Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խաթուն Աշըգեանի Անմեռ Յիշատակին

$
0
0

Մ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Խաթուն Սաղտըճեան-Աշըգեան ծնած է Քեսապ, 1931-ին, գիւղական համեստ ու աղքատիկ տան մը մէջ:

Զաւակն է Քեսապի հերոս «Տայի»-ին` Ովսիա եւ Մարի Սաղտըճեաններուն: Մեծցած է տոհմիկ ու հայեցիութեամբ լեցուն տան մը մէջ:

Յաճախած է Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարան, ապա` Հալէպ, նորաբաց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Աշակերտած է տէր եւ տիկին Մինաս Թէօլէօլեաններուն ու թրծուած` առաւել հայեցիութեամբ:

Հօրը կանխահաս մահը պատճառ հանդիսացաւ, որ երեք տարուան ուսումնական շրջանէ մը ետք վերադառնայ իր ծննդավայր գիւղը ու մտնէ ուսուցչական ասպարէզ:

Երկա՜ր տարիներ նուիրուեցաւ այդ սուրբ գործին: Դասաւանդեց հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մանաւանդ` աշխարհագրութիւն:

Դասաւանդեց խանդավառութեամբ, ամբողջ հոգիով եւ պատրաստեց ընտիր սերունդներ, որոնք այսօր երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց ուսուցչուհին:

Յետին մանրամասնութեամբ ծանօթ էր հայրենի աշխարհագրութեան` առանց հայրենիքը նախապէս տեսած ըլլալու…

Հետագային, Արցախի ազատագրման պայքարի օրերուն, տան պատէն կախուած քարտէսին վրայ քայլ առ քայլ հետեւեցաւ հայոց բանակի յաղթական յառաջացման: Փոքր ճիպոտ մը ձեռքին, զաւակներուն, բարեկամներուն եւ բոլոր իրեն այցելողներուն ցոյց տուաւ, բացատրեց, խանդավառուեցաւ ու խանդավառեց…

Աւելի ուշ, քրոջ ու քեռայրին ընկերակցութեամբ, երկու անգամ այցելեց մայր հայրենիք: Տեսաւ մտովի իրեն ծանօթ բոլոր տեսարժան վայրերը, հասաւ մինչեւ հերոսական Արցախ, ապա` դէպի հարաւ, Գորիս, Կապան ու Մեղրի, մինչեւ պարսկական սահման:

Յաղթանակ տարած քաջ զինուորի մը գոհունակութեամբ վերադարձաւ իր գիւղը:

Տարիներու իր փայփայած միա՛կ երազը իրականացած էր… Ուրիշ ոչի՛նչ կը փափաքէր ունենալ:

Փոքր տարիքէն եղաւ արծուիկ, ապա` խմբապետուհի, աւելի ուշ` արծուիկներու խորհուրդ: Մինչ այդ փոխանցուած էր ՍՕ Խաչի շարքեր` կնոջական այդ սքանչելի կազմակերպութիւն:

Ամբողջ յիսուն երկա՜ր տարիներ ծառայեց ու աշխատեցաւ անսակարկ:

Ծառայութիւնը իր նշանաբանն էր,

Աշխատասիրութիւնը` իր կամքը…

Եղաւ պարզ անդամուհի, վարչական, ու ամէն մարզի մէջ աշխատող, մասնաւորաբար` կազմակերպչական ու դաստիարակչական: Խօսեցաւ, բացատրեց, խանդավառեց երիտասարդ կիներն ու օրիորդները եւ մղեց այդ նուիրական աշխատանքին:

«Մեղրի» մասնաճիւղին կողմէ բազմիցս ընտրուեցաւ պատգամաւոր ու մասնակցեցաւ ՍՕ Խաչի պատգամաւորական ժողովներուն եւ լաւապէս ներկայացուց իր մասնաճիւղին տարած ընդարձակ գործունէութիւնը:

Անկեղծութեամբ, սրտցաւօրէն խօսեցաւ, վիճեցաւ, նո՛ր տեսակէտներ յայտնեց ու արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

Այդպէս էր Խաթունը` անկեղծ, շիտակ, համարձակ, համակ կամք ու կորով:

Հետագային իր երկար տարիներու ծառայութեան համար արժանացաւ Շրջանային վարչութեան «Գնահատանք»-ի գիրին: Իսկ Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղը, շնորհիւ իր երիտասարդ, կարող ու նուիրեալ ընկերուհիներուն, իր տարած բծախնդիր ու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար յաճախ գնահատուեցաւ որպէս ՍՕ Խաչի լաւագոյն կազմակերպուած մասնաճիւղերէն մէկը:

Գործը իրեն համար նուիրական էր, մեծ թէ պզտիկ, կ՛աշխատէր նո՛յն ոգեւորութեամբ եւ անպայման կը հասնէր արդիւնքի: Համեստ էր ծայր աստիճան, պարզ, բայց տիրակա՛ն իր արտաքինով ու ներկայութեամբ:

Չափազանց անկեղծութիւնը երբեմն դիմացինը կը մատնէր նեղ կացութեան: Կ՛ըսէր այն, ինչ որ կը մտածէր այդ վայրկեանին` սրտանց, շիտակ, երբեմն քիչ մըն ալ վիրաւորական:

Դիմացինը, ապշած կը նայէր, բայց չէր զայրանար, որովհետեւ շատ լաւ կը գիտակցէր, որ չարամտութիւն բնաւ չկայ իր խօսքին մէջ, այլ` անկեղծութիւն եւ լաւագոյնս ունենալու ցանկութիւն…

Երբ մեր ծննդավայր գիւղը նախնական վիճակի մէջ էր, չունէր ելեկտրականութիւն ու փոխադրութեան անհրաժեշտ միջոցներ, ունէր սակայն կազմակերպուած մշակութային կեանք, ճոխ գրադարան, լաւ դպրոցներ, նաեւ` գիւղի զարգացած ու կարող ուժերէն կազմուած սիրողական թատերախումբ: Յաճախ թատերական գեղեցիկ կտորներ կը բեմադրէին` յաջող խաղարկութեամբ ու կը գոհացնէին ժողովուրդը:

Խաթունը մաս կը կազմէր նաեւ այդ թատերախումբին: Ձմրան մութ ու ցուրտ օրերուն, երբ գիշերները երկար էին ու ճամբաները ամայի ու խաւար, իր հեռակայ տունէն մինչեւ «Սահակեան» սրահ, փորձի հասնելու համար, կը խնդրէր մօրմէն, որ իրեն ընկերակցի:

Պարտաճանաչ էր ու ճշդապահ…

Ջերմ հաւատացեալ էր Խաթունը:

Տարիներ առաջ, երբ քրոջ աւագ որդին իր երիտասարդ, մատղաշ տարիքին, աննախատեսելի ու անհեթեթ արկածի մը զոհը դարձաւ ու խորունկ մահաքունի մէջ մտաւ, ինք ծնկաչոք աղերսեց`

«Ամենակարո՜ղ Տէր, առողջութիւն պարգեւէ…»:

Ուխտեց ոտաբոպիկ քալել ու հասնիլ մինչեւ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցի:

Եւ ո՜վ հրաշք, ամիսներ տեւող անյոյս մահաքունէ մը ետք, Աստուածային հրաշքով ու բժիշկներուն ու հարազատներուն գերբնական ճիգերով Ասատուրը արթնցաւ…

Կիրակի առաւօտ կանուխ Խաթունը ոտաբոպիկ ճամբայ ելաւ:

Քալեց հանդարտ, երախտագիտութեան ու գոհունակութեան ժպիտը դէմքին: Քալեց անտրտունջ` առանց յոգնութեան նշոյլն իսկ ցուցաբերելու:

Անցորդներու զարմացական նայուածքներուն ժպիտով պատասխանեց: Քալե՜ց ու հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Մայր խորանին առջեւ ծունկի եկաւ ու արցունքոտ աչքերով բացագանչեց.

«Փա՜ռք քեզ, Ամենակարո՜ղ, ողորմա՜ծ Տէր, հազա՛ր անգամ փառք քեզ…»:

Երանութեան եւ գոհունակութեան ժպիտը անգամ մը եւս ողողեց իր ամբողջ էութիւնը:

Ամուսնացաւ պատուական հայորդիի մը` Աբրահամ Աշըգեանին հետ ու կազմեց հայկական օրինակելի ընտանիք մը: Երկուքն ալ հիւրասէր էին ու անսահման ծառայասէր: Իրենց տան դռները, իրենց սրտերուն պէս, բաց էին բոլորին առջեւ:

Այդ շրջանին Քեսապ այցելող հիւրերը, ըլլան անոնք կուսակցական գործիչներ, կամ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներ, բոլորը վայելեցին իրենց ջերմ հիւրասիրութիւնը եւ շատ յաճախ գիշերեցին իրենց մօտ:

Բախտաւորուեցան երեք զաւակներով: Մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ, որոնք մեծցան իրենց օրինակով, ընտանեկան այդ ջերմ մթնոլորտին մէջ ու հետագային դարձան արժանի զաւակները իրենց ծնողքին:

Ընթերցասէր էր Խաթունը:

Փոքր հասակէն սկսեալ անյագ ընթերցող մըն էր: Կը կարդար այն ամէնը` գրականութիւն, պատմուածք, վէպ, ուսումնասիրութիւններ, ի՜նչ որ կարենար ձեռք ձգել, երբ գիրք ունենալու այժմու դիւրութիւնները չկային տակաւին:

Քեսապի Ազգային գրադարանը, անծանօթ գիրք չունէր իրեն համար: Ո՛չ միայն կը կարդար, այլ իր կարդացածը ամենայն հարազատութեամբ կը փոխանցէր շուրջիններուն` ստեղծելով անսահման խանդավառութիւն:

Հաւատարիմ բաժանորդ էր «Ազդակ» օրաթերթին, որ իր առօրեայ տաք հացն էր, եւ առանց անոր չէր կրնար ապրիլ:

Իր յառաջացած տարիքին, ամէն առաւօտ անհամբերութեամբ կը սպասէր ցրուիչը. «Ազդակ»-ը կ՛առնէր եւ նախասիրած էջ չունէր, այլ կը կարդար առաջին էջէն մինչեւ 10-րդ էջը:

Տեղեակ էր ամէն նիւթի ու յօդուածի, ըլլան անոնք քաղաքական, գրական, թէ մարզական:

Անսահմա՜ն լաւատես էր կեանքի ու ապագայի նկատմամբ, եւ այդ լաւատեսութիւնը պատճառ դարձաւ, որ համբերութեամբ տանի այն դառն իրողութիւնը, երբ 2014 թ. մարտ 21-ին, Մայրերու օրը, իր համագիւղացիներուն հետ տարագրուեցաւ իր տունէն ու տեղէն` ծննդավայրէն, երբ օտար բարբարոս խուժաններ գրաւեցին ու կողոպտեցին իր սիրելի բնօրրանը:

Տառապեցաւ, ցաւէն մղկտաց իր հոգին, սակայն իր հարազատներուն, զաւակներուն ու թոռներուն սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգածութիւնը զինք դարձեալ խրախուսեցին ու ինք դարձաւ նորէն նախկին քաջ ու լաւատես հայուհին:

Մահէն միայն չորս օր առաջ, երբ դեռ բոլորովին առողջ էր ու գիտակից, իր զաւկին տունէն, Այնճարէն, Մայրերու օրուան առիթով, իր պաշտած կազմակերպութեան` ՍՕ Խաչի Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կենդանի խօսքով կտակեց.

– Շարունակեցէ՛ք քաջութեամբ այդ նուիրական գործը: Նուիրուածութեամբ, ազգային ոգիով դաստիարակեցէ՛ք ձեր զաւակները: Անոնք են մեր ապագան, մեր յոյսը: Պահեցէ՛ք ու շէնցուցէ՛ք մեր գիւղը, հայկակա՛ն Քեսապը, մեր աննման ծննդավայրը: Ես ձեզի հետ եմ, իմ մտածումներովս ու զգացումներովս, գիշեր ու ցերեկ: Կ՛ուրախանամ ձեզի հետ, կը տառապիմ ձեր տառապանքով…

Այսպէս էր Խաթունը, Քեսապի եւ շրջակայքի, բոլորին ծանօթ, բոլորին սիրելի Խաթունը:

Առաքինի, անկեղծ, քաջ ու վեհոգի…

Այժմ պարտականութիւնները լիուլի կատարած, խաղաղ սրտով ու հոգիով, աչքերը յաւիտենապէս փակած է ան:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ քոյրս…

Տիպար մայր ու արիասիրտ հայուհի:

21 մարտ, 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>