Հինգշաբթի, 20 ապրիլ 2017-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Հայ դատի եւ պատմաքաղաքական նիւթերու յատկացուած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ գործող «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի հերթական նիստը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին ներկայ էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան:
Նիստը արժեւորում կատարեց հիմնադրամին կողմէ լոյս տեսած վերջին հրատարակութիւններուն, քննեց կարելիութիւնները ցարդ լոյս տեսած բոլոր հրատարակութիւնները թուայնացնելու, ինչպէս նաեւ լսեց զեկուցումներ հրատարակութեան համար պատրաստուող տարբեր լեզուներով Հայ դատի եւ քաղաքական այժմէական հարցերու շուրջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններու: