ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնուհի
Այսօր, ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առթիւ մենք բոլորս պարտաւորութիւնը ունինք միասնականութեան բիւրեղ ոգիով մասնակցելու ու մեր նիւթական աջակցութիւնը բերելու անոր գործունէութեան զանազան մարզերուն, որոնք կը միտին շարունակել օգտակար դառնալ կարօտեալին:
Այո՛, հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն սատարող այս նախաձեռնութեան օժանդակելու աշխատանքն է, որ պէտք է տանինք մենք այսօր եւ անսակարկ նուիրումով պէտք է օժանդակենք ու նուիրաբերենք այս վսեմ գործին, անգամ մը եւս համախմբուելով ԼՕԽ-ի շուրջ:
ԼՕԽ-ի նախաձեռնած աշխատանքներուն սատարելը կարելի չէ առանց հայ ազգի բոլոր զաւակներուն նիւթական օժանդակութեան: Հետեւաբար, առիթը պատեհ կը զգամ նշելու, թէ թէքէեանական աշակերտի մը համար որքան ստանալը հաճոյք կը պատճառէ, նոյնքան ալ գեղեցիկ է տալու զգացումը` իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, որովհետեւ համամարդկային հաճոյքներէն է ուրիշը ուրախացնել, այս պարագային` թեւ եւ թիկունք կանգնիլ համայն հայութեան, անգամ մը եւս փաստելով Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի աշակերտութեան անվերապահ զօրակցութիւնը ու նիւթական աջակցութիւնը ԼՕԽ-ի ժրաջան անդամուհիներուն տարած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն:
Այս առթիւ կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհաւորել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հայ ազգի բարգաւաճման ի նպաստ նախաձեռնած գործունէութիւնը, որ անպայման իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր կարիքաւոր զաւակներուն: ԼՕԽ-ը բոլորիս անսակարկ օժանդակութեան պէտք ունի… Կ՛ուզեմ մէջբերում մը ընել մեծագոյն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերէն.-
Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Վարձքը կատար բոլորին: