ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի` Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ տասնեակ տարիներու իր գործունէութեամբ ԼՕԽ-ը յաջողած է գաղութի նուիրեալ կիներ ուղղել դէպի ազգային կեանք եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել անոնց ներուժն ու կարողականութիւնը:
Երբ կը խօսինք ԼՕԽ-ի մասին, ի մտի կ՛ունենանք կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անոր նուիրումը, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ անոր բերած նպաստը եւ լիբանանահայ համայնքի հոգեմտաւոր վերելքին մէջ անոր գնահատելի ներդրումը:
ԼՕԽ-ը տարիներ շարունակ ծառայած է հայ ազգին ու ընտանիքին եւ պիտի շարունակէ ծառայել անշահախնդրօրէն, իր միակ թանկագին հատուցումը ըլլալով իւրաքանչիւր հայու ժպիտը, բարօրութիւնը, գոհունակութիւնը եւ շնորհակալական խօսքը:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ, իսկ նուիրեալ անդամներուն` անսպառ ուժ եւ կորով: Ձեր վարձքը հազար կատա՛ր: