Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գործունէութիւններէն. «Երթեւեկի Ապահովութիւն» Նիւթով Նախազգուշական Արշաւ

$
0
0

Ուրբաթ, 31 մարտին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, երկրորդականի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ տնօրէնութեան առաջարկով Լիբանանի ներքին ապահովական ուժերու կազմակերպած «Երթեւեկի ապահովութիւն» նախազգուշական արշաւին:

Հինգ ժամերու վրայ երկարած ծրագիրը, որ կը ներկայացուէր Լիբանանի ներքին ապահովական ուժերու եօթը անդամներու կողմէ, կ՛ընդգրկէր 6 բաժանմունքներ. երթեւեկի կանոնները, երթեւեկի նշանները, ալքոլի ազդեցութիւնը, ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին դերը, հրշէջ սարքը, եւ երթեւեկի ապահովութեան մասին տեսերիզ մը:

Արդարեւ, երկրորդականի աշակերտները, 6 խումբերու բաժնուած, քոլեճի զանազան բաժանմունքներուն մէջ յաջորդաբար ներկայ գտնուեցան այս նիւթերու ներկայացման,  ծանօթացան երթեւեկի կանոններուն եւ նշաններուն, տեսան հրշէջ սարքի անհրաժեշտութիւնը եւ սորվեցան զայն գործածելու ձեւը,  ալքոլի ազդեցութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար, յատուկ ակնոցներ կրելով փորձեցին քալել գիծի մը վրայ եւ հաստատեցին, որ որքան դժուար է գիծին հետեւիլը, փորձարկեցին նուազ քան 20 քմ արագութեամբ քշուող ինքնաշարժի արկածը եւ զգացին ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին անհրաժեշտութիւնը. ապա դիտեցին այս բոլորը համալրող տեսերիզ մը:

Օրուան աւարտին մասնակից աշակերտները գոհունակութեամբ հաստատեցին, որ ընդհանուր աշխատանքը հետաքրքրական էր ու շահեկան: Անոնք խոստացան իրենց սորվածները կիրարկել իրենց առօրեայ կեանքին ընթացքին եւ  յատկապէս` ղեկին ետին:

Քոլեճի Պարախումբերուն
Պատուաբեր Արդիւնքները

Երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2017-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բեմահարթակին վրայ Ազգ.  Ե. Մանուկեան քոլեճի  երկու  պարախումբերը մասնակցեցան Լիբանանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած միջդպրոցական պարի մրցանքին:

Արդարեւ, ամիսներու վրայ երկարող փորձերէ ետք, քոլեճի երրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու  պարախումբերը, քոլեճի պարի դասատու Անի  Կոստանեանի բծախնդիր ու հետեւողական  ջանքերուն շնորհիւ, անգամ մը եւս բեմ  բարձրացան` հայ թէ օտար հանրութեան  ներկայանալով գնչուական եւ արաբական պարերով:

Ճաշակաւոր եւ իւրաքանչիւր պարին պատշաճ  տարազներով, փոքրիկները` ներդաշնակ, համաչափ  ու ճկուն շարժումներով, ժպտուն ու ուրախ  դէմքերով հմայեցին ներկայ հանդիսատեսները,  արժանանալով անոնց ջերմ  ծափահարութիւններուն ու դատական կազմին  բարձր նիշերուն:

Ուշագրաւ էր, որ, հակառակ իրենց փոքր տարիքին, աշակերտները ինքնավստահ շարժումներով կը  կատարէին նոյնիսկ բարդ պարային շարժուձեւերը:

Մրցանքի աւարտին տեղի ունեցաւ  մրցանակաբաշխութիւնը:

Երրորդ դասարանի պարախումբը` գնչուական պարով, հանդիսացաւ փոքր աղջկանց  պարախումբերու ախոյեան, իսկ հինգերորդ դասարանի պարախումբը` արաբական պարով,  հանդիսացաւ «Երկսեռ-փոքր» պարախումբերու  Գ. մրցանակակիր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>