Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Տեսակէտ. Ֆալախա, Ազգային Հիմնախնդիրներ Ու Յամեցող Հեռանկար (Ապրիլեան Խոհեր)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եթէ մենք ինչ-որ անելիքներ ունենք, ինչ-որ նպատակներ ունենք, դա պէտք է ամէն տարի, ամէն օր, ապրիլի 24-ից յետոյ, պէտք է միշտ ապրենք դրանով: Մենք չենք ապրում դրանով:

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
(Յուշարձանագէտ)   

Հաւանաբար այն քիչ ազգերէն ենք, որ կ՛ապրինք հակասական երկու պատկերներու (վիճակներու) կիզակէտին: Պատկերներ, որոնց հիմքը մէկ կողմէ հաւաքական մեր կեանքի ճիշդ հունաւորումն է, լաւագոյնին ձգտելու միտումն ու նախաձեռնութեան ոգին վառ պահելու գիտակցութիւնը, եւ միւս կողմէ` զանոնք իրականացած տեսնելու թերահաւատութիւնը:

Ճիշդ է, որ նման մտածական տարածք կ՛ընդգրկեն հայ կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառները, հասնելով մինչեւ հայ պետականութեան ու քաղաքական մտքի զարգացման, բարգաւաճման եւ առաւել ամրապնդման ոլորտներ, այդուամենայնիւ կը շարունակենք մնալ յամեցող լուծումներու դէմ-յանդիման, կարօտը կ՛ապրինք իրաւ առաջադրանքներու կենսագործումին նպաստող աշխատանքներու, եւ ինչպէս միշտ` չքմեղանքներու պատուհասին յանձնուած, կը սպասենք յաջորդ օրուան արշալոյսին:

Փաստօրէն, երբ կ՛ակնարկենք հայ իրականութեան մէջ առկայ երկբեւեռ ու ներհակ վիճակներու եւ ատոնց առանցքին գտնուող մտայնութեան,  անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ մօտեցումներուն. թէ հայը իբրեւ անհատ ու հաւաքականութիւն, նաեւ` պետականութիւն, թէեւ քաջ գիտակից է իր ազգային բոլոր հիմնախնդիրներուն, մտահոգութիւններուն եւ հեռակայ ծրագիրներուն, աւելի՛ն. ամբարած է հսկայածաւալ գրականութիւն, պատմութիւն եւ փորձառութիւն, սակայն կը տառապի մէկ հիմնական ախտէ. ազգային-հաւաքական երազները կեանքի կոչելու անինքնավստահութենէ (իմա` անգործնապաշտութենէ):

Այլ խօսքով, երբ փորձ կը կատարենք ըմբռնելու եւ խորապէս հասկնալու հզօր պետութիւններու յաղթարշաւ ընթացքը, յառաջդիմութիւնն ու քաղաքական մտքի հասունացման մակարդակը, պետականօրէն գործելու ձեւերն ու դրոյթները, ազգային  ներուժն ու կորովը պահպանելու տրամադրուածութիւնը, դէպի ապագայ սլանալու երազանքն ու նոր ժամանակներու ոգիին համահունչ աշխատելու եղանակը,  պահ մը իբրեւ հայ (հայութիւն) կը շշմինք, նոյնիսկ կ՛անճրկինք ի տես տուեալ երկիրներուն մէջ առկայ աներեւակայելի հակասական աշխատելաոճերու եւ գլխապտոյտ պատճառող վարքագծերու, բնական ու անբնական վարուելակերպերու, սովոր ու անսովոր մօտեցումներու, որոնք կը ծառայեն միմիայն տուեալ հասարակութեան ու պետական կարգ ու սարքի առաւել յառաջդիմութեան եւ բարեկարգման:

Թէ ինչո՛ւ նման նախաբանով սկսանք ապրիլեան խոհերու մեր գրութիւնը, պարզապէս շեշտադրելու, որ 102 տարիներու հեռաւորութիւն մը, խորքին մէջ, տակաւին մեզ կը պահէ ահռելի հոգեվիճակներու ազդեցութեան տակ, այսինքն` ամէն 24 ապրիլի նախօրէին, ազգ մը ամբողջ ենթակայ կը դառնայ իր ներքին ցաւին,  կը հնազանդի իր երակներուն մէջ հոսող արեան կանչին, առանց բարդոյթի կը գրգռէ իր հաւաքական յիշողութեան պատեանը, կը ցանկայ բորբոքեցնել պահանջատիրական ոգին եւ ամբողջ աշխարհին լսելի դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը:

Միամտութիւն եւ քաղաքական տհասութիւն պիտի ըլլար կարծել, թէ տակաւին գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք իրազեկ չեն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան, թուրքին գործած բարբարոսութեան, բայց մանաւանդ` անոր հայաջինջ ծրագիրին, որուն մէկ դրսեւորման դէմ յանդիման գտնուեցան ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններ, երբ 2016-ի ապրիլեան մարտերուն Արցախի ճակատներու վրայ այս անգամ թուրք-ազերի հորդաներ վերաբացայայտեցին իրենց երբեմնի հայակուլ մտադրութիւնը:

Որքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլայ համայն մարդկութեան եւ շահամոլ պետական շրջանակներու գիտակցութեան, զգաստութեան եւ զգօնութեան դասեր փոխանցել, երբ աւելի քան հարիւր տարիէ կը կրկնուին նմանօրինակ բարբարոսութիւններ, կը ջարդուին փոքրամասնութիւններ, հայրենիքներ աւերակոյտի կը վերածուին, ազգային մշակութային հարստութիւններ բնաջինջ կ՛ըլլան, եւ այս բոլորը` յանուն ազատ աշխարհի կերտումին եւ մարդկային տեսակի շարունակութեան:

Մեր կարգին, որքանո՞վ ազդու են այն բոլոր մօտեցումները, մտքերն ու կարգախօսերը, Հայ դատի նուիրուած անգնահատելի աշխատանքները, որոնք կը միտին ամէն քայլափոխի մարդկութեան ճակտին խարանել գործուած ոճիրին ահաւորութիւնը, բռնագրաւուած հայրենիք մը ունենալու դարաւոր ցաւը, ազգ մը ամբողջ ցեղասպանուած ըլլալու իրողութիւնը:

Եւ ահա ամէն քայլափոխի մեր դիմաց կը ցցուին այնպիսի կեղծ, ստապատիր ու շնական արգելքներ, ազգային մեր երազանքը խափանող, որոնք ծնունդ են այսպէս ասած քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ապրող մեծ պետութիւններու, որոնց համար մարդու գոյութիւնը համրանք է եղած հին ժամանակներէն ի վեր, իսկ սեփական սին շահերու ապահովումը` առաջադրանք եւ ռազմավարութիւն:

Յայտնեցինք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ պատկերներ մեզ կը հալածեն շարունակ, նախնեաց ապրած արհաւիրքը խորապէս կը հարուածէ մեր մտքի պաստառները, Եղեռնէն մազապուրծ ճողոպրած  հայոց աշխարհի հազարաւոր որբուկներուն պատմութիւնը կը վկայակոչէ,  թէ յետեղեռնեան օրերուն անոնք կրկին ապրեցան գողգոթայ մը` դժոխքի համազօր պայմաններու մէջ, երբ անօթութեան, թշուառութեան, տառապանքի եւ հոգեկան հալածանքներու կողքին` անոնք ենթակայ եղան թրքատիպ ֆալախաներու, որպէսզի միանգամընդմիշտ մոռացութեան տան իրենց ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը:

Հայ որբուկները շնորհիւ իրենց աննման կամքին կրցան տոկալ նոյնիսկ նման չարչարանքներու եւ պահեցին իրենց ինքնութիւնը, լեզուն ու հաւատքը: Անոնք ծնունդ տուին նորահաս սերունդներու եւ դարձան ներշնչման աղբիւր:

Այսօր, սակայն, առանց ֆալախայի ու հոգեկան հալածանքներու, նորահաս սերունդի զաւակներ ու ծնողներ, կ՛երգեն իրենց մոլորութեան, օտարամոլութեան եւ ուծացման երգը, անոնք սիրայօժար կը լքեն հայ վարժարանը, առանց դոյզն ցաւի ու մտահոգութիւններու` փախուստ կու տան իրենց արմատէն ու պատմութենէն:

Հայոց ոսկեղինիկը միայնակ կը նաւարկէ, լեզուն կը փորձէ վերապրիլ, զայն փրկելու շնորհակալ աշխատանքները կարծես ամուլ կացութեան մէջ են, մեր դարաւոր պատմութեան տրոփները այլեւս չունին նոյն ուժգնութիւնը, որով մենք կրցանք վերաշնչաւոր ատենի մեր խլեակները:

Ա՛լ ինչ խօսք արեւմտեան կողմն աշխարհի լայնկեկ պողոտաներու եւ շքեղ կառոյցներու մէջ հասակ առած հայ երեխաներու դիմագիծին ու պատկանելիութեան զգացողութեան մասին:

Այսօրուան «ֆալախան» չունի ճիչ ու սարսափ, ահ ու տառապանք, անիկա «ժպիտ» կը պարգեւէ ազգին համայն:

Այո՛, իրաւամբ ըսուած է, թէ 24 ապրիլը հաշուետուութեան օր է, այդ օր ազգը պէտք է խոնարհի միլիոնաւոր սուրբ զոհերուն յիշատակին առջեւ, վերանորոգէ իր ուխտը, վերապրի հաւաքական յիշողութեան գրգիռները, բայց մանաւանդ ներքին ուժն ու կարողութիւնը ունենայ նորահաս սերունդին փոխանցելու այն, ինչ որ կատարուած են նախանցեալ տարուան ընթացքին Հայ դատի նուիրական ճամբուն վրայ:

Ազգային հիմնախնդիրներուն բանաձեւումը յաջողապէս ընդգրկուեցաւ Համահայկական հռչակագրին մէջ, ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ բաղկացուցիչ մասերով հաստատագրեց պահանջատիրական  մեր պայքարին ռազմավարութիւնը:

Ամբողջ մարդկութիւնը աւելի եւս իրազեկ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառած արհաւիրքին, հայանպաստ խօսքեր, պատգամներ ու կեցուածքներ լսելի դարձան բարձրագոյն մակարդակի ամպիոններէն, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանդիսացաւ պայքարի սաստկացման մեկնակէտ ու ազդանշան:

Իրօք, մտքի խեղճութիւն է, եթէ երբեք անտեսենք աշխարհի հզօր եւ որոշիչ կեդրոններու շահամոլ եւ իրերամերժ կեցուածքները, նկատի չունենանք անոնց բիրտ ու անմարդկային ռազմավարութիւնները: Միւս կողմէ, սակայն, մեր դատին ու երազանքին մեծագոյն հարուածը տուած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք գործենք քաղաքական մտքի թշուառութեամբ եւ չկարենանք ըմբռնել նոր ժամանակներու պահանջները:

Ո՞ւր են հայաշունչ կառոյցները` հետազօտական թէ ուսումնասիրական, որոնք պիտի ապահովեն հայ քաղաքական մտքի ու պետական շահերու իրաւացիութիւնը եւ ամէն քայլափոխի պիտի կարենան դէմ դնել թշնամական ոտնձգութիւններու:

Ո՞ւր պիտի մշակուի այն ազգային ռազմավարութիւնը, որով պիտի կարենանք համախմբել հայութիւնը, օգտագործենք ներուժն ու նիւթական կարելիութիւնները:

Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքին յաւելեալ թափ տալու եւ նորարար մտածողութեամբ քարոզչութիւն կատարելու ժամանակը արդեօք հասած չէ՞: Հայոց պետականութիւնը ինչո՞ւ ուղղակիօրէն չի սատարեր անոնց` նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով: Արդեօք չե՞նք տեսներ կամ իրազեկ չե՞նք, թէ կարգ մը պետութիւններ, ինչպիսի միջոցառումներու դիմած են այս առումով:

Հայ իրաւագէտներ, ցեղասպանագէտներ ու պատմաբաններ ունենալու եւ պատրաստելու աշխատանքը ի՞նչ մակարդակի է, եթէ գոյութիւն ունի նման ծրագիր:

Ժամանակակից հայոց կեանքի, պետական ու քաղաքական մտքի, ռազմավարական աշխատանքի մեծագոյն ձախողութիւնը` նոյնինքն Հայաստանէն արտագաղթի հոսքն է, որ կը քաջալերուի օտար շրջանակներու եւ կառոյցներու կողմէ: Հայրենիքը արիւնաքամ կ՛ըլլայ իր մարդկային ներուժէն, երբ անդին թուրքն ու ազերին տիւ եւ գիշեր կը սպառնան բնաջինջ ընել հայութիւնը:

Միջազգային ամպիոններէն ինչո՞ւ չենք լսեր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւումը յիշեցնող պատգամներ: Արդեօք քաղաքական մտքի տհասութի՞ւն է, մտամարզա՞նք է, երբ պատեհ առիթներու հայ քաղաքագէտներ բարձրագոռ հնչեցնեն Սեւրի դաշնագրին անժամանցելիութիւնը, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու անվաւեր ու ապօրինի  ըլլալը:

Ո՞ր օրուան կը սպասենք ճշդելու եւ յայտարարելու հետագայ քսանամեակի գործունէութեան համընդհանուր ռազմավարութիւնը,  ազգային պահանջատիրական պայքարի համընդհանուր պատկերը:

Խորքին մէջ, այսօր կ՛ապրինք այնպիսի կացութեան մէջ, երբ զազիր թշնամին թէ օտար որոշումի կեդրոններ մեզի կը պարտադրեն որդեգրել այնպիսի գործելաոճեր, գոյութենական մեր պայքարը յառաջ տանելու տեսակէտէ, որովհետեւ իրենց հայատեացի եւ շահամոլի կեցուածքներուն իբրեւ հետեւանք հայութիւնը պարտաւորուած  կը կատարէ նման աշխատանքներ:

Արդ, ներկայ ժամանակները թոյլ չեն տար մեզի առաջնորդուիլ հնաբոյր եւ իր հնչեղութիւնը կորսնցուցած կարգախօսերով: Մէկ քայլ անդին անցնելու եւ նոր ուղիներ որոնելու հրամայական պահանջը կը կրծէ մեր հաւաքական մտքերն ու հոգիները, ազգերու պատմութիւնը կը յուշէ, թէ միջազգային քաղաքական հարթակին վրայ հզօրներու տեղ վերապահուած կ՛ըլլայ միշտ, պայմանը` ուժեղ ու կայացած հայրենիք ունենալն է, հակասական վիճակներէ ձերբազատ քաղաքական միտք եւ հեռանկար ունեցող պետականութիւն, բայց մանաւանդ` լրջախոհ ղեկավարութիւն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles