Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով. Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր կեանքի ամէնօրեայ յորդորներ եւ շատ անգամ զզուանք պատճառող բառեր են հետեւեալ մօտեցումները, թէ` «այլեւս շատ լուրջի պէտք չէ առնել» հաւաքական կեանքին վերաբերող արարքներն ու մտածումները:

Այլ խօսքով` ինչ բանի կը ծառայեն այն բոլոր աշխատանքները, որոնք իրենց մէջ կը պարփակեն հաւատքի ու համոզումի, կամքի ու նուիրումի հասկացողութիւններ եւ սակայն ունին ժամանակաւոր բնոյթ:

Ժամանակաւոր այն առումով, որ տուեալ պահու ստեղծուած զգացականութիւնն է, որ պիտի շղարշէ մեր հոգիներն ու միտքերը, օրուան պատգամաբերին ազնիւ ու խորախորհուրդ մտածումններն են, որոնք պիտի շոյեն մեր հաւաքական գիտակցութեան խորանները, եւ քիչ ետք, այո՛, դարձեալ կեանքի ահաւոր պայմաններու տարափին տակ պիտի չքանան խօսքերու ուժգնութիւնն ու արարքի մեծութիւնն անգամ:

Այս պարագային, դաշնակցական ակումբի մը յարկին տակ սրահի մը անուանակոչումը, ինչպէս նաեւ այս առիթով գրադարանի ու յարակից մասերու հաստատումը անպայման որ կ՛ընդգրկեն դաշնակցական ապրումներու, համոզումներու, տեսլականի եւ հաւատամքի եզակի տարրեր, որոնց իրաւութեան եւ բացառիկ արժէքին մասին ոչ ոք կրնայ հակառակի մօտեցումներ ցուցաբերել, այլապէս ժխտած պիտի ըլլանք մեր ինքնութեան ու պատկանելիութեան, ողջ պատմութեան եւ տեսակի ամէն արժեհայեցողութիւն, հետեւաբար` մենք մեզ վաղուց յանձնած պիտի ըլլանք ամլութեան գիրկին եւ ժամանակի քանդիչ գլանին:

Միւս կողմէ սակայն, գիտակից ենք նաեւ մեր օրերու ու յայտնապէս հաւաքական կեանքի մէջ առկայ դժուարութիւններուն, բացթողումներուն եւ անհեռանկար վարքագիծերուն, որոնց դէմ պայքարելու, սխալները սրբագրելու եւ տիպար առաջադրանքներ մշակելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք ազգովին:

Ինչ կը վերաբերի դաշնակցական իրականութեան, բնականաբար նման նախաձեռնութիւններ կը մնան էապէս ոգեւորիչ եւ արժանի մեր բոլորին գնահատանքին, այլապէս նման հոգեպարար մտայղացումներ նկատելով որակական ոստում եւ ամուր պատուար` հայ կեանքի այլասերիչ ու համայնակուլ յորձանուտներու դէմ յանդիման:

Արդ, ի՛նչն է որ մեզ մղեց արձագանգելու ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի նախաձեռնութեան:

Բնականաբար, առաջին անգամը չէ, որ դաշնակցական մարմին մը վաստակաւոր ընկերոջ մը յիշատակը յաւերժացնելու միտումով սրահի մը անուանակոչումին կը ձեռնարկէ` իբրեւ երախտագէտի ու յարգանքի արտայայտութիւն:

Այդուամենայնիւ նման արարքի մը լրացուցիչ մտայղացում մըն է նաեւ համանուն գրադարանի մը հաստատումն ու «Զգաստութեան պատ»-ի կառուցումը:

Իրօք տեղին ու իմաստալից բնորոշումով մը, տուեալ աշխատանքին մասնակիցներէն ընկեր մը կը յայտնէր, թէ` ասիկա մեր զգաստութեան  պատն է, եւ ոչ թէ` լացի:

Ճիշդ, արդարացի, դաստիարակիչ եւ թելադրական բնորոշում:

Սակայն ինչպիսի՞ երեւոյթի եւ կամ «պատ»-ի մասին է խօսքը, երբ մեր շուրջ բոլորը այնքան տխուր են հաւաքական գոյերթի կռուաններու պատկերներ, այնքան խծբծուած են ներքին ու արտաքին կեանքի «պատ»-եր, այնքան աղճատած ու իրենց բովանդակութենէ պարպուած են հաւաքական յիշողութեան արժանիքներ, այնքան ազդած ու կողմնորոշած են մեզ օտարամուտ հոսանքներ, այնքան ընդարմացած վիճակ կը պարզեն հայ կեանքի ոստաններ, այնքան դիւրին յանձնուած ենք նիւթին ու փառատենչ զեղումներու, այնքան թուլամորթ ենք դարձեր ընդդէմ մեր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը, պատմութիւնն ու եզակի մշակոյթը վերացնել փորձող ուժերու, այնքան մը շլացեր ենք յեղյեղուկ երեւոյթներու առկայութեամբ, այնքան մոռացութեան տուեր ենք հայ կեանքի թէ ընդհանրապէս դաշնակցական պատմութեան ծառայած հսկաներու պատգամները:

Ու հասեր ենք այն հանգրուանին, երբ նորահաս սերունդին կը փորձենք ցոյց տալ անցեալի ու ներկայի հերոսական մտքի ու կենդանի գործի արժեչափեր, պայծառ մտածողութեան տէր անհատներու եւ ազգակերտ տիտաններու վարքագիծեր, անոնք` մերօրեայ սերունդի տղաներ ու աղջիկներ, տարակուսութեամբ եւ դէմքի շարժումով մը կը դիմաւորեն մատուցուած գործերն ու թելադրանքները:

Եւ ահա տուեալ իրադրութիւններու լոյսին տակ, դաշնակցական մարմին մը, գիտակից իր առաքելութեան եւ կոչումին կը նախաձեռնէ ո՛չ միայն սրահի մը անուանակոչումին, այլ նաեւ կը հաստատէ այն սրբազան «պատ»-ը, որուն խորքին քանդակուած են բազում հերոսներու եւ մտքի տիտաններու լուսանկարները:

Թէեւ շրջանակուած լուսանկարներ են անոնք, քով-քովի շարուած եւ կը ներկայացնեն տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ, սակայն անոնց հոգիի ու մտքի մեծութիւնն է, որ անկաշկանդ ու բարձրաթռիչ կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ` իբրեւ գերազանց ու անփոխարինելի  մասունք:

Աւելի՛ն. անոնց իւրաքանչիւրի սրբազան նայուածքին ու խորախորհուրդ դէմքի արտայայտութեան ընդմէջէն արդէն յստակ կը դառնայ իրականութիւն մը անսեթեւեթ, թէ դաշնակցական իրերայաջորդ փաղանգներ, անոնք ըլլան ղեկավար թէ համեստ ֆետայիներ, ապրած ու գործած են յանուն հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան պահպանման ու ազգի գոյատեւման:

Անոնք` դաշնակցական սրբալոյս հիմնադիրներ ու սերնդակիցներն են, որոնք շնորհիւ իրենց գաղափարական շունչին եւ անսակարկ ծառայութեան, պայծառ մտքին ու հրաշքի համազօր նուիրումին, կրցան սուրբ գաղափարին, համոզումին, հաւատաքին ու գործին շուրջ համախմբել բիւրաւոր անհատականութիւններ եւ ծնունդ տալ յեղափոխական կազմակերպութեան մը` յանձին ՀՅ Դաշնակցութեան:

Այդուհանդերձ զարմանալի պէտք չէ թուի, թէ «պատ»-ին վրայ տեղադրուած լուսաւոր դէմքերու շարքին են ո՛չ միայն անցեալի հրաշագործ ու տիտան ֆետայիներ, Հայաստան կերտած մեծեր, գիր ու գրականութիւն ստեղծած արժանաւորներ,  այլ նաեւ` Նեմեսիսի, հայահոծ թաղերու պաշտպանութեան մարտերուն նահատակուած եւ Արցախի հերոսագրութիւնը երկնած բազում խնկելիներու դէմքերը:

Այո՛, անզուգական դէմքեր են անոնք, իրարմով հպարտացող, իրարմով զօրացող եւ սերունդներ ներշնչող, որոնք մէկտեղուած են դաշնակցական ակումբի մը յարկին տակ եւ «զգաստութեան պատ»-ի մը սրտին քանդակուած:

Այլապէս ալ նախաձեռնութեան շունչ ու ոգի ջամբող երեւոյթ մըն է նաեւ այն, որ այդ նոյն պատին եւ քանդակուած լուսանկարներու հետ շաղախուած են երկու դաշնակցականաւանդ եւ անզուգական  արժէքներ` ազգային ազատագրական պայքարի մոսինն ու վրիժառու բազուկի խորհրդանիշ տասնոցի գոյութիւնը:

Իսկ վերոյիշեալ մասունքներուն, պատմութեան թէ կենդանի գործին վաւերականութիւնը արտայայտող նամակներու (պատճէնահանուած) մնայուն ցուցադրումը, նոյնքան մը ողջունելի է, պարզապէս կրկին շեշտելու դաշնակցական ողջ էութեան անբեկանելի արժանիքները` սուրին, բահին ու գրիչին գերազանցապէս անփոխարինելիութիւնը:

Թէեւ պատճէնահանուած նամակներ են անոնք, որոնք տրամադրուած են ՀՅ դաշնակցութան հարուստ արխիւներէն, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքն իր մէջ կը պարփակէ խորհուրդ մը անգնահատելի, դաշնակցական արժէք մը` անպարագծելի, ուր վաւերականօրէն տեսանելի են եւ, թէ ինչպիսի՛ ահաւոր պայմաններու կը գործէին աննման ֆետայիները, թէ ինչպիսի՛ ընկերասիրութեան, իրերօգնութեան, հաւատամքի, համոզումի եւ գործի ասպարէզ էին հաստատած մեր անկրկնելի գործիչները:

Ամրագրուած ու կեանքի վաւերականութիւնը վաստկած իրական հասկացողութիւն մըն է այն, որ հաւաքականութիւններ երբ կառչած են իրենց ազգային անկորնչելի արժէքներուն եւ գաղափարական ոգիի մեծութեան, եւ պատրաստ են յանձն առնել ամէն զոհողութիւն, ապա շատ աւելի հեզասահ եւ անվտանգ գոյութեան երթ են ունեցեր եւ տոկացեր կեանքի դաժան մոլուցքներուն եւ համայնակուլ փորձանքներուն:

Փաստօրէն, դաշնակցական փաղանգներ այնքան ատեն որ կառչած են իրենց անփոխարինելի արժէքային համակարգերուն, նոյնքան մը զօրացած եւ յաղթանակներ ապահոված են եւ եզակի դրոշմը ակօսած հայոց պատմութեան էջերուն:

Մեր կարծիքով` կառուցուած «զգաստութեան պատ»-ը այդ կը ծառայէ գալիք սերունդներուն դաստիարակութեան եւ դաշնակցականակերտ սխրանքներու առաւել բոցավառումին:

Բարի երթ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>