Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Վաւերացուց Բռնագրաւուած Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածներուն Վերադարձի Բանաձեւը

$
0
0

Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ ծերակոյտին մէջ նոր հաստատուած` Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի ատենապետն է, կը տեղեկացնէ, որ ապրիլ 17-ին Քալիֆորնիոյ ծերակոյտը վաւերացուցած է ամիս մը առաջ ներկայացուած թիւ 29 բանաձեւը, որ ոչ միայն ապրիլ ամիսը կը հռչակէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս եւ կը պահանջէ ամերիկեան կառավարութենէն, որ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ վերադարձնէ հայկական եկեղեցիներէն իր բռնագրաւած կալուածներն ու գոյքը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ խտրական օրէնքներ մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնան եւ կը դժուարացնեն եկեղեցապատկան կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու փորձերը:

Ծերակոյտին 29-րդ բանաձեւը համահեղինակած են Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի մնացեալ բոլոր անդամները, որոնք են` ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Թոնի Մենտոզա եւ Ճաշ Նիւմըն:

Թերի Ճորճ, Էնճըլա Սարաֆեան եւ Փորթանթինօ

Բանաձեւին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Փորթանթինօ ողջունած է Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ժապաւէնի դերասանուհի Էնճըլա Սարաֆեանին ներկայութիւնը:

Նշենք, որ նիստին բացումը կատարած են հայ հոգեւոր հայրեր, իսկ դրօշակի արարողութիւնը` Սանթա Քլարայի ՀՄԸՄ-ի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտները:

Բանաձեւի վաւերացումէն առաջ «Խոստումը» ժապաւէնի բեմադրիչին` Թերի Ճորճին ի պատիւ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր, իսկ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը:

Նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Սքաթ Ուիլք մեծարանքի հռչակագիրներ յանձնած են Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեանին եւ սրնգահար Սալբի Քերքոնեանին:

Փորթանթինօ` իր ելոյթին ընթացքին

Ընթացքին յայտարարուած են նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումին կազմակերպած եւ Ցեղասպանութեան առնչուող շարադրական ու արուեստի մրցումներուն արդիւնքները: Շարադրական մրցանքի շահողներն էին` Տիգրանուհի Թինա Տէր Յակոբեան, Ռամիրօ Արչիլա եւ Սըմենթա Ռենտըլ, իսկ արուեստի մրցանքին` Հանա Հիչքոք, Պորա Ուիէ եւ Գառնի Վարդանեան:

Ապա Նազարեան եւ Ուիլք Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամներուն բաժնած են «Պրետ ֆրամ սթոնզ» գիրքէն օրինակներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles