Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Մարդասէր Միլիառատէր Մարդիկ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամերիկացի մարդասէր Անտրիւ Քարնէկի առիթով մը ըսած է. « Ոչ ոք ինքնիրեն կրնայ հարստանալ, առանց ուրիշները հարստացնելու: Հարուստ մահացող անձը անպատիւ կը մեռնի»:

Բազմաթիւ յաջող առեւտրականներ, գործարարներ իրենց կեանքի որոշ հանգրուանի մը մտածած են բաժնեկցելու եւ իրենց հանրութեան վերադարձնելու, մարդասիրական գործունէութեան մասնակցելու մասին: Ոմանք կ՛ըսեն ատիկա վեհանձնութենէ, առատաձեռնութենէ կը բխի, ուրիշներ կը պնդեն, որ տուրքերէ խուսափելու համար է:

Այսպէս թէ այնպէս բարեսիրական նպատակներու համար ծախսուող դրամին կարիքը կայ, եւ անիկա  որեւէ ձեւով մէկու մը կեանքին վրայ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ:

Ներկայացուող գործարարները կը հաւատան, որ դրամը բաժնեկցիլը հոգատարութիւն է:

Տիթմար Հոփ

Գերմանացի գործարար Տիթմար Հոփ հիմնադիրն է համակարգիչի ծրագրաւորման ՍԱՓ ընկերութեան: Իր հիմնադրամը շուրջ մէկ միլիառ տոլար նուիրած է կրթական, մարմնամարզի եւ առողջապահական  ծառայութիւններու, իր ծննդավայրին մէջ: Տիթմար Հոփի հարստութիւնը կը գնահատուի 6,3 միլիառ տոլար:

Փիէր Օմիտիար

Ֆրանս-իրանեան-ամերիկացի գործարարը, որ  ֆրանս-իրանեան ծագում ունի, հիմնադիրներէն եւ այժմու տնօրէնն է իՊէյ-ի :1998-ին իր կնոջ հետ հիմնեց Օմետիար հիմնարկը, որ նուիրատուութիւններ կը կատարէ մարդասիրական հաստատութիւններու, սննդամթերքի, ճարտարագիտութեան եւ ուժանիւթի նախաձեռնութիւններու: 2015 թուականին Օմետիար 270 միլիոն տոլար արժող իՊէյ-ի բաժնեթուղթերը նուիրեց չբացայայտուած բարեսիրութեան: Ցարդ ան նուիրած է մէկ միլիառ տոլար:

Միքայէլ Տելլ

Համակարգչային ՏԵԼԼ գործարանի նախագահը կը սիրէ աջակցիլ կրթական, ընկերային, մարդկային ծառայութիւններու, արուեստներու, մշակոյթի եւ հասարակութեան բարգաւաճման աշխատանքներու, որոնց համար ան նուիրած է 1,1 միլիառ տոլար: Անոր հիմնարկը խոստացած է 25 միլիոն տոլար նուիրել Թեքսասի մէջ 211 անկողիններով հիւանդանոցի մը կառուցման:

Ճէյմս Սայմընզ

Ճէյմս Սայմընզ նախագահն է Ռընէսանզ Թէքնոլոճիզի, որ 65 միլիառ տոլար արժող կալուածներ ունի: Կնոջ հետ հիմնած է Սայմընզ հիմնադրամը, որ գլխաւորաբար գումարներ կը յատկացնէ կրթական նպատակներու համար: Անոնք նոյնպէս հիմնած են երկու այլ կազմակերպութիւններ` ի յիշատակ իրենց երկու զաւակներուն, որոնք մահացած են 1996 եւ 2003 թուականներուն:

Թետ Թըրնըր

Ամերիկեան տեղեկատուուական ցանցի հիմնադիր Թետ Թըրնըր 1997 թուականին մէկ միլիառ տոլար նուիրած է ՄԱԿ-ի` կիներու, մանուկներու, բնապահպանութեան, համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան  հարցերու օգնելու նպատակով: Անոր նուիրատուութիւններու գումարը կը հասնի 1,2 միլիառ տոլարի:

Ճոն Հանցման

Միացեալ Նահանգներու մէջ փոլիսթիրենի ամէնէն խոշոր արտադրիչ Հանցման Քիմիական ընկերութեան հիմնադիրը նոյնպէս մարդասիրական մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Քաղցկեղի ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն համար անոր յատկացուցած գումարները կը հասնին 1,2 միլիառ տոլարի: Հանցման ստորագրած է  «Նուիրելու խոստում»-ը արշաւ մը, որուն նպատակն է քաջալերել մեծահարուստները, որպէսզի յանձնառու ըլլան իրենց հարստութեան մեծ մասը յատկացնելու մարդասիրական նպատակներու: Այս արշաւին նախաձեռնած են Ուորըն Պաֆեթ եւ Պիլ Կէյց:

Լի Քա-Շինկ

Ասիոյ ամէնէն հարուստ անձերէն Լի Քա-Շինկ Հոնք Քոնկի գործարարներէն, ներդրողներէն եւ մարդասէրներէն մէկն է: Անոր հաստատած հիմնադրամը կ՛օժանդակէ կրթական, առողջապահական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութիւններու: Լի կը նկատուի Ասիոյ ամէնէն առատաձեռն մարդասէրներէն մէկը:Անոր նուիրատուութիւններուն գումարը կը հասնի 1,2 միլիառ տոլարի:

Փօլ Ալըն

Մայքրոսոֆթի համահիմնադիր (Պիլ Կէյցի հետ) Փոլ Ալըն այժմ նախագահն է սեփական ներդրումային Վուլքան ընկերութեան:Անոր հաստատած ընտանեկան հիմնադրամը միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուցած է համաշխարհային առողջապահական հարցերու: Ցարդ ան 2 միլիառ տոլար նուիրած է բարեսիրական ծառայութիւններու:

Ճորճ Քայզըր

ՊՈՔ ելեւմտական ընկերակցութեան նախագահին հաստատած ընտանեկան հիմնադրամը նուիրատուութիւններ կը կատարէ կրթական, կրօնական, ընկերային ծառայութեանց կեդրոններու: 2010 թուականին ան եւս միացած է «Նուիրելու խոստում» շարժումին: Ցարդ ան նուիրած է 3,3 միլիառ տոլար:

Միքայել Պլումպերկ

Պլումպերկ լրատուամիջոցի հիմնադիր եւ այժմու նախագահ, Նիւ Եորքի նախկին կառավարիչն էր:Անոր հիմնադրամը յատկացումներ կատարած է հեղինակաւոր համալսարաններու, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան, դպրոցներու, հանրային բժշկական կեդրոններու: Ան ցարդ նուիրած է 3 միլիառ տոլար:

Էլի Պրոտ

Զանազան ճարտարարուեստներու մէջ 500 յաջող ընկերութիւններ կառուցած միակ գործարարը Էլի Պրոտ երկու հիմնադրամներ հաստատած է.Էլի եւ Էտի Պրոտ հիմնադրամ եւ Պրոտ Արուեստի հիմնադրամ: Անոնց նուիրատուութիւններու գումարը կը հասնի 3,3 միլիառ տոլարի:

Քարլոս Սլիմ Հելու

Քարլոս ինքնաշխատութեամբ աշխարհի ամէնէն հարուստ միլիառատէրներէն է: Ան աշխարհի ամէնէն հարուստ երեք անձերէն մէկն է: Զանազան հիմնադրամներու միջոցով Քարլոս Սլիմ Հելու 4 միլիառ տոլար նուիրած է բարեսիրական նպատակներու:

Կորտըն Մուր

Ինթելի համահիմնադիր Կորտըն Մուր 2006 թուականին հանգստեան կոչուած է վարչական գործերէ եւ այս օրերուն իր կնոջ հետ կը զբաղի մարդասիրական աշխատանքով: Միասնաբար անոնք կը ղեկավարեն Կորտըն եւ Պեթի Մուր հիմնադրամը, որ արդէն իսկ 5 միլիառ տոլար նուիրած է բնապահպանութեան, առողջապահութեան եւ գիտութեան ասպարէզներուն:

Սուլէյման Պըն Ապտել Ազիզ Ռաժհի

Սուլէյման իր երեք եղբայրներուն հետ 1957 թուականին հիմնած է Ալ Ռաժհի դրամատունը , որ այժմ իսլամական աշխարհի ամէնէն խոշոր դրամանատուներէն է: Ռաժհի ընտանիքը Սէուտական Արաբիոյ ոչ արքայական ամէնէն հարուստ ընտանիքներէն է: 2011 թուականին Սուլէյման պըն Ապտել Ազիզ Ռաժհի յայտարարեց, որ իր 7,7 միլիառ տոլար գնահատուող հարստութեան մեծամասնութիւնը որոշած է նուիրել բարեգործական նպատակներու: Ցարդ Սուլէյման նուիրած է 6 միլիառ տոլար:

Մարք Զուքերպերկ

Աշխարհի ամէնէն երիտասարդ միլիառատէրներէն մէկը, որ իր սեփական աշխատանքով հասած է ատոր: Ֆէյսպուքի հիմնադիր Զուքերպերկ եւս ստորագրած է «Նուիրելու խոստում»-ը: Ան խոստացած է ամբողջ կեանքին ընթացքին հարստութեան առնուազն կէսը բաժնեկցիլ: Ան արդէն իսկ մարդասիրական նպատակներու համար նուիրած է 1,6 միլիառ տոլար: Մարք Զուքերպերկ եւ իր կինը անցեալ տարի 25 միլիոն տոլար յատկացուցին Էպոլայի դէմ պայքարին համար:

Շարլ Ֆրանսիս Ֆիննի

«Մարդասիրութեան Ճէյմս պոնտը» անուանուած Ֆրանսիս Ֆիննի համահիմնադիրներէն է «Տուրքէ զերծ գնումներ խմբաւորման»: Որոշելով իր ամբողջ հարստութիւնը յատկացնել մարդասիրական նպատակներու, Ֆիննի ցարդ նուիրած է 6,7 միլիառ տոլար: Ֆրանսիս Ֆիննի հիմնադրամը կ՛աջակցի կրթական, գիտական, բժշկական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ասպարէզներուն, աշխարհի զանազան երկիրներու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու, Վիեթնամի եւ Պերմուտայի մէջ:

Ազիմ Փրեմժի

Մարդասէր, առետրական հնդկաստանի գործարար Ազիմ Փրեմժի նախագահն է Վիփրօ խորհրդատուական ընկերութեան: Ան առաջին հնդիկն է, որ ստորագրած է  «Նուիրելու խոստում»-ը. «Ես հաստատ կը հաւատամ, որ մեզմէ անոնք, որոնք առանձնաշնորհուած են հարստութիւն ունենալու, պէտք է նշանակալից աջակցութիւն ցուցաբերեն փորձելով ստեղծել աւելի լաւ աշխարհ մը բոլոր անոնց համար, որոնք նուազ առանձնաշնորհեալ են», ըսած է ան առիթով մը: Ցարդ ան նուիրած է 8 միլիառ տոլար:

Ճորճ Սորոս

Հունգարացի գործարար, հեղինակ եւ մարդասէր Ճորճ Սորոս  նախագահն է Սորոս  հիմնադրամին: Զայն կ՛անուանեն` «Մարդը, որ սնանկացուց Անգլիոյ դրամատունը», որովհետեւ ան վաճառեց 10 միլիառ արժողութեամբ բրիտանական սթերլինկ, ապահովելով 1 միլիառ տոլարի շահ մը: Ատիկա տեղի ունեցաւ 1992 թուականներուն` Սեւ Չորեքշաբթի Բրիտանիոյ արժոյթի տագնապին ընթացքին: Ան 8 միլիառ տոլար նուիրած է համայնքային բարգաւաճման, ընկերային ծառայութիւններու, առողջապահութեան եւ կրթական ասպարէզներուն:

Ուորըն Պաֆեթ

Պիրքշայր Հաթաուայի նախագահը աշխարհի ամէնէն հարուստ առատաձեռն անձնաւորութիւններէն է: Ցարդ ան նուիրած է 21,5 միլիառ տոլար: 2006 թուականին Պաֆեթ խոստացաւ  իր հարստութեան 85 առ հարիւրը նուիրել Պիլ եւ Մելինտա Կէյթս հիմնադրամին եւ այլ հիմնադրամներու, որոնք հաստատած են ընտանիքի անդամները:

Պիլ Կէյթս

Ամբողջ կեանքին ընթացքին Պիլ Կէյթս 27 միլիառ տոլար արժողութեամբ նուիրատուութիւններ ըրած է: Ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ ղեկավարելով մարդասիրական ծրագիրներ Պիլ եւ Մելինտա Կէյթսի հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: Կէյթս զոյգը հիմնադիրն է Մայքրոսոֆթի, որ համակարգչային ծրագրաւորումի աշխարհի ամէնէն խոշոր ընկերութիւնն է:

Օգտագործուած աղբիւր` «Աֆրիզափ»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles