Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Կը Պահանջենք Եւ Կ՛ուխտենք

$
0
0

23 ապրիլ 2017-ին Մոնթեպելլոյի (Քալիֆորնիա) Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ կազմակերպուած էր աւանդական դարձած հսկումի երեկոյ: ՀՅ Դաշնակցութեան` շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպած այս ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ:

Ես գիտե՛մ: Կարիքը չունիմ ոեւէ մէկու հաստատումին, որպէսզի վաւերացուի այն` ինչ որ գիտեմ:

Մենք գիտե՛նք: Գիտե՛նք, որ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, համակ մեր ժողովուրդը` անտէր, անպաշտպան, աքսորուեցան դէպի անապատի անծայրածիր աւազները, որպէսզի հոն, միանալով ոչինչին, ազգովին ոչնչանան նաեւ իրե՛նք, յաւիտեան անհետացնելու համար խորենացիներու եւ կոմիտասներու հետքերը, որոնք տակաւին երէկ կը լուսաւորէին երկրագունդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը:

Գիտե՛նք, որովհետեւ մե՛նք ենք այդ ճողոպրած ազգին զաւակները: Մե՛նք է, որ գիտենք ածխացած արմատներէն հանել աւիշ, սնուցանել սերմեր եւ կերտել համայնք, կերտել ազգ: Մեր Փիւնիկն է սա:

Թող ճանչնան, որ իրե՛նք մարդկայնանան: Թող ճանչնան, որ իրե՛նք քաղաքակրթուին: Թող ճանչնան, որ իրե՛նք ազնուանան: Բայց թող չճանչնան սոսկ այն բանին համար, որ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը վաւերականութիւն ստանայ: Այդ մէկուն պէտք չունինք մենք, որովհետեւ գիտե՛նք:

Մեզի համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբե՛ք ինքնանպատակ չէ եղած: Եղած է ճնշումի միջոց Թուրքիոյ վրայ, որ մեր ազգային պահանջատիրութեան արձագանգը հնչէ անլռելի յանձնառութեամբ, մինչեւ որ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները ամբողջականօրէն վերահաստատուին:

Ռազմավարական այդ ճամբուն վրայ, նոյն տրամաբանութեամբ ալ, առաջնահերթութիւն է այսօր հատուցման պահանջը իր բոլոր երեսներով` տնտեսական, քաղաքական եւ հողային:

Բնաջնջման նենգ ծրագիրը մատնուեցաւ ձախողութեան շնորհիւ այն հողին, որ սնուցանած էր վերապրողներու հոգիները եւ անոնց ներարկած էր պայքարելու աննկուն ոգին: Հո՛ղն էր, որ իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ սահմանեց ազատատենչութեան տեսլականը եւ ազգային ինքնորոշման անսակարկելի եւ անօտարելի պահանջատիրութիւնը:

Հո՛ղն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել ազգի մը գոյութիւնը եւ ըլլալ անոր բնական զարգացման խարիսխը: Այս իմաստով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պէտք է հասկնալ իր ամբողջութեան մէջ, ներառեալ Արցախը, կը հանդիսանայ այն կռուանը, ուրկէ պիտի մղուի Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի մեր պայքարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան պահպանումը ապահով երաշխիքն է մեր գոյութեան: Գաղափարական ու քաղաքական այս հիմնական սկզբունքով է, որ կ՛առաջնորդուի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Անցնող Ապրիլին, երբ ՀՅԴ-ի կամաւորները ճակատ կը փութային, այդ քայլը կը բխէր մեր այս գաղափարական ու քաղաքական սկզբունքներէն: Նոյնն էր պարագան անցնող դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար ստեղծուած պահեստազօրին: Հողը մեր վերապրումի եւ գոյութեան երաշխիքն է եւ անոր կանչը` մեր ազգային պահանջատիրութեան մղիչ ուժը:

Ներկայ Թուրքիոյ ու յատկապէս բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայերը մեր ազգին հարազատ զաւակներն են` ի՛նչ լեզու ալ խօսին, ի՛նչ կրօն ալ դաւանին անոնք: Այո՛, անցնող տասնամեակներուն յաճախ կրկնած ենք, թէ Եղեռնի հետեւանքով Արեւմտահայաստանի մէջ հայութիւն չմնաց: Կը փորձէինք գէթ այս ձեւով պաշտպանել հոն մնացած, ճողոպրած հայութիւնը, որպէսզի թրքական իշխանութիւնները հաշուեյարդար չտեսնէին անոնց հետ եւս: Սակայն նոյնիսկ 1920-ական եւ 30-ական թուականներուն գիտէինք, թէ հոն կարեւոր թիւով հայութիւն մնացած է: Ժամանակը հասած է, որ մեր ռազմավարական դիտարկումներուն մէջ այս պարագան իր կարեւոր տեղը գտնէ:

Այսօր, համազգային իմաստով, մեր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները չափազանց բարդ են ու բազմաշերտ: Մեր երկրին մէջ ԻՍԿԱԿԱՆ նոր սկիզբի ձեւակերպումէն մինչեւ խարսխուած արդար կարգերու հաստատումը: Յանձնառութիւնը, հաւատքը, ժողովուրդին շահերէն թելադրուած ղեկավարումը եւ ներգործօն մասնակցութիւնը կարեւոր հանգամանքներ են այս ճամբուն վրայ: Վերջերս հաստատուած սահմանադրական փոփոխութիւնը կը ստեղծէ օրինական ենթահողը նոր սկիզբի այս ըմբռնումին: Սակայն պէտք է անոր առընթեր տեղի ունենայ նաեւ հոգեփոխութիւն, որ կարելի կը դարձնէ կրաւորականութեան, «սինիսիզմի» եւ անձնատուր մտասեւեռումի վանումը մեր ներաշխարհէն, մտածելակերպէն: Այս մէկը կարելի է նուաճել միայն ներհայկական հակադրութիւններու շինիչ ու անկեղծ դրսեւորումով եւ պայքարի նոր որակով, որուն թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ՛ վերջնակէտը պէտք է ըլլայ մեր ազգային շահերու սրբազան տեսլականը:

Այս իմաստով ալ, պարարտ է հողը` կառուցելու ազգային ֊ գաղափարական ըմբռնումներով առաջնորդուող նոր սկիզբ մը. կառուցելու այն հայոց աշխարհը, ուր ներկայացուած ըլլայ մեր ժողովուրդը` իր հարուստ եւ ամբողջական խճանկարով, օժտուած` շինիչ ընդդիմութեան ընձեռած կարելիութիւններով:

Ցաւօք սրտի, պարարտ է նաեւ հողը անսկզբունք ամբոխավարներուն համար, որոնք պատրաստ են իրե՛նց անհատասիրութեամբ կամ այլ ապազգային հաշիւներով շահագործելու մեր ժողովուրդին արդարացի վիշտը եւ անզօրութեան օտարածին զգացումները:

Այս իմաստով պէտք է ըլլալ զգօն: Անհրաժեշտ է նախ` մերկացնել այս միտումները, ապա մերժե՛լ զանոնք, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային շահերը: Թարմացնող երեւոյթ էր այս մօտեցումներու կտրուկ մերժումը մեր ժողովուրդին կողմէ, ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ ան մերժեց այս պարտուողական վարքագիծը քարոզողները:

Մեր պայքարի ուղեցոյցը մեր գերագոյն նպատակներու իրագործման խնդիրն է: Երբեք պէտք չէ կիզակէտը շեղել այս ուղիէն: Ահա հո՛ս է, որ կ՛արժեւորուի եւ այժմէականութիւն կը ստանայ Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յարատեւ կռիւ»-ի կոչը:

Հարիւրամեակի օրերէն մինչեւ այսօր Թուրքիան կը փորձէ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածներ հասցնել հայութեան եւ Հայաստանին: Ասոր փաստերն են Տէր Զօրի յուշահամալիրի ականահարումը, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու եւ ազգային հաստատութիւններու ռմբակոծումը, Քեսապի տեղահանութիւնը ու վերջապէս` ապրիլեան պատերազմը, երբ փորձ եղաւ ճեղքելու հայկական պաշտպանութեան գիծը` հասնելու համար Ստեփանակերտ: Սակայն հայկական բանակի մարտունակութեան շնորհիւ կարելի եղաւ խորտակել այս ծրագիրը:

Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»-ի կոչը, խորքին մէջ, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն նկատմամբ աչալուրջ ըլլալն է, հսկող պահակը, որովհետեւ մեր ճակատագիրը երբեք չի կրնար կախեալ ըլլալ ուրիշներու գութէն կամ ողորմածութենէն: «Յարատեւ կռիւ»-ը այն շաղախն է, որ կանգուն կը պահէ մեր ազգային պահանջատիրութեան գաղափարական պարիսպը: Այսպէս` «Նեմեսիս» գործողութիւնը որոշուեցաւ ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ, Երեւանի մէջ, 1919-ին: Արմէն Գարօ նշանակուեցաւ իբրեւ ընդհանուր պատասխանատու այս գործին: «Նեմեսիս»-ի գաղափարական հենքը այն էր, որ անպատիժ պէտք չէ մնան հայութեան դէմ ոճիր գործած պատասխանատու անձերը: Այս մէկը կը բխի համայն հայութեան շահերը պաշտպանելու` Դաշնակցութեան սկզբունքային կեցուածքէն:

Կան ինքնապաշտպանութիւնը սքանչելի միասնականութեամբ կազմակերպելու բազմաթիւ օրինակներ եւս, որոնք կը բխին նոյն տրամաբանութենէն: 1895-96-ին, Վանի մէջ: 1915-ին` դարձեա՛լ Վանի մէջ: Մուսա Լեռը, Շապին Գարահիսարն ու Ուրֆան: Այս միասնականութեան արդիւնքն էին նաեւ 22 մայիս 1918-ին սկսած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի (այժմ Վանաձոր) հերոսական կռիւները: «Յարատեւ կռիւ»-ի կոչէն սնանած անդրդուելի միասնականութիւն, որ ժողովրդային ու համազգային գետնի վրայ սքանչելի կերպով արտայայտուեցաւ նաեւ անցնող Ապրիլին, Հայաստանի մէջ:

Գիտե՛նք: Մեր կեանքն ու անցած ուղին այնքա՜ն յստակ ու ջինջ հետք են թողած, որ կարիքը չկայ խաւարամած անկիւններ պեղելու, որպէսզի իրականութիւնը յայտնուի: Գիտե՛նք: Լա՛ւ գիտենք:

Մերը պարզապէս պահանջ է: Կը պահանջենք մեր ժողովուրդի բնաջնջուած հատուածին, խոշտանգուած հոգիներու արեան գինը, որպէսզի անոնց յաւիտեան նինջը գտնէ իր անդորրը:

Կը պահանջենք մեր հողերը, մեր տուները, մեր եկեղեցիները, որոնք մնացած են անտէր` օտարին լուծին տակ:

Մեր հողերը, մեր երդիքները, որոնց հիմերուն մէջ ապաստանած հայու քրտինքն ու արիւնը դարէ մը աւելի վերապրած է` իր ճողոպրած զաւակներուն վերամիանալու ցանկութեամբ: Կը պահանջենք ու կը պայքարինք, որ վերականգնուի մեր ազգային արժանապատուութիւնը, վերահաստատուի մեր ամբողջականութիւնը` բոլոր մակարդակներու վրայ: Կը պահանջե՛նք եւ կ՛ուխտե՛նք:

Կ՛ուխտենք յամառօրէն շարունակել տասնամեակներէ ի վեր ծաւալող պայքարը: Այս պայքարը դադրեցնելը համազօր է պարտութեան:

Հետեւաբար, պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ յաղթանակ:

23 ապրիլ 2017
Մոնթեպելլօ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles