Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քուէյթի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

 

04_121115-720x480

ՀՅ դաշնակցութեան աւանդութեան վերածուած  տօնակատարութիւնները ամէնուրեք տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի առաջին հերթին Դաշնակցութիւնը առիթը ունենայ կատարուած աշխատանքին հաշուետուութիւնը ներկայացնելու հայ ժողովուրդին, միասնաբար քննելու ազգային ընկերա-տնտեսական համահայկական եւ պետականաշինութեան անցած ուղին, ու ապա միասնաբար վերլուծելու արժեւորելու եւ համապատասխան ներուժով եւ մարտավարութեամբ դիմագրաւելու հայ ժողովուրդին նոր խնդիրները եւ մարտահրաւէրները:

Փաստօրէն հաւաքուած ենք այսօր ազգովին, կուսակցական թէ համակիրներու լայն զանգուածը, խորհրդածելու եւ խօսելու համար մեր ըրածին ու մեր ընելիքին մասին, որովհետեւ այս մէկութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան գրաւականը, այս մէկութեան մէջ կը կայանայ մեր ուժին գաղտնիքը: Արդարեւ, աւելի քան 125 տարի առաջ հիմնադրուած ՀՅ դաշնակցութեան պատմութիւնը ու անոր քաղաքական եւ յեղափոխական ոգեւորիչ ընթացքը կարելի չէ անջատել հայութեան երթէն:

Այո՛, զուգորդուած են հայ ժողովուրդի եւ Դաշնակցութեան պատմութիւնները` առնուազն 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը:

Չկայ պատմաքաղաքական անկիւնադարձային հանգրուան մը, շրջադարձային իրադրութիւն մը առնչութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին հետ, որ ՀՅ  դաշնակցութիւնը առաջատար դիրքերու վրայ չըլլայ յանուն հայ ժողովուրդի շահերուն:

Դաշնակցութեան հաշուետուութեան այս օրը նաեւ կը յատկանշուի եւ կը պարտաւորեցնէ մեր կուսակցութիւնը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին ազգային կեանքին հետ կապուած ձեր արդար բոլոր մտահոգութիւններուն, հարցադրումներուն եւ ակնկալիքներուն կապակցաբար մենք մեր արտասանած խօսքին ընդմէջէն կարողանանք տուեալ մտահոգութիւններուն սպառիչ բացատրութիւն եւ գործնական լուծումներ յայտարարել:

Եւ վերջապէս, Դաշնակցութեան հաշուետուութեան օրը արտասովոր նշանակութիւն ունի մեզի համար եւ կը տարբերի տարուան մը մնացեալ բոլոր ձեռնարկներով այն հանգամանքով, որ ան կը հանդիսանայ կարեւորագոյն հանգրուանը` ժողովուրդ-կուսակցութիւն անխորտակելի կապը վերստին (անգամ մը եւս) ամրագրելու, ամրապնդելու եւ վերանորոգ կամքով ազգովին ուղղուելու դէպի կենսագործում, Հայ դատի, Արցախի հարցի արդար կարգաւորման, Հայաստանի հզօրացման եւ ամբողջական կերտման:

Հաստատենք անմիջապէս, որ մենք բնաւ տարօրինակ չենք գտներ համակիր եւ ոչ համակիր զանգուածի մեր կուսակցութեան հանդէպ պահանջկոտ ըլլալու իրողութիւնը, անոնք առաւելագոյն չափով ակնկալութիւն ունենալու իրաւունք ունին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը 125 տարի միանշանակ հանդիսացաւ հայկական իրականութեան մէջ այն կուսակցութիւնը, որ համահայկական խնդիրներու ամէնէն ծանր բեռը միշտ ալ ինքն իր վրայ վերցուց, երբ այլոք զբաղած էին ձեռնածւութեամբ եւ մտավարժանքներով, կատարենք պատմական վերաքաղ մը եւ պիտի տեսնենք, որ ըսուածը ճշմարտութիւն է:

Դաշնակցութիւնը նաեւ հանդիսացաւ հայկական իրականութեան մէջ միակ կուսակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն բնաւ չպայմանաւորեց եւ չսահմանափակեց իր աշխատանքային ծիրը, տարածքները, փաստօրէն ան գործեց եւ կը գործէ այնպէս, ինչպէս հայրենիքէն ներս, նոյնպէս ալ` դասական սփիւռքի մէջ, Ռուսաստանի եւ Ջաւախքի մէջ, Արցախի եւ Աբխազիոյ մէջ, եւ այսպէս` ամէնուրեք, ուր հայկական հաւաքականութիւն գոյութիւն ունի, ուր ենթահող կայ Հայ դատի քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանք ծաւալելու` ի նպաստ հայկական հիմնախնդիրներու լուծման:

Ուրիշ խօսքով, Դաշնակցութիւնը սովորական հասկացողութեամբ դասական կուսակցութիւն մը չէ. Դաշնակցութիւնը, առաջին հերթին, յեղափոխական կուսակցութիւն է, ոչ թէ որովհետեւ կազմակերպեց Խանասորի արշաւանքը, Կուկունեան արշաւանքը, Պանք Օթոմանը, Պաքուի ինքնապաշտպանութեան կռիւները (եւ այլ գործողութիւններ), այլ, որովհետեւ ան արմատականօրէն շրջեց հայ ժողովուրդի պատմութեան անիւը, յեղափոխեց մտածելակերպը, ապրելակերպը, ճակատագրապաշտութեան մտածողութեան յանձնուած ժողովուրդ մը վերածեց հարուածող բազուկի, քաղաքական տեսլական ունեցող (հետապնդող) հաւաքականութեան, որովհետեւ դարեր շարունակ մենք կորսնցուցած էինք գրեթէ ամէն բան` հայրենիք, պետութիւն, քաղաքական մտածողութիւն, հաւաքական կամք եւ այլն:

Դաշնակցութիւնը, այո՛, շրջեց պատմութեան անիւը. հայ ժողովուրդին վերադարձուց թշնամիին հակադարձելու վճռակամութիւնը, արժանապատուութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը, համախումբ եւ կազմակերպուած ուժ դառնալու հրամայականը, թօթափելու դարերու ստրկամտութիւնը:

Դաշնակցութիւնը ապահովեց վերածնունդը հայ ժողովուրդին, հայ քաղաքական մտքին, հայկական պահանջատիրութեան երբ բոլորին համար ժամանակի խնդիր էր միայն հայ ժողովուրդի անխուսափելի կործանումը, վախճանը:

Երբ բոլորին համար փակուած էր հայութեան գոյատեւման, ինքնութեան, պետականութեան օրակարգը, Ա. Աշխարհամարտի ծանր օրերուն եւ ողբերգական 1915-ի ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայութեան վերջին բեկորները` Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ եւ ժողովուրդի անսակարկ նուիրաբերումով, Արամներու, Դրոներու եւ Նազարբէկեաններու առաջնորդութեամբ հրաշք գործեցին` փրկելով ազգը անվերադարձ կորուստէ, վերադարձնելով գէթ համեստ տարածքներով եւ կարողականութեամբ Հայաստանը` հայութեան եւ հայութիւնը` Հայաստանին, որոնք միասին անխորտակելի են:

Դաշնակցութիւնը անել վիճակներէն ելք գտնող ազգային կուսակցութիւն է. կը յիշենք անպայման, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, խորհրդային ճնշող եւ ծանր տարիներուն, երբ Դաշնակցութիւնը մայիս 28 կը տօնակատարէր Խորհրդային Հայաստանի վերանկախացման եւ Արեւմտահայաստանի ազատագրման մասին կը խօսէր, պայքար կը ծաւալէր, սերունդներ կը դաստիարակէր եւ կը ճամբէր դէպի Հայ դատի աշխատանքները, երբ այդ թուականներուն տակաւին Նախիջեւանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մասին կը խօսէր եւ պայքար կը ծաւալէր` շատ քիչերը կը քաջալերէին` պատրուակելով, որ այդ բոլորը անկարելի է, այդ բոլորը խորհրդային երկաթեայ միութեան եւ Կարմիր բանակին մարտահրաւէր կարդալ է:

Տարբեր չէր պարագան, երբ կուսակցութիւնը պայքար կը ծաւալէր միջազգային քաղաքական թատերաբեմին վրայ` ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր, երբ ոմանք միջազգային մութ ուժերուն խաղերէն տարուած` ներազգային միասնականութիւնը ջլատելու ծրագիրներով կը զբաղէին, ուրիշներ ալ իրենք իրենց պարտադրուած ճակատագրին ենթարկուելով` անիրապաշտ կը համարէին պահանջատիրութեան մեր վճռակամութիւնը, դիտել տալով, որ Թուրքիան հզօր պետութիւն է, Արեւմուտքը իր կողքին է եւ այլն:

Բայց վերջապէս Ժամանակը եւ իրերու հոլովոյթը Դաշնակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպական կեցուածքներուն իրաւունք տուին:

Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովները անսասան կառչած մնացին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջատիրութեան, Հայաստանի անկախացման եւ հզօրացման:

Այսօր մեր զոյգ հանրապետութիւնները անկախացած են: Այսօր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ իրաւական իրաւունքներու վերականգնումը վճռորոշ հանգրուան մը թեւակոխած է. այլեւս Հայաստան կայ, Արցախ կայ, պետականութիւն կայ. մեզի պակսողը այսուհետեւ տնտեսապէս հզօր, անվտանգ, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական ամբողջական Հայաստանն է. այլեւս մեր հետապնդածը համայն հայութեան համախմբումն է «Դէպի Երկիր» կարգախօսին տակ, որուն համար պէտք է խօսինք այսօր եւ պէտք է ազգովին լծուիլ այդ սրբազան աշխատանքին:

Այսուհանդերձ, նախքան խորանալը այդ օրակարգերուն մէջ` կ՛արժէ համառօտ ակնարկ մը նետել անցնող տարեշրջանին յատկանշուող իրադարձութիւններուն կապակցաբար, նախ հաստատելու համար հանգրուանի լրջութիւնը եւ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ապա` անդրադառնալու մեր ռազմաքաղաքական ընդհանուր կացութեան:

Հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամին, թուրք- ազրպէյճանական քաղաքական զոյգը, կը շարունակէ մեծ թափով, բոլոր ճակատներու վրայ հարուածել հայութեան կենսական շահերը եւ դիրքերը:

Տնտեսական, դիւանագիտական, յարաբերական, ապահովական եւ ռազմավարական:

Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու անմեղ բնակչութիւնը կրակի տակ պահելով եւ բախումային գօտիի վերածելով` Ազրպէյճանի ռազմատենչ գործողութիւններու նպատակը ճնշումի, խուճապի եւ անապահովութեան ընդհանուր կացութիւն մը ստեղծել է:

Արցախի ռազմաճակատի բոլոր երկարութեամբ օրական 1994-ի կնքուած զինադադարը խախտելով ծանր տրամաչափի զէնքի օգտագործումով` կը խլեն բազմաթիւ թանկագին զոհեր եւ կը փորձեն ի զուր յուսահատեցնել հայ ժողովուրդը եւ ապակայունացնել ամբողջ տարածաշրջանի անդորրը` խնդրոյ առարկայ դարձնելով մեր ազգային անվտանգութիւնը, կռնակէն դաշունահարելով Արցախի խաղաղ բանակցային ներկայ գործընթացը, նպատակադրելով տեղափոխել Արցախի բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջանակներէն այլ միջազգային կազմակերպութեան հարթակ մը, որպէսզի միջազգային նոր ձեւաչափով հայութեան համար անբարենպաստ կացութիւն մը ստեղծուի:

Անցնող տարեշրջանը յատկանշուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ` սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ աշխարհի բոլոր տարածքներուն կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն ընդմէջէն արտայայտեցին հայ ժողովուրդի միասնական կամքը եւ մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան անժամանցելիութիւնը:

2015 ապրիլ 24-ին ամէն բարձր մակարդակի միջազգային թէ պետական նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու Ծիծեռնակաբերդ ներկայութիւնը եւ զանազան նոր երկիրներու ճանաչումները 1915 իրողութեան նոր թափ տուին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:

Եւ վերջապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան բարեփոխումներու առիթով յայտնուած բանավէճ քննարկումները, որոնք վերջերս բաւական լայն տարողութեամբ զբաղեցուցին քաղաքական դաշտը, ինչ որ եզրափակուեցաւ ժողովրդային հանրաքուէով:

Տուեալ սահմանադրութեան բարեփոխումներու առումով պէտք է ըսել, որ թէ՛ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու մեծամասնութիւնը, թէ՛ խորհրդարանի 128 պատգամաւորներէն 110-ն կողմ են այս բարեփոխումներուն, իսկ Դաշնակցութիւնը սահմանադրութեան բարեփոխումներու այս տարբերակին համահեղինակ է եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ «Այո»-ի քարոզարշաւին: Ինչպէս որ, օրին, համահեղինակն էր երկքաղաքացիութեան օրէնքի նախագիծին եւ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման աշխատանքին:

Դաշնակցութեան 20 տարուան քաղաքական պայքարի առանցքը հանդիսացող բարեփոխուած սահմանադրութեան այս տարբերակը, եթէ 1995-ին ընդունուէր, մեր ժողովուրդին եւ պետութեան շատ բան խնայած պիտի ըլլայինք:

Ի՞նչ պիտի տայ եւ ապահովէ մեզի այս նոր սահմանադրութիւնը: Նախ, ասկէ ետք, վերպետական որոշումները մէկ անձի մենաշնորհը պիտի չըլլան, այլ այդ որոշումները պիտի տայ Ազգային ժողովը:

Երկրորդ` այսօրուան գործող կիսանախագահական դրութիւնը կը վերածուի երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգի:

Երրորդ` ընտրակարգը բացարձակ անցում կը կատարէ հարիւր առ հարիւր համամասնականի:

Չորրորդ` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն զիրար հակակշռելու որոշ մեքենականութիւն պիտի ստեղծուի եւ այդ առումով ընդդիմութիւնը կ՛ունենայ իրողաիրաւական որոշ լծակներ հակակշռելու իշխանութիւնը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր 125-ամեակն է  ՀՅ  Դաշնակցութեան. շուտով կը նշենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Մեծ յայտնութիւն մը ըրած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, որ հաւանաբար կը յիշենք, որ Ա. Հանրապետութիւնը նաեւ խորհրդարանական համակարգ էր` վարչապետին վստահուած լիազօրութիւններով:

Երեւակայեցէք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան այդ ծանր տարիները` պատերազմի, համաճարակի, սովի, գաղթականներու եւ այլն:

Նոյնիսկ այդ օրերուն, Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը առաջնահերթութիւններու կարգին դրած էր աւելի լայն ժողովրդավարութեան հաստատման համար որդեգրել խորհրդարանական համակարգ` որպէս ազգը համախմբող հիմնական տարր:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ներկայիս կ՛ապրինք բաւական հակասական, տարաբնոյթ եւ անկանխատեսելի ժամանակահատուածի մէջ, յատկապէս` այսօր Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքներու ռազմաքաղաքական կացութեան բերումով, մէկ կողմէ Արաբական գարունի չնախատեսուած անխուսափելի ահաւոր ձախողութեան հետեւանքները, որոնք ամբողջ շրջանին համար վերածուեցան պատուհասի, միւս կողմէ` տարածաշրջանի անկայունութիւնը, բախումնային իրավիճակը, երկիրներու սահմաններու վերաձեւաւորումը, սայքսփիքոներու որոնումը, խալիֆաթներու ստեղծումը, ահաբեկչական գործողութիւնները, քրտական գործօնի առկայութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարը, շրջանի երկիրները մասնատելու եւ ամէնուրեք փոքր իշխանութիւններ ստեղծելու մարտավարութիւնը կրնան երկար ժամանակ ամբողջ տարածաշրջանը հրաբխային վիճակի մը մատնել:

Տակաւին, Իրանի պատժամիջոցները եւ անոր հիւլէական բանակցութիւնները, Եմէնի, Իրաքի եւ յատկապէս Սուրիոյ արիւնահոսութիւնը մեզ պէտք է մղեն զուտ հայկական գործօնի ամրապնդման աշխատանքին: Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է, անշուշտ, ունենանք դաշնակիցներ եւ ունինք, բայց մենք պէտք է առաւելաբար վստահինք մեր սեփական ուժերուն, ապաւինելով համահայկական ընդհանուր ներուժին, ապահովելու համար հայութեան ու հայրենիքի անվտանգութիւնը:

Աշխարհը արտակարգ դրութեան մէջ է: Աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային այս կացութիւններուն ի տես` ՀՅ դաշնակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կորիզը հանդիսացող այսօրուան հանրապետութիւնը բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները ունենայ իր անվտանգութեան հզօրացման, կայունացման ու բարգաւաճման համար:

Մեզի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ զարգացման գլխաւոր երաշխիքն է: Անոր անվտանգութիւնը, անկախութիւնը կարմիր գիծեր են:

Ընկերային արդարութիւնը մեր ամէնօրեայ գործունէութեան կիզակէտն է: Ժամանակն է առաւել ազդու գործելաոճեր որդեգրելու փտածութեան դէմ պայքարին մէջ: Ժամանակն է ստեղծելու ընկերատնտեսական միջավայրի այնպիսի հիմքեր, որոնցմով կը բացառուին ընկերային բեւեռացումները եւ կը հաստատուի արդարութիւն հասարակութեան մէջ:

Առանց այս նախադրեալներու ապահովման` պիտի դժուարանայ արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացումը, պիտի դժուարանայ հայրենիքը արիւնաքամ դարձնող արտագաղթի կասեցումը: Բան մը, որ կրնայ խնդրոյ առարկայ դարձնել ազգային անվտանգութիւնը:

Դաշնակցութիւնը ամբողջ 25 տարուան ընթացքին ճիգ չխնայեց Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը գաղափարականացնելու, որովհետեւ խորապէս համոզուած ենք, որ ներքաղաքական կայունութիւնը անհրաժեշտ եւ անփոխարինելի կռուան է արտաքին ճակատի ամրութեան: Արդարեւ, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը մնան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի թիւ 1 թշնամիները:

Թուրքիա բռնագրաւուած կը պահէ Արեւմտահայաստանը, շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը, կը շարունակէ ժխտողական քաղաքականութիւնը 1915-ի Ցեղասպանութեան կապակցաբար, կը ծաւալէ բոլոր ճակատներու վրայ անխնայ հակահայ լայնածաւալ քարոզչութիւն, կ՛օժանդակէ եւ կը հրահրէ ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:

Թուրքիա ուշ կամ կանուխ պիտի հասկնայ, աւելի կանուխ, քան ուշ, որ այնքան ատեն որ տակաւին կը շարունակէ ոտնահարել իրաւազուրկ ժողովուրդներու կենսական արդար իրաւունքները եւ չի սրբագրեր իր արիւնոտ անցեալը, աշխարհաքաղաքական ներկայ գործընթացներով Թուրքիոյ խորտակումը պիտի դառնայ անխուսափելի, եւ ինք լաւ գիտէ այդ մէկը (մեր ուզածը անպայման Թուրքիոյ խորտակումը չէ, այլ` անվարան, մեր իրաւունքներուն ձեռքբերումը), որովհետեւ արդի ժամանակներու իրաւազուրկ ժողովուրդներու այսուհետեւ ընձեռած կարելիութիւնները` լրատուական, տեղեկատուական, արհեստագիտական, յարաբերական եւ քաղաքական, որոնք մէկ օրէն միւսը նոր կացութիւն մը կրնան ստեղծել,  անհակակշռելի պիտի դարձնեն ներքին խլրտումներուն  օղակը, անհակակշռելի պիտի դարձնեն ազգային արդար պահանջները` հայերու, քիւրտերու եւ ուրիշներու, պիտի բազմապատկուին զանազան տեսակի շարժումներ, ըլլա՛ն անոնք քաղաքական, ընկերային թէ հասարակական շարժումներ, որոնք ուղղակի պիտի բախին Անգարայի նոր սուլթանի իշխանութիւններուն հետ:

Թուրքիա եթէ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկէ, այո՛, մինչեւ իսկ իր շինծու եւ այլ ժողովուրդներու արիւնով գծուած սահմանները կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ: Թուրքիա առաջին հերթին պէտք է հրաժարի համաթուրանականութեան գաղափարներէն, պէտք է հրաժարի ծայրայեղականներուն եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ապահով ապաստան եւ թիկունքային լայն հնարաւորութիւն տրամադրելու քաղաքականութենէն` զանոնք օգտագործելու համար հետագային, պէտք է հրաժարի ծաւալապաշտական նկրտումներէն շրջանի այլ երկիրներու, որոնք բուն պատճառը դարձան այսօր շրջանի մէկէ աւելի երկիրներու արիւնահոսութեան եւ պատերազմական վիճակներու: Թուրքիոյ վարչապետը, երբ արտաքին գործոց նախարար էր, յայտարարած էր հարեւաններուն հետ զերօ խնդիր ունենալու քաղաքականութիւնը, սակայն այսօր իր հարեւաններուն հետ զերօ խնդիր ունենալու փոխարէն` ան ունի բազմաթիւ խնդիրներ Չինաստանի, Իրանի, Հայաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ յատկապէս այսօր Ռուսիոյ հետ:

Այսուամենայնիւ, մենք բնաւ չենք ժխտած հայ-թրքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն հայ-թրքական տագնապը պէտք է լուծել ըստ էութեան, ասինքն` Սեւրի դաշնագրի տրամաբանութեան վրայ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ամբողջութեամբ ընդունիլ զայն լուծելու պատասխանատուութիւնը եւ վճռակամութեամբ ստանձնել անոր քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները:

Դաշնակցութիւնը ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը դէմ է նախապայմաններու տրամաբանութեամբ հայ-թրքական որեւէ ձեւաչափի երկխօսութեան, ինչպէս որ օրին կտրուկ դէմ էր Ցիւրիխի մէջ կայացած հայ-թրքական արձանագրութեան ստորագրութիւնը:

Քաղաքական այս կեցուածքներուն գինը ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըլլայ, Դաշնակցութիւնը բնաւ պիտի չզիջի Արցախի անկախութենէն, ազատագրուած տարածքներով, Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութենէն, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն: Միջազգային հանրութիւնը ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըսէ կամ ընէ, մենք ենք մեր սարերը մենք մեր բազուկներով պիտի պաշտպանենք, ինչպէս` մեր ինքնութիւնը, մեր սահմանները, մեր արժանապատուութիւնը եւ ի հարկէ` մեր անկախութիւնը:

Հետեւաբար Դաշնակցութեան համար հողային պահանջատիրութիւնը, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ իրաւաքաղաքական եւ նիւթաբարոյական հատուցումը կը մնան առաջնահերթութիններուն առաջնահերթութիւնը:

Թուրքիան պարտաւոր է հիմնովին փոխելու իր քաղաքական կեցուածքները հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Դաշնակցութեան համար Հայ դատի պայքարին մէջ առանցքային նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ այսօր, ելլելով տարաշրջանային անորոշութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը կնքումը, առաջին հերթին` իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք, երկրորդ` նաեւ որպէս պատգամ միջազգային հանրութեան եւ, ամէնէն կարեւորը, իբրեւ յստակ կեցուածք` թուրք ազրպէյճանական ռազմատենչ նկրտումներուն եւ  զինադադարի յաճախակի խախտումներով խափանարարական գործողութիւններուն:

Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը` իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմի:

Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին հայկական կողմը անվարան պէտք է պահանջէ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը` Շահումեան, Գետաշէն եւ Մարտունաշէն:

Ներքին ճակատի վրայ մեր ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկը կը մնայ այսօր հազարաւոր ազատամարտիկներու արեան գնով ազատագրուած Արցախի վերաբնակեցման նպատակային կերպով աշխատանքը` իբրեւ ամէնէն ազդու պատասխանը մեր բոլոր հակառակորդներուն, բան մը, որ պէտք է դառնայ Համազգային գերխնդիր:

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջերս շրջանառութեան մէջ  դրուած տարաձայնութիւններուն, խօսակցութիւններուն կամ մեկնաբանութիւններուն, յատկապէս` Լաւրովի Հայաստան այցելութենէն ետք, իբր թէ ազատագրուած շրջաններու փոխարէն` Արցախին որոշակի քաղաքական կարգավիճակի մը տարբերակի կարելիութիւնը. առաջին անգամը չէ, որ այս տեսակի դրսեւորումներ եւ տարաձայնութիւններ կը կատարուին, ոչ ալ հաւանաբար վերջինը ըլլան: Դիւանագիտական սակարկութեան եւ քաշքշուքներուն մէջ շատ բան կախեալ է մեզմէ, հայութեան միասնակամութենէն, մեր անզիջող քաղաքական վճռակամութենէն, Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի թափէն եւ համազգային զօրակցութեան չափէն:

Դաշնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին ամբողջ տեւողութեան ճիգ չխնայեց, դաշնակցական ջոկատները եղան ամէնէն թէժ մարտերուն մէջ, Շուշիի դաշնակցական առանձնակի գումարտակը կռիւներուն ամբողջ ընթացքին մնաց մարտի առաջին գիծերուն վրայ:

Արդարեւ, ՀՅ դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին կը վերյիշեցնէր անհերքելի որոշ իրողութիւններ, որ` Արցախի առաջին խորհրդարանի նախագահը դաշնակցական էր, Արցախի Ա. Հանրապետութեան առաջին նախագահը դաշնակցական էր, բանակի առաջին հրամանատարը դաշնակցական էր, զինուորական առաջին կանոնաւոր գումարտակը դաշնակցական էր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերէն այդ կռիւներուն զոհուած են աւելի քան 300 կուսակցական ընկերներ:

Այսօր նոյն կարգապահութեամբ համընդհանուր, ուժերու լարումով արտաքին ճակատի վրայ հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Ճիշդ է, Արցախը անկախ է, ազատ է, բայց տակաւին ամբողջ սահմանին վրայ օրական թուրքերը կը խախտեն զինադադարը, մեր ազատամարտիկ բանակայինները կը պաշտպանեն մեր Արցախի անառիկ լեռները,  մեր սրբազան դիրքերը, խրամատներուն մէջ անոնք կը պաշտպանեն նաեւ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ առանց Արցախի անառիկ լեռներուն` Հայաստանը դիւրաբեկ է: Անոնք կը պաշտպանեն մեր արժանապատուութիւնը, մեր ազգը:

Հակառակ ներկայ ժամանակներու դժուարութեանց, Միջին Արեւելքի մեր աւանդական գաղութներու դիմագրաւած պատերազմական, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն, հակառակ տուեալ գաղութներու թիւի նօսրացման` հայկական սփիւռքը կը մնայ առաջատարի դիրքերու վրայ` իր պատմական առաքելութեանց մէջ:

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց համար սփիւռքի հզօրացումը, արդիականացումը եւ քաղաքական դերակատարութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի` արտաքին ճակատի վրայ զոյգ հանրապետութեանց դիրքերու արմապնդման:

Այդ իսկ պատճառով սփիւռքի մեր բոլոր կառոյցներու, վարժարաններու, միութիւններու արդիականացումը եւ հզօրացումը կը մնայ մեզի համար առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը:

Սփիւռքեան համայնքներու կերտած տարիներու քաղաքական, տնտեսական եւ յարաբերական ներուժը պէտք է ամբողջութեամբ ներդրել Հայաստանի հզօրացման:

Պէտք է կարենալ երկուստեք Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութեանց ընդմէջէն ստեղծել այնպիսի ենթահող մը, որ սփիւռքեան բոլոր հատուածները ներգրաւուին հայաստանեան քաղաքական, տնտեսական եւ պետականաշինութեան բոլոր գործընթացներուն մէջ:

Այսօր Դաշնակցութեան եւ համայն հայութեան ամէնէն հրատապ եւ մտահոգիչ օրակարգերէն մէկը կը մնայ սուրիահայութեան ապրած տագնապը եւ պատերազմական կացութիւնը: Հակառակ վերջին ռազմաքաղաքական եւ դիւանագիտական զարգացումներուն եւ միջազգային աւելի լայն տարողութեամբ ահաբեկչութեան դէմ պայքար ծաւալելու իրողութեան, բայցեւայնպէս շրջանի քաղաքական ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

