Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին Ժունիէի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, որմէ ետք կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն:
Պատարագեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալին` կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ տեղ գտած հետեւեալ նախադասութեամբ. «Ան, որ Աստուծոյ խօսքին միացած է, նոր արարած է: Այլեւս ան չէ, ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»: Ան շարունակեց, թէ զատկական այս մթնոլորտի մէջ այս խօսքերը անգամ մը եւս մեզ կը հրաւիրեն դառնալու նոր արարած, հաւատքով Քրիստոսը ընդունած եւ Քրիստոսին յանձնուած արարածներ, որոնց համար Յիսուս Քրիստոս իր յարութեան ընդմէջէն յարուցեալ կեանք խոստացաւ: Սրբազան հայրը ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Զատկուան յաջորդող այս կիրակի օրը, հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ կոչուած է Նոր կիրակի կամ կրկնազատիկ, ուստի զանոնք հրաւիրեց դարձեալ յիշելու Քրիստոսի յարութեան դրուագը եւ դառնալու Յարուցեալին հետեւորդները: Ան նաեւ նշեց այն միջադէպերը, որոնք տեղի ունեցան Քրիստոսի յարութենէն ետք` Յարուցեալին եւ իր աշակերտներուն միջեւ: Պատմեց, թէ երբ իւղաբեր կիները հրեշտակէն ստացած Քրիստոսի յարութեան լուրը տուին վերնատան մէջ թաքնուած աշակերտներուն, վերջինները, տակաւին կ՛երկմտէին, շուարած էին ու չէին կրնար որոշել, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի շարժէին: Անոնք տակաւին չունէին առաքելութեան հասկացողութիւնը եւ չէին կրնար Քրիստոսէն իրենց սորվածները ճիշդ ուղղութեան մէջ դնել եւ անով առաջնորդուիլ: Երբ այդ հոգեկան անորոշ վիճակին մէջ կը գտնուէին, փակ դռներու ետին յանկարծ Յիսուս յայտնուեցաւ իր աշակերտներուն եւ ըսաւ .«Այնպէս, ինչպէս զիս Հայրը ղրկեց, այսուհետեւ ես ալ ձեզ կը ղրկեմ աշխարհ»: Յիսուսի այս խօսքէն ետք աշակերտները դարձան Աստուծոյ խօսքը աշխարհին տանող առաքեալներ: Իսկ Թովմաս առաքեալի դրուագը մէջբերելէ ետք, առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ իր բոլոր աշակերտներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքին . «Երանի անոնց, որոնք առանց Զիս տեսնելու կը հաւատան»: Սրբազան հայրը հետեւցուց, թէ հաւատանք, թէ չհաւատանք, Քրիստոսի յարութեան հրաշքը եւ Աստուծոյ զօրութիւնը կը մնան անփոփոխ իրականութիւններ: Ան շարունակեց, թէ նաեւ անփոփոխ կը մնայ Յարուցեալին` մեզի տուած խոստումը, որ Ան մեզի հետ է մինչեւ ժամանակներու վախճանը: Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ մենք շատ յաճախ բացակայ ենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքէն եւ փաստեր կը փնտռենք մեր աշխարհին մէջ, որպէսզի տեսնենք եւ ճանչնանք մեր փրկիչը, ինչպէս Թովմաս առաքեալ Յիսուսի վիրաւոր ձեռքերը տեսնելէ ետք միայն հաւատաց որ ան յարեաւ: «Մենք, Յիսուսի աշակերտներուն նման յաճախ կողմնորոշուելու եւ ճիշդ ուղղութիւնը գտնելու համար կը տատամսինք եւ կը սպասենք, որ մեր դիմաց յայտնուի Ինք, մեր Փրկիչը եւ մեզի ցոյց տայ ճիշդ ճամբան», ըսաւ սրբազան հայրը` ժողովուրդը հրաւիրելով, որ Յարութեան հրաշքով դառնան այն նոր արարածը, որ նախկին իր ըմբռնողութիւններէն անջատուելով կը դառնայ նոր մարդ, նոր արժէքներու հետեւորդ, նորոգեալ մարդ, որ արժանի է ժառանգելու Յարուցեալին կեանքը: Սրբազան հայրը իր քարոզը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Երանի անոնց, որոնք եկեղեցիներուն մէջ մեր Տիրոջ ձայնը լսելով, անոր ներկայութիւնը զգալով, իրենց ստացած պարտականութիւնները խիղճով կը կատարեն եւ իբրեւ աւանդ կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի աստուածային դրոշմով մեր կեանքը պայծառակերտուի ընդմիշտ, եւ մենք նոր արարածներ դառնալով, ըլլանք Յիսուսի հօտին ճշմարիտ անդամները, որոնք այս կեանքի սահմանաւոր պայմաններէն անդին նաեւ կը ժառանգեն յարութեան կեանքը»:
Ս. Պատարագէն ետք «Սարայա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ` առաջնորդ սրբազանին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն:
Այս առիթով Յակոբ Բագրատունի արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ շեշետեց. «Ս. Յարութեան տօնէն ետք եւ ապրիլ 24-ի նախօրէին, հայ ժողովուրդին վերապրումն ու տոկունութիւնը լաւագոյն փաստերն են Քրիստոսի յարութեան ճշմարտացիութեան»` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը ամուր է իր հաւատքով` թէ՛ հայ եկեղեցւոյ, եւ թէ Հայ դատի արդարացիութեամբ:
Գնահատելէ ետք Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղականութիւնն ու տիկնանց միութիւնը, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր խնամքին յանձնուած է Զալքայէն Մեթնի բարձունքներուն եւ Ժունիէէն Քեսրուանի մէջ տարածուած հայութիւնը, որուն համար մէկ եկեղեցին անբաւարար է:
Առ այդ, ան ըսաւ. «Շրջանի ժողովուրդին անունով իրենց խնդրանքին թարգմանը կը հանդիսանամ, սրբազա՛ն հայր, ձեզմէ խնդրելու պէս պահանջելով, որ այլեւս անհրաժեշտ է Անթիլիասէն դէպի վեր գտնուող գիւղերու հայութեան համար կառուցուին նոր եկեղեցի մը` իր սրահով, եւ երիտասարդութեան գոհացում տուող կարելիութիւններով օժտուած կեդրոն մը, որովհետեւ եթէ մենք մտահոգ ենք Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանումով, ապա անհրաժեշտ է այդ մտահոգութեան առարկայ դարձնել համայն հայութիւն»:
Ապա ան ըսաւ. «Վստահ պէտք է ըլլալ, որ նման ծրագիրի մը իրականացման համար ազգային իշխանութիւնները առանձին չեն մնար, եւ անոնց կողքին կը կանգնի համայն հայ ժողովուրդը, որուն համար եկեղեցի կառուցելը սրբազան գործ է եւ ինքնութեան պահպանումը` առաջնահերթութիւն: Մենք, մեր կարգին, անպայմանօրէն նեցուկ ենք նման ծրագիրի մը»:
Ապա իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ անդրադարձաւ Քրիստոսի յարութենէն դասեր քաղելու կարեւորութեան: Ան եւս անհրաժեշտ նկատեց Անթիլիասի եւ անկէ վեր գտնուող շրջաններուն համար եկեղեցւոյ մը կառուցման ծրագիրի մշակումը: