Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Աշոտ Ճենտերեճեանին

$
0
0

ԼՈՒՍԻԿ

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեանը:

Անցնող տարիներուն բարեբախտութիւնը ունեցած եմ հետը գործակցելու վարչական եւ կազմակերպական աշխատանքներով` շաբաթը քանի մը  հանդիպումներ ունենալով:

Հիմնականը անոր մէջ շեշտուած մարդկային նկարագիրն էր, որ յարգանք եւ ակնածանք կը պարտադրէր բոլորիս:

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը միշտ ալ ունեցած է հայրենիքէն հրաւիրուած արուեստագէտներ` պարարուեստի, կերպարուեստի, թատրոնի,երաժշտութեան եւ այլ մարզերու:

Աշոտ Ճենտերեճեան կը զանազանուէր բոլորէն իր ուսուցիչի տիպարով: Բոլորին ուսուցիչն էր, միայն ջութակի ուսուցիչ չէր: Բոլորին  հետ անմիջական, տագնապող, գուրգուրոտ էր մարդկային ազնիւ եւ վեհանձն նկարագիրով օժտուած արուեստագէտ էր:

Անոր մէջ դրական ներուժը այնքան զօրաւոր էր, որ միջակութիւններն ալ իր մղումով եւ թելադրանքով կը բարձրացնէր: Խստապահանջ էր, սակայն համբերատար: Հետեւողական էր եւ բծախնդիր: Ուսուցիչ էր բառին ամբողջական իմաստով: Այս բոլորէն անդին Համազգայնական էր: Հասկցած էր Լեւոն Շանթի առաքելութիւնը: Հասկցած էր աշակերտներուն դժուարութիւնները: Հասկցած էր վարչութիւններուն մտահոգութիւնը: Աշոտ Ճենտերեճեան Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին համար եղաւ ու կը մնայ այն մեծ արուեստագէտը, որ սերունդներ պատրաստեց, եւ այդ սերունդները այսօր վկայ են իր աշխատանքին:

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը ունեցած է իրերայաջորդ գեղարուեստի պատասխանատուներ:  Բոլորն ալ իրենց կարգին լաւագոյնը տուած են Համազգայինին:

Հայաստանի եւ սփիւռքի կապի գործնական վկան, փաստօրէն, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնն է: Անցնող քսանամեակին մշակութային զանազան բնագաւառներուն մէջ այդ մէկը փաստեց: Եղա՛ւ միշտ յառաջատարը: Մնա՛ց միշտ հաւատարիմ իր առաքելութեան: Պրն. Աշոտ Ճենտերեճեանի նման արուեստագէտներն ալ  եկան այդ արժէքին աւելի հմայք եւ փայլք տալու: Իրենց անձնական օրինակով  եղան վարակիչ եւ գօտեպնդիչ: Իրենց դրական խառնուածքով եղան ճառագայթող:

Վարձքդ կատար, մե՛ծ ուսուցիչ…:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>