Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17595

Պատուիրուած Պատկերներ Գ* «Օսմանցի Սպան»

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում-ուրացում ճակատումը հասած է Հոլիվուտ:

Թրքական պետութեան թեզը ցարդ արտայայտուած էր տեղական ժապաւէններու միջոցով: Այս նիւթին բազմիցս անդրադարձած եմ: Այդ շարքի վերջին ծանօթ նմուշն էր «Քերվան 1915»-ը: (1, 2, 3, 4 եւ 5)

«Օսմանցի սպան»  («Օսմանլը Սուպայը», 2016 , 106 վ.) ժապաւէնը արտադրած է թրքական «Իսթըրն սանրայզ ֆիլմզ» (Ի. Էս.) ընկերութիւնը որուն միակ այլ ժապաւէնն է «Ֆիլինթա, օսմանցի ոստիկանը» (2014) : Ունի նաեւ «Աթոռանիստ Ապտիւլ Համիտ» (Փայիթախթ Ապտիւլհամիտ) (6) պատկերասփիւռի ֆիլմաշարը, որ կը պանծացնէ Կարմիր սուլթանը: Այս «օսմանանուէր» հաստատութեան շուրջ տեղեկութիւնները ժլատ են: Ըստ թղթակից Մայքլ Տալի-ի, Ի. Էս. ընկերութեան բաժնետէր Եէսուֆ Էսկենել գործակիցն է Պիլալ Էրտողանի, որուն անունը կը յիշուի խայտառակութիւններու մէջ, ներառեալ քարիւղի վաճառք ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Թէ վերջինը տեսնուած է նկարահանման թատրին վրայ: «Արքայազունը» մերժած է պատասխանել թղթակիցին հարցումներուն(7):

Ժապաւէնի բեմադրիչն է նիւեորքաբնակ հրեայ Ժոզէֆ Ռապըն (1950 –  ), որ ծանօթ է իր զգայացունց արկածախնդրական ժապաւէններով (Thriller, տես կողքի նկարը): Ներգրաւուած  են հոլիվուտեան դերասաններ, ինչպէս Ճոշ Հարթնըթ  եւ վեթերան աստղ Պէն Քինկզլի: Երկու դերասանները 2006-ին հանդիպած էին ծանօթ թրիլլըր «Լաքի Նամպըր սլեվին»-ի մէջ: Գոյ է վարկած, թէ՛ իբր թէ արտադրիչը վերախմբագրած է ժապաւէնը առանց բեմադրիչի գիտութեան: Թէ` մկրատուած են տեսարաններ, որոնք ցոյց կու տան զանգուածային սպանդ: Թէ` նկարահանման ընթացքին դերասաններէն եւ այլ գործակիցներէն շատեր դժգոհութիւն յայտնած են (8): Անձնապէս չքմեղանքը կը գտնեմ յուժ անհաւանական:

«Օսմանցի սպան» բաժնուած է ոչ նուազ քան 216 սրահներու: Ցուցադրութիւնը քանի մը ամիսով յետաձգուած էր, որպէսզի զուգադիպի «Խոստում»-ի ցուցադրութեան նախօրէին: Կան նաեւ այլ «զուգադիպութիւններ» :

Դիպաշարը.- Լիլի, ֆեմինիստ հակումներով գեղուհի բուժքոյր մը, զզուած է ամերիկեան ցեղապաշտ բարքերէն: Ի հեճուկս ընտանիքին ընդդիմութեան, կ’որոշէ երթալ ռուս-թրքական ռազմաճակատ, ի մասնաւորի Վան,  ուր ամերիկացի բժիշկ մը (Պէն Քինկզլի)  հիւանդանոց հիմնած է: Թատրի ընտրութիւնը պատահական չէ: Վանի մէջ տեղի ունեցած էր հայկական ապստամբութիւն, ապա` սպանդ: Ասիկա անմիջապէս կը յիշեցնէ Էկոյեանի «Արարատ»- ը, ուր նկարահանումներ տեղի կ’ունենային ամերիկացի բժիշկ Քլարընս Աշըրի գերխճողուած հիւանդանոցին մէջ: Ի տարբերութիւն թրքական ժապաւէնի, Քլարընս Աշըր (1870-1955) վաւերական անձնաւորութիւն մըն է, որ գրած է իր յուշերը: «Էն ամերիքըն ֆիզիշըն ին թըրքի»  (Ամերիկացի բժիշկ մը Թուրքիոյ մէջ, 1917):

Լիլի Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Իսմայիլի (Միշէլ Հիւսմըն, «Կէյմ աֆ տը Թրոնզ» ծանօթ ֆիլմաշարէն), որ գրաւիչ, արի եւ ազնիւ է, ինչպէս թրքական ժապաւէններու բոլոր թուրք սպաները(5): Իսմայիլի առաջին գործը կ’ըլլայ Լիլին առաջնորդել դէպի մզկիթ մը, որպէսզի ծանօթանայ օսմանական հոյակապ մշակոյթին: Դէպի Վան ուղեւորութեան ընթացքին հայ հրոսակներ կը յարձակին Լիլիի ինքնաշարժին վրայ: Իսմայիլ կը փրկէ Լիլիի կեանքը: Հրոսակներ կը գրաւեն Լիլիի փոխադրած դեղորայքը, բայց չեն սպաններ թուրք սպան: Թերեւս այդ խորթ է քրիստոնէական բարոյականին: Նկատել կրօնաշունչ ասքը: Այո, հայեր չեն ներկայացուած որպէս անբարոյ ոճրագործներ:

Լիլի հիւանդանոցին մէջ կը հանդիպի ամերիկացի երիտասարդ բժիշկի մը, Ճուուտ (Ճոշ Հարթնէթ ) որ ի հարկէ անմիջապէս կը սիրահարի անոր, կազմելով սիրային եռանկիւն: Լիլի եւ Ճոշ իսկոյն կը կատարեն դաշնակի զուգանուագ մը, որուն կը յաջորդէ երկու թեկնածուներու միջեւ դղրդալի կռբամարտ: Նկատել, որ ինչպէս «Խոստում»-ին,  նաեւ «Օսմանցի սպայ»-ին սիրային եռեակի մէկ անկիւնը կանգնած է դրսեցի եկուոր գեղուհի մը, իսկ միւս անկիւններուն կանգնած են տեղացի եւ օտար երկու հմայիչ հերոսներ: Զուգադիպութի՞ւն:  Ի դէպ այս հոլիվուտեան պատմա-պատերազմա-սիրային երկու եռանկիւններուն կ’ընկերակցի Պոլովուտեան (հնդկական Հոլիվուտ) պատմա-պատերազմա-սիրային եռանկիւն մը` «Ռանկուն»  (բեմադրիչ Vishal Bhardwaj 2017), որ ցուցադրութեան սկսաւ անցեալ փետրուարին: Կը թուի, թէ պատմական-պատերազմական-սիրային եռանկիւնները նորոյթ են այս գարնան:

Ամերիկացի քրիստոնեայ գեղուհին ի հարկէ կ’ընտրէ իսլամ թուրք սպան: Այդ է կանոնը ժապաւէններու թրքական(5): Սիրահարները կը վայելեն ձիերու դասական պտոյտը բնութեան գիրկը: Իսլամ-քրիստոնեայ զոյգը իր սէրը «կ’ամրագրէ» ի հարկէ դալար խոտերու վրայ: Քրիստոնեայ, աղջիկը բարձրագոչ կ’արբենայ իսլամ սպայի առնական բոյրով: Խնդրեմ, շարունակեցեք կարդալ, ա՛յդ է կարգը թրքական ժապաւէններու:

Ժապաւէնը կը կեդրոնանայ իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու վրայ: Թրքական գերիշխանութեան տակ գտնուող հիւանդանոցը ի հարկէ կը դարմանէ բոլորը անխտիր` իսլամ թէ քրիստոնեայ: Իմա` թուրք թէ հայ: Ցարական բանակը կը մօտենայ Վանի: Հարկ է, որ Լիլի տայ կարեւոր որոշում: Հարկ է նաեւ, որ պետութիւնը տայ կարեւոր որոշումներ…

Անխուսափելի պատահարներ.–  Ռուսական բանակի յառաջընթացի հետ հայեր կը փորձեն թուրքերը հարուածել կռնակէն: Այստեղ կայ որոշ ճշմարտութիւն: Թուրք հրամանատար մը կը սպաննուի: Ցաւէն խելագարած թուրք զինուորներ կը սպաննեն քանի մը հայ երիտասարդ: Իսմայիլ ի հարկէ կը փորձէ արգիլել: Բայց ապարդիւն: Արիւնը  խուժած է անտէր մնացած թուրք զինուորներու գլուխը: Կարելի՞ է մեղադրել «վշտաբեկ» տղաքը: Բեմադրիչը ծրագրուած սպանդը կը վերածէ անհատական ոճիրներու, որոնք կարելի է վերագրել պատերազմական վիճակին:

Շուներ կը յօշոտեն մարդկային թեւ մը: Թերեւս թուրքի կամ հայու կը պատկանէր, ո՛վ գիտէ… լա՞լ, թէ՞ խնդալ…: Ասիկա համահունչ է այն ասքին, որ աղէտը համատարած էր:

Թրքական պետութիւնը կիներէ եւ մանուկներէ կազմուած կարաւան մը կը հեռացնէ պատերազմական վտանգաւոր շրջանէն: Չենք գիտեր, թէ հետագային ի՞նչ կը պատահի անոնց: Թերեւս վատ բաներ: Բայց պատերազմ տեղի կ’ունենայ չէ՞… ուրիշ ի՞նչ կարելի էր ընել, թողուլ որ վտանգուի՞ն անոնց կեանքերը, թողուլ, որ գերի՞ իյնան ներխուժող վայրագ թշնամիի ձեռքը…: Բեմադրիչը կ՛արդարացնէ տեղահանութիւնը:

Կատարողական .– Ժապաւէնը պատրաստուած է խնամքով: Հիանալի են յատկապէս «էքշըն» տեսարանները եւ… Արեւմտահայաստանի բնութիւնը…: Խոցելի է սակայն խաղարկութիւնը: Կարգ մը քննադատներ նկատած են, որ Քինկսլի չէ արտաբերած խանդավառ խաղարկութիւն: Օտար դերասանները հաւանաբար տեղեակ էին իսկական պատմութեան: Վարձկան զինուորներ լաւ պատերազմիկներ չեն կրնար ըլլալ: Իսկ թուրք դերասաններ ունին լոկ երրորդական դերեր: Կը մնան ստուերային:

Ջատագովական .- «Օսմանցի սպան» հարազատ կը մնայ թուրք պաշտօնական թեզին: Այն դրոյթին, որ Էրտողան կ’արտայայտէ իր Ապրիլ 24-եան «ցաւակցութիւն»-ներու  մէջ: «Առաջին աշխարհամարտին ընթացքին տառապած են հայեր եւ թուրքեր: Պատերազմը արհաւիրք է, հայ-թուրք ցաւը մէկ է»: Թերեւս ա՛յս նկատի ունի բեմադրիչը, երբ կ’ըսէ, թէ փորձած է ըլլալ «անկողմնակալ»:

«Խոստում»-ին եւ անոր թրքական «Օսմանցի սպայ»-ին պատասխանին միջեւ կան աչքառու ձեւական նմանութիւններ: Հարկ է նշել, սակայն, որ ի տարբերութիւն «Խոստում»-ին, թրքական պատուէրը չէ արժանացած թուրք հանդիսատեսի համակրանքին: Երկու հոլիվուտեան պատուէրներու զուգահեռներու կարելի է անդրադառնալ, երբ ապրիլեան խռովքի ալիքը մեղմանայ:

——————————–

*  Ա. եւ Բ. մասերուն համար տես «Ազդակ» 10 եւ 11 հոկտ. 2016:

  1. «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը», Ազդակ 16 եւ 23 հոկտ. 2014:
  2. «Այլեւս… այբ եւ բեն», «Ազդակ» 7 եւ 16 յուլիս 2015:
  3. «Հարիւրամեայ Կաւ», «Ազդակ» 11 օգ. 2015:
  4. «Պատուիրուած պատկերներ» եւ «Քերվան 1915» «Ազդակ», 10 հոկ. 2016:
  5. «Թրքական շարժապատկերը Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Ֆեթհուլլա Կիւլէն» «Ազդակ» բացառիկ, նոր տարի 2016:
  6. Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը», «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ 2015:
  7. Michael Daly, «Hollywood’s New Armenian Genocide Denial Epic», The Daily Beast, 15 ապրիլ 2017:
  8. Cara Buckley, “Battle Over 2 Films…” New York Times 20 ապրիլ 2017:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17595

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>