Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Տա՛նք ԼՕԽ-ին

$
0
0

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի` Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժարանին

Լիբանանի տնտեսական երկարատեւ եւ հետզհետէ սրող տագնապի այս օրերուն, աւելի քան անհրաժեշտ է կարիքը տեսնող աչքեր, առատաձեռն սրտեր եւ բաց քսակներ ունենալու: ԼՕԽ-ը իր բազմատեսակ ծրագիրներուն ընդմէջէն կը դրսեւորէ նշեալ երեք յատկութիւնները: Անիկա կը տեսնէ մեր ընկերութեան կարիքը եւ կը հասնի առատաձեռն սրտով ու բաց քսակով:

Իսկ մեր ընկերութեան մէկ մեծ շերտին կարիքներուն հասնելու համար, ԼՕԽ-ը ամէն ատենէ աւելի պէտք ունի նոյն այդ յատկանիշերով յանձնառու հայորդիներու` հայ աշակերտին եւ ուսանողին, հայ բանուորին, հայ տիկինին, հայ մտաւորականին: Հայորդիներու` որոնք դիմացինին կարիքը տեսնելով կը գթան եւ գործնական քայլի կը դիմեն, այնպէս` ինչպէս ըրաւ բարի սամարացին` Տէր Յիսուսի պատմած ծանօթ առակին մէջ:

Իսկ այս պարագային, գործնական քայլ մըն է տալ ԼՕԽ-ին, որպէսզի անոր միջոցով մեր հայրենակիցները կշտանան, ուսանին եւ դարմանուին:

Ուրեմն` տա՛նք, որպէսզի ԼՕԽ-ը յարատեւէ իր առաքելութեան մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ կարիքաւոր չմնայ մեր մէջ:

11 ապրիլ 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>