Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի
Ուրախութիւն է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Ուրախութիւնը կը ծնի այն բարիքէն եւ գուրգուրանքէն, որ մեր ժողովուրդին կու գայ ԼՕԽ-ի ճամբով:
Միաժամանակ պատիւ է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Կազմակերպութեան մը մասին, որ 87 տարուան ծառայութիւն ունի լիբանանահայութեան: 87 տարին քիչ ժամանակ չէ:
87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք հարիւրաւոր ԼՕԽ-ականներու նուիրումը, ջանքը, զոհողութիւնն ու կամքը:
87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ խտացուած կը տեսնենք հազարաւոր կարօտեալներու, դպրոցականներու, ծերունիներու աղօթքն ու օրհնութիւնը:
Մեզմէ ով չէ վայելած ԼՕԽ-ին բարիքները: Ո՞վ ծանօթ չէ կնոջական, բարեսիրական այս մեծ կազմակերպութեան, որ 87 տարիէ կը գործէ անխտրակա՛ն ոգիով, կրթական, դաստիարակչական, խնամատարական եւ ընկերային իր ծառայութիւններով հասնելով բոլորին:
Սերունդներ կրնան հաստատել, որ ինչպէ՛ս ԼՕԽ-ը սրբեց հայ որբին արցունքը, հայ մօր տուաւ ինքնաճանաչումի զէնքը, ժպիտ տուաւ հայ ծերունիին, դեղ ու դարման` հայ հիւանդին, սպեղանի` հայ գաղթականին: Ան հասաւ բոլորի՛ն. լիբանանահայուն թէ Լիբանան ապաստանած սուրիահայուն կամ իրաքահայուն: Ու երբ համազգային պահանջը ներկայացաւ, ան հասաւ նաեւ հայրենի հայուն` Հայաստան աշխարհ թէ Արցախ:
ԼՕԽ-ը տուաւ բոլորին: Ու որքան տուաւ ան` այնքան աւելի հարստացաւ իբրեւ կազմակերպութիւն, իբրեւ առաքելութիւն եւ իբրեւ իր սեփական ժողովուրդին հանդէպ հաւատարմութիւն ունեցող կանացի շարժում:
ԼՕԽ-ը տուաւ անսահման սիրով ու հաւատքով, այդ պատճառով ալ անոր տուածը դադրեցաւ միայն նիւթական արժէք ըլլալէ, դարձաւ հոգեւոր բալասան, ազգային բարիք:
ԼՕԽ-ը տուաւ առանց բարոյական նուաստացումի ու առանց կասկածելի պարտադրանքներու ենթարկելու իրեն դիմողները: Իրեն կատարուած դիմումներուն ան ընդառաջեց մայրական հոգատարութեամբ, միշտ նախանձախնդիր` հայ մարդուն արժանապատուութեան եւ պատիւին պահպանման:
Այսօր նոր պայմաններու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի ԼՕԽ-ը: Նոր օրերը կը պարտադրեն նոր դժուարութիւններ եւ կը ստիպեն որոնել զանոնք յաղթահարելու նոր միջոցներ:
Բազմացած են մեր կեանքի դժուարութիւնները: Աւելցած են հայ կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ունինք ընտանեկան սրբութիւնները պահպանելու հարց, ազգային-աւանդական մեր արժէքները պահելու հարց, հայը հա՛յ պահելու հարց, յոռի բարքերու դէմ դնելու հարց, ընկերային-տնտեսական տագնապներու դիմագրաւման լուրջ հարց, եւ տակաւին բազմաթիւ հարցե՜ր ու հարցեր:
Ընդունինք, որ ուժերը պակսած են, սակայն խոստովանինք նաեւ, որ կոչումն ու առաքելութիւնը կը մնան միեւնոյնը: Կը մնայ կամքը եւ յաջողութեան պարզ գաղտնիքը. ԼՕԽ-ականներու աշխատանքը, նուիրումը, ծառայութիւնը եւ ԳՈՐԾԸ:
Ուժերու եւ կարելիութիւններու զօրաշարժ պէտք է, ու բոլորս ընելիք ունինք այս իմաստով, կաթիլ-կաթիլ ԼՕԽ-ին մեր նուիրաբերած լումաներով մասնակցելու մեր ծով կարիքներու բաւարարման, ընդհանրական մեր դժուարութիւններու լուծման եւ ազգային կեանքի վերելքին:
ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը այս իմաստով պատգամ մը ինքզինք կը պարտադրէ մեզի: Պատգամ եւ կոչ` ընելու ամէն ինչ, դիմելու ամէն միջոցի, որպէսզի ԼՕԽ-ը, իբրեւ օրհնութիւն, անպակաս ըլլայ մեր տուներէն, դպրոցներէն եւ ակումբներէն: Շարունակէ ծառայել ան իր ժողովուրդին, ինչ որ իր գոյութեան նախապայմանն է: Զօրանայ, երիտասարդանայ, ամրանայ եւ մեծնայ`
Հաւաքական մեր կեանքին համար,
Հայութեան եւ Հայաստանի՛ն համար: