Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Անդրադարձ. ՄԱԿ-ը Թատերաբեմ` Իր Իսկ Ուխտին Կրկնուող Ոտնակոխման. «Պատմութիւնը Մեզի Կը Սորվեցնէ, Որ Ամերիկան Կը Ստէ Պատերազմներ Արդարացնելու Համար» (1)

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնը գտնուող` ցամաքապատ, մէկ միլիոն 98 հազար 581 քառ. քմ տարածութեամբ եւ շուրջ 11 միլիոն 411 հազար բնակչութեամբ Պոլիվիան կը շրջապատեն արեւմուտքէն` Փերուն եւ Չիլին, որոնք կը բաժնեն զայն Խաղաղական ովկիանոսէն, հիւսիսէն եւ արեւելքէն` Պրազիլը, իսկ հարաւէն` Արժանթինը եւ Փարակուէյը:

2005-ին, այժմու նախագահ Էւօ Մորալես, երկրին մէջ ցարդ քուէարկութեան աննախընթաց բարձր արդիւնքով` 53,7 տոկոս, ընտրուեցաւ նախագահ, 22 յունուար 2006-ին ստանձնելով պաշտօնը: Ան կը ղեկավարէ Դէպի ընկերվարութիւն շարժում, ձախակողմեան կուսակցութիւնը, եւ երկրին առաջին բնիկ ծագումով նախագահն է, որ կը պատկանի երկիրը կազմող եօթը ցեղային խմբաւորումներէն թիւով երկրորդը կազմող, շուրջ 12 տոկոս` բնիկ այմարա ցեղախումբին (2), (3):

Այժմ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կազմող 15 պետութիւններէն ոչ մնայուն անդամներէն է Պոլիվիան, եւ անոր «հերոս» ներկայացուցիչն է Սաշա Լլորենթին:

Սաշա Լորենթի Ապահովութեան խորհուրդին ցոյց կու տայ «ՄԱԿ-ի Ուխտ» գրքոյկը

5 ապրիլ 2017-ին ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ գումարեց քննելու համար 4 ապրիլ 2017-ին Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին հարաւը գտնուող Խան Շէյխունի մէջ քիմիական զէնքի գործածութեան հարցը: ՄԱԿ-ի պաշտօնական զեկուցումը այն էր, որ քիմիական զէնք գործածուած է, «սակայն յստակ չէ, թէ ի՛նչ միջոցով». այսինքն յստակ չէ թէ օդայի՞ն ռմբակոծումի հետեւանք էր, թէ՞ այլ (4): Հետաքննութիւնը տակաւին չսկսած, 7 Ապրիլ 2017-ին, ժամը 3:40-ին, իբրեւ «պատժիչ» գործողութիւն, ամերիկեան մարտանաւէ մը «Թոմահոք» տիպի, 112 միլիոն տոլար արժողութեամբ, 59 հրթիռներ արձակուեցան Հոմսէն արեւելք գտնուող եւ կեդրոնական Սուրիոյ մէջ կարեւորագոյն զինուորական օդակայանը եղող Շհէյրաթ օդակայանին ուղղութեամբ, ուրկէ կը կարծուի, թէ թռիչք կատարած են Խան Շէյխունի մէջ ենթադրեալ քիմիական ռումբով յարձակումը կատարած օդանաւերը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ սուրիական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ հրթիռներէն միայն 23-ը հասած են նշեալ թիրախին, մնացեալ 36 հրթիռները ինկած են խաղաղ բնակչութեան վրայ, պատճառելով 9 զոհեր, որոնցմէ չորսը` մանուկներ… նոյն ժողովուրդին պատկանող մանուկներ: Հեգնօրէն, անոնց «պաշտպանելու» համար, Ամերիկայի նախագահը հրահանգած էր այս յարձակումը:

Ամա՜ա ԶՈԶ չկայ եղեր…                                                   Ուրեմն երբ ԶՈԶ կայ ըսի, ըսել ուզեցի քարիւղ կայ

Պոլիվիոյ կառավարութեան հրաւէրով, նոյն օրը, 7 ապրիլին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նիստ մը գումարեց, ուր Պոլիվիոյ ներկայացուցիչ Սաշա Լորենթին առաջարկեց դռնփակ նիստով քննարկել Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակումը, սակայն նիստը նախագահող Ամերիկայի ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլին` անփորձ «դիւանագէտը», առանց գիտնալու գլխուն գալիքը, յոխորտալով մերժեց առաջարկը` ըսելով. «Որեւէ երկիր, որ կը պաշտպանէ Սուրիոյ վարչակարգին ոճիրները, պէտք է զայն կատարէ բացայայտօրէն, ամբողջ աշխարհը թող լսէ»: Յայտնենք, որ Պոլիվիան Միացեալ Նահանգներուն կամակատար, արբանեակ պետութիւններէն չէ:

Սաշա Լորենթին ուժեղ ուղերձ մը արտասանեց` ցոյց տալով ՄԱԿ-ի ուխտին գրքոյկը, յիշեցնելով աշխարհին, միջազգային օրէնքին կարեւորութիւնը, եւ օրէնքի բռնաբարումին հետեւանքները` վերաքաղ կատարելով ՄԱԿ-ի առաքելութեան մասին: Ան քննադատեց Ամերիկայի միակողմանի յարձակումը Սուրիոյ դէմ` որակելով զայն` «ծայրայեղօրէն լուրջ բռնաբարում միջազգային օրէնքին »:

Շարունակելով ուղերձը` ան ցոյց տուաւ 5 փետրուար 2003-ին Ամերիկայի օրուան արտաքին գործոց նախարար Քոլին Փաուըլին` Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ունեցած վատահամբաւ ելոյթին լուսանկարը, երբ խարդախուած «փաստով», Իրաքի ենթադրեալ «զանգուածային ոչնչացման քիմիական զէնքի պահեստէն» սրուակի մը մէջ, «անթրաքսի» կեղծ նմուշ մը ցոյց տուաւ Ապահովութեան Խորհուրդին, համոզելու եւ արդարացնելու համար Ամերիկայի պատերազմը Իրաքի դէմ:

Սաշա Լորենթի Ապահովութեան խորհուրդին ցոյց կու տայ այս նոյն սրահին մէջ 2003-ին Քոլին Փաուըլի սուտ վկայութիւն կատարող նկարը` ձեռքին բռնած իրաքեան քիմիական զէնքի նմուշի մը սրուակը..

Լորենթի բաղդատական կատարելով եւ համեմատելով զայն այսօրուան, առանց գրգռութեան, Սուրիոյ վրայ յարձակելու արարքին հետ, ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները հարուստ պատմութիւն ունին միջամտութիւն կատարելու ուրիշ երկիրներու մէջ, ներառեալ` Լատին Ամերիկա», աւելցնելով` «Միացեալ Նահանգները կը հաւատան, որ իրենք քննիչներ են, փաստաբաններ են, դատաւորներ են եւ դահիճներ, այս չէ՛ միջազգային օրէնքը: Կը հաւատամ, որ անհրաժեշտ է յիշել պատմութեան դասերը, երբ 2003-ին Ամերիկան հաստատեց, որ բոլոր փաստերը ունէին, որ Իրաքը ունէր ԶՈԶ` զանգուածային ոչնչացման զէնքեր, որոնք սակայն չգտնուեցան… բնա՛ւ չգտնուեցան» (5):

Իրաքի վրայ ամերիկեան յարձակումին պատճառով, շուրջ մէկ միլիոն խաղաղ ժողովուրդ ոչնչացուեցաւ, միլիոններ գաղթական դարձան, Իրաքը քարուքանդ եղաւ, ահաբեկչական հրէշային ՏԱՀԵՇ շարժումը ստեղծուեցաւ եւ Ամերիկայի կողմէ ստեղծուած այս քաոսը այժմ կը շարունակուի տակաւին: Ամերիկան եւ անոր արբանեակ երկիրները, որոնք գործադրեցին այս ոճիրը, կը մնան անպատիժ ու ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ` կրկնելով այսպիսի ոճիրներ: Ամերիկայի ապօրինի յարձակումին դատապարտումը յիմար տրամաբանութեամբ մը կ՛որակուի «Սուրիոյ վարչակարգի պաշտպանութիւն»…

Հետագային Քոլին Փաուըլ, քանիցս զղջալով, խոստովանած է այդ մեծ սխալը` յայտնելով, որ 2003 թուականի իր ելոյթը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ` «Իմ կեանքիս ամէնէն ստորին արարքն էր»: «Եթէ գիտնայինք, որ հետախուզական տեղեկութիւնները սխալ էին, Իրաքի վրայ չէինք յարձակիր: Բայց (Ամերիկայի) հետախուզական բոլոր 16 ծառայութիւնները վստահեցուցին, որ տեղեկութիւնները ճշգրիտ էին», ըսաւ ան հեռատեսիլի «Էն.Պի.Սի.» կայանի 6 սեպտեմբեր 2016-ի «Մամուլի հետ հանդիպում» յայտագիրին (6): 16 ստախօս հետախուզական ծառայութիւններ…

Թոնի Պլերի բացայայտուած 31 նամակներէն մէկը Ճորճ Պուշին

Կ՛արժէ նշել նաեւ Անգլիոյ օրուան վարչապետ Թոնի Պլերի 18 Մարտ 2003-ի նա՛եւ տխրահռչակ ելոյթը խորհրդարանին մէջ` համոզելու եւ արդարացնելու համար Անգլիոյ մասնակցութիւնը Իրաքի վրայ պատերազմին: Ան իր խօսքը արտասանեց 14 էջերէ բաղկացած «տեղեկագիր»-ով, որ օրին, կը յիշեմ, «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին էր, եւ  ըսուեցաւ որ այդ տեղեկագիրը հիմնուած էր համացանցի վրայ գտնուող «Իրաքի զանգուածային ոչնչացման զէնքերու» մասին համալսարանականի մը անաւարտ թեզին վրայ, որ նոյնիսկ կը պարունակէր ուղղագրական սխալներ… Այժմ ա՛յս մասին որեւէ վերագրում չգտայ: Սակայն նշում կայ, որ տեղեկագիրը նուազագոյնը երեք անգամ վերախմբագրուած է Պլերի օգնականներուն կողմէ, որպէսզի «համոզիչ» դառնայ (7): Հետագային այս տեղեկագիրը կոչուեցաւ «Հնարք տեղեկագիր» (dodgy dossier):

Իրաքի մէջ անգլիացի զինուորներու մեծաթիւ մահերէն ետք, ժողովրդային ճնշումին շնորհիւ յուլիս 2009-ին կառավարութիւնը կազմեց «Իրաքի քննութիւն» յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ Սըր Ճոն Չիլքոթի, որ հետաքննութիւն պիտի կատարէր Իրաքի պատերազմին Անգլիոյ մասնակցութեան հարցին մասին: Այս յանձնախումբը նաեւ ճանչցուեցաւ իբրեւ «Չիլքոթ յանձնաժողով»:

«Չիլքոթ յանձնաժողով»-ը հրապարակային քննարկումներէ ետք, 6 յուլիս 2016-ին հրապարակեց իր եզրակացութիւնները, որոնց մէջ բացայայտեց նաեւ Թոնի Պլերին 31 ձեռագիր նամակները` ղրկուած Ամերիկայի օրուան նախագահ Ճորճ Պուշ Կրտսերին: Նամակներէն մէկը կը փաստէ, որ վերոնշեալ խորհրդարանին առջեւ իր ունեցած ելոյթէն 8 ամիս առաջ արդէն, Պլեր գաղտնօրէն կը գործակցէր Պուշի հետ` իրականացնելու համար Իրաքի վրայ պատերազմը… Պլեր խոստացած էր Պուշին, որ Անգլիան ամէն գնով նեցուկ պիտի կանգնի անոր «ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները»: «Ընկերվարական Աշխատաւոր» թերթին վերնագիրն էր « Ինչպէ՞ս սուտերը արդարացուցին Իրաքի դէմ պատերազմը» (8) (9) (10): Տը Թելեկրաֆ թերթին 6 յուլիս 2016-ի վերնագիրն էր «Թոնի Պլեր կը կրէ «ամբողջական պատասխանատուութիւնը» Իրաքի պատերազմին, մինչ (Աշխատաւորական կուսակցութիւնը գլխաւորող) Ճերեմի Քորպին «անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրէ» Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ»… (11):

Փաստուած ստախօսներ` ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ Ամերիկան եւ Անգլիան կրկին առանց հետաքննութիւն կատարելու, անամօթաբար 13 ապրիլ 2017-ին փորձեցին ՄԱԿ-ի մէջ դատապարտել Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ ենթադրեալ քիմիական զէնքի գործածութիւնը` բախելով Ռուսիոյ վեթոյին եւ միայն Պոլիվիոյ «Ոչ»-ին: Ամերիկայի, Անգլիոյ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ կատարուած մարդկութեան դէմ ոճրային յանցագործութիւններու անպատիժ նախընթացները զանոնք դարձուցած են արիւնարբու հրէշները` անկաշկանդ կերպով կրկնելով մարդկութեան դէմ ոճիրներ:

Պուշ եւ Պլեր` փաստուած պատերազմի ոճրագործներ, նաեւ նմանատիպ արիւնարբու կերպարներ տակաւին պիտի յայտնուի՞ն քանդելու համար նոր երկիրներ ու ոչնչացնելու միլիոնաւոր մարդիկ:

ՄԱԿ-ը անհրաժեշտ կարիքը ունի հերոս Սաշա Լորենթիներու եւ պոլիվիաներու որպէսզի ՄԱԿ-ը վերադարձնեն իր իսկական առաքելութեան:

13 ապրիլ 2017

 

(1) ( http://www.telesurtv.net/english/news/Bolivia-UN-Envoy-on-Syria-Attack-History-Teaches-Us-US-Lies-to-Justify-Wars-20170407-0009.html )

(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Bolivia#Democratic_transition )

(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Evo_Morales )

(4) ( http://www.un.org/apps/news/story.asp?NewsID=56504#.WO3wz7glHs0 )

(5) ( https://www.youtube.com/watch?v=dJdu0OZ9hr8&feature=youtu.be )

(6) ( http://www.nbcnews.com/meet-the-press/colin-powell-invasion-iraq-badly-flawed-n422566 )

(7) ( https://socialistworker.co.uk/art/43062/How+lies+created+the+case+for+the+Iraq+war

(8) ( http://www.telegraph.co.uk/news/2016/07/06/chilcot-inquiry-tony-blair-george-bush-letters/ )

(9) ( https://socialistworker.co.uk/art/43062/How+lies+created+the+case+for+the+Iraq+war

(10) ( http://www.telegraph.co.uk/news/2016/07/06/chilcot-inquiry-tony-blair-george-bush-letters/ )

(11) ( http://www.telegraph.co.uk/news/2016/07/06/chilcot-report-2003-iraq-war-was-unnecessary-and-invasion-was-no/ )

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>