«Դեռ կը սպասենք, պէտք է տեսնենք` արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ապրիլ 24-ին պիտի նախընտրէ խօսիլ փաստերո՞ւ լեզուով, թէ տուրք պիտի տայ Թուրքիոյ ճնշումներուն», «Թերթ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին, խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ըստ արժանւոյն յարգելու կոչին` յայտնեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, որ նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է:
«Եթէ ան մատնանշէ բարոյական արժէքներու, պատմական փաստերու մասին, ան շատ ճշմարիտ բան պիտի ընէ: Կը նշանակէ, որ ան ըստ արժանւոյն կը յարգէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը», ըսաւ ան:
Արամ Համբարեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող ճնշումը որոշիչ կ՛ըլլայ միշտ: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն ոեւէ անձ չարտասանէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը:
«Դեռ ժամանակ կայ, տեսնենք` Տանըլտ Թրամփ պիտի հետեւի՞ պատմութեան, փաստերուն, բարոյական արժէքներուն, թէ՞ Թուրքիոյ ճնշումներուն պիտի ենթարկուի», ըսաւ Արամ Համբարեան:
Անդրադառնալով Ամերիկայի նոր նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան` ան նշեց, որ իրենք հիմա կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կ՛աշխատի, որքան երկրի կառավարումը կ՛առաջնորդուի նախագահի որոշումներով եւ որքան` արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներով:
«Մենք դեռ կը փորձենք ատիկա հասկնալ. դեռ ամբողջովին պարզ չէ: Դեռ պէտք է պարզենք, թէ Ամերիկայի նոր վարչակազմին մէջ ինչպէ՞ս աշխարհաքաղաքական, արտաքին քաղաքական եւ այլ հարցերով որոշումները կը կայացուին», ըսաւ ան:
Հարցումին, թէ ինք, իբրեւ հայկական հարցերու լոպիինկը իրականացնող կառոյցի ղեկավար, ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ամերիկայի նոր վարչակազմին հետ աշխատանքներու հնարաւորութիւնը, արդեօք դիւրի՞ն է անոնց հետ աշխատիլը, ան պատասխանեց. «Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը միշտ կ՛աշխատի քոնկրեսականներու եւ նախագահին հետ: Ատիկա մեր պարտականութիւնն է: Մենք որեւէ որոշում կայացնելու ատեն կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչպէս կրնանք օգնել Հայաստանին: Այդ պատճառով, մենք բոլորին հետ գործ կ՛ունենանք: Եթէ Քոնկրեսի կամ ծերակոյտի անդամները ուզեն Հայաստանին օգնել, ուզեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մենք անոնց հետ կ՛աշխատինք: Մենք կ՛աշխատինք մեր բոլոր խնդիրներուն ուղղութեամբ»:
Արամ Համբարեան վերադառնալով Ամերիկայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան նիւթին` յայտնեց, որ տարիներ առաջ Թուրքիան շատ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունէր այն մարդոց հետ, որոնք կրնային կանխել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Բայց հիմա անոնք չունին այդ յարաբերութիւնները: Բացի ատկէ, Միջին Արեւելքի մէջ այժմ կատարուածը նման է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ շատ մը ամերիկացիներ ատիկա կը տեսնեն: Նաեւ պէտք է պահել խոստումը` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը միշտ Ամերիկայի մէջ ուշադրութեան կեդրոնին պահելով: Եւ պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան այլեւս պիտի չկարենայ ազդել ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ», ըսաւ Համբարեան:
Ըստ անոր, անկախ ամէն ինչէ, իրենք կը փորձեն այլ ուղղութիւններով ալ հայկական խնդիրները յառաջ տանիլ: Ան յիշեցուց, որ Ամերիկայի 45 նահանգ արդէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարի, 20 ապրիլին Ամերիկայի նոր նախագահէն ակնկալիքը մէկ բան է` Թուրքիոյ` լռեցնելու քաղաքականութիւնը մերժելը ու Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ազնիւ դիրքորոշում ընդունիլը:
Նշենք, որ նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր քարոզարշաւին ընթացքին երբեք չէ խօսած հայկական հարցերու շուրջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած ոչ մէկ խոստում տուած է:
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան 80 անդամներ կոչ ուղղեցին նախագահ Տանըլտ Թրամփին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: