Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Պուրճ Համուտ բնակիլն ու Պուրճ Համուտ ապրիլը տարբեր վիճակներ են: Բնակիլը կրաւորական է ու բնակիչը արտադրութիւնն է այդ վայրին, իսկ ապրիլը ներգործական է ու ապրողը թէ՛ արտադրութիւնն է այդ վայրին, թէ ալ արտադրիչ ուժ մըն է: Պուրճ Համուտ ապրողը եզակի կարողութիւն ունի միաձուլուելու անոր հետ ու անգամ մը, որ անոնց յարաբերութիւնը ամրապնդուի, այդ մէկը դաջուածքի նման կը հանգչի ապրողին բջիջներուն վրայ: Պուրճ Համուտ ապրողը յաճախ հոնկէ հեռանալէն ետք ալ չի մեկնիր եւ, թէկուզ ֆիզիքապէս չվերադառնայ Պուրճ Համուտ, անոր ենթագիտակցութեան մէջ գոյատեւող պուրճհամուտցի տարրը ամէնօրեայ ներկայութիւն կը փաստէ իր կենցաղին մէջ եւ այսպէս իր ապրելաձեւով, գործերով կը վերարտադրէ Պուրճ Համուտը: Արա Մածունեանն ալ իր «Թռչնոց բոյն» հատորով կը վերարտադրէ Պուրճ Համուտը:
Բեմադրիչ, շարժանկարիչ եւ անկախ արտադրիչ Արա Մածունեան լիբանանեան պատերազմին պատճառով Պուրճ Համուտէն կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Իր կեանքէն քառասնամեակ մը հոն անցընելով հանդերձ, Պուրճ Համուտի հանդէպ իր ունեցած կապը երեւան կու գայ 2008-ին այդ շրջանը տուած իր այցելութեան ընթացքին, որուն իբրեւ արդիւնք կը ձեռնարկէ Պուրճ Համուտը պատկերող իր «Թռչնոց բոյն» հատորին: Այս առիթով Մածունեանին հետ ունեցանք մտերմիկ զրոյց մը եւ խորացանք Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ:
«Թռչնոց բոյն» լուսանկարչական փորձագրութիւնը` Լոս Անճելըսէն Պուրճ Համուտ
«2008 թուականին երեք շաբաթով Պուրճ Համուտ եկայ այցելելու համար անբուժելի հիւանդութենէ տառապող եղբօրս` Դանիէլ Մածունեանին եւ կ՛երեւի ենթագիտակցաբար հրաժեշտ մը տալու անոր: Այդ ընթացքին գրեթէ ամէն օր դուրս կ՛ելլէի տունէն ու, ճեմելով փողոցները, ձեռքիս կիսամասնագիտական լուսանկարչական մեքենայով աննպատակ կը նկարէի շուրջս, թերեւս ես իմ եսս գոհացնելու համար կամ ալ հաւանաբար գիտակցելով, որ եղբայրս պիտի կորսնցնեմ, կ’ուզէի նաեւ բան մը փրկել իր միջոցով: Այսպէս հազարէն հազար երկու հարիւր պատկերներ նկարեցի»:
«2009-ին եղբօրս մահը զիս անգամ մը եւս մէկ շաբաթով տարաւ Պուրճ Համուտ, որմէ վերադարձիս 6-8 ամիս նկարներուն ձեռք չկրցայ տալ, որովհետեւ դժուար էր այդ յիշողութիւններուն վերադառնալը: Կինս` լուսանկարիչ Սօսի Մածունեանն էր, որ ժամանակ մը ետք անդրադարձնել տուաւ այդ նկարներուն արժէքին, ուրեմն ձեռնարկեցինք այս լուրջ աշխատանքին»:
«2016-ին ամրան ի վերջոյ ծրագիրը հասաւ իր աւարտին: Գործընթացը եկար տարիներ տեւեց, որովհետեւ նախ ժամանակս ամբողջովին չէի կրնար այս ձեռնարկին պատրաստութեան յատկացնել, ապա նիւթական յատկացում մը պէտք էր: Շնորհիւ համացանցային դրամահաւաքներու «Քիքըսթարթըր» կայքին շուրջ 300 նուիրատուներ մասնակից եղան յաջոցնելու այս հատորին հրատարակումը: Անոնց անունները մէկ առ մէկ շնորհակալութեամբ նշուած են հատորին աւարտին:
«Հատորը բաղկացած է երկու բաժիններէ` լուսանկարներու եւ գրութիւններու: Լուսանկարները իմս են, իսկ գրութիւնները կը պատկանին զանազան մտաւորականներու, որոնք կա՛մ Պուրճ Համուտ ծնած ու ապրած են, կա՛մ ալ առիթով մը հոն ժամանակ անցուցած են: Այնպէս չէ, որ իրենց համար երեւակայական էութիւն մըն է Պուրճ Համուտը: Հոն գրած են Ճօ-Էնն Ռանտա նուխօ, Ատոմ Էկոյեան, Ռազմիկ Շիրինեան, Յակոբ Փափազեան, Նէնսի Գրիգորեան, Արմենակ Եղեայեան, Սիմոն Աբգարեան, Վահէ Պէրպէրեան, Թալին Ոսկերիչեան, Հրայր Եուլմէսէքեան, Արա Արծրունի: Գրութիւնները չեմ խմբագրած, բայց նախապայման էր, որ հեռու ըլլային հայրենաբաղձութենէ: Ըստ երեւոյթին, ենթագիտակցութեանս մէջ ուզեր էի բաժանում մը ստեղծել պատկերներուն եւ գրութիւններուն միջեւ: Եթէ գրութիւններուն մէջ պատկերներուն հետ խաչաձեւումներ կան, այդ ալ ինքնին հարցականներ բարձրացնելու կը ծառայէ: Այսինքն կայ Պուրճ Համուտը մեր հաւաքական երեւակայութեան մէջ եւ Պուրճ Համուտը մեր անհատական տպաւորութիւններուն մէջ: Փորձեցի երկխօսութիւն մը ստեղծել պատկերներուն եւ գրութիւններուն միջեւ: Հիմնականին մէջ ուզեցի երկխօսութեան սկիզբը ըլլայ ասիկա այն մասին, թէ Պուրճ Համուտ ստեղծագործման 100 տարուան պատմութիւնը եւ շրջանին վերաբերեալ մեր երեւակայութիւնը կամ տպաւորութիւնը որքանո՞վ կը համապատասխանեն իրարու:
«Ինծի համար ուրախութիւն էր, որ Վահէ Ֆաթթալ ստանձնեց գիրքին էջադրումը: Ֆաթթալ Հալէպ ծնած, Փարիզ ուսանած ու Ամերիկա ապրող շատ յարգուած կրեֆիք տիզայնըր մըն է: Ան ներկայիս հանգստեան կոչուած է: Բայց երբ տեսաւ լուսանկարներս, առաջարկեց, որ ինք աշխատի գիրքին վրայ: Մէկուկէս տարի ան մանրամասն կերպով աշխատեցաւ ու հասցուց յաջողութեան»:
«Թռչնոց բոյն»-ը լուսանկարներէն անդին
«Ասիկա ինծի համար շատ անձնական ձեռնարկութիւն մըն է, քանի որ նախ եւ առաջ եղբօրս յիշատակը յաւերժացնելը կարեւոր էր: Եղբայրս իբրեւ պուրճհամուտցի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին միայն մէկ անգամ ձգած է քաղաքը, քանի որ միջոց չունէր: Ան սկսնակ լուսանկարիչ էր եւ ընդհանրապէս արուեստասէր: Կեանքի պայմաններուն իբրեւ հետեւանք ստիպուած եղած էր անաւարտ ձգել Նշան Փալանճեան Ճեմարանի իր դպրոցական ուսումը եւ դառնալ զնկագիր: Ասոր կողքին յատուկ սէր մը ունեցած է արձանագրելու կեանքի իւրաքանչիւր արժէքաւոր պահ, հաւանաբար Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողքիս հոգեբանութենէն ազդուած, եւ հետեւաբար իր հարստութեան մաս կը կազմէին տարիներու ընթացքին հաւաքուած բազմաթիւ հրապարակային ձեռնարկներու ձայնագրութիւններ ու լուսանկարներ: Իր հաւաքածոն իր աղջկան` Գայեանէ Մածունեանի ջանքերով նուիրուեցաւ Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» գրադարանի արխիւներուն բաժինին: Երախտապարտ եմ եղբօրս ամէն գետնի վրայ եւ շատ բան կը պարտիմ անոր: Մանաւանդ որ անոր կը պատկանէր կեանքիս առաջին լուսանկարչական մեքենան եւ անոր շնորհիւ աճեցաւ իմ հմտութիւնս լուսանկարչութեան մէջ:
«Մեր տունը կար հազարներով նկարներ, որոնց շուրջ տարին երկու անգամ ընտանիքով կը հաւաքուէինք անգամ մը եւս դիտելու այդ բոլորը: Հետաքրքրական սովորութիւն մըն էր ատիկա մեզի համար, երբ հսկայ ամերիկեան զինուորական երկաթէ սնտուկը դուրս կը բերուէր իր թաքստոցէն եւ նկարները անգամ մը եւս լոյս կը տեսնէին: Մայրս, որ ժամանակի ընթացքին Ալզայմըրէ սկսաւ տառապիլ, նախքան իր յիշողութիւնը ամբողջովին կորսնցնելը կարմիր գրիչով նկարներուն մէջ երեւցող անհատներուն ճակատներուն վրան թուանշաններ սկսած էր դնել եւ նկարին ետեւը իւրաքանչիւր թուանշանին համապատասխանող անունը: Ցեղասպանութենէ փրկուած ըլլալը, ընտանիք կորսնցուցած ըլլալը պատճառ էին, որ այս գործողութիւնը մօրս համար չափազանց կարեւոր դառնար: Այս նկարներուն մեծամասնութիւնը ինծի յանձնած է մայրս նախքան իր մահկանացուն կնքելը: Կը հասկնա՞ք ինչպիսի միջավայրէ կու գան այս բոլորը:
«Ատկէ բացի, այցելութեանս ընթացքին սերնդակիցներուս կողմէ միշտ կը լսէի Պուրճ Համուտը յաւերժացնելու իրենց փափաքին մասին: Այս յաւերժացնելը միշտ ներկայ եղած է մեր կեանքին մէջ: Նոյնիսկ երբ պատերազմին պատճառով հեռացանք հոսկէ, վերադառնալու նպատակը ունէինք, ինչպէս որեւէ գաղթականի հոգեբանութեան մէջ կայ ատիկա: Կ՛ուզէինք վերադառնալ Պուրճ Համուտը վերաշինելու համար, մե՛ր երեւակայած Պուրճ Համուտը պիտի ստեղծէինք: Մենք երրորդ սերունդն էինք Պուրճ Համուտի եւ սկսած էինք մենք մեզի տեղացի զգալ, այսինքն լիբանանահայ,- եւ անոր համար կը հաւատայինք, որ մեր վերադարձը աւելի շինիչ պիտի ըլլար: Այս աշխատութիւնը առիթ մը եղաւ ընելու ինչ որ կ՛ուզէի ընել, պզտիկ բաժին մը ունենալ իմ կողմէս Պուրճ Համուտը յաւերժացնելու ընթացքին մէջ:
«Եւ քանի որ անձնական գործ մըն էր, Պուրճ Համուտ եղած ժամանակս իմ յիշատակներուս ուղին է, որ գծեցի: Այն շրջանները, ուր մեծցած եմ, յաճախած եմ, աշխատած եմ անուղղակիօրէն որոշիչ դարձան իմ նկարներուս: Վայր մը չէր, զոր չէի գիտեր, եւ զոր պէտք էր յայտնաբերէի: Առի ինչ որ կրցայ առնել եւ ինչ որ իմս էր: Եղբօրս հիւանդութիւնը, հաւանաբար անգամ մը եւս զինք չտեսնելս եւ Պուրճ Համուտ անգամ մը եւս չգալու հաւանականութիւնը պատճառ դարձան ստեղծելու այն հոգեվիճակը, որ զիս մղեց անցած ճամբաներէս անցնելու: Օրինակ, նկարներէն մէկը Մարաշ թաղին մէջ բանջարանոցի մը նկարն է, որուն ցուցատախտակին վրայ հայերէն տառերով «Նուվոթէ Սեւան» գրուած է: Այդ խանութին դիմացը առաջ կօշիկի խանութ էր, ուր ես աշխատած եմ եւ ամէն օր անոր դրան սեմին կանգնած դիմացս «Նուվոթէ Սեւան»-ը տեսած եմ: Պատահական լուսանկար չկայ: Ամէն ինչ իր յատկանշական նշանակութիւնը ունի: Ուր որ գացած նկարած եմ, հոն ժամերով, օրերով ժամանակ անցուցած եմ: Փորձած եմ մարդոց հասկնալ եւ մարդկայնացնել: Պատկերներս միշտ մօտէն նկարած եմ, քանի որ որպէս լուսանկարիչ ես մաս կը կազմեմ այդ պահուն, այս կարեւոր է ինծի համար: Մարդ անհատը միշտ ներկայ է լուսանկարներուս մէջ, քանի որ մարդն է, որ կ՛արժեւորէ նկարը:
«Գիրքին խմբագրութեան ժամանակ ալ այլ պատմութիւններ սկսան բիւրեղանալ: Անունը, զոր ընտրած եմ` «Թռչնոց բոյն», թէ՛ որպէս Ժիպէյլի որբանոցին առնչութեամբ ընտրած եմ, որուն շատ ծանօթ եմ, թէ՛ ալ քանի որ Պուրճ Համուտ գաղթակայան եղած է Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: «Թռչնոց բոյն» է Պուրճ Համուտը հիմա, քանի որ ներկայիս կը պարպուի իր բնակիչներէն, անոնք կը գաղթեն եւ այլ գաղթականներ կու գան: Գիրքը որոշ պատում մը ունի եւ շատ ուրախ մթնոլորտով չի վերջանար: Վերջին նկարով եղբայրս կը մեկնի եւ հակառակ անոր որ ձեւով մը եղբայրս եւ ես կը միանանք, հոն ժամանակի ազդակը գոյութիւն ունի: Բոլորն ալ պիտի թռչին երթան: Ամէն ինչ պիտի աւարտի: Այդ նպատակով է, որ կ՛ընես արուեստի գործը»:
«Թռչնոց բոյն»-ի Պուրճ Համուտը հայելիին ընդմէջէն դիտուած
«Պուրճ Համուտ նկարած ժամանակս, թէեւ անցեալիս ուղիներէն անցայ, բայց` բնաւ նախկին Պուրճ Համուտը չփնտռեցի, քանի որ փաստօրէն յստակ է, որ երբ սկսիս հինը փնտռել ձեւով մը չես տեսներ նորը: Չուզեցի այդ մէկը ընել: Գիտէի, որ Պուրճ Համուտին անցեալը անցած է այլեւս: Կարելի է բաղդատութիւն դնել հինին եւ նորին մէջ, բայց ներկան տեսնելով: 1970-ականներուն Պուրճ Համուտի ամէնէն բեղուն ժամանակաշրջանը կ՛ապրէինք` մշակութային, քաղաքական գիտակցութեան առումով: Զարթօնք մը կ՛ապրէր Պուրճ Համուտ այդ ժամանակաշրջանին: Պուրճ Համուտի մէջ կային 20-է աւելի թատերախումբեր, բնականաբար միութենական, բայց գործող.հոն կային 16 շարժապատկերներու սրահներ: Այս բոլորը միջոցներ էին, որ երիտասարդութիւնը զարգանայ: Ես չեմ գիտեր այլ վայր մը, որ այսքան մշակութային եւ արուեստի ազդեցութեամբ ապրած է: Արդէն սկսած էինք մենք մեր թատրոնները գրել եւ ընկերային ու քաղաքական հարցերը բեմին վրայ դնել. անոր համար ալ որոշ բախումներ կը ստեղծուէին ներքին կառավարիչ ուժերուն հետ եւ այլն: Այդ պատճառով ալ կ՛ըսեմ, որ Պուրճ Համուտ կեթթօ էր, մտային կեթթօ մը, ուր վերին մարմինին եւ երիտասարդներուն մէջ յստակ բախում մը կար` հսկողութիւն` վերէն վար: Այս բոլորը Պուրճ Համուտը կը զարգացնէին:
«Պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ Պուրճ Համուտը չբարգաւաճի, տեղ մը ձախողութիւն արձանագրէ: Անշուշտ անհատական մակարդակի վրայ զարգացաւ որոշ չափով, բայց ոչ անպայման կազմակերպչական: Պուրճ Համուտ գաղթակայանը ի վերջոյ ուրիշ ձեւ ստացաւ եւ լիբանանահայ եւ սփիւռքի մակարդակի վրայ դրական երեւոյթ էր, որ ծնունդ տուաւ ահագին սերունդներ արուեստագէտներու եւ արհեստավարժերու, այս անկասկած, բայց եւ այնպէս չկրցաւ հասնիլ գագաթին:
«Ինծի համար Պուրճ Համուտը Ֆետերիքօ Ֆելլինիին Հռոմն է, որուն տիպարները իւրաքանչիւրը ինքնին պատմութիւններ են: Պուրճ Համուտն ալ գեղեցիկ էր իր «սախաթ»-ներով, «բնական» մարդիկ չէի ասոնք, իւրայատուկ էին/են: Այս բոլորը կ՛ըսեմ արուեստի ակնոցով դիտուած անշուշտ: Մեզի սնունդի աղբիւր են այս տիպարները, վիճակները® Բացառիկ տեղ էր, եւ կ՛ուզէինք այդպէս մնար: Լաւ յիշատակներ ունիմ Պուրճ Համուտի մէջ անցուցած 20 տարիներուս ընթացքին, որուն հաւանաբար 13-ին միայն գիտակից էի: Իր բոլոր ժխտական կողմերով Պուրճ Համուտը դրական բան ունէր:
«Թռչնոց բոյն»-ը կը ցուցադրուի Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրատան մէջ
«Քանի մը շաբաթ առաջ Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» հռչակաւոր գրատան եւ անոր «Ռոսլին» ցուցասրահին մէջ Պուրճ Համուտի նուիրուած ձեռնարկներու շարք մը եղաւ: Պուրճ Համուտի վերաբերալ ժապաւէններ ցուցադրուեցան,- Վաչէ Պուլղուրճեանի «Հինգերորդ կոթողը» (The fifth Column), Թոնի Փարթամեանի «Հրամմեցէ՛ք»-ը, «Սթիւտիօ Աշնակ»-ի պատրաստութեամբ Պուրճ Համուտի մասին վաւերագրական մը եւ իմ առաջին ժապաւէնս` «Վարդագոյն փիղը», որ 35 տարի առաջ գրած ու պատրաստած եմ Պուրճ Համուտի մասին: Տեղի ունեցաւ Ճօ-Էնն Ռանտա Նուխոյի «Ամէնօրեայ համայնքայնութիւն քաղաքային Լիբանանի մէջ» (Everyday Sectarianism in Urban Lebanon)ուսումնասիրական աշխատանքին ներկայացումը, որուն իբրեւ նախատիպ օգտագործած է Պուրճ Համուտի օրինակը: Այս ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներուս ցուցահանդէսը եւ գիրքիս շնորհահանդէսը:
«Կը կարծեմ, թէ հանրութեան այն մասը, որ Պուրճ Համուտ ծնած է, տեղ մը չի կրնար ձերբազատիլ զգացական կապէն եւ շատ հաւանաբար անոնցմէ վրիպի գործին հետ երկխօսութիւն մը ունենալու նպատակը: Բայց անոնք, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէին Պուրճ Համուտը այս պատկերներուն մէջէն, շատ հետաքրքրուեցան: Յատկանշական էր օրինակ հետաքրքրութիւնը պարսկահայերուն, որոնք Պուրճ Համուտ այցելած են 1960-ականներուն, գաղափար ունին Պուրճ Համուտի ոսկեդարէն, բայց ծալքերը չեն գիտեր օրինակ: Ասիկա ուրիշ երես մըն ալ բացաւ: Բոլորին համար այս Պուրճ Համուտը տեսնելը որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծեց եւ ատիկա կ՛ըսեմ, քանի որ ինծի մօտենալով աւելի մանրամասնութիւններ կը հարցնէին Պուրճ Համուտի մասին: Ոչ հայերուն համար ալ Պուրճ Համուտը այլ անկիւնէն հրամցուեցաւ, հայերուն գաղթակայան մը ըլլալու անկիւնէն, որ մինչեւ հիմա ալ, մանաւանդ վերջին 7 տարիներուն, Սուրիոյ տագնապին տակ, կը շարունակէ գաղթակայան ըլլալ:
«Նախ շատ կ՛ուզէի Պուրճ Համուտի մէջ ցուցադրել այս գործը, բայց ներկայիս հետաքրքրութիւն չկայ, եւ ես ալ միջոց չունիմ անձնական նախաձեռնութեամբ այդ մէկը ընել, որովհետեւ ծախսալից ձեռնարկ մըն է: Բայց խորքին մէջ Պուրճ Համուտէն դուրս կ՛ուզեմ ընել այս ցուցահանդէսը, ոչ պուրճհամուտցիին ցոյց տալու համար, որ Պուրճ Համուտը իրենց միտքին մէջ կարծրատպուած լաւորակ «պասթրմայի» եւ «ֆէլէֆիլի» ֆոլքլորէն անդին է:
Ի վերջոյ
«Պուրճ Համուտը միշտ ալ ապրած է առանց վերջնական մահ ունենալու: Նոր գաղթականներ գալով Պուրճ Համուտին ուրիշ երես կու տան: Պատերը նոր աղիւսով կը ծեփուի: Պատերը կը փոխուին, բայց տակաւին կ՛ապրի: Հաւանաբար մեր երեւակայած Պուրճ Համուտը կամաց-կամաց կը կորսուի, բայց ուրիշներուն համար նոր Պուրճ Համուտ մը կը ստեղծուի»: