ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ
Ազգէն ծնած, ազգին համար ծնած եւ ազգով մեծցած Հայ օգնութեան միութեան միաւորներէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անցնող 87 տարիներուն ծրագրած եւ իրագործած է բազմատեսակ ծրագիրներ, բոլորն ալ ի շահ լիբանանահայ գաղութի համեստ խաւին:
Այդ ծրագիրներէն կարեւորագոյնը կը նկատուի բոլորիս ծանօթ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը:
Սրտի խօսող ծրագիր մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է եւ տակաւին կը գտնէ մեր ժողովուրդին կողմէ եւ ինչպէս Ղազար Չարըգ ըսած է «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը իրականութեան մէջ կերակուրէ աւելի ազգին սիրտն է, որ դրուած է այդ պնակին մէջ, ու այդ սրտով է, որ կը հաղորդուին բազմահարիւր հայորդիներ…»:
Իրերայաջորդ Շրջանային վարչութիւններ տարին անգամ մը կը կազմակերպեն հանգանակութեան օրը, անհրաժեշտութիւն նկատելով զայն, կը դիմեն ժողովուրդին` գիտակցելով, որ հաւաքական ճիգերով կարելի է յաջողցնել բարեսիրական ծրագիր մը, իսկ քարոզչական յանձնախումբը իր կարգին, կազմակերպուած ձեւով, կը լարէ ԼՕԽ-ի քարոզչական մեքենան` ժողովուրդը մասնակից դարձնելով տալու, նուիրելու եւ օժանդակելու գաղափարին:
Որպէս խաչուհի միշտ հիացմունքով նկատած եմ, որ յատկանշական եղած է այն, որ հանգանակութեան չեն մասնակցիր միայն անոնք, որոնք հարուստ են, այլ կը մասնակցի նոյնիսկ աշակերտը, աղքատը, պատանին, սկաուտը եւ օտարը (գնահատելի). մէկ խօսքով, ամբողջ ազգ մը, պարզ այն պատճառով, որ նախ ազգօգուտ աշխատանք կը նկատուի այդ մէկը, իսկ երկրորդ` կազմակերպող մարմինը, այսինքն` մեր շատ սիրելի ԼՕԽ-ը կը վայելէ հայ ժողովուրդին անվերապահ վստահութիւնը:
Մեր ժողովուրդը գիտէ, թէ ինչ որ կը տրուի ԼՕԽ-ին, նոյն տարին իսկ արդարօրէն կը վերադարձուի ժողովուրդին, բուժելու հիւանդ մը, օգնելու կարիքաւորի մը, վճարելու կրթաթոշակ մը (հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ տեսնելու անհրաժեշտութենէն մեկնած), ուրախացնելու ծերունի մը եւ այլ…
Այսօր առանց վայրկեան մը իսկ տատամսելու կրնանք վստահեցնել, որ սէր ու հաւատք վայելող ԼՕԽ-ը փաստի կարիք չունի, տարիէ տարի ԼՕԽ-ի գործունէութիւններուն ընդարձակումն ու տարածումը լաւագոյն փաստերն են…:
Փաստեր, որոնք մեր իգական սէրը կը մղեն անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն, հոն գտնելու հոգեկան գոհունակութեան հետ զուգահեռ ժրաջան եւ հոյակապ ընկերուհիներ, որոնք միշտ ալ պատիւ բերած են մեր ժողովուրդին:
Վարձքը կատար հանգանակութիւնը կազմակերպող մարմինին:
Վարձքը կատար մեր խաչուհիներուն, որոնք, գիտակցելով իրենց պարտականութեան, այս տարի եւս պիտի թակեն դռները:
Վարձքը կատար մեր ժողովուրդին, որ գիտակցելով իր պարտաւորութեան, մեծ սիրով պիտի տալ ԼՕԽ-ին համար բաժին պահած իր լուման:
6 ապրիլ 2017