Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ցեղասպանութեան Կորուստներու Հատուցման Օրակարգը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայաստանի հողատարածքը ներկայիս փոքրածաւալ է` հազիւ երեսուն հազար (30.000) քառակուսի քիլոմեթր:

Հայութեան համրանքը ներկայիս փոքրաթիւ է` հազիւ տասներկու միլիոն մարդ, որուն մօտ երեք միլիոնը կ՛ապրի հայրենիքի ներկայ սահմաններէն ներս, իսկ մնացեալը` սփիւռքի գաղթօճախներու տարածքին:

Սակայն հայոց պատմութեան տեղեակ անհատի մը համար հողատարածքի եւ մարդահամարի այս տուեալները կրնան սխալ թուիլ: Պէ՛տք է որ սխալ ըլլան: Քանի որ պատմականօրէն երեք հարիւր հազար (300.000) քառակուսի քիլոմեթր հաշուող Հայաստանը ինչպէ՞ս կրնայ կոտորակուած ըլլալ այդ հսկայ հողատարածքի հազիւ տասը (10%) տոկոսի համեմատութեան: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երեքհազարամեայ պատմութիւն, թագաւորութիւն, մինչեւ իսկ շրջան մը կայսրութիւն ունեցող այս ժողովուրդին թիւը այդքան նուազած ըլլայ, երբ իրմէ շատ ուշ յայտնուող ժողովուրդներու համրանքը աճած է տասնապատիկով եւ աւելիով:

Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է փնտռել միայն մէկ տեղ` հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մէջ:

Կրնա՞նք պատկերացնել Հայաստանը ներկայիս` վեց անգամ աւելի ընդարձակ հողատարածքով: Կրնա՞նք երեւակայել հայ ժողովուրդի թիւը ներկայիս` եռապատկուած համրանքով: Կրնա՛նք եւ պէ՛տք է կարենանք:

Եթէ հայութիւնը ենթարկուած չըլլար օսմանեան Թուրքիոյ ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան, եւ նոյնիսկ այդ ոճրային արարքէն ետք եթէ կիրարկուէր նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 1920 թուականի Իրաւարար վճիռը, այսօր Հայաստանի հողատարածքը պիտի հաշուէր մօտ հարիւր ութսուն հազար (180.000) քառակուսի քիլոմեթր:

Եթէ ցեղասպանութեան միջոցով եւ բռնի տեղահանութեամբ Հայաստանի հայ բնակչութիւնը չանճիտուէր, այսօր հայութեան համրանքը կրնար հասնիլ մինչեւ երեսունվեց (36) միլիոնի:

Բարոյական բաւարարութեան համար չէ, որ կը կատարուին այս հաստատումներն ու վիճակագրական տուեալները: Ասոնք յամառ փաստեր են, իրենք զիրենք պարտադրող բացայայտ իրողութիւններ են, որոնք կը պահեն ու պիտի շարունակեն պահել իրենց թէ՛ առկայութիւնը եւ թէ՛ այժմէութիւնը` պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ հողային մակարդակներու վրայ:

Փաստօրէն, Հայաստանը եւ հայութիւնը պարտադրաբար ժառանգորդն են պետականօրէն ու համապետական միջոցներով օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան կորուստներուն, որոնք մէկ դարէ ի վեր կը սահմանեն եւ կը վերասահմանեն մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի հաւաքական ներկան: Հաւաքականօրէն մեր դիմակալած հիմնական դժուարութիւնները եւ տկարութիւնները հետեւանք են ցեղասպանութեան պատճառած կորուստներուն: Այնքան ատեն որ չեն դարմանուած մեր ազգային կորուստները, անոնք նաեւ պիտի սահմանեն մեր հաւաքական ապագան:

Երբ նկատի ունենանք տուեալները, Ցեղասպանութեան կորուստները ահաւոր են: Գոյութիւն ունին հողային, սեփականութեան եւ նիւթական այլ իրաւունքներ, որոնք կարելի է վերականգնել հատուցման ճամբով: Միւս կողմէ` կայ մարդկային կորուստը, որ վերականգնելի չէ, սակայն փոխհատուցման կարգով կարելի կրնայ դառնալ նման ազգային աղէտի մասամբ ամոքումը:

Հետեւաբար Ցեղասպանութեան կորուստներու վերացումը կրնայ կատարուիլ միայն արդար հատուցումով եւ փոխհատուցումով: Արդ, առանց թերագնահատելու Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը, մեր պահանջատիրական աշխատանքներու նպատակային օրակարգը հատուցումն է:

Այս առաջադրանքի հիմամբ, մենք չենք կրնար սահմանափակուիլ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Մեզի համար սովորական դարձած է Թուրքիոյ նկատմամբ մեր պահանջատիրական պայքարը դիտել ճանաչումի պրիսմակէն: Բնականաբար խիստ կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրներու եւ մանաւա՛նդ Թուրքիոյ կողմէ: Խիստ անհրաժեշտ են այս նպատակին համար հայութեան եւ հայրենիքին ի գործ դրած անդուլ աշխատանքները:

Սակայն հատուցումն է, որ ենթահողը կը կազմէ եւ պէ՛տք է կազմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին: Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան ըմբռնումը միայն ճանաչումով չի սահմանափակուիր: Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը ունին իրենց ամբողջական սահմանումը, ուր հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան կորուստներուն վերացումը, այսինքն` հայութեան մարդկային, հողային, քաղաքական եւ տնտեսական իրաւունքներու հատուցումը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս հիմնուած է իրաւազրկուած հայութեան ամբողջական հատուցման ըմբռնումին վրայ:

Դժբախտաբար հատուցման օրակարգի գործնականացման համար տակաւին կը գտնուինք նախապատրաստական փուլին մէջ: Քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը անպայմանօրէն ունին եւ պիտի ունենան իրենց ներգործօն դերակատարութիւնը` հատուցման աշխատանքներու առաջընթացին կամ դանդաղեցման մէջ: Սակայն հատուցման ծրագրային, տեսական, իրաւական, վիճակագրական եւ ռազմավարական թղթածրարի պատրաստութիւնը կախեալ չէ քաղաքական պայմաններէն:

Կը գտնուինք հանգրուանի մը, ուր պէտք է դիմենք հատուցումի գծով փոքր թէ մեծ, գործնական թէ խորհրդանշական բնոյթի նախաձեռնութիւններու: Մեր առջեւ ունինք երկու ճանապարհներ` քաղաքական-դիւանագիտական եւ իրաւական: Այս զոյգ ճանապարհներով հատուցումի միտող նախաձեռնութիւններուն համար անհրաժեշտօրէն պէտք է պատրաստի ունենանք հատուցման ամբողջական թղթածրարը: Նման աշխատանք կը պահանջէ մասնագիտացած եւ արհեստավարժ ուժերու գործօն մասնակցութիւն եւ առաջնորդութիւն, որ պէտք է կատարուի պետական մակարդակով եւ համասփիւռքեան չափանիշներով:

Չենք կրնար շարունակել թոյլ տալ, որպէսզի Ցեղասպանութեան կորուստները սահմանեն մեր հաւաքական ներկան: Հատուցման հետապնդումը լաւագոյն եւ միակ գրաւականն է ատոր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles