Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սրտի Խօսք

$
0
0

ԴԱԼԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը  ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Բարի նպատակ հետապնդող, աղքատին ու անկարին հասնող, ուսանողին կրթանպաստ հայթայթող, աշակերտին դէմքին ժպիտ դրոշմող, հիւանդին դեղորայք ապահովող… եւ տակաւին շատ բարիքներ:

Բառերով կարելի չէ բաւարարուիլ կամ արտայայտել այս հսկայ կազմակերպութեան բարի գործերը:

Դպրոցական թէ համալսարանական տարիներուս, որպէս ԼՕԽ-ի կրթանպաստի սան, նիւթական օժանդակութիւն ստացած եմ ԼՕԽ-էն: Այս մէկը կարելի չէ մոռնալ կամ աննկատ մնալ անոր հանդէպ: Վստահ եմ, ինծի պէս շատեր եւս օգտուած են եւ տակաւին կ՛օգտուին ԼՕԽ-ի յատկացուցած կրթանպաստէն:

Իւրաքանչիւր անձ, որ կը վայելէ եւ կամ վայելած է ԼՕԽ-ի բարիքը, անպայման որ պիտի աղօթէ եւ բարին մաղթէ ԼՕԽ-ին:

Հետեւաբար` Ուր որ ներկայ է ԼՕԽ-ը, հոն ներկայ է նաեւ աղօթքը:

Ներկայ է նաեւ Աստուծոյ ուժը:

«Աստուած ձեզի ուժ եւ առողջութիւն տայ»: Այս սրտէ բխած խօսքերը`  այն ծերունիներուն, որոնք շաբաթը երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը ստանան, անպայման պիտի զօրացնեն այդ ճաշը հայթայթող ընկերուհիները` Աստուծոյ ուժով, որպէսզի կարենան շարունակել իրենց այս սուրբ առաքելութիւնը:

ԼՕԽ-ը կը մնայ բոլորիս յոյս ներշնչող եւ վստահութիւն պարգեւող այն կանացի կազմակերպութիւնը, որ արդէն քանի մը տարիներ ետք պիտի բոլորէ իր 100 տարիքը:

Երկար կեանք, բարձր նուաճումներ եւ բարի երթ կը մաղթեմ ԼՕԽ-ին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>