Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Բոլոր Կամաւորներուն

$
0
0

ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ
Տնօրէն` Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի

Մանուկ հասակէս մեր տան գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր «Օգնութեան խաչ»-ը: Ինծի համար, կիներ, որոնք անցեալին խաչուհի, իսկ այժմ ԼՕԽ-ական կը կոչուին, բացառիկ կարողութիւններու տէր, տեսակ մը գերմարդ կը ներկայանային, յարատեւ աշխատողներ` թէ՛ իրենց ընտանեկան պարտականութիւններու տէր, եւ թէ՛ միութենական պաշտօններու արժանի:

Աւելի ուշ, երբ ազգային կեանքին իրազեկ դարձայ, հասկցայ, որ ԼՕԽ-ականը հայ կնոջ տիպարն է. առաքինի, նուիրուող, անանձնասէր, օգնող: Ան իր բարիքներով կ՛ողողէ բոլորը առանց խտրութեան: Աննկուն կամքով եւ զոհողութեան խոր հաւատքով կատարեալ բալասան մը: Անձնական հանգիստի ժամեր չունի, կարծես թէ բարեսիրութիւնը իր մնայուն մտասեւեռումն ու «մոլութիւն»-ը դարձած է: Թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ ներքին անհասկնալի ուժով, արտաքինով այդ նուրբ, քնքուշ եւ վայելուչ անդամուհիները կարողութիւն ունին այդ հսկայական աշխատանքները միշտ յաջողութեամբ կատարելու առեղծուած մը ըլլալ կը թուի օտարին համար, բայց ոչ` հայուն: Հայ կինը այսպէս եղած է դարերով եւ նոյնն է ներկայիս, անոր արեան մէջ ներկայ է մայրը, քոյրը, ընկերուհին եւ նաեւ ֆետային:

Կարելի՞ է չխոնարհիլ ԼՕԽ-ականին դիմաց:

Ողջո՜յն եւ բի՜ւր յարգանք ձեզի, ո՛վ ԼՕԽ-ական սիրելի ընկերուհիներ:

Անսպառ ուժ, կորով եւ միշտ ու միշտ յարատեւ վերելք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>