Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Համաշխարհային 10 Աստղեր, Որոնք Կ՛աջակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող «Խոստումը» Ժապաւէնին

$
0
0

Արդէն իսկ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ կը ցուցադրուի  Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ժապաւէնը, որ բարեյաջող կերպով յաղթահարեց թրքական լոպին` ժապաւէնի յաջողութիւնը խորտակելու բազմաթիւ փորձերը:

Թրքական կառավարութիւնը մէկ դար անց ալ կը ժխտէ Ցեղասպանութեան փաստը, եւ ատոր մասին ժապաւէնները մեծ դիմադրութեան կը հանդիպին: Ժապաւէնին մէջ նկարահանուած աստղերէն Քրիսթիան Պէյլ նոյնիսկ չէ բացառած, որ կրնայ «հակահարուած» ըլլալ:

 

Անուանի կարգ մը աստղերը փորձած են պահել «Խոստումը»:

Շէր (Շերիլին Սարգիսեան) ծագումով հայ է: Ժապաւէնը դիտելէն ետք ան իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած էր. «Այս ժապաւէնը կոտրեց սիրտս, եւ ո՛չ միայն հայերու համար, այլ բոլոր անոնց, որոնք տառապած են, կորսնցուցած են իրենց սիրելիները: Մենք բոլորս ծաղիկներ ենք, որոնք գեղեցիկ են փունջի մէջ»:

Հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի եւ անոր կինը` մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ամալ Քլունի, ներկայ գտնուած են ժապաւէնի լոնտոնեան ցուցադրութեան: Ամալ Քլունի յայտնի է թրքական ժխտողականութեան դէմ փաստաբանական իր նշանակալի ներդրմումով:

Լէոնարտօ տի Քափրիօ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած էր. «Օսքար Այզեք, Քրիսթիան Պէյլ եւ Շարլոթ լէ Պոն, Թերի Ճորճի ղեկավարութեամբ, անկրկնելի ներկայացում բեմադրած են «Խոստումը» ժապաւէնին մէջ: Կ՛ողջունեմ ամբողջ խումբը` առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի գլխաւորութեամբ, որուն տաղանդն ու նուիրուածութիւնը կեանքի կոչեցին այս կարեւոր ծրագիրը»:

Մարտին դերասան եւ արտադրող Տին Քէյն այցելած էր Երեւան` հանդիպելու սուրիահայ գաղթականներուն հետ: «Հայերը դարերով հալածուած են, անոնք եղած են քրիստոնէութեան առաջին ամրոցը, եւ անոնք միակ քրիստոնէական ամրոցն են Միջին Արեւելքի մէջ»: Քէյն իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ «Խոստումը» ժապաւէնին: Ժապաւէնի վերաբերեալ` դերասանը գրած էր. «Քոլեճի մէջ պատմութիւն ուսումնասիրելու ատեն ես իմացած եմ ցեղասպանութիւններու մասին, ինչպիսիք են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ողջակիզումը: Մեր օրերուն եւս ցեղասպանութիւններ կը կատարուին, խօսքս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Սուտանի մասին է: Կ՛երդնում պահելու «Խոստումը» եւ պատմութեան դասագիրքեր «աքսորել»-ու ցեղասպանութիւնը»:

«Ես կը միանամ «Խոստումը» ժապաւէնին ու կը խոստանամ երբեք չմոռնալ», թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած էր երգչուհի Պարպրա Սթրէյզընտ:

Էլթըն Ճոն Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր. «Ուրախ եմ յայտարարելով «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրման մեկնարկին մասին: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Կը միանամ «Խոստումը» պահելու շարժման եւ կը խոստանամ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, արժանապատուութիւնը եւ հաւասարութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ ժապաւէնի ամբողջ հասոյթը պիտի օգտագործուի բարեգործական նպատակով, քանի որ կը կարծեմ, թէ ոչ ոք պէտք է լքուի»:

Սիլվեսթըր Սթալոնէ, անդրադառնալով ժապաւէնին, գրած էր. «Արտակարգ ժապաւէն է: Սա այնպիսի նիւթ է, որմով հիացած եմ տասնամեակներէ ի վեր, եւ շատ տարիներու կարիք կար` զայն ժապաւէնի վերածելու համար: Սա ճշմարիտ եւ անհաւատալի կարեւոր պատմական ողբերգութիւն է, որ ունի բոլոր իւրօրինակ բաղադրիչները, որոնք կրնան ժապաւէնը բարձրացնել «Օսքար»-ի մակարդակին: Քրիսթիան Պէյլ եւ Օսքար Այզեք իրենց դերերը կատարեալ կը խաղան: Առանձնակիօրէն պէտք է նշել նաեւ առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի դերը, որ կրցաւ այս ծրագիրը կեանքի կոչել»:

Դերասան Տոն Չիտլ Թուիթըրի մէջ յայտարարած էր, որ տեսած է ցեղասպանութեան հետեւանքները Տարֆուրի մէջ: «Կ՛երդուիմ պահել «Խոստումը», բարձրացնել տեղեկացուածութիւնը եւ պայքարիլ ցեղասպանութիւններու դէմ»:

Անուանի թենիս խաղցող Անտրէ Աղասի նոյնպէս իր աջակցութիւնը յայտնած է ժապաւէնին: «Ուրախ եմ, որ Քըրք Գըրգորեանի մտադրութիւնը կեանքի կոչուեցաւ: Օգնեցէք ինծի պահելու անոր «Խոստումը», Թուիթըրի մէջ գրած էր թենիսիստը: Ժապաւէնին իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ դերասան Թոնի Կոլտուին: Ան Թուիթըրի մէջ գրած է. «Կը կատարենք «Խոստումը»` ամէն օր հոգ տանելով մեր մտերիմներուն: Ժապաւէնին առաջին ցուցադրութեան ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի բարեգործութեան»:

Յայտնի հոլիվուտեան դերասան Ռայեան Կոսլինկ միացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ժապաւէնին նուիրուած քարոզարշաւին: Ան «կատարէ խոստումդ» գրած է` աջակցութիւն յայտնելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ: Կոսլինկ տեսահոլովակ հրապարակած է Twitterի մէջ այդ մասին: «Պատերազմը Քոնկոյի մէջ ամենամահաբերը դարձաւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք: Կը խոստանամ կատարել խոստումս` սատարել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ», ըսած է Կոսլինկ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>