուժը վստահուած է նախագահին, որ այդ ուժի իրաւասութիւններէն բխող այլ պարտաւորութեանց շարքին պատասխանատու է Քոնկրեսի օրէնսդրած օրէնքներու գործադրման եւ հետապնդման: Սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը նախագահին կը վստահի Քոնկրեսի ստեղծած օրէնքներուն կիրարկման եւ կատարման պատասխանատուութիւնը:
Ամերիկեան օրէնսդրական առումով Հայոց ցեղասպանութիւնը իրաւական հարց է: Այս իրաւական հանգամանքը յաճախակիօրէն կ՛անտեսուի: Հայոց ցեղասպանութիւնը յարակցութիւն ունի միջազգային ոճիրի մը հետ, որ օրինականացուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ցեղասպանութեան ուխտով:
Ամերիկա առաջին երկիրն էր, որ ի նպաստ քուէարկեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրման: Որդեգրման ընթացքին, Ամերիկա պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի օրինականութիւնը ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան ատեանին (ՄԱԱ) յղած իր վերապահումներու յայտարարութեան մէջ: ՄԱԱ-ն Ամերիկայի այս յայտարարութիւնը ներառեց իր 28 մայիս 1951 թուակիր տեղեկագիրին մէջ:
Իբրեւ հիմնաւորում Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրման իր որոշումին, Ամերիկայի նշեալ յայտարարութիւնը կը հաստատէ, «Քրիստոնեաներու դէմ հռոմէական հալածանքները, հայերուն դէմ թրքական ջարդերը, նացիներուն կողմէ միլիոնաւոր հրեաներու եւ լեհերու անէացումը ակնառու օրինակներ կը հանդիսանան ցեղասպանական ոճիրին» (ՄԱԱ տեղեկագիր, էջ 25):
Իբրեւ միջազգային դաշնագիր, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտը պէտք է վաւերացուէր Ամերիկայի Ծերակոյտին կողմէ: Ծերակոյտի վաւերացման քննարկումներու ընթացքին, բազմաթիւ ծերակուտականներ անդրադարձան հայութեան ջարդերուն` զայն որակելով իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Յետ քննարկման, Ծերակոյտի լիագումար նիստը 83 թեր եւ 11 դէմ քուէարկութեամբ վաւերացուց եւ որդեգրեց դաշնագիրը 1986-ին` իբրեւ Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտ: Այս որոշումով Ուխտը վերածուեցաւ երկրի հիմնական օրէնքի: Այս հիմնական օրէնքի գործնականացման համար, 1988-ին Ծերակոյտը որդեգրեց Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի գործադրման օրէնքը:
Առ այդ, 1988-էն ի վեր գործադրման ուժի մէջ է եւ գործադրելի է Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի հիմնական օրէնքը: Հիմք ունենալով 1951-ի Ամերիկայի վերապահումներու յայտարարութիւնը եւ 1986-ի Ծերակոյտի վաւերացման քննարկումներու արձանագրութիւնները, Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառուած է Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի օրէնքին մէջ եւ այդ ճամբով կը նկատուի այդ օրէնքին անբաժան մասնիկը:
Իբրեւ գործադիր, Ամերիկայի նախագահին սահմանադրական պարտաւորութիւնն է գործադրել եւ գործադրումը հետապնդել երկրի հիմնական օրէնքներուն: Երբ նախագահը թերացում կ՛արձանագրէ այս պարտաւորութեան մէջ, ան կը գտնուի սահմանադրական խախտումի կացութեան մէջ:
Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութիւնը «քաղաքական հարց» կամ «արտաքին քաղաքականութեան» առաջնահերթութեան խնդիր չէ, որպէսզի անոր գործածութիւնը կանխուի նախագահական իրաւասութիւններով: Հայոց ցեղասպանութիւնը Ամերիկայի հիմնական օրէնքի գործադրման հարց է, որուն կիրարկման պատասխանատուութիւնը կը պատկանի նախագահին: Իր նախորդներուն նման, Թրամփ եւս թերացաւ իր սահմանադրական պարտաւորութեան մէջ` խախտելով երկրին հիմնական օրէնքը եւ այդ ճամբով` ամերիկեան սահմանադրութիւնը:
Այս թերացման սրբագրումը կրնայ կատարուիլ դաշնակցային դատարանին միջոցով:
Հիմա կը մնայ հարց տալ, թէ իրաւական մակարդակի վրայ ի՞նչ պիտի ընեն կամ կը ծրագրեն ընել ամերիկահայ շրջանակները…