Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գրողի Անկիւն. Ապրիլեան Խոհեր

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ առանձնացած եմ սենեակս: Այն չորս պատերով տարածութիւնը, որ դրացի չունի, քաղաքէն ալ անջատուած է, եւ որ նոյնիսկ Ամերիկան դուրս ձգած է: Ու կը սիրեմ այս սենեակս, որովհետեւ կը սիրեմ առանձնութիւնս: Կը սիրեմ առանձնութիւնս, որովհետեւ ինքն է, որ մտածումներս ինծի կ՛առաջնորդէ, որոնք միակ մտերիմներս են: Անոնցմով է, որ կ՛ապրին յուշերս, որոնք տակաւին պահած են իրենց գեղեցկութիւնն ու հրապոյրը: Անոնց վրայ մօր մը նման կը գուրգուրամ:

Նստած եմ, չեմ գիտեր` որքան ժամանակէ ի վեր ու կը թղթատեմ շուրջ ինը տասնամեակներ առաջ հրատարակուած հատոր մը, որ զիս կը նետէ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ մեր պապենական երկրին մէջ տեղի ունեցած պատահարներուն գիրկը:

Որովհետեւ դարձեալ ապրիլ է: Կը յիշենք:

Այդ օրերուն ժամանակները չար էին, եւ նոյնիսկ երկնքի արեւը փոխուած էր: Այդ օրերուն հայ կեանքը նստած էր տրտմութեան չորցած աղբիւրին քով: Հոն, մեր հողերուն վրայ, ջարդի, մահուան եւ տարագրութեան ալիքը սկսած էր պտտիլ ու զարնուիլ իւրաքանչիւր հայ օճախի: Որովհետեւ ապրիլը իրեն հետ բերած էր կծու համը մահուան ու տառապանքին: Ջնջուած էր հայու ծիծաղը, ու մեր գաւառներուն մէջ երջանկութեան բոլոր կոճղերը արմատախիլ եղած էին: Հայ մշակին ու գիւղացիին, հայ մտաւորականին ու բանուորին երազը սպաննուած էր: Հոգեկան խաւար սուգը պատած էր մեր երկիրը: Հայ մամիկներու աչքերէն արցունքը վազած էր հեթանոս ահաւորութեամբ, եւ գերեզմանական տխրութիւնը թակած էր իւրաքանչիւր տան դուռը: Ազգովին բարբարոս գոհունակութեան մը զոհը եղած էինք: Ճակատագրային դժբախտութիւն:

Ամայացած էր նաեւ հայ գրական մեր փողոցը: Մտաւորական եռուզեռը դադրած էր: Պապանձա՛ծ: Հայ կեանքը խառնակ էր ու շփոթ: Տխուր ու վշտալի: Աւելի՛ն. աւելորդ է:

Սակայն այս բոլորէն ետք, յանկարծ Փարիզի մէջ, սեպտեմբեր 1929-ին ծնունդ կ՛առնէր

«Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» անունով այդ օրերու հայ մտաւորականներու հոյլ մը, որ վառ երեւակայութեամբ, նուրբ խորհուրդներով ու մանաւանդ մեծ զոհաբերութեամբ ծնունդ կու տար իւրայատուկ, սակայն, գեղեցիկ իրականութեան մը:

Այս նորաստեղծ միութեան` ՆԳԲ-ի առաջին գործը եղաւ հաւաքել, ամփոփել, հրատարակել նահատակ կամ մահացած հայ գրիչի աշխատասիրութիւններուն ցրուած էջերը: Աշխատանք մը, որ ինքնին բարենիշ մը ըլլալով հանդերձ, կրնար նաեւ  ինքզինք լաւապէս պարզաբանել: Անոնք իրենց այս արարքով վերարժեւորեցին մեր ինքնութիւնը: Հայ մտքին ժամադրավայրը ստեղծեցին եւ հայ հոգիին տուին տաքուկ նոր արեւ մը: Մեր մշակոյթին դուռը բաց պահեցին: Հակառակ ծանր պայմաններու, այսքան զոհերէ ետք, անոնք իրենց մտածման ճարտար եղանակով հայ գիրքին ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձուցին: Մտայղացում:

Երեւակայեցէ՛ք, բազմաթիւ արեւմտահայ գրողներ զոհուած ու նահատակուած էին Մեծ եղեռնին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ ալ, առանց կտակելու իրենց ստեղծագործութիւնները առանձին հատորներով: Այսպէս, սկսելով Ռուբէն Զարդարեանէն, անոնք հասած էին` Հրանդին, Գեղամ Բարսեղեանին, Գեղամ Կարապետեանին, Արտաշէս Յարութիւնեանին, Երուխանին, Տիգրան Չէօկիւրեանին եւ Ռուբէն Սեւակին:

Այս համբուրելի եւ ողջունելի խմբագրութեան մաս կը կազմէին մեզի ծանօթ եւ նոյնիսկ անծանօթ անուններէն, գրիչներէն, գրական մշակներէն եւ ազգային գործիչներէն Սիմոն Վրացեանը, Մկրտիչ Պարսումեանը, բժշ. Լ. Գրիգորեանը, Լ. Մոզեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Կարօ Սասունին, Շաւարշ Նարդունին, Մկրտիչ Երիանցը եւ Օհան Կարոն:

Մէկ խօսքով, անուններ, որոնք ապագայի նկատմամբ ունեցած էին տեսլականը եւ այս ձեւով մոռացութենէ փրկած` հայ գրականութեան շարք մը նշխարներ: Ու յամրաբար գրական մեր ոգեւորութիւնը սկսած էր արթննալ: Իրենց այս աշխատանքով հայ գրականութեան արտավայրի տարածքին կրկին անգամ հեշտագին տաւիղը «լսելի» սկսած էր դառնալ:

Հաստատապէս բոլոր ստեղծագործութիւններն ալ հայութիւն կը ներշնչէին, որոնց մէջ նաեւ թաքնուած էր վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:

Ու իրերայաջորդ հրատարակութիւններով ոգեւորուած խնդութիւնը կը ծաղկէր: Կեանքի բաղձանքը կը ծորէր ամէն կողմէ: Իրենց մեռելներուն երազը հանգիստ պահելու համար խաղաղ ու թարմ կարօտներ իրարու ետեւէ կ՛արթննային հայ տուներէն ներս: Հայ մտքի յոգնութիւն չկար այլեւս: Ոչ ալ` կործանարար յուսահատութիւն: Անսպառ վերակենդանութիւն կը տիրէր: Հայ գիրի ու գրականութեան կեանքը կը սկսէր կրկին անգամ խլրտիլ մեր մտքերու երդիքին տակ: Կը կարծեմ, որ այն ատեն հրաշալի էր աշխարհը: Անոնք այս ձեւով գրականութիւն «կ՛երգէին» ու իրենց փորձութեան երգը հաւատարմօրէն կը բաշխէին համայն հայութեան:

Աւելի՛ն. իբրեւ հոգատար սիրտ, մեր մշակոյթի պահպանման կրակը կրկին կը բոցավառուէր: Այդ կրակը հայ գիրի ու գրականութեան սէրն էր, որուն ժպիտը կը գեղեցկացնէ հայու աչքերն ու միտքը: Անոնց այս սրբազան «արարքը» դարձաւ նաեւ նահատակ կեանքերու հոգեհանգիստ մը: Նոր յոյսերով, նոյն տենդերով ու նոր յուզումներով հայ գրական կեանքը սկսաւ կրկին հոսիլ:

ՆԳԲ-ի սրտին մէջ անկասկած կը բաբախէր մշտնջենական սէրը հայ լեզուին եւ հայ մտքին: Ասիկա, եթէ կ՛ուզէք, մեր լեզուին հրաշքն ալ էր եւ աշխարհի հակասութեան դէմ մեղանչում:

Իսկ այսօր ո՞վ պիտի շարունակէ երգել կապոյտ գեղեցկութիւնը մեր մշակոյթին: Այսօր, բոլորին նման, ես ալ այդ սէրերու կարօտն ունիմ, որպէսզի վաղն իսկ  բաշխուի ամէնուս եւ ամէնուն, որպէսզի դժբախտ ու անմխիթար չմնայ հայու հոգին:

Կրկին ապրիլ է, սակայն այս ապրիլը տարբեր է: Պէ՛տք է, որ տարբեր ըլլայ: ՆԳԲ-ի հիմնադիրները, որոնք ոչ միայն անհուն յարգանք ունեցան հեռու, անմահութեան աշխարհներու մէջ մոռցուած անուններուն, այլ նաեւ փրկեցին նահատակ գրողներու կորսուած գործերը, անոնց կորովի քրտինքին ու տառապանքի վեհութեան կողքին: Ու այս ձեւով պահեցին հպարտութիւնը մեր մշակոյթի բարութեան եւ լեզուին:

Ու հիմա անծանօթ ցաւ մըն է, որ կրեմ: Կը փորձեմ ինքզինքս պարզել: Ահա այդ «հերոսներուն» նախանձելի յանդգնութիւնը, կ՛ըսեմ: Ահա խոյանքը` կը կրկնեմ: Յանուն հայ գիրի վաղուան` փորձելու դժուարն ու անկարելին` կը բացագանչեմ:

Ու կը մտածեմ յաճախ, որ ՆԳԲ-ի նման հնարամտութիւնը մեր գալիք սերունդները լուսաւորող շող մըն ալ կրնայ ըլլալ, անկասկած:

Եւ որովհետեւ կը սիրեմ եւ կը յուսամ, ուստի երազն ու յոյսը կը մտնեն կեանքիս մէջ` զիս սփոփելու եւ երջանկացնելու համար:

bedig43@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>