Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ապրիլեան Մտորումներ. «Ես Զաւա՛կն Եմ Հայաստանի»…

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Այո՛. զաւակն եմ Հայաստանի եւ հպարտութեամբ կը բարձրաձայնեմ այս տողը, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Հայաստանը իմ հայրենիքս է եւ հայերէնը իմ մայրենի լեզուս, այլեւ զաւակն եմ այն հողատարածքին, զոր թշնամին դարէ մը ի վեր կը պարծենայ իր գերութեան տակ պահելով կը պարծենայ, մինչ անիկա պապենական մեր երկրէն բաժին մըն է:

Թուրքին եաթաղանը սպառնաց հայուն միայն ա՛յն ժամանակ, երբ այս վերջինէն խլուած էր իր զէնքը, որովհետեւ թշնամին լաւապէս կը ճանչնայ հայուն յարատեւ պայքարը, որ արեան գնով պատրաստ է ոռոգելու իր բերրի դաշտերը, սերմանելու հերկուած ակօսները:

Թշնամին մոռցաւ սակայն «ղօղանջող զանգերը», որոնց ձայնը լսելի է միա՛յն հայուն. ի զուր փնտռեց, որպէսզի լռեցնէ ու ոչնչացնէ արդարութեան ամէն բեկոր, սակայն չգտաւ. մեր սրտի բաբախումին պէս այդ զանգերը շարունակեցին ու կը շարունակեն հնչել անդադար, անկոտրում հաւատքով ու նուիրագործութեամբ:

Եւ ապրեցա՛նք. գոյատեւեցի՛նք. թէկուզ այլ երկինքի տակ, կորսուած հողի կարօտով. եւ ամիսը` իր բառարանային իմաստով, շարունակեց ըլլալ ճշմարիտ, կեանք նուիրեց մնացորդացին, եւ երթը շարունակուեցաւ…

* * *

23 ապրիլ 2017, Այնճար…

Լոյսերը կը մարին, եւ վարագոյրը կը բացուի:

«Սուրբ երկիրը» կը հնչէ. պատկերը մարմին կը ստանայ, եւ նահատակութեան բագինին առաջնորդող պարը թափ կ՛առնէ: Կոտորած, մահ ու սարսափ, անժպիտ նայուածք, սակայն` խիզախ ու հպարտ շարժումներով կը շորորայ նազանի գեղուհին, որ սեւազգեստ լռութեան կը յանձնէ իր մենութիւնը, իր զայրոյթն ու պոռթկումը անարդարութեան ստուերներուն մէջ թաղած` վերապրումի զարթօնքը կը սփռէ: Ազատութի՜ւն, դէպի երկինք ու գերուած հողերը վերականգնելու աստուածային ամպրոպ, թռչունի պէս սաւառնելու երկրէ-երկիր` վերջապէս թառելու արդարութեան խաղաղ կտուրին, ուրկէ ծնունդ կ՛առնէ յաւերժութեան ջահը, յաղթանակի՛ ջահը` իր խայտացող շողերով շլացնելու անգութ թշնամին: Աւելի՛ն. Արարատի կատարին եռագոյն դրօշ կը պանծայ, մինչ հայրենաբաղձ կարօտի յուզումով հանդիսատեսը երկա՜ր ժամանակ կը ծափահարէ:

Ապրի՛ք, սիրելի՛ աշակերտներ, Ազգային Յառաջի հնոցէն ստացած ձեր դաստիարակութեամբ` ձեր ներկայացումը սովորական չհնչեց, այլ` պարային ձեր ելոյթով դուք թարգմանը հանդիսացաք արդար պահանջատիրութեան` բռնագրաւուած հողերուն ու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց ոսկորները իրենց վերջնական հանգիստը պիտի գտնեն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հողին վրայ…

25/4/2017
Այնճար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>