ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պարտք` մեր նահատակներուն, պարտք` մեր ապագային: Ապրիլը պէտք է դառնայ այն ամիսը, երբ ազգովին կը վերանորոգենք մեր ուխտը, թէ` թոյլ պիտի չտա՛նք, որ անգամն ալ մեր ժողովուրդը ենթարկուի ջարդի, կոտորածի ու ցեղասպանութեան:
Այս ուխտը կարծես տակաւին չենք կատարած, եւ ուրեմն վերանորոգման հարց չկայ, այլ կայ նո՛ր յանձնառութեան խնդիր: Ուխտը չե՛նք կատարած, կը պնդե՛մ, որովհետեւ մեր ազգային կեանքին մէջ նման վճռակամութեան գործունէութեան շուքն իսկ չ՛երեւիր:
Այո՛, բաներ մը կ՛ընենք, նոյնիսկ որոշ իրագործումներով կարելի է հպարտանալ, մանաւանդ` Հայ դատի ոլորտէն ներս, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճանապարհին: Այսուհանդերձ, կարելի՛ չէ բաւարարուիլ. արագ ակնարկ մը մեր վիճակին, թէ՛ սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի, կը պարզէ, թէ որքա՛ն անպատասխանատուութեամբ կը վերաբերինք մեր գոյութեան կռուանները ամրապնդելու հրամայականին հանդէպ:
Պետական մակարդակով անպատասխանատուութեան աղէտալի հետեւանքները կը տեսնենք` Հայաստանէն արտագաղթի, ընկերային անարդարութեան ու անպաշտպանուածութեան մթնոլորտին պատճառած բարոյալքումի երեւոյթներուն ընդմէջէն, որոնց դէմ, կարծես, անզօր դարձած ենք, եւ նոյնիսկ անոնց հակադարձելու մղումը սկսած է իր տեղը զիջելու համակերպումին ու կրաւորականութեան:
Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած ուժ ըլլալու ճիգերը եւս կանգնած են վտանգաւոր ամլութեան մը եզրին` նոյն տեղը դոփելով, նոյն կարգախօսներն ու օրակարգերը յայտարարելով:
Վիճակը ընդունիլը, նոյն կշռոյթով մեր կեանքն ու աշխատանքները առաջ տանիլը աններելի անպատասխանատուութիւն է, գրեթէ անարգանքի համազօր` մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին հանդէպ:
Եւ պարտքը այսպէ՛ս կը կուտակուի ու կը կուտակուի: