Պատրաստեց՝ ՄՄՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ծաղկամատոյց Եւ Արեան Տուչութիւն
24 ապրիլի առաւօտեան հալէպահայութիւնը խիտ շարքերով, շքերթով Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տունէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ծաղկեմատոյցին: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարումներով սկսած շքերթին կը մասնակցէին հալէպահայ ազգային մարմիններն ու միութիւններու ներկայացուցիչները, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ,ՍՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքներու անդամներ եւ հարիւրաւոր երիտասարդներ:
Ծաղկեմատոյցէն ետք սկսաւ սուրիական պատերազմի վիրաւորներուն ու բանակի զինուորներուն արեան տուչութեան արշաւը` առ ի երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին ապաստան տուած եւ օգնութեան ձեռք մեկնած Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին:
Ս. Պատարագ Եւ «Կարգ Բարեխօսական Սրբոց Նահատակացն»
Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ «Կարգ բարեխօսական Սրբոց նահատակացն»: Այս առիթով իր պատգամը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Հալէպահայութիւնը ՄԱԿ-ի Դամասկոսի Յանձնակատարին Իր Յղած Նամակով Կոչ Ուղղեց` Դատապարտելու Թուրքիան
Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ-ի), կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան հալէպահայութիւնը հաւաքուեցաւ ՀՄԸՄ-ի դաշտին մէջ եւ իր հաւաքական բողոքը արտայայտեց ընդդէմ Թուրքիոյ բարբարոսութեան:
Բողոքի ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին հայ երեք համայնքապետները, իսլամ կրօնաւորներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ եւ հարիւրաւոր երիտասարդներ:
Հալէպահայութիւնը ՄԱԿ-ի Դամասկոսի յանձնակատարին իր ուղղած նամակով կոչ ուղղեց դատապարտելու Թուրքիան եւ պահանջելու որ ան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու արդար հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:
Նամակի աւարտին, ՄԱԿ-ի յանձնակատարին ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ անպատիժ մնացած դահիճը կրկին բաբարոսութիւններ կը գործէ այս անգամ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի մէջ, այնուհետեւ կոչ ուղղուեցաւ` կասեցնելու եւ սանձելու թուրք դահիճին նորօսմանեան նկրտումները:
Պոլիս
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչում Պոլսոյ Մէջ
Ապրիլ 24-ին առաւօտեան Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ: Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան, ձեռնարկը կազմակերպած է Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու միութիւնը:
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, արարողութեան մասնակցած են Եւրոպայէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէ եկած հայեր: Մասնակիցները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է. «Ճանչցի՛ր Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրէ՛, փոխհատուցէ՛»:
Այդ ընթացքին խումբ մը թուրք ուսանողներ վանկարկած են «Մենք Մուստաֆա Քեմալի եւ Էնվեր փաշայի զինուորներն ենք»: Ոստիկանութիւնը արագօրէն զանոնք հեռացուցած է տարածքէն` խուսափելով լարուածութենէն:
Ձեռնարկին մասնակից Եւրոպայի հակացեղապաշտական շարժման նախագահ Պենճամին Ապթան լրագրողներուն ըսած է. «Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ շարունակուող պայքարը միայն այստեղ չէ, այդ պայքարը կը շարունակուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Մենք` իբրեւ Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած հայեր եւ օտարներ, այդ պայքարին համար հո՛ս ենք»:
Նոյն կազմակերպութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչ Մերալ Չըլգըն քննադատած է այն, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներ Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաներու անուններով հրապարակներ, դպրոցներ, փողոցներ եւ պողոտաներ անուանակոչուած են:
Իսկ, ինչպէս «Սի.Էն.Էն.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը յատնէ, Պոլսոյ Էլմատաղ շրջանին մէջ կայացած յիշատակի արարողութեան ընթացքին հաւաքի մասնակիցները պարզած են 235 մտաւորականներու լուսանկարներով ու անուններով պաստառներ, ինչպէս նաեւ` 2007-ին սպաննուած Հրանդ Տինքի նկարով պաստառը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներու ջանքերով Էլմատաղի մէջ հայ մտաւորականներու պատուին երկու յուշաքար բացուած է:
Աղբիւրը, խօսելով ձեռնարկին մասին, յատուկ կերպով անդրադարձած է Կոմիտաս վարդապետին եւ շեշտած, որ աքսորէն 15 օր առաջ Թալէաթ փաշան յոտնկայս ծափահարած է Կոմիտասին` Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին ընթացքին:
Աւելի ուշ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ յիշատակի արարողութիւն 24 ապրիլ 2011-ին թրքական բանակին մէջ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի գերեզմանատան մօտ: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան:
Արժանթին
Արժանթինի Փոխնախագահը Մասնակցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ձեռնարկին
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Փրենզա Արմենիա»-ն, կը հաղորդէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին օրը Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած է բազմամարդ բողոքի ցոյց մը Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: «Աւելի քան 100 տարի անց թրքական պետութիւնը կը շարունակէ մնալ անպատիժ` պետական քաղաքականութիւն կիրարկելով ժխտողականութեան ծրագիրը: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` Արժանթինը աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներուն համար պայքարի յառաջամարտիկներէն է», ըսուած է հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու յայտարարութեան մէջ: «Մեր ուղերձը այս դեսպանութեան դէմ է, որ ցեղասպան ու ժխտող պետութիւն մը կը ներկայացնէ, որ չէ փոխուած եւ կը շարունակէ սրել իր դիրքորոշումը իբրեւ անհանդուրժող պետութիւն»,¬ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած քայլերթի ըսած է Հարաւային Ամերիկայի հայկական երիտասարդական միութեան նախագահ Կարօ Սեֆերեանը: Նախքան երթը Ս. պատարագ մատուցուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցած է Արժանթինի փոխնախագահ Կապրիելա Միճեթթին: «Այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելը մեզ կ՛օգնէ թոյլ չտալ նման կոտորածներու կրկնութիւնը: Երբ կը խօսինք ցեղասպանութեան մասին, մենք գործ ունինք մարդկութեան դէմ յարձակման հետ», նշած է Միճեթթին, որ այնուհետեւ ընթերցած է Ուիլիըմ Սարոյեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը: Ան յիշեցուցած է, որ Արժանթինը 2007-ին օրէնքի ուժով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արժանթինի Քորտովայի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին եւս ներկայ եղած են պատգամաւորներ, որոնք յոյս յայտնած են, որ հայ ժողովուրդը գտնէ արդարութեամբ հաստատուած խաղաղութիւնը:
Քանատա
Քանատահայութիւնը Պահանջատիրութեան Իր Ձայնը Բարձրացուց Օթթաուայի Մէջ
Ապրիլ 24-ին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Աթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա հասան աւելի քան 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական եւ ռուանտական պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա հասած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան: Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, կը հաղորդէ «Հորիզոն»:
Օթթաուայի ոստիկանութիւնը այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ քանատահայերը կը կատարեն Մեծ եղեռնի ոգեկոչման տարեկան աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:
Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պելեան: Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Արուշեան, որ դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:
Խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրութեան ու անպատժելիութեան: Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին` հաստատելով, որ Տինքի ահաբեկումը Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է:
Խօսք առաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Անտրու Լեսլի: Ան ընթերեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քանատայի պետական քաղաքականութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի, Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնիս, Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Իսրայէլի եւ Հրէական հարցերու կեդրոնի տնօրէն Ռիշար Մարսօ, Հելլէնական-քանատական քոնկրեսի նախագահ Թէոտոր Հալատծիս, Ռուանտացիներու HUMURA կազմակերպութեան փոխնախագահ Ժան լոտ Նկապոնզիզա եւ Քանատայի Ասորի երիտասարդութեան կողմէ Ռոզմարի Եաչուհ, որոնք հաստատեցին յոյն, հրեայ, ռուանտացի եւ ասորի ժողովուրդներու զօրակցութիւնը հայութեան դատին` շեշտելով, որ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կ՛առաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:
Խորհրդարանի դիմաց կայացած հաւաքի աւարտէն ետք աւելի քան 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 150-200 թուրք ցուցարարները հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը: Միաժամանակ, սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան խանդավառեց հայ ցուցարարները:
Միացեալ Նահանգներ
Տասնեակ Հազարաւոր Հայեր Եւ Զօրակիցներ Մասնակցեցան Արդարութեան Քայլարշաւին
Երկուշաբթի, ապրիլ 24-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ, տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ համակիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ողջակիզման թանգարանին կից գտնուող «Փեն Փըսիֆիք» հանրային պարտէզէն սկսած եւ մինչեւ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարան երկարած Արդարութեան քայլարշաւին, որ կազմակերպուած էր հայկական եկեղեցիներու, քաղաքական կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց ջանքերը մէկտեղած Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբին կողմէ:
Մասնակիցներուն մէջ կային նաեւ ասորական, քրտական, հրէական, յունական, եզիտիներու, պաղեստինեան, իրլանտական եւ մարդկային իրաւանց աւելի քան 30 կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Արշաւէն առաջ ելոյթներ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան եւ Տէյվիտ Ռիու: Կարսեթի իր ելոյթին մէջ դատապարտեց Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը` շեշտելով, որ նման քայլարշաւներու եւ ցոյցերու պարզ նպատակը սուտերը ճշմարտութեամբ փոխարինելն է: Ան աւելցուց, որ անարդարութեան դէմ կանգնելու արշաւը պէտք է լսուի Հոլիվուտի լեռներէն մինչեւ Արարատ, միաժամանակ կոչ ուղղելով, որ Միացեալ Նահանգները այսօր Սուրիայէն եւս գաղթականներ ընդունի, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք գաղթականներ դարձած հայերը ընդունած էր հարիւրամեակ մը առաջ:
Իսկ հիւպատոսարանին առջեւ հաւաքուած ժողովուրդին իրենց խօսքը ուղղեցին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգապետի տեղակալ Կեւըն Նիուսըմ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեց եւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի ատենապետ Սթիւ Զիմըր:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Շիֆ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ նշեց, թէ անցեալի արհաւիրքները այսօր եւս կը սպառնան Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներուն, որոնք Սուրիա եւ Իրաք ապաստանած են կամ կ՛ապրին Արցախի մէջ, զուգահեռներ գծելով Օսմանեան կայսրութեան, ազրպէյճանական եւ «Իսլամական պետութեան» ոճիրներուն միջեւ:
Իր կարգին, Զիմըր շեշտեց նահանգի վարժարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ազդու կերպով դէմ դնել Թուրքիոյ մէջ դասաւանդուող ուրացման:
Հիւպատոսարանին առջեւ կայացած ձեռնարկը սկսաւ չորս յարանուանութիւններուն պատկանող կրօնականներու միացեալ աղօթքով, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները մեկնաբանեց Մարիա Քոզեթ:
Հանդիսավարներն էին Հրաչ Աւետիսեան եւ Լարա Արմանի, իսկ ընթացքին ելոյթներ ունեցան Սիլվա Խաչիկեան, Ռաֆֆի Համբարեան, Արմիկ Խոտանեան եւ Րաֆֆի Օրֆալի:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «R-Mean», Ժոզէֆ Գրիգորեան, Արմենչիկ, Մարիա Քոզեթ եւ Յարութ Փամպուքճեան:
Պոսթընի Մէջ Հյդ Երիտասարդներու Ցոյց Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ
Պոսթընի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան «Նժդեհ» մասնաճիւղի եւ «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամները ցոյց կազմակերպեցին Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ` «Թուրքիան մեղաւոր է», «Արդարութիւն կը պահանջենք», «Թուրքիան` ստախօս», «Ես ողջ եմ Թուրքիան ձախողեցաւ», «Չկայ արդարութիւն, չկայ խաղաղութիւն» գրութիւններով: