Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Բժիշկ Ռ. Քրումեան Մեր Դատին Ծանօթացման Այժմէական Ձեւ Մը Գտած Է. «Խոստումը»

$
0
0

102-րդ ապրիլ 24-ը կը նշենք: Անհատաբար թէ հաւաքաբար կարելի բոլոր միջոցներով կ՛աշխատինք, պէ՛տք է աշխատինք, որպէսզի մեր շրջապատին ու աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրենք մեր անժամանցելի Դատին վրայ:

Տոքթ. Ռազմիկ Քրումեան (Քիւրումլեան) մեր անմիջական դրացնութեան մէջ ապրող հայորդի մըն է, որ այս տարի որոշած էր իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը մասնակցիլ մեր Դատի ծանօթացման աշխատանքներուն: Նկատի ունենալով «Խոստումը» ժապաւէնին բնոյթը, ան իր մասնագիտական հոգածութիւնը վայելողներուն հրաւէր ուղղած էր, որպէսզի շաբաթ, 22 ապրիլին, իրենց ընտանիքի անդամներով ու բարեկամներով իր հիւրը ըլլան իր բնակավայրին մօտ գտնուող շարժապատկերի սրահի մը մէջ (Թաուզընտ Օքս): Հրաւէրը ուղղուած էր նաեւ ոչ հայ բժիշկներու:

Հրաւիրագիրին մէջ, Տոքթ. Քրումեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուած էր ժապաւէնին մասին` նշելով, որ իբրեւ մէկ շառաւիղը Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքի մը, բաժնեկցած է վերապրողներուն ցաւը եւ աւելին` կը տագնապի, որովհետեւ ցարդ շատեր չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, անոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը:

«Կ՛ուզեմ այս ձեւով յարգել (Ցեղասպանութեան զոհերուն ու վերապրողներուն) յիշատակը», կը շեշտէր հրաւիրագիրը:

Այս մասին կը զրուցեմ հետը: Հրաւիրեալներուն թիւը շուրջ հարիւր է: Ձայնը կը մատնէ, որ ժապաւէնը ցուցադրող սրահը փոքր է, մինչդեռ ինք պիտի փափաքէր աւելի մեծ թիւով հիւրեր ունենալ:

«Գիտեմ, որ մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մեր նիւթական ու բարոյական աջակցութեան կը սպասեն մեր իրաւունքներուն հետապնդման համար: Այս ալ մասնակցութեան ի՛մ ձեւս է այս տարի», կ՛ըսէ երիտասարդ բժիշկը:

Սրահին մէջ, ժապաւէնին ցուցադրութենէն առաջ, ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ հիւրերուն` ներկայութեան համար, քանի մը վայրկեանի մէջ ազդեցիկ ձեւով կը պատմէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր մեծ հօր ոդիսականը` շեշտելով, որ անիկա առանձնակի պարագայ մը չէ, այլ ոեւէ ապրող հայ նման ոդիսականներէ վերապրողներու ժառանգորդն է այսօր:

Տուն դարձի ճամբուս` կը մտածեմ. ապրիլ 24-ի նախօրեակին ցուցադրուիլ սկսող ժապաւէնը ի՜նչ լաւ առիթ է հայերուս համար, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու դիմենք, ոչ հայ բարեկամներու ու գործակիցներու զոյգ մը կամ աւելի տոմս նուիրենք, որպէսզի դիտեն Ցեղասպանութիւնը ժամանակակից «լեզուով» ներկայացնող ժապաւէնը եւ, ինչո՞ւ չէ, տոմսին ընկերացնել երկտող մը, բացատրելու դարմանումի սպասող մեր բաց վէրքը եւ մատնացոյց ընելու, որ այսօրուան Թուրքիան անշեղօրէն կը շարունակէ իր ոճրային վարմունքը, որուն դիմաց Ուաշինկթըն եւ այլք փակ կը պահեն իրենց աչքերն ու ականջները:

22 ապրիլ 2017

Յ.Գ.- Ապրիլ 24-ին օրը, շատերու պէս ես ալ իմացայ, թէ թուրքերը «իմաստուն գիւտ» մը ըրած են, խափանելու համար այս ժապաւէնին տարածումը. կարգ մը շրջաններու մէջ գնած են ցուցադրող սրահներուն բոլոր տոմսերը, եւ երբ դիտորդներ ներկայացած են, անոնց ըսուած է, թէ «Սոլտ աութ» է, սրահը մնացած է պարապ: Միայն ճշմարտութիւնը անյուսօրէն ծածկելու ճգնող ոճրագործ ուղեղ մը կրնայ ա՛յսքան «հնարամիտ» ըլլալ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>