Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Հանգանակութեան Օր

$
0
0

ՔՈՅՐ ԹԷՕՊԻՍՏԷ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ
քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի

Օգտուելով ԼՕԽ-ի հանգանակութեան բարեպատեհ առիթէն, կ՛ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքս ուղղել բոլոր անոնց, որոնք ներկայիս եւ անցեալին Լիբանանի հայահոծ գաղութիս մէջ, իրենց նուիրումի, զոհողութեան եւ բարեգործութեան բաժինը բերած են աւելի քան 80 տարիներ: Հասած են մեր կարօտեալ ընտանիքներու զանազան կարիքներուն` նիւթական, առողջապահական, բարոյական ու ընկերային:

Մեր ԼՕԽ-ի անդամները` պատասխանատու կամ գործօն անդամ, ընդհանրապէս եղած են մեծայարգ տիկիններ եւ ազնուափայլ օրիորդներ. արդեօք որովհետեւ իրենց իգական սեռի բնական կազմը եւ զգայնութի՞ւնը կը մղէ զիրենք ընկերային այդ բարեսիրական գործին ձեռնարկելու եւ թեթեւցնելու ամէն ցաւ ու դժուարութիւն, որ կը յայտնուի հայ օճախներու խաղաղ երդիքին ներքեւ:

Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք հայոց պատմութեան, կը տեսնենք հայ կնոջ նախանձախնդրութիւնն ու խիզախութիւնը պահելու եւ պահպանելու համար իր ազգային, կրօնական եւ ընկերային արժէքներն ու պատկանելիութիւնը. այսպէս, զանազան ժամանակաշրջաններու, հայ կիները` դիմադրողական նախանձախնդրութեամբ, եղան պահպանող հրեշտակները մեր քրիստոնէական առաջնահերթ պատկանելիութեան եւ պահեցին մեր ազգային ինքնութիւնը վաղ 451-ին իսկ, ընդդէմ ուրացութեան եւ այլասիրումին:

Տաժանակիր եւ տմարդի ցեղասպանութեան ընթացքին ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ հայ կինը մասնաւորապէս ժառանգեց Մարիամ Աստուածամօր տոկունութիւնը իր ցաւին եւ զրկանքներուն մէջ, օտար ափերու վրայ, եւ այդպէս  պահեց ու պահպանեց իր հայեցի պատկանելիութիւնը, հայոց ոսկեղինիկ լեզուն եւ բարոյական արժէքները:

Հայ կինը, իբրեւ մայր եւ դաստիարակ եւ ընկերային ծառայող, եղաւ թիկունք հայ մարդուն եւ չթողուց, որ թշնամին յոխորտայ, կարծեցեալ իր ցեղասպան արարքով եւ հայուն ոչնչացումով:

Այսօր ես` ուխտեալ նուիրեալ հայազգի զաւակ, վկայ եմ հայ կնոջ մաքուր ու ջինջ հոգիին, որով յետ Եղեռնի տառապալից օրերուն բոլոր գաղթօճախներուն մէջ իբրեւ բերդ աննկուն` կանգուն մնաց իր ժողովուրդի կողքին եւ երբեք չթողուց իր թշուառ զաւակները օտարին եւ վաշխառուին խնամքին:

Այս վերջին քսան-քասնհինգ տարիներուն աւելի իրազեկ դարձայ հայ «Կարմիր խաչուհի» կնոջ դերին, մեր արեւելեան սփիւռքի իրականութեան մէջ. մասնաւորապէս Լիբանանի գաղութին մէջ, կը վկայեմ, թէ մեր ԼՕԽ-ի նուիրեալները իսկական տուայտողներ եւ արթուն գործիչներն են, որպէսզի մեր նոր սերունդը չայլասերի եւ մնայ իսկական հայ զաւակ` ժառանգ մեր նախնեաց բացառիկ իրականութեան: Մարդկային եւ պատմակրօնական իրականութեան մէջ, ուր կան մտահոգութիւններ եւ այլասերումի վտանգները, որոնք կը սպառնան մեր նոր սերունդին. ԼՕԽ-ականները ամէն ջանք կը թափեն, որ մեր հայ ազգի զաւակները չթունաւորուին թմրեցուցիչներէ եւ մոլութիւններէ, որոնք կը հարուածեն այսօրուան երիտասարդները եւ կը զրկեն զիրենք մարդու ամէն արժէքէ` վերածելով պարզ ապրող եւ որոճացող էակի մը, առանց գնահատելու եւ ընդունելու անմահ հոգին` որով ամէն էակ կ՛ապրի, կ՛արտայայտուի, կը գործէ եւ կը յառաջդիմէ:

Ես կը խոնարհիմ մեր անցեալի եւ ներկայի բոլոր եւ իւրաքանչիւր նուիրեալ «Կարմիր խաչուհիի» դիմաց, որ կրցած է իր զոհողութեան լուման դնել մեր հայ սփիւռքեան իրականութեան մէջ եւ թեթեւցնել մեր ժողովուրդին ցաւերը, սփոփել անոր վիշտերը եւ աւելի ժպիտ եւ ուրախութիւն սփռել մեր կարօտեալ ընտանիքներուն յարկին տակ:

Այժմ կոչ կ՛ուղղեմ, որ իւրաքանչիւր հայ` գիտակից մեր իրականութեան մէջ նուիրեալներու արդիւնաբեր ծառայութեան,  առատօրէն նուիրէ իր լուման եւ գործակից դառնայ

ԼՕԽ-ականներուն անխոնջ, անշահախնդիր եւ ի շահ մեր կարօտեալ հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն տարուած աշխատանքին:

Ինչ որ կ՛ընենք մեր կարօտեալ եղբօր եւ քրոջ, մեր Յիսուս Փրկիչին է, որ ըրած կ՛ըլլանք այդ բարիքը եւ ինք` Յիսուս, անպայման կը փոխարինէ երկնառատ բարիքներով: Սիրով եւ հաւատքով նուիրենք մեր լուման… սրտով եւ հոգիով կը հրճուինք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>