Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

De Profundis (Ի Խորոց Սրտի Սփիւռքահայ Մօր Մը Պատգամը Հայ Երիտասարդութեան)

$
0
0

ՄԱՆՆԻԿ ԱՇՐԵԱՆ*

Ի տես կսկծալի 102-րդ տարելիցին` թուրքերու կողմէ գործադրուած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, հոգու պարտք զգացի հաղորդակցելու ձեզի հետ, թանկագին ծիլեր յարուցեալ մեր ազգին: Դուք` չորրորդ սերունդը սփիւռքին, տեւական քաղաքական աքսորի մը, որ մեր ընտրանքը չէր, ձեր գոյութեամբ իսկ միայն կենդանի հնչեղ պատասխանն էք ցեղասպանին, որ կ՛ուզէր ձգել «մէկ հայ միայն պատմութեան թանգարանին համար»: Եւ եթէ յաջողած ըլլար հասնիլ իր թիրախին, ապրիլ 24-ի ելոյթները կրնային շատ պարզ ըլլալ, «ռեքուիէմ» մը` որոշ պատմաբաններու կողմէ, բնաջնջուած ժողովուրդի մը յիշատակին:

Մենք, սակայն, հոս ենք, աւելի քան 10.000.000 հայեր` հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի տարածքին, որ պատասխանեցինք մահուան վճիռին կեանքով ու ստեղծագործութեամբ: Եւ դուք այս ազգին նոր ուժեղ ձայնն էք, ինչ որ բարբարոս ցեղասպաններ ու քաղաքակիրթ մեղսակիցներ փորձեցին հազար ձեւերով խեղդել:

Շատ հպարտ ենք ձեզմով, որ հակառակ մեր աշխարհը տանջող արժէքներու մեծ տագնապին` ջախջախիչ մեծամասնութեամբ չէք դաւաճաներ համամարդկային անժամանցելի սկզբունքներուն եւ արժէքներուն: Ազգին յոյսն ու ապագան էք, աւանդապահները` մեր նշանակալից պատմական ու մշակութային ժառանգութեան, դուք, որ անգամ մը եւս պիտի բարձրաձայնէք, թէ հայերը կը յիշեն ու կը պահանջեն:

Պիտի չանդրադառնամ պատմական եղելութիւններու` բազմապիսի փաստերով արդէն ապացուցուած` ըլլա՛յ շատ մը երկիրներու արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերով, ըլլա՛յ վկայութիւններովը ոչ միայն վերապրողներու, այլ նաեւ` օտար ականատես վկաներու: Ոչ ալ կ’ուզեմ կանգ առնել զանազան մակարդակներով յանուն արդարութեան մղած անվերջ մեր պայքարներուն վրայ:

Չեմ կրնար, սակայն, չմատնանշել այն ցաւալի հաստատումը, թէ ամբողջ ազգի մը բնաջնջման ահռելի ծրագիրը, որ միջազգային հանրութեան կողմէ որակուած է «ոճիր մարդկութեան հանդէպ» եւ նոյնիսկ ներշնչած է «ցեղասպանութիւն» եզրը Ռաֆայէլ Լեմքինին, կը մնայ անպատիժ: Դժբախտաբար բարբարոս բնազդներու, քաղաքական դիտաւորութեանց ու մեծապետական շահերու մահաբեր միաւորման եղերական զոհերն ենք:

Անտարակոյս, Ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ մը երկիրներէ եւ միջազգային մարմիններէ` կարեւոր դրական քայլ կը նկատուի մեր պայքարի ճանապարհին, սակայն այնքան ատեն, որ պաշտօնական Թուրքիան, անտեսելով իր իսկ մտաւորականներու թէկուզ փոքրաթիւ խոհեմ ձայները, կը մնայ բացարձակ ժխտողական դիրքի վրայ, խեղաթիւրելով պատմութիւնը, ամէն մէկ երեխայ Թուրքիոյ մէջ կը ծնի արիւնոտ ձեռքերով: Ամէն հայորդի ալ, սակայն, ազգային բարոյական պարտաւորութեամբ մը:

Չեմ տարակուսիր, թէ այս բոլորը գիտէք, սիրելի՛ երիտասարդներ, եւ մեր ելոյթներուն կը ներկայանաք ուղղակի յուզիչ պայքարունակ ոգիով: Այս մէկը սքանչելի երեւոյթ է ու պատիւ կը բերէ ձեզի: Բայց բաւարար չէ:

Այստեղ, իբրեւ սփիւռքահայ մայր ու մեծ մայր, պիտի ուզէի տալ ձեզի սրտիս խորէն պատգամ մը, որ կը յուսամ, թէ կը դպչի ձեր երիտասարդ հոգիներուն:

Քաջ գիտեմ, որ չափազանց դժուար է մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը, ինչպէս ըսած է Ֆրանց Վերֆելն ալ. «Անկարելի է հայ մնալ սփիւռքի մէջ: Հայերը, սակայն, անկարելիին ազգն են»:

Պարտաւոր ենք, ուրեմն, ապացուցելու այս մէկը: Թէ` ի վիճակի ենք գոյատեւելու իբրեւ ազգ, թէ` ամենայն յարգանքով ու սիրով հանդերձ մեր հալածուած նախնիներուն ապաստան տուած երկիրներուն հանդէպ, մենք կարող ենք մեր հոգիներուն մէջ անկորնչելի պահել մեզմէ խլուած հայրենիքը:

Սփիւռքի տարածքին այդ հայրենիքը մեր մայրենի լեզո՛ւն է եւ մեր պատմութեան ու մշակոյթին իմացութի՛ւնը: Իսկ այս արժէքներու պահպանման ի խնդիր` ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին եւ մեր միութիւնները անհրաժեշտ է, որ դառնան անառիկ բերդեր: Սփիւռքը, մեր ազգային անասելի վէրքին  հետեւանք, կրնայ ճակատագրական դառնալ` որպէս դանդաղօրէն շարունակուող ցեղասպանութիւն: Բայց դուք կրնաք զայն վերածել մեր ազգային ժառանգութիւնը հարստացնող բարերար ազդակի. բաւ է, որ միշտ գեղեցիկ գոյները գիտակցաբար փոխադրէք ձեր հոգիներու հայկական պաստառին վրայ:

Ազգային մեր տեսլականը` անկախ եւ պատմական մեր հողերով ամբողջացած հայրենիք ու մեր հերոսական Արցախի անկախութեան տէ ժիւրէ ճանաչում, կրնայ իրականանալ միայն, եթէ գոյատեւենք իբրեւ ազգ ու ոչ թէ իբրեւ բեկորներ ազգի մը` «…եան» մասնիկով իրենց մականուններուն եւ քիչ մը հայու արիւն:

Հետեւաբար, ելոյթներու լոզունգներէն անդին, ջերմօրէն կը խնդրեմ, որ այս տարուան Մեծ եղեռնի ոգեկոչման առիթով խոստում տաք, ոչ մեզի` մեծերուս, ոչ ալ ղեկավար տարրերու, այլ` իւրաքանչիւրդ իր անձին, թէ բարձր պիտի զետեղէք մեր ազգային գոյատեւումը ձեր անձնական արժէքային համակարգին մէջ: Առէ՛ք այս գերազանց քայլը` սերտացնելով յարաբերութիւնները ձեր միջեւ, աւելի յաճախակի կապերով հայրենիքին հետ` ուժեղացնելու համար ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ձեր մէջ:

Եւ այն ատեն, վստա՛հ եղէք, որ ձեր ամէն ընտրանքի պարագային, միաւորելով զգացումը տրամաբանութեան եւ տեսլականը իրատես լուծումներու, պիտի գտնէք ուղիղ ճանապարհը, որ պիտի առաջնորդէ ազգը իրեն արժանի ապագայի:

Խորունկ հաւատք ունիմ ձեր վրայ: Կը սիրեմ յուսալ, որ պիտի ըլլաք արժանի յաջորդները մեր հարուստ ժառանգութեան եւ պատմութիւն պիտի գրէք ազգային արժանապատուութեամբ:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի` գուրգուրոտ սիրով:

Հեռանիստ անդամ` Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ
Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան:
Երկար տարիներու անդամ`
Յունահայոց Ազգային վարչութեան:

(Գրուած եւ թարգմանուած յունարէնէ հայերէն)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>