ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Այսօր այստեղ
Մթութեան մէջ հոգիներու գունաթափ
Ահաւասիկ ձեռք մը դալուկ, սիրոյ կարօտ
Կարօտ բերկրանքի, սփոփուելու խնդրանքով…
Այսօր այստեղ
Տրտմութեան մունջ բազմավիշտ էակներ
Ահաւասիկ սեւեռաբիբ կը սպասեն հեկեկուն
հազար կանթեղ ճրագներով մշտադող
կաթիլ մը ձէթ ճրագին համար իր կեանքին…
Այսօր այստեղ
Ոլորտներուն մէջ տառապանքներու ահաւոր
Լոյս կը կաթի, սէր կը հոսի նայուածքիդ մէջ
անյայտ ձայներու
անյայտ ձեռքերու
սիրազեղ սրտի ժպիտով լուսափրփուր
Երբեմն այսպէս
Անյայտ ձեռքերու
Անյայտ ձայներու
Բիւր կաթիլներով սիրազեղ
Ժպիտն հիր կ’ուրուագծուի բիբերուն մէջ տուայտող
Լումայով մը, կաթիլ կաթիլ խաւարն ուրիշին փարատելու
Լոյսը եղիր, մոմի մը պատրոյգին չափ յուսատու
Տալու հաճոյքը ազնիւ հոգիներու կը սազի…
Ապրիլ 2017