Դաշնակցական մեծ ընտանիքին պարտաւորութիւնն է բազմապատկել սուրիահայութեան ցուցաբերուած բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ օժանդակութիւնները:

Մէկ խօսքով, անհրաժեշտ է համահայկական զօրակցութիւն` սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Դաշնակցութեան եւ հայկական իրականութեան մէջ, այսուհետեւ, իւրայատուկ տեղ ունի թրքահայութեան, համշէնահայութեան, Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին իսլամացուած հայերու ինքնութեան եւ իրաւունքներու արծարծման եւ պաշտպանութեան գործընթացը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար հեռանկարային առումով նոյնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հայկական Ջաւախքը համայն հայութեան զօրակցութեան կարիքը ունի այսօր, թէեւ թաքուն, սակայն այսօր գոյութիւն ունի հայաթափման յատուկ ծրագիր եւ Ջաւախքի պատկերը դիմափոխելու քաղաքական յստակ պատուէր:

Վրաստանի իշխանութիւններու կողմէ շարունակուող անբարենպաստ քաղաքականութիւնը, ընկերային, տնտեսական ծանր պայմանները եւ անարդարութիւնները կը միտին վերջաւորութեան հայկական Ջաւախքը դատապարտելու Նախիջեւանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական ճակատագրին: Ջաւախահայութեան սպառնացող այս կացութիւնը դիմակայելու համար անհրաժեշտ է միջազգային եւ ներազգային զօրաշարժ: Մէկ կողմէ Հայաստանի քաղաքական, դիւանագիտական եւ յարաբերական աւելի ազդու զօրակցութիւնը, իսկ միւս կողմէ` սփիւռքի անյետաձգելի քաղաքական, քարոզչական, նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը` ի խնդիր ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Այո՛, մենք ունինք տակաւին չլուծուած բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք բոլորն ալ մէկը միւսէն հրատապ եւ առաջնահերթ են, որովհետեւ բոլորը զիրար կ՛ամբողջացնեն, որովհետեւ բոլորը կ՛առնչուին ազգային անվտանգութեան հետ, Հայաստանի եւ հայութեան արժանապատուութեան եւ յաւերժութեան հետ: Իսկ թէ ունի՞նք անհրաժեշտ ներուժը եւ կարողականութիւնը լուծելու զանոնք, պատասխանը` անվարան այո՛ է, այո՛, ունինք: Այդ ուժը կը կայանայ մեր միասնականութեան մէջ` սփիւռք, Հայաստան, Արցախ գործակցութեան մէջ:

Եւ վերջապէս, այդ ուժը կը կայանայ երիտասարդութեան մէջ:

Սիրելի՛ երիտասարդութիւն, Դաշնակցութեան ամբողջ 125 տարուան պատմութեան ընթացքին երիտասարդութիւնը միշտ ալ առանձնակի նշանակութիւն ունեցած է անոր գործունէութեան մէջ:

Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ հայ ժողովուրդի պայքարի յաջողութեան գրաւականը դուք էք, Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անվտանգութեան, զոյգ Հանրապետութեանց տնտեսական բարգաւաճման, սփիւռքի արդիականացման գրաւականը դարձեալ դո՛ւք էք:

Հայ ժողովուրդի պահեստի ուժը գաղափարական եւ դաստիարակուած, կարգապահ ու մարտունակ երիտասարդութիւնն է:

Դուք էք յոյսը, ուժը, ապագան Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի ազատագրման:

Դո՛ւք վառ պիտի պահէք Քրիստափորներու, Դրոներու, Պետոներու եւ Արամներու յիշատակը, քաղաքական կտակը: Տէր պիտի կանգնիք ձեր կոչումին` համապատասխան հասունութեամբ, ուժականութեամբ եւ յանձնարարութեամբ:

Դուք ձեր մէջ պիտի գտնէք ներուժը` շարունակելու հայ ժողովուրդի դարաւոր իտէալներու իրականացման պայքարը:

Այս հեռանկարային առաջադրանքներով դուք ձեզ պէտք է զինէք եւ մասնակից դառնաք ընդհանուր գործընթացներուն:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեաններու սերունդին:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>