Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արցախցի Երեք Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

$
0
0

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրին մէջ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի մշակած ծրագիրով Պէյրութ ժամանեցին Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը` մասնակցելու ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին:

Արդէն 3 տարիէ ի վեր Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ ընթացք առած է ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը, հետեւաբար մեր ծրագիրը կ՛ընդգրկէր մեր վարժարանին մէջ գործող մասնագէտներու` ուղղախօսական (speech therapy), հոգեշարժական (psychomotor therapy), հոգեբանական եւ խորհրդատուական բնագաւառներու մէջ փորձառութիւնը փոխանցել մեր արցախցի հայրենակիցներուն:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէին արցախցի հիւրերը հասան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, ուր դիմաւորուեցան դպրոցի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի, հայ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի օգնական եպիսկոպոս հայր Գէորգ Ասատուրեանի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ պատրիարքութեան վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեանի կողմէ:

Տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին Ռ. Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ յոյս յայտնեց, որ վերապատրաստման այս ծրագիրը լաւագոյն կերպով ծառայէ իր նպատակին: Այնուհետեւ, բարձրացան սրահ, ուր ներկայ էին վարժարանի անձնակազմէն խմբակ մը: Տնօրէնը խօսեցաւ 30-ամեայ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին պատմականին մասին, ապա ներկայացուց ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքի անդամները` գլխաւորութեամբ բաժնի պատասխանատու Սեւակ Յակոբեանի: Վերջինս սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց վերոնշեալ բաժանմունքին աշխատանքներն ու գործելակերպը:

Հանդիպման աւարտին Ասատուրեան եպիսկոպոս իր օրհնութիւնը տուաւ, որպէսզի այս ծրագիրը ընթանայ հեզասահ եւ ըլլայ յաջողակ` երկու կողմերուն համար, «որովհետեւ մենք երկուքս, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, զիրար կ՛ամբողջացնենք», ըսաւ ան:

Մելսիդա Քարդումեան իր կարգին ողջոյններ փոխանցեց հայրենիքէն, հերոսութիւն որակեց սփիւռքի ափերուն այսքա՛ն հայաշունչ դարբնոց մը պահպանելը, ինչպէս նաեւ Արցախէն իրենց հետ նուէր բերած նռնենիներ տրամադրեց զայն ցանելու համար մեր վարժարանի շրջափակին մէջ: Ան նաեւ ձեռագործ փայտէ ժամացոյց մը նուիրեց տնօրէնութեան:

Արցախցի երեք ուսուցիչներու Լիբանան այցը շարունակուեցաւ աշխատանքային հանդիպումներով եւ զանազան այցելութիւններով:

Աշխատանքային հանդիպումներ

Աշխատանքային հանդիպումներու ծիրին մէջ ուսուցչուհիները դիտարկում կատարեցին ուղղախօսութեան եւ հոգեշարժութեան բուժումներու նիստերու, ինչպէս նաեւ անգլերէն ու հայոց լեզուի եւ ուսողութեան նիւթերու ուժեղացման դասապահերու: Ապա ներկայ գտնուեցան վերոնշեալ բուժումներու մասնագէտներուն` Ճենիֆըր Ապէթեանին, Նաթալի Աւէսեանին եւ Շաղիկ Չամիչեանին հետ ունեցան վերապատրաստման դասընթացքներու:

Պէյրութի «Քրաուն Փլազա» պանդոկին մէջ անոնք ներկայ գտնուեցան մանուկներու մէջ կեդրոնացումի պակասի եւ գերշարժողութեան խնդիրներու (ADHD) նուիրուած համաժողովին, որուն բանախօսներն էին բժիշկներ ու հոգեբաններ:

Անոնք մասնակցեցան հոգեբան Քրիսթին Տէր Սարգիսեանի ներկայացուցած «Applied Behavior Analysis» թեմայով զեկոյցին:

Այցելութիւններ

Արցախցի ուսուցչուհիները կատարեցին շարք մը այցելութիւններ:

Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանք այցելութեան ընթացքին անոնք տեսակցեցան հրապարակագիր, խմբագիր, դաստիարակ եւ հաւատաւոր եկեղեցական Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին հետ, որուն հետ արծարծեցին հայրենական եւ ազգային հարցեր: Հիւրերը ծանօթացան վանքին պատմականին, շրջեցան անոր զոյգ թանգարանները եւ գինիի մառանը:

Ժիպէյլի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ զանոնք դիմաւորեց թանգարանի տնօրէն Պսակ աբղյ. Թեփիրճեանը, որ խօսեցաւ որբերու թանգարան մը կառուցելու մտայղացման մասին եւ բացատրութիւններ տուաւ թանգարանի բաժանումներուն ու հոն ներկայացուող փաստերուն վերաբերեալ: Արցախցի ուսուցչուհիները խոր յուզումով հաղորդակից դարձան բազմաչարչար որբերու տխուր կեանքին: Այնուհետեւ անոնք շրջեցան պատմական Պիպլոսի գեղատեսիլ փողոցներուն մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց մատուռ կատարուած այցելութիւնը մեր հայրենակիցներուն մէջ արթնցուց սրտայոյզ աննկարագրելի զգացումներ:

Սրբավայրերու այցելութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Հարիսայի Աստուածամօր բարձրադիր արձանը:

Հայկազեան համալսարանին մէջ անոնք հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ, որ ներկայացուց համալսարանին պատմականը եւ ներկայ վիճակը: Երկրորդ հանդիպումը կատարուեցաւ համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին հետ:

Ուսուցչուհիները վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի եւ Ուսման դժուարութիւններ ունեցող բաժանմունքի պատասխանատու  Սեւակ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, այցելեցին նաեւ «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերու խմբագրատուները, ուր խօսեցան իրենց կատարած դիտարկումներուն եւ ձեռք բերած փորձառութեան մասին, ինչպէս նաեւ արծարծեցին ազգային, մշակութային եւ կրթական գործունէութեանց վերաբերեալ նիւթեր: Անոնք նաեւ հարցազրոյցներ ունեցան «Վանայ Ձայն» եւ «Սեւան» ռատիոկայաններուն մէջ:

Հայ մշակութային կեանքի լուսաւոր եւ իւրայատուկ երեւոյթներէն համարուող ԳՈՀԱՐ համոյթի տնօրէնութեան գրասենեակ կատարուած այցելութեան ընթացքին, ուր իրենց դիմաւորեց  Յարութ Խաչատուրեանը, հիւրերը ծանօթացան նաեւ ԳՈՀԱՐ գրադարանին:

Դպրոցին մէջ

Արցախցի ուսուցչուհիները այցելեցին վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը, ուր ընդունուեցան նուռով ու գինիով, հայկական դրօշ ծածանող, հայկական տարազ հագած աշակերտներով: Բարի գալուստի հակիրճ խօսքէ ետք ուսուցչուհիները շրջեցան դասարանները եւ զրուցեցին մանկապարտէզի մանուկներուն հետ, որոնք իրենց ձեւով ողջունեցին հայրենի հիւրերը: Մանկապարտէզի բաժնի այցելութիւնը վերջ գտաւ Արցախէն նուէր բերուած նռենիները ցանելու արարողութեամբ, մաղթելով, որ այդ ծառերը աճին ու տան բազմաթիւ պտուղներ:

Անոնք ներկայ գտնուեցան նաեւ վարժարանի աշակերտներուն ներկայացուցած տաղանդներու օրուան յայտագիրին:

Անոնց Լիբանան այցելութեան փակումը կատարուեցաւ անձնակազմի անդամներուն ընկերակցութեամբ տեղի ունեցած ընթրիքով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>