Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Որքան Տանք Ուրիշին, Պիտի Ստանանք Աւելին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ

Կա՞յ աւելի մեծ ուրախութիւն առթող եւ աւելի շատ գոհունակութեան զգացում ընձեռնող երեւոյթ, քան կարիքաւորին եւ կարօտեալին օժանդակելու եւ ձեռք երկարելու բարեսիրական արարքը` իբրեւ քու նմանին հասնելու, երբ ունիս այդ կարողութիւնը: Բոլորս նոյն ստեղծագործութիւնն ենք, կոչուած ենք ապրելու միեւնոյն կեանքը, անշուշտ պայմանները, միջոցներն ու կարելիութիւնները կը տարբերին մէկը միւսէն, բնական է, եւ պէտք է տարբերին, որպէսզի տեսնելով եւ ապրելով իւրաքանչիւրիս սահմանուածը, մենք որպէս մարդ արարածներ զգանք եւ արժեւորենք տարբերութիւնները, վերլուծենք մեր լինելիութեան նպատակը եւ ըմբռնենք զայն` լիովին արժեւորելով ապրելու գաղտնիքը: Կեանքը պարզ է, եւ զայն ապրիլը հաճելի, միայն երբ կը գիտակցինք մեր նմանին գոյութեան, անձնասիրութեան  մեկուսացնող սահմանները հատելով, օգնութեան կը հասնինք անոնցմէ կարիքաւորներուն, որովհետեւ բոլորս նոյնը ըլլալով եւ նման իրարու մէկ ենք միասնաբար, իւրաքանչիւրս պէտք է ըլլանք բոլորին համար, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, ինչպէս Ինք` Ամենակարողը բոլորիս համար է: Որքան տանք ուրիշին, պիտի ստանանք աւելին:

Ընդհանրապէս սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ կենսական եւ յուսադրիչ երեւոյթ դարձած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առկայութիւնը` իբրեւ կազմակերպութիւն, միութիւն, կամաւոր մայրերու, կիներու, քոյրերու եւ դուստրերու խմբուածութիւն, անսակարկօրէն հասնելու համար կարիքաւորին պէտքերուն, ստեղծելու կարօտեալին անհրաժեշտ պայմանները եւ վերջապէս ժրաջան ու անդուլօրէն առօրեայ աշխատանքով միշտ հետամուտ ըլլալու, որ հայ մը չմնայ անօթի, պնակ մը կերակուրի կարօտ, հայ զաւակ մը չմնայ դպրոցէն դուրս, նիւթական պատճառով, անհանգիստ կամ հիւանդ հայ մը չմնայ զուրկ բժշկական բուժումէն եւ խնամքէն, դարձեալ նիւթական պատճառով: Այս բոլորը լոկ տեսական երեւոյթներ չեն, որոնք մարդկային պարտականութիւններէն կը բխին` արդարութեան եւ անհատական կենսական իրաւունքներուն կողմէ սահմանուելով: Ասոնք ամէնօրեայ աշխատանքներ են, զորս մեր կամաւոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիները վերածած են ապրումի, կեանքի եւ իւրայատուկ ոճի: Այո՛, այս բոլորը իրականութիւն են, որովհետեւ Օգնութեան խաչը ծնաւ ժողովուրդին կողմէ, նոյնինքն ժողովուրդին ծառայելու համար: Ծնաւ կամաւոր ծառայող զաւակներուն կողմէ, հասնելու համար մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներուն անխտիր: Արդէն իրենց կենդանի օրինակով եւ գործունէութեամբ ցոյց կու տան մեզի կեանքի իսկական իմաստը, եթէ երբեք կարողութիւնը ունինք տեսնելու, այն ատեն կը հասկնանք միայն:

Անոնք տարբեր առիթներով կը հրաւիրեն մեզ մասնակցելու իրենց մարդօգուտ եւ ազգօգուտ աշխատանքին, եւ եթէ իմաստութիւնն ու համեստութիւնը ունինք մասնակցելու, ընդառաջելով անոնց հրաւէրին: Անպայմանօրէն պիտի տեսնենք գեղեցիկ կողմը կեանքին, օգտակար ըլլալով մեր նմանին, անպայմանօրէն պիտի ունենանք գոհունակութեան անզուգական զգացում, երբ կարողանանք գծել ժպիտը կարօտեալին դէմքին վրայ, որ մեր նմանն է եւ ունի միեւնոյն իրաւունքները: Անպայմանօրէն, այսպիսով «մարդը» քիչ մը աւելի զօրացած պիտի զգանք մեր մէջ, եւ մօտեցած կեանքի իսկական իմաստին, թարգմանելով իւրաքանչիւրիս սահմանուած ժամկէտը հաճելի առաքելութեան մը:

Համաշխարհայնացման այս դարուն, երբ համացանցի վրայ ստեղծուած ընկերային միջավայրերը տիրապետող երեւոյթներ են ընդհանրապէս բոլորին եւ մասնաւորաբար երիտասարդ տարրին համար, կ՛առաջնորդէ դէպի դիւրակեցութիւն, մակերեսայնութիւն, եսակեդրոնութիւն եւ նիւթապաշտութիւն, մղոններով հեռացնելով զայն կեանքի մէջ յանձնառութեան ոգիէն, հարցերու խորքը թափանցելու պատրաստակամութենէն, իր նմաններուն եւ շուրջիններուն հետ եւ անոնց համար աշխատելու գիտակցութենէն, եւ կեանքի մէջ գաղափարականին եւ մարդկային արժէքներուն համար ապրելու եւ պայքարելու պատրաստակամութենէն:

Մենք կազմուած ենք մարմինէ եւ հոգիէ, ընդհանրապէս օրական երեք առիթներով կ՛ուտենք,  սնանելու համար մարմինը, սակայն ի՞նչ կ՛ընենք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, ի՞նչ գիտենք ընել  սնանելու համար մեր հոգին: Ի՞նչ կ՛արժէ ունենալ առողջ եւ զօրաւոր մարմին, երբ մեր հոգին հիւանդ է եւ թոյլ, ինչ որ մեր էութիւնը կը դարձնէ դիւրաբեկ նոյնիսկ ընկերային ամենափոքր դժուարութեան դիմաց, որ կը ծագի մեր առօրեային մէջ: Հոգին կարելի է սնանել եւ աւելի կազմաւորել ուրախ եւ դրական զգացումներով: Դրական զգացում եւ գոհունակ ապրումներ կ՛ունենանք, երբ ընկերութեան մէջ օգտակար կ՛ըլլանք մեր նմաններուն, որոնք կարիքաւոր են եւ օժանդակութեան պէտք ունին:

Առ այդ, ԼՕԽ-ի կազմակերպած տարեկան հանգանակութեան օրը առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որ մեր էութեան մէջ քայլ մը աւելի մօտենանք մարդկային բաժնին, պահ մը ապրինք անբացատրելի եւ անզուգական զգացումը` մեր ունեցածէն կարիքաւորին տալու արարքին ընդմէջէն: Այո՛, եւ այս օրը առիթ է մեզի անուղղակիօրէն դաստիարակելու մեր մատղաշ սերունդը, մղելով զայն իր նմաններէն կարօտեալին օժանդակութեան հասնելու արարքին: Իսկապէս իւրայատուկ է պատկերը եւ յուսադրիչ, երբ մանուկները դպրոց կը հասնին ծանր պարտականութիւն մը ստանձնածի հոգեբանութեամբ, իրենց ձեռքին ամուր բռնած ծնողքին տուած դրամը, որ պիտի նետէ ԼՕԽ-ի  կարիքաւորներուն յատուկ սնտուկին մէջ, անոր կազմակերպած տարեկան հանգանակութեան օրուան առիթով: Հիմնական կէտը այն է, որ մեր ունեցածէն` ըլլայ ան քիչ թէ շատ, անպայմանօրէն ուրիշին բաժին հանենք առ ի բարեսիրութիւն: Մեր ընկերութեան նման հաւաքական միջավայրին մէջ, անձնասիրութիւնն ու այլամերժութիւնը ժխտական երեւոյթներ են, որոնք կը վնասեն մեր անձերուն:

Տարեկան հանգանակութեան օրը  ըլլանք բոլորս տուող մէկ ամբողջութիւն… Վարձքը կատար ԼՕԽ-ին եւ հայ ժողովուրդին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>