Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Տալու Հաճոյքը

$
0
0

ԾԱՂԻԿ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ-ՀԱՊԷՇԵԱՆ

Մարդ արարած իր փոքր հասակէն ուրախութիւն կը զգայ, երբ նուէրներ ստանայ տարբեր առիթներով` ըլլան անոնք տարեդարձի նուէրներ, Նոր տարուան նուէրներ, Զատկուան նուէրներ եւ կամ նուէրներ` անակնկալօրէն առանց յատուկ առիթի: Մանուկը իր ուրախութիւնը կ՛արտայայտէ պոռալով, ցատկռտելով, երբեմն պարելով ու երգելով, սակայն նոյն մանուկը ընդհանրապէս պատրաստ չ՛ըլլար իր ունեցած խաղալիքը բաժնեկցելու իր ընկերոջ հետ: Կ՛ուզէ իր ունեցածը ըլլայ միայն իր սեփականութիւնը:

Ճիշդ  հո՛ս է մեր դերը որպէս ծնողք, ուսուցիչ, դաստիարակ, ընկերային ծառայող… Սորվեցնելու, վարժեցնելու` տալու, բաժնեկցելու եւ դիմացինին ուրախ ժպիտը տեսնելու հաճոյքը:

Որքան հաճելի է նուէրներ ստանալը, աւելի հաճելի է տալը, բաժնեկցիլը  նոյնիսկ տալ երբ չունիս…

Իսկ ապրիլեան այս շրջանին, երբ ԼՕԽ-ը կը կազմակերպէ իր տարեկան հանգանակութիւնը որքանո՞վ պատրաստ ենք տալու, բաժնեկցելու  մեր ամբողջ սրտով եւ հոգիով, այս սուրբ կազմակերպութեան, որ ջանք չի խնայեր հասնելու որբին, ծերին, կարօտեալին, գաղթականին, ուսանողին եւ բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին…

Մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, գիտակից ըլլալու ենք, դաստիարակելու ենք մեր զաւակները: Մարզելու ենք մեր աշակերտները որպէսզի անոնք ալ գիտակցին, տան, բաժնեկցին իրենց  ունեցածէն եւ այն ատեն է, որ բոլորն ալ պիտի զգան տալու հաճոյքը եւ ապրին այդ հոգեկան ուրախութիւնը:

Եկէք միասնաբար օժանդակենք եւ մենք ալ, մեր կարողութեան համաձայն, մասնակցինք հանգանակութեան եւ նեցուկ կանգնինք ԼՕԽ-ին  ու գիտակցինք անոր ունեցած հսկայ գործունէութեան` հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>